Ճգնաժամը ազգային եկեղեցւոյն է

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի հանգստեան կոչուելու որոշումէն ետք Թուրքիոյ Պատրիարքութեան աթոռին նոր գահակալը ճշդելու ուղղութեամբ ընտրութեան մը կայանալը հետզհետէ անխուսափելի իրողութիւն մը ըլլալով պար­զուած է հայ ժո­ղովուրդի դի­մաց։ Այ­լեւս աթո­ռը թա­փուր է։ Վի­ճաբա­նելու պայ­մաննե­րը ամ­բողջո­վին վե­րացած եւ յստա­կօրէն հրա­պարա­կուած է պատ­րիար­քա­կան աթո­ռի թա­փուր ըլ­լա­լու մերկ իրո­ղու­թիւնը։ Ի դէմ այս իրո­ղու­թեան Պատ­րիար­քա­րանի շրջա­նակ­նե­րը պի­տի փոր­ձէին տա­կաւին եր­կար ժա­մանակ պա­հել առ­կայ անըն­դունե­լի իրա­վիճա­կը։ Սա­կայն Սա­հակ Եպիս­կո­պոս Մա­շալեանի ընդվզու­մով լե­ցուն հրա­ժարա­կանը այդ առիթն ալ չե­ղեալ դար­ձուց եւ ան­խուսա­փելի դար­ձաւ Գա­րեգին Կա­թողի­կոսին ցուցմունքնե­րով դէ­պի լու­ծում ըն­թա­նալ։ Սա­կայն ինչպէս կը գրենք եր­կու շա­բաթէ ի վեր այս ըն­թացքն ալ ճար­պի­կօրէն շրջան­ցուեցաւ, քա­նի որ Իս­թանպու­լի կու­սա­կալու­թե­նէն եկած նա­մակը օրի­նաւոր ար­գելք մը ըլ­լա­լով ըն­կա­լուած եւ Հո­գեւոր Խոր­հուրդի կա­տարած ընտրու­թիւնը ձե­ւով մը չե­ղեալ հա­մարե­լու մի­տում գո­յացած էր։ Այս հանգրուանին Պոլ­սա­հայու­թիւնը ափ­սո­սան­քով ակա­նատես կ՚ըլ­լայ մեր եկե­ղեցա­կան բազ­մա­դարեան աւան­դութիւննե­րուն եւ սկզբունքնե­րուն այսքան դիւ­րաւ բե­կան­ման դի­մաց։ Ու­րեմն հի­մա դար­ձեալ սրտի դառ­նութեամբ կը հե­տեւինք մեր ազ­գա­յին եկե­ղեց­ւոյ բարձրաս­տի­ճան հո­գեւո­րական­նե­րու զե­կոյցներ հրա­պարա­կելու մի­ջոցաւ տա­րած սուր պայ­քա­րին։ Լոկ այս զար­գա­ցումնե­րուն հե­տեւե­լով կա­րելի է համոզուիլ թէ սնա­մէջ պատ­մութիւն մըն է հո­գեւո­րակա­նաց իրա­րու հան­դէպ եւ եկե­ղեց­ւոյ փառք ու պա­տուին հան­դէպ ու­նե­ցած յար­գանքը եւ հա­մակ­րանքը։ Գա­րեգին Պէք­ճեան հա­ւանա­բար նախ­քան Իս­թանպուլ ժա­մանել այնքան ալ մեծ յա­ւակ­նութիւն մը չու­նե­նայ փո­խանորդ ընտրուելուն հա­մար։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ մտա­դիր էր ընտրու­թե­նէն ետք վե­րադառ­նալ իր աթո­ռին եւ շա­րու­նա­կել իր աշ­խա­տու­թիւննե­րուն։ Սա­կայն ընտրու­թեան ար­դիւնքով սրբա­զանը յայտնուեցաւ որ­պէս տե­ղապահ, որ այդ պա­հէն սկսեալ պէտք է դի­մագ­րա­ւէր բազ­մա­թիւ խնդիր­ներ։ Ու­րեմն ին­քը ստի­պուե­ցաւ լոկ քա­նի մը օրուայ հա­մար մեկ­նիլ Գեր­մա­նիա, որ­պէսզի դա­սաւո­րէ այնտեղ կի­սատ մնա­ցած իր գոր­ծե­րը։ Եւ այդ ընե­լու պա­հուն ալ ինչպէս ինք ալ կը նշէ իր հրա­տարա­կած յայ­տա­րարու­թեան մէջ, բա­ցակա­յու­թեան օրե­րուն որ­պէս փո­խանորդ նշա­նակեց Սա­հակ Եպիս­կո­պոս Մա­շալեանը։ Այսքա­նը իսկ բա­ւական եղաւ որ բամ­բա­սանք ար­տադրե­լու մէջ պատ­շա­ճու­թեան սահ­ման չի­մացող կարգ մը շրջա­նակ­ներ շշուկներ տա­րածեն թէ՝ «Պէք­ճեան Սրբա­զան տե­ղապա­հի պաշ­տօ­նը փո­խան­ցած է Սա­հակ Սրբա­զանին»։

Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րանը, որ ընդհան­րա­պէս չա­ճապա­րէր ժո­ղովուրդը իրա­զեկ դարձնե­լու հա­մար, այս ան­գամ փութաց քա­ղաքիս հայ­կա­կան մա­մու­լին մեկ­նա­բանե­լով վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րը։ Այս զե­կոյ­ցը ձե­ւով մը պա­տաս­խան էր Գա­րեգին Ար­քե­պիս­կո­պոսին, արամ Սրբա­զանին փո­խանոր­դի հան­գա­ման­քէն հրա­ժարե­լու հա­մար կա­տարած կո­չին։ Աթէ­շեան Սրբա­զան իր զե­կոյ­ցին մէջ կը խօ­սէր որոշ հա­ւասա­րակշռու­թիւննե­րու մա­սին, որոնք կար­ծես թէ քա­ղաքա­կան լա­րախա­ղացու­թիւն մը կը թե­լադ­րէին Հա­յաս­տա­նեաց Եկե­ղեց­ւոյ աւան­դութիւննե­րուն, մեր ազ­գա­յին հա­ւաքա­կանու­թեան եւ Թուրքիոյ պե­տու­թեան մի­ջեւ։ Ահա այդ հա­ւասա­րակշռու­թիւննե­րը մատ­նանշե­լով Աթէ­շեան կը պնդէր թէ պի­տի շա­րու­նա­կէ իր փո­խանոր­դի դիր­քին մէջ մնալ։ Այս զե­կոյ­ցի հրա­տարա­կու­թե­նէն ան­մի­ջապէս յա­ջորդ օր 29 Մարտ Չո­րեք­շաբթի խմբագ­րա­տու­նե­րու հաս­ցէագ­րուած էր նոր զե­կոյց մը Գա­րեգին Սրբա­զան Պէք­ճեանի ստո­րագ­րութեամբ։ «Անհրա­ժեշտ լու­սա­բանու­թիւն մը» խո­րագ­րեալ այս զե­կոյ­ցին մէջ Գա­րեգին Եպիս­կո­պոս կը մե­ղադ­րէր իր հո­գեւոր եղ­բայրը, հար­ցա­կան գտնե­լով անոր նա­խորդ գրու­թեան մէջ նշած հա­ւասա­րակշռու­թիւննե­րու խնդի­րը։

Ան­ցեալին երբ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւն մը ապա­հովե­լու մի­տու­մով Միտ­քի Հար­թակ շար­ժումը ստո­րագ­րա­հաւա­քի մը կը ձեռ­նարկէր 6 հա­զար ազ­գա­յին­ներ ձայ­նակցած էին այդ կան­չին։ Սա­կայն ինչ զար­մա­նալի է որ Արամ Սրբա­զան «ոչ թէ 6 հա­զար, այլ 60 հա­զար ստո­րագ­րութիւն ալ հա­ւաքուի բան մը չի փո­խուիր» ըսած էր այդ օրե­րուն։ Գի­տենք թէ Միտ­քի Հար­թա­կը նոյն ստո­րագ­րութիւննե­րը ղրկած էր նաեւ Ս. Էջ­միածին։ Իսկ Վե­հափառ Կա­թողի­կոս սա վեր­ջին օրե­րուս կը դժգո­հէր թէ մին­չեւ այ­սօր Պո­լիսէն ոչ ոք դի­մած է իրեն այս խո­չըն­դո­տի լուծման հա­մար։ Եթէ Կա­թողի­կոսը Արամ Սրբա­զանի նման նկա­տի չու­նե­նար ժո­ղովուրդի 6 հա­զար ձայ­նե­րը, հա­պա որո՞ւ դժգո­հու­թիւնը կը սպա­սէր։

Իրա­վիճա­կը ծանր է ոչ միայն Պոլ­սա­հայ հա­մայնքին կամ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րանին, այլ ծանր է 1700-ամեայ Հայ Եկե­ղեց­ւոյ հա­մար։

Մենք պի­տի սի­րենք մեր եկե­ղեցին դի­տել իբ­րեւ «ազ­գա­յին եկե­ղեցի»։ Սա­կայն յստակ է որ այ­սօր այդ եկե­ղեց­ւոյ առաջ­նորդնե­րը իրենց կշի­ռը ուղղած են ոչ դէ­պի ազ­գին, այլ իբ­րեւ թէ ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւննե­րուն, բա­րերար­նե­րուն կամ աւե­լի յստակ բա­ցատ­րութեամբ օրիկարխլներու խմբակներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ