ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԴԵՂԻՆ

Երեք հատ Համօ Սահեան, «Քարափների Երգը», «Սեզամ Բացուիր» եւ «Դեղձի Ծաղիկ»։

- 500 դրամ, 700 դրամ եւ ասի­կա 1000 դրամ։ Դուք 2000 դրամ տուէք կը բա­ւէ։ Ձեր վեր­ջին օ՞րն է Երե­ւանի մէջ։

- Դժբախ­տա­բար։ Ի՞նչ ընենք, հա­շուուած օրեր են… 20 հա­զար­նոց կրնա՞ք ման­րել։

- Կը փոր­ձենք։

Ու գրա­վաճառ Տիգ­րա­նին կու տամ հայ­կա­կան դրամ­նե­րու ամե­նէն դե­ղինը, որուն դի­մերե­սը Մար­տի­րոս Սա­րեանի դի­ման­կարն է, իսկ դար­ձե­րեսը՝ այդ հայ մե­ծանուն նկա­րիչի «Հա­յաս­տան» բնան­կա­րէն դրուագ մը։

- Սա­րեանի նկար­նե­րուն մէջ, կ՚աւելցնէ Տիգ­րա­նը, Հա­յաս­տա­նը կը ներ­կա­յանայ որ­պէս դե­ղին-ոս­կե­գոյն մէկ եր­կիր, ուր լեռ­ներն են դե­ղին, հողն է դե­ղին, ցո­րեան­ներն են դե­ղին, աշունն է դե­ղին… Չես գի­տեր ան ու­րա­խու­թիւն է, թէ՝ տխրու­թիւն։

Ու Տիգ­րա­նի խա­նու­թին մէջ, ուր դեղ­նած գիր­քե­րու կոյ­տեր են բարձրա­ցած, կը սկսինք խօ­սիլ «դե­ղին» բա­ռի եւ հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան դեղ­նած քա­նի մը տո­ղերու մա­սին։

- Տիգ­րան, մեր լե­զուի մէջ գոյ­նե­րու անուննե­րը առ­հա­սարակ օտա­րամուտ են։ Միակը, որ բնիկ հայ­կա­կան է «դե­ղին» բառն է։ Ծա­գու­մով երկրորդ սե­րունդ բառ է։ Աճած է «դեղ» ար­մա­տէն, որուն առա­ջին եւ հիմ­նա­կան իմաստն է «խոտ»։ Վեր­ջի­նը ծա­գած է հնդեւ­րո­պական dhel ար­մա­տէն՝ «ծաղ­կիլ, դա­լարիլ»։ Ապա որ­պէս գոյն մուտք գոր­ծեր է հնդեւ­րո­պական զա­նազան լե­զու­ներ։ Ու­նե­ցեր է իմաս­տի տա­տանում՝ կա­նաչէ դե­ղին։ Յու­նա­կան θάλλω (թալ­լօ) բա­ռը ցե­ղակիցն է անոր։ Կը նշա­նակէ «ծաղ­կիլ, աճիլ»։ Մեր «դե­ղին»ը ու­նե­ցեր է ճիւ­ղա­ւորումներ ու հար­թա­ցու­ցեր է լե­զուն։ Ու­նե­ցեր ենք «դա­լար», «դա­լուկ», «դեղ­նախտ», «դեղձ», «դեղ­ձան» բա­ռերը։

- Դե­ղին գոյ­նը, թէեւ աչ­քա­ռու է եւ փայ­լուն, տաք է եւ կեն­սունակ, կը պար­գե­ւէ ու­րա­խու­թիւն, կ՚աշ­խուժաց­նէ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան միտ­քը, ըն­կա­լուած է որ­պէս հիւ­րընկա­լու­թեան եւ առա­տաձեռ­նութեան գոյն՝ բայց կը խորհրդան­շէ նաեւ՝ մահ, կամ մօ­տեցող վախ­ճան։ Մեր երկրի մէջ աշունն է ան, տե­րեւա­թափը։ Տխրու­թեան գոյնն է։ Տէ­րեան չէ՞ ըսած. «Տե­րեւ­նե­րը դե­ղին պա­տեցին իմ ու­ղին»։ Իսկ ձեր գնած Սա­հեան­նե­րու մէջ պի­տի կար­դաք նոյն միտ­քե­րը.

«Մի բուռ աշուն բե­րէք Մթնա­ձորից,

Ունջը կե­րած զանգ է աշունն այնտեղ,

Դե­ղին պա­տարագ է այնտեղ նո­րից,

Հո­գեվար­քի դե­ղին մի առաս­պել»։

Ու, գու­նա­գեղ բա­ռերու վար­պե­տը, հայ­կա­կան բա­նաս­տեղծու­թեան Մար­տի­րոս Սա­րեանը, պի­տի շա­րու­նա­կէ եր­գել.

«Մի բուռ աշուն բե­րէք Մթնա­ձորից,

Ամ­պի կծիկ բե­րէք, անձրե­ւի թել։

Դե­ղին փո­թորիկ է այնտեղ նո­րից,

Հո­գեվար­քի դե­ղին մի առաս­պել»։

- Տիգ­րա՛ն, դե­ղինը լա­ւատես է եւ միեւ­նոյն ժա­մանակ թախ­ծոտ։ Փո­խաբե­րական իմաս­տով «ոս­կի» է, բայց միեւ­նոյն ժա­մանակ՝ «ծա­խու, վար­ձու, դա­ւաճան, ստոր, անարգ» մարդ։ Ան թէ՛ կը նշա­նակէ «հաշ­տուողա­կան, հա­մաձայ­նո­ղական», եւ թէ՝ «գու­նատ, տժգոյն»։ Տե­սէք, ինչպէս մա­համերձ ըլ­լա­լու չափ «դեղ­նած» է աշուղ Քու­չա­կը.

«Դեղ­նել եմ խըն­կիդ նը­ման,
գու­նա­տել եմ զէտ ըզ­զաֆրան.

Չի գի­տեմ՝ քո սէ՞րդ արել. թէ՞ եկել է օրս ի մա­հուան»։

Իսկ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի երան­գապնա­կին մէջ, «Հունձք» բա­նաս­տեղծու­թիւնը նկա­տի ու­նիմ, ստա­ցեր է բո­լորո­վին տար­բեր իմաստ. «ոս­կե­գոյն ցո­րեան­ներ»։

«Ծը­փանքներ նո՛ր ծը­փանքնե­րու ներ­քեւ ընդմիշտ կը փը­լու­զին.

Ալիք կ’ըլ­լան ակօ­սին մէջ ծո­վե՛ր, ծո­վե՛ր, ծո­վե՛ր դե­ղին»։

- Իսկ հա­մաշ­խարհայ­նա­ցող ար­դի դա­րու մէջ, եւ ցա­ւօք սրտի մեր մօտ, կայ մար­դու բա­նակա­նու­թիւնը ար­հա­մար­հող մեծ վտանգ. «Դե­ղին մա­մուլ», տպա­գիր մա­մու­լի այն տե­սակը, որ ու­նի հա­սարակ լե­զու, ողո­ղուած է զգա­յացունց լու­րե­րով, իսկ մեկ­նա­բանու­թիւններն են մա­կերե­սային եւ ան­լուրջ։ Այն մա­մու­լը, որուն հա­մար յա­ջողու­թեան միակ չա­փանիշն է «տպա­քանա­կը»։

- Պա­րոն Տիգ­րան, ինչպէս դժուար էր «դե­ղին» բա­ռը սահ­մա­նել որ­պէս գոյն, նոյնպէս դժուար է ամ­փո­փել անոր փո­խաբե­րական իմաստնե­րը եւ բա­ռակա­պակ­ցութիւննե­րը։ Ֆրան­սա­յի մէջ «դե­ղին»ը ու­նի քա­ղաքա­կան դիրք. «Դե­ղին գիրք» է կա­ռավա­րու­թեան հրա­տարա­կած դի­ւանա­գիտա­կան եւ այլ փաս­տա­թուղթե­րու ժո­ղովա­ծուն։ Իսկ «դե­ղին տուն» ար­տա­յայ­տութեամբ կը հասկնանք հո­գեկան հի­ւանդնե­րու բու­ժա­րան։

- Հա­պա՞ «դե­ղին տոմս»ը։

- Դե­ղին...

- Հա, պոռ­նիկնե­րու տրուող անձնա­գիր։ Իսկ ֆա­շիզ­մին մենք կ՚ըսենք «դե­ղին սարդ»։ Ի՛նչ գու­նա­ւոր է հայ­կա­կան լե­զուն։

- Հի­նաւուրց եւ հռե­տորա­կան այս ար­տա­յայ­տութիւննե­րէն հե­ռու՝ կայ ու­րիշ մէկ ար­տա­յայ­տութիւն. «դե­ղին նուագ»։ Ազ­նիւ հո­գինե­րու դրսե­ւորումն է անի­կա։ Վշտա­լից եւ տխրա­գին նուագ։ Լա­ւագոյն եր­գի­չը՝ Մի­սաք Մե­ծարեն­ցը իր «Դե­ղին Վար­դեր» բա­նաս­տեղծու­թեամբ.

«Փթթե­ցէ՛ք միշտ, դե­ղին վար­դեր, լքուա՜ծ վար­դեր,

Խորհրդա­նիշն առանձնա­ցած հո­գինե­րու.

Միշտ կը յու­զէք դուք իմ հո­գիս խռով­քով մ՛աղու,

Ան­յուսու­թեան դա­լուկն հա­գած
տժգոյն վար­դեր»։

- Ահա ձեր 8000 դրա­մը։ Լաւ գիրք է «Դեղ­ձի Ծա­ղիկ»ը։ Բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու ամե­նէն դե­ղին­նե­րը պի­տի գտնէք անոր մէջ։

Տիգ­րա­նի գրա­խանու­թէն դուրս՝ մայր մտնող արե­ւի շո­ղերը դե­ղին սկսած էին ներ­կել Երե­ւանը, մայ­թե­րը, շէն­քե­րը, մին­չեւ եր­կինքը։ Ու դե­ղին տխրու­թիւն մը կը պա­տէր սրտե­րը, բա­ժանու­մի դե­ղին նուագ մը։