Լուսաբանութեան եւ թղթաբանութեան նամակներ

Սա­­հակ Եպիս­­կո­­­պոս Մա­­շալեանի աղմկա­­­յարոյց հրա­­­ժարա­­­կանէն ետք Թուրքիոյ Հա­­­յոց Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանէ ներս փո­­­թոր­­­կող վե­ր­­իվայ­րու­­մը տե­­­ղապա­­­հի ընտրու­­­թե­­­­­­­նէն ետք ալ չէ հան­­­գած։ Ինչպէս ծա­­­նօթ է 15 Մարտ Չո­­­րեք­­­շաբթի օր գու­­­մա­­­­­­­րուած Հո­­­գեւո­­­րաց Խոր­­­հուրդը ձայ­­­նե­­­­­­­րու մե­­­ծամաս­­­նութեամբ տե­­­ղապահ ընտրած էր Գեր­­­մա­­­­­­­նիոյ Առաջ­­­նորդ Գա­­­րեգին Արք. Պէք­­­ճեանը։ Եկե­­­ղեցա­­­կան կա­­­նոնին եւ մի­­­ջոց մը առաջ Ս. Էջ­­­միած­­­նի մէջ կա­­­յացած հա­­­մաձայ­­­նութեան հի­­­ման վրայ կը սպա­­­սուէր թէ այդ հանգրո­ւանին Արամ Արք. Աթէ­­­շեան հրա­­­ժարի իր փո­­­խանոր­­­դի կո­­­չու­­­մէն։ Սա­­­կայն Աթէ­­­շեան Սրբա­­­զանի այս մա­­­սին դժկա­­­մու­­­թիւնը նոր ճգնա­­­ժամի մը պատ­­­ճառ կը դառ­­­նայ։ Այս պայ­­­մաննե­­­րու տակ նո­­­րըն­­­տիր տե­­­ղապա­­­հը, որ իր ան­­­մի­­­­­­­ջական գոր­­­ծե­­­­­­­րը դա­­­սաւո­­­րելու եւ նա­­­խապէս ճշդո­ւած ժա­­­մադ­­­րութեան հե­­­տեւան­­­քով Պա­­­պական պա­­­տու­­ի­րա­­­­­­կու­­­թեան հետ հան­­­դի­­­­­­­պելու հա­­­մար մեկ­­­նած է Գեր­­­մա­­­­­­­նիա։ Ինչպէս կը պա­­­տահի պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­ւու­­­թիւն ստանձնած բո­­­լոր հո­­­գեւո­­­րական­­­նե­­­­­­­րու ժա­­­մանա­­­կաւո­­­րապէս իրենց աթո­­­ռէն հե­­­ռանա­­­լու պայ­­­մաննե­­­րուն, Պէք­­­ճեան Սրբա­­­զան ալ իր բա­­­ցակա­­­յու­­­թեան շրջա­­­նին ըն­­­դա­­­­­­­ձիկ գոր­­­ծե­­­­­­­րը դա­­­սաւո­­­րելու հա­­­մար լիազօ­­­րու­­­թիւն շնոր­­­հեց Սա­­­հակ Եպիս­­­կո­­­­­­­պոսին։ Սա­­­կայն մեր եռա­­­ցող կաթ­­­սա­­­­­­­յին մէջ այսքա­­­նը բա­­­ւարար էր, որ­­­պէսզի շշուկներ տա­­­րածո­ւին թէ Պէք­­­ճեան Սրբա­­­զան տե­­­ղապա­­­հի պաշ­­­տօ­­­­­­­նը փո­­­խան­­­ցած է Սա­­­հակ Սրբա­­­զանին։ Այս զար­­­գա­­­­­­­ցումնե­­­րու զու­­­գա­­­­­­­հեռ ապ­­­րե­­­­­­­ցանք նաեւ նա­­­մակ­­­նե­­­­­­­րու տա­­­րափ մը։ Առա­­­ջին հեր­­­թին Գա­­­րեգին Սրբա­­­զան իր մեկ­­­նումէն ետք Գեր­­­մա­­­­­­­նիայէն հա­­­ղոր­­­դեց իր կող­­­մէ Արամ Արք. Աթէ­­­շեանի ուղղեալ նա­­­մակ մը։

«Սի­րելի Սրբա­զան եղ­բայր,

15 Մարտ 2017-ին Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րան­նին մէջ գու­մա­րուած եկե­ղեցա­կան հա­մագու­մա­րի ըն­թացքին կա­տարած պատ­րիար­քա­կան տե­ղապա­հի ընտրու­թեան ար­դիւնքը ծա­նօթ է ձե­զի։ Այս ընտրու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցած է հա­մապա­տաս­խան մեր եկե­ղեց­ւոյ աւան­դութիւննե­րու եւ կարգ ու կա­նոն­նե­րու շրջագ­ծին մէջ։ Ուստի, ամէն առի­թով կու­սա­կալու­թե­նէն եկած նա­մակը հրա­պարա­կել եկե­ղեցա­կան իշ­խա­նու­թեան կամ­քին վրայ շուք տա­րածե­լու տպա­ւորու­թիւնը կը թո­ղու։ Հե­տեւա­բար կը յանձնա­րարեմ ետ կե­նալ նման կե­ցուած­քէ, յատ­կա­պէս յար­գե­լու հա­մար Հա­յոց Եկե­ղեց­ւոյ կարգ ու կա­նոն­նե­րը։

Անհրա­ժեշտ կը տես­նեմ նաեւ յի­շեց­նել Մայր Աթոռ Ս. Էջ­միած­նի մէջ, Վե­հափառ Հայ­րա­պետի հո­վանա­ւորու­թեամբ 23-24 Փետ­րո­ւար 2017-ին կա­տարո­ւած մեր միաս­նա­կան խորհրդակ­ցութեան իբ­րեւ ար­դիւնք հրա­տարա­կուած յայ­տա­րարու­թիւնը բծախնդրու­թեամբ նկա­տի առ­նել, ուր նշո­ւած է «…Տե­ղապա­հի ընտրու­թեամբ, ըստ եկե­ղեցա­կան կա­նոնագ­րի կը դադ­րին Պատ­րիար­քա­կան ընդհա­նուր փո­խանոր­դի լիազօ­րու­թիւննե­րը»։ Ուստի. վստահ եմ, թէ դուք եւս որ­պէս բարձրաս­տի­ճան եկե­ղեցա­կան, ձեր ալ առաջ­նա­հերթ պար­տա­ւորու­թիւնն է պա­հել եկե­ղեց­ւոյ աւան­դութիւ­նը եւ գոր­ծել հա­մապա­տաս­խան կեր­պով։ Հե­տեւե­լով այս պար­տա­ւորու­թեան, պի­տի թե­լադ­րէի յետ այ­սու դադ­րեցնել «ընդհա­նուր փո­խանոր­դի» գոր­ծա­ծու­թիւնը, եւ մա­նաւանդ Պատ­րիար­քա­րանի կող­մէ թեր­թե­րուն տրո­ւած ծա­նու­ցումնե­րուն մէջ խու­սա­փիլ նման ար­տա­յայ­տութիւննե­րէ։

Միեւ­նոյն ժա­մանակ առ ի գի­տու­թիւն կ՚ու­զեմ ձեզ տե­ղեակ պա­հել, որ այ­սօ­րուը­նէ սկսեալ Գերշ. Տ. Սա­հակ Ապս. Մա­շալեան տե­ղապա­հական փո­խանորդ է եւ ինքն է որ իմ բա­ցակա­յու­թեան պի­տի հսկէ տե­ղապա­հական բո­լոր աշ­խա­տանքնե­րուն։

Բաց աս­տի հա­ճէիք ին­ծի ու­ղարկել մէկ պատ­ճէ­նը՝ ժա­մադ­րութեան հա­մար կու­սա­կալու­թեան ձեր գրած դի­մումնագ­րին, եթէ մինչ այդ գրած էք»։

Գա­­­րեգին Սրբա­­­զանի այս նա­մակէն ետք նա­­­մակ մըն ալ կը հաս­­­նէր Սա­­­հակ Եպիս­­­կո­­­­­­­պոս Մա­­­շալեանէ, որ գրո­ւած էր Վե­­­հափառ Կա­­­թողի­­­կոսի հաս­­­ցէին եւ աջակ­­­ցութիւն կը խնդրէր Արամ Ար­­­քե­­­­­­­պիս­­­կո­­­­­­­պոսի իր դիր­­­քէն չհե­­­ռանա­­­լու յա­­­մառու­­­թեան դէմ։ Տա­­­կաւին նա­­­մակ­­­ներ կը հաս­­­նէին Եղի­­­շէ Վար­­­դա­­­­­­­պետ Ոչ­­­քունեանէ, որ իբ­­­րեւ Հա­­­մագու­­­մար Ժո­­­ղովի Դի­­­ւանի ատե­­­նապետ պաշ­­­տօ­­­­­­­նապէս կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէր ժո­­­ղովի տե­­­ղապա­­­հի ընտրու­­­թեան մա­­­սին որո­­­շու­­­մը։

Արամ Ար­­­քե­­­­­­­պիս­­­կո­­­­­­­պոս Աթէ­­­շեան ալ թէ իր տո­ւած հար­­­ցազրոյցնե­­­րուն մէջ կը շեշ­­­տէ թէ ինք պե­­­տու­­­թեան կող­­­մէ պաշ­­­տօ­­­­­­­նապէս ճա­­­նաչում տե­­­սած փո­­­խանորդ է եւ թէ «Ակօս»ի նա­­­խորդ թի­­­ւին մէջ Զա­­­քարիա Միլ­­­տա­­­­­­­նօղ­­­լո­ւի պնդումնե­­­րուն պա­­­տաս­­­խաններ կը փու­­­թացնէ։

Այդ բո­­­լորին մէջ յա­­­տուկ նշա­­­նակու­­­թիւն ու­­­նի Գեր­­­մա­­­­­­­նիոյ Առաջ­­­նորդա­­­րանի ծխա­­­կան խոր­­­հուրդի շնոր­­­հա­­­­­­­ւորա­­­կան նա­­­մակը ուղղեալ Գա­­­րեգին Ար­­­քե­­­­­­­պիս­­­կո­­­­­­­պոս Պէք­­­ճեանին։

Ոմանք լու­­­սա­­­­­­­բանու­­­թեան, ոմանք ալ լոկ թղթա­­­բանու­­­թեան ակնկա­­լու­­թիւնով գրուած նա­­մակ­­նե­­­րու տա­­րափին մէջ տա­­կաւին ան­­լուծե­­լի կը մնայ պատ­­րիար­­քի ընտրութեան խնդի­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ