ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Երբ տղայ էի՝ «պետութեան մարդն է» կը փսփսային՝ իրենց ցուցամատն ուղղելով ենթակային կամ աչքով-յօնքով ցոյց տալով զայն։ Կային ասանկ քանի մը մարդիկ. ոմանք յականէ-յանուանէ, ոմանք ալ անձամբ կը ճանչնայի, ծանօթ էի իրենց։ Բարի մարդու տպաւորութիւն մը կը թողէին շատ անգամ վրաս, հակառակ որ «պետութեան մարդ» ըլլալու հանգամանքը կամ այդպէս համբաւուած ըլլալը բարենիշ մը չէր իրենց համար։ Կ՚ուզէի տեսնել, թէ ուրիշներ ինչպէս կը յարաբերէին «պետութեան մարդը»ին հետ։ Շատ սովորակա՛ն։ Ուրեմն կը հասկնայի, որ «պետութեան մարդը» ըլլալը չէր յատկանիշ մը, որ կարելի ըլլար բարձրաձայնել, մարդուն երեսին ըսել կամ զայն ուրիշի մը ճանչցնելու ատեն ըսուէր որպէս ածական մը կամ անմեղ մականուն մը, աւելին՝ պատուանուն մը։
Ի՞նչ կ՚ընէր որ «պետութեան մարդը»։ Հայերէնէ թրքերէն թարգմանութիւն մը թերեւս… Թերեւս ասոր-անոր ըրածը կը տեղեկագրէր «պետութեան»։ Թերեւս, եթէ համարձակութիւն ունիս իրեն դիմելու, պզտիկ մէկ գործդ ալ կարգադրել կարենար իր կապերուն շնորհիւ։ Ի՞նչ գիտնամ։ Ո՞վ գիտէր որ արդէն։ Վերջապէս «պետութեան մարդն» էր ան եւ ինչքան խորհրդաւոր ուրուական մըն էր այդ պետութիւն կոչուածը՝ նոյնքան եւ աւելի հեղինակութիւն մը ձեռք կը բերէր այդ մարդը՝ ի՛ր մարդը։
Կային ալ մարդիկ, որոնք ակամայ կը կրէին այդ մականունը իրենց վրայ, որպէս ամբաստանութիւն։ Չարութի՞ւն ընել կ՚ուզէիք. կրնայիք ձեր հակառակորդը բամբասել իբրեւ «պետութեան մարդը»։ Զրպարտել զինքը։ Նոյնիսկ եթէ ի՛րապէս պետութիւնն իր թիկունքն ունենար՝ հետզհետէ կ՚առանձնանար համայնքին մէջ, կը դառնար մինակ մը, չէզոքացուած, արհամարհուած մը։ Հասկնալիքնիդ, «պետութեան մարդն» ըլլալը յարգի բան մը չէր եղած երբեք...
Մինչեւ վերջերս... երբ նորին ապօրինութիւն Արամ Աթէշեան չարքեպիսկոպոսը սկսաւ յաճախակիօրէն, առիթ-անառիթ, կրկնել պետութեան կողմէ կարգուած փոխանորդ մը ըլլալը, նոյնիսկ գործը հասցուց աւելի անդին ու ըսաւ, թէ «պատրիարքարանը Թուրքիոյ կառոյցներէն մէկն է եւ առարկայ՝ մեր պետութեան վստահութեան»։ T. C. Հայոց պատրիարքարանի կողմէ վերջերս հրապարակուած զեվզեկոյցին մէջ դարձեալ Աթէշեանն է որ կը խօսի «մեր պետութեան սպասումները» բաւարարելու մասին՝ առանց սակայն ըսելու, թէ որո՛նք են պետութեան սպասումները։ Ի՞նչ կը սպասէ պետութիւնը Արամ Աթէշեանէն։ Նիւթական ի՞նչ խոստումներ տուած է Աթէշեան։ Պետական ընդհանուր փոխանորդը, որ կաթողիկոսին ու այլոց տուած խոստումները դրժելու աստիճանին հասցուցած է իր վարքը, նիւթական ի՞նչ ակնկալիքներ ունի պետութենէն։ Կը շեշտենք նիւթականի պարագան, քանի որ պետական ընդհանուր փոխանորդը, հոգեւոր սպասաւոր մը ըլլալու կոչումէն աւելի, բաւական փորձառութիւն ունի նիւթական ակնկալիքներ ունենալու կամ զանոնք բաւարարելու նիւթին մէջ (յիշե՛լ Յակոբեան ընտանիքի պարագան, չմոռնալ Այվազովսկիի գեղանկարին դէպքը)։
Մեր բարեխնամ կառավարութիւնը, իմա՛ պետութիւնը, հետաքրքրական վարքագիծ մը ունի։ «Ազգային կամք»ի արտայայտումին մեծ կարեւորութիւն կու տայ… պայմանաւ սակայն, որ այդ կամքը յօգուտ իրեն ըլլայ։ 7 Յունիս 2015-ի ընտրութիւնները, որոնք աւարտած էին այժմու կառավարութեան պարտութեամբ, քանի մը ամիս ետք՝ 1 Նոյեմբերին նորոգուած էին։ Այդ շրջանին մանաւանդ հարաւ-արեւելեան քրտական բնակավայրերը քարուքանդ եղած էին՝ այսպէսով թէ՛ ազգայնականներու քուէները ապահովուած եւ թէ քիւրտերու ձայները իր վրայ կեդրոնացուցած HDP-ի քուէները նուազած էին։ 1 Նոյեմբերի ընտրութիւններուն յաղթանակած էր «ազգային կամք»ը։
Բնաւ պիտի չզարմանամ եթէ նորին ապօրինութիւն Արամ Աթէշեան չարքեպիսկոպոսը, որ այլեւս ոչ մէկ պաշտօն ունի պատրիարքարանին մէջ, «պետութեան սպասումները» պատրուակելով վերստին գումարէ հոգեւորականաց համագումարը ու տարբեր սպառնալիքներով ինքզինք տեղապահ ընտրել տայ։ Ու պիտի չզարմանամ, եւ դուք ալ մի՛ զարմանաք, երբ ատկէ ետք ըսեն, թէ խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը հաստատուած է։ Նոյնը չ՚ը՞ներ նաեւ պետութիւնը, որուն մարդն է խիստ կասկածելի անցեալի, ներկայի, ինչո՞ւ չէ նաեւ ապագայի մը տէր եւ սովորական պայմաններու տակ կաթողիկոսի կողմէ կարգազրկումի, առնուազն կախակայումի միայն արժանի Արամ Աթէշեանը։ Ըստ պետութեան, խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն հաստատուած է այսօր հարաւ-արեւելքի ու արեւելքի քաղաքներուն մէջ, ուր ընտրուած, մեծամասնութեան քուէն ստացած քաղաքապետերուն փոխարէն կը պաշտօնավարեն պետութեան կողմէ նշանակուած կառավարիչներ։
Պետութիւնը նոյնը չըրա՞ւ MHP-ին, ուր ընդդիմադիր կուսակցականները իբր թէ իրաւական տարբեր միջոցներով լռեցուցին, նոյնիսկ վտարեցին ալ կուսակցութենէն։ Միայն այն պատճառով որ Տեվլեթ Պահչելի մնայ կուսակցութեան գլուխը։ Աւելի քան 350 հազար անդամ ունեցող կուսակցութիւն մը տարբեր խարդախութիւններով ստամոքսը իջեցուցած ու մարսած կառոյց մը շատ աւելի դիւրաւ ու հեշտութեամբ, մանաւանդ որ մեր անտարբերութենէն օգտուելով՝ առանց աղմուկ-աղաղակի պիտի կրնայ կամք թելադրել, ուտել ու խժռել հազիւ վաթսուն հազար հաշուող համայնքն ու իր պատրիարքութիւնը։
Ի՞նչ պէտք բանակներու, ի՞նչ պէտք զէնքի… Արամ Աթէշեան՝ հպարտօրէն ու բացայայտ ձեւով, առանց ամչնալու, աներեսաբար ինքզինք «պետութեան մարդը» որակող այս խեղճուկրակը, մինակ չէ։ Զինքը դեռ «պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ» որակող թաղային խորհուրդները, «ազգօգուտ» մամլոյ ներկայացուցիչները, «ազգային» բարերարները կամայ-ակամայ սատար են «պետութեան մարդը»ին։
Պետութիւնն ու իր մարդը ահաւասիկ։
Նման պետութեան՝ նման մարդ մը ահաւասիկ...