Գայթակղութիւն, որ դէպի վար կը վազէ մեր տաբատներէն

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Թուրքիոյ Պատրիարքի ընտրու­թեան խնդի­րը, որ մի­ջոցէ մը ի վեր կը բա­ցատ­րէինք հան­գոյցի մը երե­ւոյ­թով, հի­մա հետզհե­տէ ստի­պուած ենք Հայ­կա­զեան բա­ռամ­թերքի մէջ նոր բա­ցատ­րութիւններ որո­նելու եւ ապա գտած ենք թմճոյք բա­ռը։ Այսպէս կը բնու­թագրենք ծա­մերու, այն հան­գոյցը, որ չի հնա­զան­դիր սանտրին եւ տա­ռապանք կը պատ­ճա­ռէ զայն կրո­ղի գլխուն։ Իրաւ ալ տե­ղին գիւտ մը եղաւ թմճոյք բա­ռի գոր­ծա­ծու­թիւնը, բա­ցատ­րե­լու հա­մար պոլ­սա­հայ հա­մայնքի մատ­նուած անե­լանե­լը։ Այս օրե­րուս այդ թմճոյ­քի տպա­ւորու­թիւնը ալ աւե­լի կը զօ­րանայ, քա­նի որ խնդրին լու­ծում մը ապա­հովե­լու հա­մար փոր­ձուած ամէն քայլ նոր խո­չըն­դո­տի մը պատ­ճառ կը դառ­նայ։ Այդպէս եղաւ նա­խորդ շա­բաթա­վեր­ջին իբ­րեւ թէ պե­տական գոր­ծիչնե­րու միտ­քը յստա­կաց­նե­լու հա­մար դէ­պի Կու­սա­կալու­թիւն կա­տարուած այ­ցե­լու­թեան հե­տեւան­քը։ Մեր հո­գեւո­րական դա­սը միամ­տօ­րէն հա­մոզուած էին որ պե­տու­թիւնը տե­ղեակ չէ տե­ղապահ բա­ռի նշա­նակու­թե­նէ եւ այս այ­ցե­լու­թեամբ կա­րելի պի­տի ըլ­լայ պե­տական այ­րե­րը հա­մոզել տե­ղապա­հի մը անհրա­ժեշ­տութեան մա­սին։ Այստեղ ան­տե­սած էինք այն իրո­ղու­թիւնը, թէ նախ եւ առաջ մենք չենք հա­մոզուած այդ բա­ռի նշա­նակու­թեան։ Ար­դա­րեւ յա­ջոր­դող օրե­րուն հայ մա­մու­լը կը փոր­ձէ փաս­տել թէ անհրա­ժեշ­տութիւն մը չէ տե­ղապա­հի ընտրու­թիւն, քա­նի որ նա­խապէս ալ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցը կազ­մա­կեր­պած ենք առանց տե­ղապահ մը ճշդե­լու։ Այստեղ կ՚ան­տե­սուի ազգային սահ­մա­նադ­րութեան թե­լադ­րած կարգ ու կա­նոնը։ Չէ որ մենք վա­ղուց հա­մակեր­պած ենք այդ սահ­մա­նադ­րութեան հրա­մայած­նե­րէն հրա­ժարե­լու ըն­թացքին։ Ու­րիշնե­րէ առաջ մենք կ՚աղա­ղակենք թէ հան­րա­պետու­թեան շրջա­նին այ­լեւս ի զօ­րու չէ այդ սահ­մա­նադ­րութիւ­նը։ Մինչդեռ պե­տու­թիւնը ամէն ան­գամ որ կը խօ­սի «հին աւան­դութիւննե­րու հի­ման վրայ գոր­ծել»ու մա­սին ակ­նարկա­ծը ու­րիշ բան չէ, եթէ ոչ նոյն այն սահ­մա­նադ­րութեան թե­լադ­րած կա­նոն­նե­րը։ Եղե­լու­թիւնը բո­լորո­վին յստակ է։ Այ­սօ­րուայ կա­ռավա­րու­թիւնը կը խու­սա­փի յա­ւելեալ գլխա­ցաւե­րու մատ­նուելէ։ Մինչ այդ մենք ու­նինք մեր այժմէական խնդի­րը, որն է պատ­րիար­քի աթո­ռին թա­փուր ըլ­լա­լու իրո­ղու­թիւնը։

Այս շա­բաթը կը բո­լորենք դար­ձեալ ան­նա­խադէպ գայ­թակղու­թիւննե­րով։ Արամ Սրբա­զան կը յա­մառի իր դրժու­մին մէջ եւ ըն­թացք չի տար ընտրուած տե­ղապա­հի աշ­խա­տու­թեան մի­ջոց­ներ ապա­հովե­լու մա­սին։ Եթէ այ­սօր արօք ու բա­րօք ընտրուած տե­ղապա­հը իր ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տու­թիւննե­րը դա­սաւո­րելու հա­մար գրա­սենեակ մը չու­նե­նար Պատ­րիար­քա­րանի մէջ, եթէ կը հար­կադրուի հիւ­րա­նոց­նե­րու կամ բա­րեկամ­նե­րու տու­նե­րը իջե­ւանիլ ան­շուշտ պի­տի խօ­սինք անըն­դունե­լի գայ­թակղու­թեան մը մա­սին։ Տա­կաւին ի՞նչ պէտք է ըլ­լայ որ, այս անըն­դունե­լի երե­ւոյ­թը գայ­թակղու­թիւն չկո­չենք եւ ու­րիշ եղա­նակով ար­տա­յայ­տուինք։

Ըստ նա­խապէս կա­յացած որո­շու­մին եկե­ղեցա­կան աւան­դութիւ­նը կը պա­հան­ջէր ընտրեալ տե­ղապա­հին թա­փորով մուտքը դէ­պի եկե­ղեցի։ Իսկ մեր հո­գեւո­րական­նե­րը չեն խպնած այդ եկե­ղեց­ւոյ դռնե­րը կղպե­լէ ընտրեալ տե­ղապա­հի դի­մաց։ Տա­կաւին ի՞նչ պէտք է գայ­թա­կղու­թիւն բա­ռը չգոր­ծա­ծելու հա­մար։

Գայ­թակղու­թեան աւե­լի պարզ է ըսենք սքան­տա­լի օրեր կ՚ապ­րինք, որոնց ար­դիւնքին հա­մար տակաւին պիտի սիրենք յոյսեր ունենալ, լաւատես ըլլալ, բարիքին հաւատալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ