«Ակօս»ի հիմնադիրներէն, թերթի հայերէն էջերու բազմամեայ խմբագիր Սարգիս Սերովբեան 8 Ապրիլ Շաբաթ օր իր մահուան Բ. տարելիցի առթիւ կ՚ոգեկոչուի նախ հոգեհանգստեան պաշտօնով, ապա Անարատ՛ Յղութիւն շէնքի մէջ աշխարհիկ հանդիսութիւնով։
«Արաս» հրատարակչատունը վերջերս լոյս ընծայեց քրտական բանահիւսութենէ քաղուած եւ Սարգիս Սերովբեանի թարգմանած ու խմբագրած երեք ժողովրդական պատմութիւնները։ «Աշուկ ու Մաշուկ» խորագրեալ հաւաքածոյին մէջ տեղ գտած են Գարեգին Սրուանձտեանցի, Սարգիս Հայկունիի եւ Վրթանէս Փափազեանի ԺԹ դարու վերջերուն եւ Ի դարու սկիզբներուն հրատարակած պատմութիւնները Արեւմտեան Հայաստանի Միջագետքի եւ Անատոլիայի ժողովուրդներուն մօտ դարեր շարունակ բերնէ բերան շրջած սիրերգութիւններ են։
Գիրքը պատումներու համահունչ ոճով նկարազարդած է Զէյնեփ Էօզաթալայ։ Այսպէս 8 Մարտ Շաբաթ օր, 14.30-ին Սարգիս Սերովբեան պիտի յիշատակուի Շիշլիի Գերեզմանատան մէջ իր հողակոյտին վերեւ։ Իսկ 16.30-ին Անարատ Յղութիւն շէնքին մէջ պիտի կայանայ գինեձօն այս նոր հրատարակութեան համար։ Օրուայ ատենախօսներն են Գարին Գարագաշլը, Մեհմէտ Սայիտ Այտըն եւ Եդուարդ Թովմասեան։ Պիտի ցուցադրուի Էրհան Արըք եւ Էրհան Եէշիլտաղի միասին պատրաստած վաւերագրական ֆիլմը, որ նիւթ կ՚ունենայ Սարգիս Սերովբեանի աշխատութիւնները։ Նշանաւոր «Քարտէշ Թիւրքիւլեր» խումբն ալ համառօտ համերգով մը պիտի մասնակցի Սարգիս Սերովբեանի ոգեկոչման հանդէսին։