Ատըյամանի «Միւս» պատմութիւնը

ՖԵՐՏԱ ՊԱԼԱՆՃԱՐ

fbalancar@agos.com.tr

«Սու» հրատարակչութեան մատենաշարէն լոյս տեսաւ հետազօտող Մուզաֆֆէր Իրիսի «Սոխի Կեղեւներ, Ատըյամանի Ասորիներու Պատմութիւնը» անուն գիրքը։ Երկու բաժիններէ բաղկացող գիրքի առաջին մասը կը կրէ «Մաքտասի (մահտեսի՞) Պարսոմ եւ իր որդիներու եօթը պորտի պատմութիւնը» ենթախորագիրը։ Սոյն բաժինը, որ կը խօսի Տայրոյօ Աֆրեմ Ֆավլուսի, Ատըյամանի եւ շրջակայքի մէջ բնակուող ասորիներու ԺԸ դարէն մինչեւ Ի դար երկարող պատմութեան մասին, գրուած կերշիւներէն լեզուով։ Կերշիւներէնը իր մէջ առատօրէն կը պարունակէ ասորերէն, հայերէն, քրտերէն, արաբերէն եւ պարսկերէն բառեր, իսկ կը գրուի ասորական այբուբենով։

Գիրքի երկրորդ բաժինը կը կրէ «Սոխի կեղեւներ» խորագիրը եւ կը բաղկանայ Մուզաֆֆէր Իրիսի Ատըյամանի մէջ բնակուող ասորիներու եւ հայերու հետ կատարած բանաւոր պատմութեան գրառումներէն։ Իրիսի տեսակցածները 1915-ի ցեղասպանութենէն վերապրածներ, կամ անոնց շառաւիղներն են։ Այս ուսումնասիրութեան մասին զրուցեցինք հեղինակին հետ։

Ֆերտա Պալանճար- Կերշիւներէնը շատ լսուած լեզու մը չէ, թէեւ գրքի մուտքին որոշ տե­ղեկու­թիւններ տուած էք, կա­րելի՞ է քիչ մը աւե­լի ման­րա­մասել։

Մու­զաֆֆէր Իրիս- Ճիշդ է որ շա­տերու հա­մար ան­ծա­նօթ լե­զու մըն է։ Կա­րելի չէ գիտ­նալ թէ այդ լե­զուով սա պա­հուն, ուր եւ քա­նի հո­գի կը խօ­սին։ Չենք գի­տեր թէ այս մա­սին ու­սումնա­սիրու­թիւն մը կա­տարուած է, թէ ոչ։ Նկա­տի ու­նե­նալով ասո­րերէ­նի սա­կաւ խօ­սուի­լը, կրնանք են­թադրել թէ այս պա­հուն որե­ւէ տեղ այս լե­զուով խօ­սող մէ­կը չգտնուի։ Այ­սօր Թուրքիոյ ասո­րինե­րու մի­ջեւ ասո­րերէ­նի տի­րապե­տող­նե­րը միայն մէկ հա­րիւ­րե­րորդ են, իսկ գրող­նե­րը ալ աւե­լի քիչ։ Գո­նէ ասո­րերէ­նը որ­պէս ծի­սակա­տարու­թեան լե­զու եկե­ղեցի­ներու մէջ կը գո­յատե­ւէ։ Դպրու­թեան յա­ճախող պա­տանի­ներուն գրա­ճանա­չու­թիւն ալ կ՚ու­սուցուի, սա­կայն դժբախ­տա­բար ակնկա­լուած ար­դիւնքին չենք հաս­նիր։ Գա­լով կեր­շիւնե­րէնին, ինչպէս գիր­քին մէջ ալ նշած եմ Մի­ջագետ­քի բո­լոր լե­զու­նե­րէն բա­ռեր կը պա­րու­նա­կէ։ Ես միայն մէկ ծա­նօթ անուն ու­նիմ Բե­նիամին Թրի­կոնա Հա­ռանի եւ ար­դէն ան ալ այստեղ չ՚ապ­րիր։ Գիր­քի առա­ջին մա­սին թարգմա­նու­թիւնը ինք ըրած էր։ Այս լե­զուի մա­սին մեր գի­տելիք­նե­րը այսքա­նով սահ­մա­նափա­կուած են։

Ֆ.Պ.- Գիր­քին մէջ ասո­րինե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բնու­թագրող բա­ռը փո­խանակ Սէյ­ֆո­յի գրուած է «Սայ­ֆօ»։ Այս տար­բե­րու­թիւնը բար­բա­ռայի՞ն է ար­դեօք։

Մ.Ի.- Բո­լորո­վին բար­բա­ռային տար­բե­րու­թիւն մը։ Բա­ւական աշ­խա­տեցանք այս բա­ռին վրայ եւ տե­սանք որ Մար­տին Միտ­յա­թի մէջ «Սայ­ֆօ» կ՚օգ­տա­գոր­ծեն։ Ամէն պա­րագա­յին եր­կու ձեւն ալ նոյն նշա­նակու­թիւնը ու­նի, թուր կը նշա­նակէ եւ կը նկա­րագ­րէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը։

Ֆ.Պ.- «Սո­խի կե­ղեւ­ներ» հա­տուա­ծի մուտքին կ՚ըսէք թէ «իրա­կանու­թեան մէջ այս հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը չէր, այլ տա­րածաշրջա­նի բո­լոր քրիս­տո­նեանե­րու սպա­նու­թիւնը»։ Ար­դեօք այս եր­կու ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րը իրենց յա­տուկ գոր­ծօններ չու­նէի՞ն։ Եր­կու ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րը իրա­րու նման բազ­մա­թիւ երե­ւոյթներ ու­նե­նալով հան­դերձ իրար­մէ տար­բե­րող ի՞նչ յատ­կութիւններ ու­նե­ցած են։

Մ.Ի.- Իմ աշ­խա­տու­թիւննե­րու ըն­թացքին տե­սայ թէ դէպ­քե­րու ծագ­ման եղա­նակէն սկսեալ ամէն ինչ յար եւ նման է։ Եր­կուքին մի­ջեւ ոչ մէկ տար­բե­րու­թիւն։ Յա­ճախ կրկնուած նա­խադա­սու­թիւն մը կայ, կ՚ըսուի թէ արե­ւելեան նա­հանգնե­րու մէջ հա­յերը թշնա­մինե­րուն հետ հա­մագոր­ծակցած են։ Եթէ այդպէս է հա­պա Ատը­յամա­նի, Ուրֆա­յի, Սի­վերէ­կի ասո­րինե­րը ի՞նչ ըրած են։ Կը դժուարա­նամ տար­բե­րու­թիւններ գտնե­լու, բայց նմա­նու­թիւննե­րը ան­հա­մար են։ Ասո­րիներն ալ աք­սո­րուած են, անոնց ալ ու­նե­ցուած­քը յափշտա­կուած է։ Անոնց ալ աղ­ջիկնե­րը որ­պէս աղա­խին վար դրուած։ Դուք բնաւ հան­դի­պա՞ծ էք որ հայ մը կամ ասո­րի մը որե­ւէ ու­րիշ ազ­գութեան կի­ները, աղ­ջիկնե­րը իրենց հա­մար ի պահ դնեն, որ­պէս երկրորդ կո­ղակից։ Ես դի­տումնա­ւոր կը գոր­ծա­ծեմ «բո­լոր քրիս­տո­նեանե­րը» բա­ցատ­րութիւ­նը։ Քա­նի որ յա­ճախ կը լսեմ «սո­խը սոխ է» ասացուած­քը։ Խտրա­կանու­թիւնը կրօ­նական գետ­նի վրայ է։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րինե­րուն սպայ մը կու գայ Ատըյ­մա­նի Կեր­կեր գա­ւառի Վանք գիւ­ղը եւ գի­ւղապե­տէն կը պա­հան­ջէ բո­լոր գիւ­ղա­ցինե­րը մէկ­տե­ղել գիւ­ղի հրա­պարա­կին վրայ։ Գիւ­ղա­պետը կ՚առար­կէ ըսե­լով որ, այս ժո­ղովուրդը հայ չէ, այլ ասո­րի։ Հրա­մանա­տարը ան­վա­րան կը պա­տաս­խա­նէ «մե­զի հա­մար սո­խի կե­ղեւին գոյ­նը նշա­նակու­թիւն չու­նի, էակա­նը համն ու հոտն է»։

Ֆ.Պ.- Գիր­քէն կը տե­ղեկա­նանք թէ Ատը­յամա­նի եւ շրջա­կայ­քի մէջ իս­լա­մացուած հա­յերու եւ ասո­րինե­րու թի­ւը բա­ւական բարձր է։ Ար­դեօք անոնց մէջ իրենց ինքնու­թեան վե­րադառ­նալ ցան­կա­ցող­ներ կա՞ն։ Եթէ կան ի՞նչ տե­սակ դժուարու­թիւննե­րու կը հան­դի­պին։

Մ.Ի.- Յստակ թուան­շան մը չեմ կրնար տալ, բայց կրնամ ըսել որ բա­ւական բարձր է այդ թի­ւը։ Ճիշդ է որ իրենց ինքնու­թեան վե­րադառ­նալ ցան­կա­ցող­ներ կան։ Բնա­կան երե­ւոյթ մըն է այս։ Մար­դիկ կը սոր­վին, կ՚իմա­նան ու ապա կը որո­շեն իրենց նախ­նեաց ինքնու­թեան վե­րատի­րանալ։ Սա­կայն այդ որո­շու­մը բա­ւական դժուարու­թիւններ կը պար­տադրէ։ Եր­բեմն ծեր մա­միկ մը իր ինքնու­թեան դառ­նալ կ՚ու­զէ, տղա­քը ար­գելք ըլ­լալ կը փոր­ձեն։ Եր­բեմն որ­դի­ներ նոյն բա­նը կը ցան­կա­նան եւ ծնող­ներ կ՚առար­կեն։ Եր­բեմն նոյն ըն­տա­նիքին մէջ տար­բեր հա­ւատքնե­րու իսկ հան­դի­պիլ կա­րելի է։ Այս երե­ւոյ­թը եր­բեմն կա­տարեալ լայ­նա­խոհու­թիւն կը կար­ծեմ, իսկ եր­բեմն ալ կ՚ափ­սո­սամ ժո­ղովուրդի մը մատ­նուած դժբախ­տութեան։ Մա­նաւանդ ցա­ւակ­ցութիւննե­րու ժա­մանակ խառ­նաշփոթ կը տի­րէ։ Կը շուարին թէ ինչ պէտք է ընեն։ Եր­բեմն յան­կարծ իմամ մը կը յայտնուի թա­ղու­մը կա­տարե­լու հա­մար։ Ոչ ոք կը հա­մար­ձա­կի առար­կե­լու։ Եր­բեմն քա­հանայ մը կը յայտնուի դար­ձեալ իրար կ՚անցնին «զգոյշ եղէք մէ­կը թող չլսէ» ըսե­լով։ Եր­բեմն այդ տա­րակար­ծութիւննե­րը ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ մեծ խնդիր­նե­րու պատ­ճառ կը դառ­նան։ Նոյնպէս տօ­նական օրե­րուն եկե­ղեցի եր­թալ, թէ մզկիթ եր­թա­լու մա­սին նման տա­րակար­ծութիւններ կ՚ապ­րին։ Իս­կա­պէս ծանր երե­ւոյթ է։

Ֆ.Պ.-Գիր­քի վեր­ջա­ւորու­թեան կ՚անդրա­դառ­նաք նաեւ քրիս­տո­նեաներ փրկած իս­լամնե­րու օրի­նակին։ Այդ զան­գուածի կե­ցուած­քը ի՞նչ էր։ Դիւ­րաւ ըն­դունե­ցի՞ն ձեր հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խա­նել, թէ ոչ որոշ վե­րապա­հու­թիւն ու­նե­ցան։

Մ.Ի.- Զար­մա­նալիօրէն դիւ­րա­հաղորդ էին։ Շատ հան­գիստ խօ­սեցայ իրենց հետ։ Կար­ծես այն տպա­ւորու­թիւնը գո­յացաւ թէ իրենց խիղ­ճը հանգստաց­նել կ՚ու­զէին։ Պար­ծանքով կը պատ­մէին իրենց նախ­նեաց կա­տարած մար­դա­սիրու­թեան մա­սին։ Շատ ու­շագրաւ վկա­յու­թիւններ լսե­ցի։ Իս­կա­պէս մեծ դժուարու­թիւններ յանձն առ­նե­լով է որ կա­տարած էին այդ առա­քելու­թիւնը։ Կան­խա­տեսե­լով այս մա­սին զի­րենք մատ­նե­լիք ան­ձե­րը կան­խաւ որոշ սպառ­նա­լիք­նե­րով զգու­շա­ցու­ցած էին։ Անոնցմէ ոմանց շա­ռաւիղ­նե­րը այ­սօր պե­տու­թեան մէջ բարձր պաշ­տօննե­րու տի­րացած են։ Զար­մա­նալին այն է որ այդ օրուայ բա­րի մարդկանց շա­ռաւիղ­նե­րը այ­սօր ալ բա­րի են, իսկ չա­րերու շա­ռաւիղ­նե­րը՝ այ­սօր ալ չար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ