Նեւրոզ, փիրոզ պէ

Հնագոյն ժամանակներէն ի վեր Մարտի 21-ը, ուր կը հաւասարին ցերեկն ու գիշերը՝ գարնանամուտ կը նշանակէ այս հողերուն վրայ եւ, հնագոյն ժամանակներէ ի վեր գարնանամուտը տօնական օր է։ Սակայն Թուրքիոյ քաղաքական վերիվայրումներուն մէջ տօնական օրը բոլորովին տարբեր հանգամանք ստացած է եւ դարբին Քավայի կերպարին մէջ ան սկսած է բռնակալութեան դէմ ապստամբելու խորհրդանիշը դառնալ։ Այս նոր հանգամանքով ալ տօնական օրը ինչպէս Մայիս Մէկը բոլորովին այլ իմաստով օժտուած է։ Թուրքիոյ մէջ օրեր առաջուց ոստիկանութիւնը կանխամիջոցներ կ՚ապահովէ տօնական օրը տօնավայել նիշելու դէմ արգելք յարուցելու միտումով։ Այս տարի ալ ինչ-ինչ հաշիւներու հետեւանք կառավարութիւնը հազիւ վերջին պահուն յօժարեցաւ ընդունիլ քրտաբնակ քաղաքներուն մէջ այս աւանդական տօնի յիշատակումը։ Նախորդ տարիներուն Ամիտայի կամ Վանի նման մեծ քաղաքներու քաղաքապետարանները զանգուածային փոխադրամիջոցները ձրիօրէն կը տրամադրէին ժողովուրդին, որպէսզի անոնք հանգիստ պայմաններով երթան նախապէս ճշդուած հաւաքատեղիները։ Այս անգամ քաղաքապետներու փոխարէն նշանակուած պետական պաշտօնեաները զլացան այդ առիթը ժողովուրդէն եւ մարդիկ իրենց միջոց­նե­րով լե­ցու­ցին այդ հսկայ հրա­պարակ­նե­րը։

Այդպէս ըլ­լա­լով հան­դերձ բո­լոր քա­ղաք­նե­րուն մէջ ծո­վածա­ւալ բազ­մութիւններ հա­ւաքուեցան տօ­նախմբու­թեան դաշ­տեր։ Անոնց մէջ ամե­նաաչ­քա­ռուն կը դառ­նար Ամի­տայի մէջ կա­յացող խրախ­ճանքը։ Առա­ւօտուայ կա­նուխ ժա­մերէն տի­յար­պե­քիր­ցի­ներ տօ­նական տա­րազ­նե­րով եւ քրտա­կան դրօ­շակը խորհրդան­շող դե­ղին, կա­նանչ ու կար­միր թաշ­կի­նակ­նե­րով հրա­պարակ փու­թա­ցին։ Փո­խանակ Կար­գա­դիր Յանձնա­խումբի ճշդուած կար­գա­խօս­նե­րուն հնա­զան­դե­լու կո­չին, յա­ճախ վան­կարկուեցաւ «Պի­ժի Սէ­րօք Ափօ» (Կեց­ցէ՛ Առաջ­նորդ Ափօ) կար­գա­խօսը։ Հան­դի­սավար­ներ ամ­պիոնէն յա­ճախ կը գո­ռային «Նեւ­րոզ» եւ ժո­ղովուրդը կ՚ար­ձա­գան­գէր «Փի­րոզ պէ»։

Սա­կայն Ամի­տայի ու­րա­խու­թիւնը դար­ձեալ կի­սատ մնաց շնոր­հիւ ոս­տի­կանա­կան մի­ջամ­տութեան։ Ոս­տի­կան­նե­րը մա­հապարտ մը կար­ծե­ցին այն երաժշտու­թեան ու­սա­նողը, որ հա­ւաք­ման վայր եկած էր կռնա­կին ու­նե­նալով պա­յու­սակ մը։ Ոս­տի­կան­նե­րու մա­հապարտ կաս­կա­ծով կրա­կած երի­տասար­դը մա­հացաւ տեղ­ւոյն վրայ։ Սպա­նու­թե­նէն ան­մի­ջապէս վերջ կու­սա­կալու­թիւնը յայ­տա­րարեց թէ սպա­նեալը կռնա­կէն պա­յու­սակ մը կա­պած էր եւ ձեռքն ալ դա­շոյն մը ու­նէր։ Սա­կայն զար­մա­նալի երե­ւոյթ է դա­շոյն ու­նէր կամ պա­յու­սակ ու­նէր պնդուած երի­տասար­դը դէ­պքի վայ­րի տեսախցիկ­նե­րուն մէջ յստա­կօրէն կ՚երե­ւար առանց պա­յու­սա­կի եւ նոյ­նիսկ առանց շա­պիկի։ Ու­րեմն ակա­մայ պի­տի հարցնենք թէ այդ ոս­տի­կան­նե­րը ո՞ւր տե­սած են դա­շոյ­նը։ Բայց այս մէ­կը ապար­դիւն հար­ցում մը պի­տի ըլ­լայ, քա­նի որ Թուրքիոյ մէջ նման դէպ­քե­րու առ­կա­յու­թեան կը գոր­ծէ ոս­տի­կան­նե­րու ան­պատժե­լիու­թեան սկզբունքնե­րը։ Այս օրի­նակին մէջ ալ դէպ­քէն ան­մի­ջապէս ետք ոս­տի­կանու­թիւնը ար­գի­լեց այս դէպ­քի մա­սին ամէն տե­սակ տե­սանիւ­թի հրա­պարա­կու­մը։

Միւս կող­մէ Նեւ­րո­զը Երե­ւանի եւ Վա­նի հա­մար ալ զբօսաշրջիկներու հոսանքի պատճառ դարձաւ։ Տրուած ըլլալով որ Նեւրոզը Պարսկաստանի մէջ պաշտօնական տօն է եւ մինչեւ եօթը օրուան հասնող ոչ աշխատանքային օր, զբօսաշրջիկներու այս հոսքը երկու քաղաքներու մէջ ալ սպառման շուկային ծաղկման առիթ ստեղծեց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ