ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
«Պողազիչի Բեմային Արուեստներու Խումբ»ի թատերական բաժնի գործիչներուն վերջին աշխատութիւնը՝ «Զապէլ» բեմադրուեցաւ Գատըգիւղի մէջ։ Խմբային համագործակցութեան սկզբունքով աշխատող կազմը «Զապէլ»ի բեմադրութեան համար ալ դիմած է նոյն ճամբուն։ Այսէլ Եըլտըրըմ եւ Տոյկու Տալեանօղլու բացի թատրերգութիւնը գրելէ եւ բեմադրելէ, ստանձնած են նաեւ ներկայացման գլխաւոր դերերը։ Եըլտըրըմ մեծ յաջողութեամբ մարմնաւորեց Զապէլ Եսայեանի կերպարը։ Իսկ Տալեանօղլու եւս բարձր դերասանական կարողութիւնով ներկայացուց Եսայեանի մեծ մօր՝ Տուտուի, Սրբուհի Տիւսաբի եւ այլ կերպարներ։ Համեմատաբար աւելի կարճատեւ դրուագներով դեր ստանձնեցին Էլիֆ Գարաման, Մարալ Չանքայա եւ Նիհալ Ալպայրաք։
Եթէ մեր իրողութեան մէջ Զապէլ Եսայեան անունը առաջին հերթին կը յիշուի կնոջ իրաւունքներու պայքարի շրջագծով, Այսէլ Եըլտըրըմ եւ Տոյկու Տալեանօղլու իրենց պատրաստած թատրերգութեան մէջ շեշտը կը դնեն անոր ընկերաքաղաքական հարցերու մերձեցման եւ յատկապէս ալ ազգային գիտակցութեան վրայ։ Արդարեւ բեմադրութեան առաջին գործողութիւնը Ստալինեան բռնակալութեան պայմաններուն, բանտախցիկի մը մէջ հարցաքննութիւնն է։ Եսայեան ոստիկանական համազգեստով պաշտօնեայի մը դիմաց կը մեղադրուի մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի նման ազգայնական մը ըլլալով։
Զապէլ Եսայեանի կեանքի ուղիին վերջին օրերով սկսող խաղը վերյիշումներու միջոցաւ կ՚անդրադառնայ անոր մանկութեան, պատանութեան տարիներուն։ Այդ ենթահողի վրայ շատ կարեւոր միտքեր կը մշակուին ԺԹ դարու վերջերուն հայ հասարակութեան մէջ ծլարձակող անկախութեան գաղափարներուն եւ օրինականացած Օսմանեան պետականութեան ամբողջին մէջ մնալու հակամարտութեան շուրջ։ Նիւթ մը՝ որ իր այժմէականութիւնը կը պահէ մինչեւ մեր օրերը։
Երկու արարով բեմադրութեան երկրորդ բաժնին մէջ կը ներկայացուէր Ատանայի կոտորածին յաջորդող օրերու տառապալի կեանքը։ Այստեղ եւս խիստ կարեւոր հարցադրումներ կը կատարուէին հայոց որբանոցի պատասխանատու Զապէլ Եսայեանի, իթթիհատական կառավարութեան նորանշանակ կուսակալի այրի թրքուհիի եւ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսի այրիին հանդիպման ենթահողի վրայ։ Որբերու օգնութեան հեռանկարին մէջ միայն քանի մը նախադասութիւններու փոխանակումը բաւարար կ՚ըլլար տեսնելու համար այդ սրբազան նպատակի ետին թաքնուած հաշիւները։
Տարիները իրար կը յաջորդէին եւ այս անգամ Զապէլ Եսայեան կը յայտնուէր 24 Ապրիլ 1915-ի ձերբակալութիւններէն մազապուրծ ազատուելէ ետք հիւանդանոցի մը մէջ թաքնուած օրերու ապրումով։
Կարելի է ըսել թէ թատրերգութիւնը յաջողած էր Զապէլ Եսայեանի կեանքը պատմելով նկարագրել նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենադաժան հատուածը։ Այս պատումին ազդեցութիւնը ալ աւելի կ՚ամրապնդէր Արի Հերկելի մերթ յօրինած մերթ ալ ընդօրինակած երաժշտութիւնը։ Նոյնպէս գնահատելի էր Լեւենտ Սոյ եւ Զիլան Քակիի լոյսի գործածութիւնը ու բեմայարդարումը։
20 Մարտի ներկայացման հասոյթը տրամադրուեցաւ խաղաղութեան համար պայքարող եւ այդ պատճառաւ պաշտօնազուրկ եղած ակադեմականներու եւ Օրէնքի Լիազօր Կանոնագրութեան որոշումով իրենց պաշտօններէն հեռացուած ուսուցիչներուն։
Խիստ յանձնարարելի այս բեմադրութիւնը պիտի կրկնուի 26 Մարտ, 11 եւ 14 Ապրիլ թուականներուն Պողազիչի Համալսարանի Տէմիր Տէմիրկիլի անուան թատերասրահի, իսկ 10 Ապրիլին դարձեալ Գատըգիւղ՝ «Մօտա Սահնէսի» սրահին մէջ։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել Տամլա Փինչէին (0212) 251 19 43/ 0 506 060 49 13 հեռախօսահամարներով։