Սէր ու յարգանք իմ երկու Սարգիսներուն

ԷՐՃՈՒՄԵՆԹ ԿԻՒՐՉԱՅ

Երկու Սարգիսներ ճանչցայ Գումգաբու, երկուքն ալ շատ սիրեցի, երկուքէն ալ շատ բան սորվեցայ։ 1985-ին, երբ սկսայ «Գումգաբուի հասարակական սպառման ընկերութեան» մէջ աշխատիլ, նախ ծանօթացայ Սարգիս Չերքեզեանի հետ։ Մեր բարեկամութիւնը անխափան շարունակուեցաւ մինչեւ 2009-ի Օգոստոսի իր մահը։ Ինչպէս բազմաթիւ երիտասարդներու, իմ ալ առաջին ուսուցիչս եղած է։ Թուրքիոյ Կոմունիստ Կուսակցութեան՝ ԹՔՓ-ի «Ատաղձագործ Սարգիս»ն էր։ Հպարտութեամբ կը պատմէր իր մէկ պաշտօնակցին՝ Հալթուրինին ԽՍՀՄ Կոմկուսի կենտկոմի անդամ ըլլալը։ «Ինչ գործ որ ընես, քու ըրածը լաւագոյնն ըլլալու է։ Եթէ պէտքարան պիտի մաքրես, ամենամաքուր պէտքարանը քու մաքրածը ըլլալու է։ Եթէ ատաղձագործ ես, ամենալաւ գործը պիտի արտադրես։ Եթէ գրող ես՛ գրածդ բանի մը ծառայելու է։ Թէ ոչ գնայ տունդ նստիր» կ՚ըսէր Չերքեզեան։ Իր խրատը մինչեւ օրս օղի մը նման կառչած է ականջիս, կը խուսափիմ յաջողելէ կասկածած գործի մը լծուելու։ Հոգին լուսաւորուի վարպետիս։

Մեր ծանօթութեան առաջին օրերէն մէկուն, շաբաթավերջի աշխատանքէն արձակման պահուն, «Եկուր Սարգիսի գրասենեակը երթանք» ըսաւ։ Այդ օր սորվեցայ թէ Քատըրկա փողոցին վրայ, ռմբակոծուած «Էօզկիւր Կիւնտեմ» թերթի խմբագրութեան հարեւան սրճարանի սեղանը Սարգիս Սերովբեանի գրասենեակն է։ Սարգիս աղբարիկ ծխամորճը շրթներուն, թէ սեղանակիցներուն հետ թուղթ կը խաղար եւ թէ զիս կը հարցափորձէր «Ո՞վ ես, ի՞նչ կ՚ընես» ըսելով։ Աւելի ետք յաճախ զինք այցելեցի իր գրասենեակին մէջ։

Մարդս գրաւող, տարվիշի բնազդով անձնաւորութիւն մըն էր Սարգիս աղբարիկ։ Աշխատանոց մը ունէր ուր ճաշարաններու, կապելաներու կամ նպարավաճառներու համար սառնադարաններ կ՚արտադրէր։ Վարպետին՝ Միհրանին մահէն ետք ինք ստանձնած էր աշխատանոցին գործը։ Կ՚աշխատէր իր արհեստաւորներով եւ յաճախորդներու կամ բարեկամներու հետ հանդիպելու համար ալ կ՚օգտագործէր սրճարանի սեղանով մը սահմանուած «գրասենեակ»ը։

Հայոց պատմութեան, մշակութային հարստութեան մասին գիտելիքները նախ Վարպետ Սարգիսէն, ապա Աղբարիկ Սարգիսէն լսած, սորված եմ։ Երկուքն ալ աքսորուած ընտանիքներու շառաւիղներ էին։

Պատմական գիտելիքները հեքիաթի մը նման կը պատմէին։ Մեծ հաճոյքով կը լսէի իրենց խօսքերը։ Մերթ Վարպետի կրտսեր որդւոյն՝ Յովհաննէսի ատամնաբուժի դարմանատունը, մերթ ալ Վարպետին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին գտնուող երկյարկանի տան մէջ կը զրուցէինք։ Սարգիս աղբարիկ երբեմն թեւին տակ «Արարատ» կոնեակի շիշով եւ տուրմով կու գար։ Ահագին բան գիտէր հայոց պատմութեան, մանաւանդ ալ դիցաբանութեան եւ առասպելներուն մասին։

Հայու ազգային ինքնութեան մասին այդքան մեծ պաշար ունեցող երկու Սարգիսները երբեք չեն մատնուած ազգայնութեան ախտին։

Գուրթուլուշ բնակած տարիներուս իմ ու Սարգիս աղբարիկի տուները նոյն փողոցի երկու ծայրերն էին։ Երբեմն շաբաթավերջերուն ընկերներով կը հաւաքուէինք եւ գրականութեան, գեղարուեստի, երաժշտութեան կամ պատմութեան մասին կը խօսէինք։ Սարգիս աղբարիկ պայուսակին մէջ միշտ հայերէն նոր ձայներիզով մը կը յայտնուէր։

«Էօզկիւր Կիւնտէմ» թերթի ռմբակոծուած օրն ալ միասին էինք։ 1995 էր թէ 1996, յստակ չեմ յիշեր, սառնադարան արտադրելու գործը, աշխատանոցը թողուց իր աշխատաւորներուն եւ լծուեցաւ «Ակօս»ի հրատարակութեան նախապատրաստութիւններուն։ Օսմանպէյ թաղի մէջ նոր կայարան մը գոյացած էր ինծի համար։ Յաճախ կ՚այցելէի խմբագրատուն եւ կը տեսնէի թէ իմ Աղբարիկ Սարգիսը այստեղ դարձած էր Պարոն Սարգիս։

Ամէն տարի Վարպետ Սարգիսի մահուան տարելիցը կազմակերպող խմբակին մէջ էր։

2006-ին Սայաթ Նովա երգչախումբի, Քարտէշ Թիւրքիւլեր եւ մեր՝ Ռուհի Սու Տոսթլար երգչախումբի միատեղ նախաձեռնութեամբ համերգ մը կազմակերպեցինք Հարպիյէի բացօթեայ թատրոնին մէջ։ «Աշուղ է եկել մեր մայլէն» խորագրով այդ համերգին Սարգիս Սերովբեան ալ բերած էր իր մասնակցութիւնը։ Յօդուած մը ստորագրած էր համերգի յայտագիր պրակին մէջ։ Բազմարդիւն մտաւորական մըն էր, գիրքեր գրեց, ուրիշներու գրած գիրքերը թարգմանեց, խմբագրեց, հրատարակութեան պատրաստեց, առիթ եղաւ արտասանեց, նոյնիսկ դերասան եղաւ Էօզճան Ալփերի նկարահանած ֆիլմին մէջ։ Մասնակցեցաւ ասուլիսներու, բանախօսութիւններ սարքեց։ «ԻՄՃ» հեռուստակայանին համար հաղորդումներ պատրաստեց։

Սարգիս աղբարիկի հետ վերջին անգամ 19 Յունուար 2015-ին Հրանդ Տինքի ոգեկոչումէն ետք «Ակօս»ի պատշգամբը զրուցած եւ այդ օր զինք նկարած էի։ Մեր խօսակցութեան նիւթը մահէն քանի մը օր առաջ Գումգաբուի իր տան մէջ Վարպետ Սարգիսին տուած այցելութիւնը եղած էր։ Այդ օր որոշեցինք որ 2015-ի Մայիս Մէկին մեր կուսակցութեան Պէյօղլուի մասնաճիւղին մէջ յատուկ միջոցառումով մը զինք յիշենք։ Ափսոս չյաջողեցանք։ Նոյն տարին Սարգիս Սորովբեանն ալ 28 Մարտին յուղարկաւորեցինք դէպի անդենական։ Սերովբեանի ընկեր Բագրատ Էսդուգեան «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ արտասանուած դամբանականին մէջ կ՚ըսէր հետեւեալը. «Ինք երբ հարկադրուէր իր ասպարէզը նշելու, որոշ հեգնանքով կ՚ըսէր թէ լրագրող է։ Եթէ «Ակօս» իր հիմնադրութեան տեղի տուող մտայնութիւններու բերումով յեղափոխական ջիղ մը ունի Սարգիս աղբարիկը իր կեցուածքով աշխատանքի լրջութեամբ այդ ջիղին մարմնաւորուած դրսեւորումն էր։ Մենք ակօսականներս տակաւին չենք ազատած իր կորուստին պատճառած ցնցումէն։ Պիտի դժուարանանք, շատ պիտի դժուարանանք իր բաց թողածը լրացնելու»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ