Կենդանաբանի մը աչքով՝ «Կենդանիներու թագաւորութեան քորդաւոր տիպի պատկանող, ողնաշարաւոր ենթատիպի անդամ՝ կաթնասուններու դասէն, ձիազգիներու ընտանիքէն միասմբակաւոր կենդանի» է ան։ Լատինական անուանումը՝ Equus asinus։ Չճանչցա՞ք։ Է՛շն է։ Մե՛ր էշը։ Բառացիօրէն անասուններուն ամենէն հայկականը։ Ըստ Գաբրիէլ Մէնէվիշեանի «Կենդանաբանութիւն» աշխատասիրութեան, (1897, Վիեննա) հակառակ իր անախորժ խաչիւննին, նաեւ մեր ամենագրագէտ անասունն է, զի՝ «ասոնց մորթը մագաղաթ կ՚ըլլայ»։ Իսկ, այժմ ժամանակը եկած է, որ այս անասունը, աշխատասէր բեռնակիր, չափազանց չարքաշ, միեւնոյն ժամանակ անհամեմատ համեստ եւ ծայր աստիճան միամիտ՝ ըլլար լեզուաբանական յօդուածի մըն ալ գլխաւոր թերակատարը։
Մեր հերոսը, միջին տարիքի գեղջուկ էշ մըն է, որ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի մէջ, Տաթեւ վանական համալիրի մօտ։ Սրճագոյն-կարմրագոյն է ան։ Դունչը եւ աչքերուն շուրջը ճերմակ են։ Գեղեցկօրէն զգեստաւորուած է։ Վրան ունի ճերմակ-սրճագոյն կարպետ։ Բանուոր էշ մը չէ ան, այլ՝ կը գործէ զբօսաշրջութեան ոլորտէն ներս։ Այսօր յաճախորդներն են սփիւռքահայ պատանիներ՝ մեր վարժարանի 33 աշակերտները, որոնք այդ հիւրասէր անասունի վրայ կարճատեւ շրջան մը պիտի կատարեն վանքի պարիսպներէն մինչեւ Որոտան գետի միջնադարեան կամուրջը՝ ու ետ։
Երբ առաջին աշակերտը ճամբայ կ՚ելլէ, Շողիկը, որ աշակերտներուն վերջինն է, ու ես առիթ կ՚ունենանք զրուցելու՝ թէ «էշ» բա՛ռը ի՛նչ շրջան կատարեր է հայոց լեզուի լեռնադաշտերուն վրայ։
- Շողիկ, «էշ» բառը բնիկ հայկական է։
- Կասկած չունէի, պարոն։ Հայրս երբ բարկացած ըլլայ, կամ շատ յոգնած՝ կը յիշէ «էշ»ը ու կը գործածէ ծիծաղելի խօսքեր։
- Մեր նուիրական առածներն են անոնք։ Աւելին, ըստ կարգ մը ստուգաբաններու՝ բազմաթիւ լեզուներու «էշ»ն ալ փոխառութիւն է հայկականէն։ Ըստ անոնց «էշ»ը ճամբայ ելեր է հնդեւրոպական ekw’o արմատէն, որ կը նշանակէ ձի։ Բառը յոյներու մօտ դարձեր է «իպպոս», հնդիկներու մօտ asva, պարսիկներու մօտ՝ asb, իսկ լատիններու մօտ՝ equus։ Մեր մօտ, kw ձայնը դարձեր է «շ»։ Վարկած կայ, թէ լատիներէն asinus, անգլերէն ass, ֆրանսերէն àne, փորթուկալերէն եւ սպաներէն asno, գերմաներէն Esel, ինչպէս նաեւ թրքերէն eşek բառերը, բոլորն ալ յառաջացած ըլլան հայկական «էշ»էն։
Մեր էշը կը վերադառնայ ու կը շալկէ երկրորդ աշակերտը։
- Շողիկ, «էշ» բառին, ձայնը 5-րդ դարուն սկսաւ լսելի դառնալ։ Առաջին շրջանը՝ Ս. Գիրքի թարգմանութեան մէջ։ 135 անգամ, ինչպէս՝ «Յաւուրն եւթներորդի շաբաթ Տեառն Աստուծոյ քո, մի՛ գործեսցես ի մնա զամենայն գործ քո, դու եւ ուստր քո, եւ դուստր քո, ծառայ քո եւ աղախին քո, եզն քո եւ էշ քո…» եւ «Մի՛ երկնչիր դուստր Սիովնի, ահաւասիկ թագաւոր քո գայ նստեալ ի վերայ յաւանակի իշոյ»։
Էշ նստած են արդէն քանի մը ուրիշ աշակերտներ։
- Պարոն հայրս կ՚ըսէ, թէ «Էշը էշ կը մնայ»։
- Մեր «էշ»ը, Շողիկ, հակառակը փաստեց։ Այս միամիտ միավանկը զարգացաւ եւ դարձաւ «իշակէս, կիսէշ, իշամտրուկ, իշանդամ, իշավայր, իշավար, իշացուլ, էշայծեամ, էշոտն, իշխաղող, իշեար, իշաբեռ, իշագին, իշագլուխ, իշուկ, իշաղաց, իշապան, իշաւոր, իշատէր, իշավարունգ, իշավարի...»։ Առաւել՝ իր չարքաշութեամբ եւ միամտութեամբ ծնունդ տուաւ արտայայտութիւններու. «Աղօթած էշ, էշ արածեցնող, էշ խարանել, էշը կորսնցնել՝ փալանի ետեւէն ման գալ, իշու գլուխ, իշու կտոր, իշու Զատկին, իշու գին, իշու հարսանիք, իշու հրեշտակ, իշու տեղ դնել, էշը ի՛նչ գիտէ նուշը, իշու դրախտ իյնալ, իշու դրախտ ուղարկել, էշ նահատակ, էշին քեռի ըսել, էշ նստելը մէկ ամօթ է՝ իջնելը երկու ամօթ, ձիէն իջնել՝ էշ նստիլ, էշէն վախնալ՝ փալանը ծեծել, էշն ախոռէն կը զռայ, էշ գալ էշ երթալ, երբ որ էշը ծառը բարձրանայ…»։ Ըստ 2011-ին լոյս տեսած։ Հայերէն Դարձուածքների Ընդարձակ Բացատրական Բառարան»ի 120-ի չափ պատկերալից ասացուածք։ Իսկ, Շողիկ, «ախոռի մէջ չմոռնանք էշին մեծը»՝ «էշ ներկող»։
- Էշը կը ներկուի՞։
- Կեսարացիները կը ներկեն, նաեւ «խաչագողները»։ Րաֆֆին կը պատմէ. «Խաչագողները իրանց վարքուբարքով արժանացան մի քանի այլ անունների եւս… «էշ ներկող» կոչում են նրանց, իրանց չափազանց ճարպկութեան համար գողութեան գործի մէջ։ Խաչագողը կարող է գողանալ մէկի, օրինակ, մոխրագոյն էշը, յետոյ ներկելով՝ գոյնը սեւի փոխել եւ իր առաջուայ տիրոջ վրայ վաճառել»։ Իսկ «Կայծեր» պատմավէպին մէջ Րաֆֆին կը փոխանցէ տատի մէկ պատմութիւնը, թէ երբ կը հասնի աշխարհի վերջը, «... անիծեալ Նեռը [սուտ մեսիան, հակա-Քրիստոսը] կը գայ, մի ահագին էշի վրայ նստած, թէ նրա աւանակի ականջները այնքան երկար կը լինեն, որ մի ականջի ծայրը կը հասնի մինչեւ արեւմուտք, իսկ միւսինը՝ մինչեւ արեւելք։
Էշի վրայ կը բազմէ ուրիշ մէկ աշակերտ։
- Երբ «էշը էշ է» կ՚ըսէ հայրդ, իրաւունք ունի՝ լեզուականօրէն։ Շողի՛կ, Արցախէն Պոլիս, Գորիսէն Զէյթուն, Հաճընէն Թիֆլիս, Մուշէն Ալաշկերտ մեր բոլոր գաւառաբարբառներուն մէջ բառը մնացեր է «էշ»։
Կարգը Շողիկինն է։ Իշապանի օգնութեամբ կը նստի այդ հաւատարիմ անասունի վրայ։ Այդ միջոցին կը մտածեմ, թէ որքա՛ն հեռու ենք Մոկք գաւառէն՝ Վանայ ծովու հարաւ-արեւմտեան ծայրէն։ Մտքի մէջ ուղիղ գիծ մը կը պատկերացնեմ. 360 քիլոմեթր։ Այդ նահանգի գաւառներէն երեքը մեր յարգելի անասունին անունով կոչուած են Իշոց Գաւառ, Իշայր եւ Միւս Իշոց։
Կը վերադառնայ Շողիկը։ Իշապանը կը հարցնէ. «Դուք էլ կ՚ուզենայի՞ք նստել»։ «Չէ, կ՚ըսեմ, ձեր էշը շատ յոգնեցուցինք», ու կը բաւարարուիմ «էշ» բառի վրայ նստած մտովի երկար շրջան մը կատարած ըլլալով։