Օրինաւոր նորին-ապօրինութիւն մը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Ըլ­լա­լիքը քա­նի մը օր առա­ջուը­նէ յայտնի էր ար­դէն։ Նո­րին ապօ­րինու­թիւնը, երբ տա­կաւին հա­մեմա­տաբար օրի­նաւոր ու տա­կաւին քիչ-մը-եւս-տա­նելի փո­խանորդ մըն էր, տե­ղապա­հի ընտրու­թե­նէն քա­նի մը օր առաջ «Նոր Մար­մա­րա»ի մէջ հրա­տարա­կուած հար­ցազրոյ­ցին մէջ կը յայ­տա­րարէր.

«Պէտք չէ մոռ­նալ ան­շուշտ որ ես Պե­տութեան կող­մէ վա­ւերա­ցուած փո­խանորդ մըն եմ» (Պե­տու­թիւնը գլխա­գիրով տպուած է։ Հա­ւանա­բար Արամ չար­քե­պիս­կո­պոս ալ գլխա­գիրով ար­տա­սանած է)։

Խօս­քը թրքա­կան պե­տու­թեան մա­սին է ան­շուշտ, որուն հա­ճոյա­նալու հա­մար «կայ­սե­րապաշտ ու­ժե­րու գոր­ծիք» նկա­տած էր հայ ժո­ղովուրդը՝ գրե­թէ հաս­նե­լով իշ­կիւզա­րաբար ան­կէ նե­րողու­թիւն խնդրե­լու աս­տի­ճանին՝ իր են­թարկուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար։

«Պէտք չէ մոռ­նալ ան­շուշտ…»։

Սպառ­նա­լիքի մեղ­միկ զե­փիւռ մը կը շար­ժի այս խօս­քե­րուն տակ։ «Պէտք չէ մոռ­նա՜լ…», կ՚ըսէ, «ան­շո՛ւշտ»ով մըն ալ հաս­տա­տելով, կնքե­լով, թե­րեւս զար­դա­րելով սպառ­նա­լիքի թե­թեւ հո­վը, որ յան­կարծ կրնայ փո­թորի­կի փո­խար­կուիլ եթէ մոռ­ցուի, եթէ միտ­քէ հա­նուի, եթէ ան­տե­սուի «Պե­տու­թեան կող­մէ» վա­ւերա­ցուած փո­խանորդ մը ըլ­լա­լը (Պե­տու­թիւնը՝ մե­ծով ըսած է։ Նոյ­նիսկ ոտ­քի ելած է այդ պա­հուն, կոճ­կած է իր բաճ­կո­նը, գլխար­կը հա­նած ու թե­թեւ մը ծռած ալ է)։

«Պե­տու­թեան կող­մէ» վա­ւերա­ցուած է (Պե­տու­թիւնը մե­ծո՛վ՝ ո՛չ թէ նա­խադա­սու­թիւնը սկսե­լուս հա­մար, այլ որով­հե­տեւ ին­քը՝ փո­խանո՛րդը այդպէս ըսած է, մե­ծո՛վ։ Եթէ պզտի­կով ըսած ըլ­լար՝ անար­գանք մը պի­տի հա­մարուէր, քա՛ւ եւ մի՛ լի­ցի, թե­րեւս փո­խանոր­դազրկուէր)։ Մար­դը պե­տու­թեան կող­մէ վա­ւերա­ցուած է, ժո­ղովո՛ւրդ, զգո՛յշ։ Ան շատ լաւ գի­տէ, որ մենք, իրեն պէս, պե­տու­թե­նէն կը վախ­նանք, դող կ՚ել­լանք։ Պե­տու­թիւնը պա­պու­լայ մըն է, պե­տու­թիւնը պո­պօ մը, ասեղ­ճի մըն է... Ու ինչպէս ճա­րահատ մայ­րիկներ իրենց զա­ւակ­նե­րը կը վախցնեն իրի­կու­նը տուն գա­լիք հօր կեր­պա­րով, այնպէս ալ վա­ւերա­ցեալ-փո­խանոր­դը կը վախցնէ իր հա­մայնքը, «պէտք չէ մոռ­նալ», կ՚ըսէ ան, «ան­շուշտ», կ՚ըսէ, «ես Պե­տու­թեան կող­մէ վա­ւերա­ցուած փո­խանորդ մըն եմ» (միշտ կը կրկնեմ, պե­տու­թիւնը մե­ծով ըսած է այս մար­դը՝ ին­քը մեզ­մէ աւե­լի կը վախ­նայ պե­տու­թե­նէն, կը կար­ծէ, որ եթէ պզտի­կով ըսէ՝ զին­քը պի­տի բան­տարկեն)։

-Մարդ որ­քա՜ն ճա­րահատ պի­տի ըլ­լայ որ պե­տու­թեան անու­նով սպառ­նայ իր հա­մայնքին։

-Կ՚ըսե՛ս, բայց նա­յինք պե­տու­թիւնը լուր ու­նի՞։ Պե­տու­թիւն ըսածդ ի՞նչ է, ին­ծի-քե­զի պէս մար­դիկ վեր­ջա­պէս…

Պե­տու­թե­նէ վա­ւերա­ցեալ փո­խանոր­դին սպառ­նա­լիքը ղրուշ չար­ժեց եւ ան փո­խանոր­դութե­նէ ի տե­ղապա­հու­թիւն չկրցաւ բարձրա­նալ։

«10 քուէ՞։ Միա՞յն։ Մարդ չեն ըլ­լար ասոնք», միտ­քէն ան­ցաւ հա­ւանա­բար ու փէ­շերը հա­ւաքե­լուն պէս քո­վի սե­նեակը մտաւ։ Այնպէս ինչպէս խա­ղը կորսնցու­ցած մը­զըխ­ճը տղա­քը վե­րի թա­ղէն աւե­լի ու­ժով աղ­բա­րիկ­ներ կ՚առ­նեն ու կը բե­րեն… Այնպէս ինչպէս չախ կե­րած խեղճ մը օգ­նութեան յոյ­սով մը իր հե­ղինա­կաւոր մէկ ազ­գա­կանին կը դի­մէ… Այնպէս ինչպէս բա­րեկամ կար­ծուած նեն­գա­միտ ըն­կեր մը դա­րանա­կալ կը սպա­սէ յար­մար պա­հուն «վրէ­ժը» լու­ծե­լու հա­մար… Այս մարդն ալ, խեղ­ճուկրակ շար­ժումնե­րով, առան­ձին, սրտին մէջ ամ­բա­րած թոյ­նով պատ­րիար­քա­րանի մէկ սե­նեակէն թուղթի կտո­րով մը դուրս կ՚ել­լէ։

«Այս ընտրու­թիւնը ան­վա­ւեր է», կը յայ­տա­րարէ վա­ւերա­ցեալ փո­խանոր­դը։

(Խրի­մեան Հայ­րիկ մը չկա՞ր հոն որ առ­նէր, պատ­ռէր այդ թուղթը ու նե­տէր Արամ չար­քե­պիս­կո­պոսին քի­թին-բե­րանին)։

-Պատ­կե­րացուր խեղ­ճութիւնն ու տկա­րու­թիւնը մէ­կու մը, որ իր ու­ժե­րուն ապա­ւինե­լու փո­խարէն կու­սա­կալու­թեան երկրոր­դա­կան պաշ­տօ­նեային կ՚ապա­ւինի։

-Ան մի­նակ չէ իր խեղ­ճութեան մէջ, գոր­ծա­կից­ներ ալ ու­նի ան­շուշտ հա­մայնքին մէջ։

-Ծօ ի՞նչ հա­շիւ­ներ կ՚անցնի-կը դառ­նայ ով գի­տէ, լուր չու­նինք։

-Ու մենք դեռ կը շա­րու­նա­կենք աս մար­դուն ձեռ­քը-ոտ­քը համ­բուրել, «սրբա­զան, սրբա­զան» ըսել…

-Ու դեռ ան կը շա­րու­նա­կէ քա­րոզ խօ­սիլ եղ­բայրու­թեան ու հա­մերաշ­խութեան մա­սին։ Ստա­խօ՛ս…

«Մե­ծերուս դէմ միշտ յար­գանք ու­նե­ցայ, որով­հե­տեւ այդպէս դաս­տիարա­կուած էի», ըսեր է նոյն հար­ցազրոյ­ցին մէջ։ Եւ դժգո­հեր է, որ «ասոնք մոռ­ցուած են հի­մա»։

-Կա­թողի­կոսը եթէ տա­րիքով Արամ չար­քե­պիս­կո­պոսէն մեծ ըլ­լար՝ ան­շուշտ կը յար­գէր անոր տուած խոս­տումը եւ կը հրա­ժարէր փո­խանոր­դութե­նէն։ Բայց ի՜նչ մեղք որ ան միայն մե­ծերուն դէմ միշտ յար­գանք ու­նե­ցած է, հե­տեւա­բար կրնայ երդմնա­զանց ըլ­լալ իր­մէ փոք­րե­րուն տուած խոս­տումնե­րուն մէջ։

-Հա­պա՞ Գա­րեգին Պէք­ճեանը։ Կար­ծեմ մեր չար­քե­պիս­կո­պոսէն մեծ է, չէ՞։

-Այո՛, մեծ է, բայց միայն տա­րիքով։ Կար­ծեմ հա­սակը Արա­մէն կարճ ըլ­լա­լուն չէ յար­գած զին­քը, այ­լա­պէս կը հրա­ժարէր։

-Հմմմ, իրա­ւացի ես, աղ­բա՛ր...

-Եւ յե­տոյ պա­րոն Քա­րափեանը կ՚ըսէ որ…

-Ան ո՞վ է, ծօ։

-Անու­նը պի­տի չտամ, ասոնք բա­նաս­տեղծի հո­գիի տէր շատ նուրբ մար­դիկ են, շուտ մը կ՚առ­նուին, կը կոտ­րուին կոր։ Քա­րափեանը ըսեր է, որ եթէ Մա­շալեանը յօ­գուտ Պէք­ճեանի չքա­շուէր՝ Աթէ­շեանը կը շա­հէր, հե­տեւա­բար պե­տու­թիւնը անօ­րինու­թիւն նկա­տած ու մի­ջամ­տած է։

-Կը տես­նա՞ս պե­տու­թիւնը ինչպէ՜ս մեր իրա­ւունքնե­րուն մա­սին կը մտա­ծէ։ Հոս­կէ հոն­կէ ալ կ՚ել­լան պե­տու­թեան խօսք կ՚ըսեն... Պոշ լաֆ։ Մենք շնոր­հա­կալ պէտք է ըլ­լանք բա­րեխ­նամ կա­ռավա­րու­թեան, որ մեզ մեզ­մէ աւե­լի կը մտա­ծէ։ Ի՞նչ կը կար­ծես որ պի­տի ըլ­լայ աս­կէ ետք։

-Չեմ գի­տեր, բայց ո՛չ մէկ լուրջ բան։ Ժո­ղովի կան­չուած սա­կայն իրեն խօսք ան­գամ չտրուած վա­տիփը կը շա­րու­նա­կէ հա­ւաքուիլ ոչինչ եղա­ծի պէս, թա­ղային խոր­հուրդներ լայն կը բա­նան իրենց դռնե­րը վա­ւերա­ցեալ-փո­խանոր­դին առ­ջեւ, մեծ-մեծ ազ­դեր կու տան՝ որ­պէսզի ժո­ղովուրդը գայ ու մտիկ ընէ ատ մար­դուն քա­րոզը, ատ մարդն ալ ու­րախ-ու­րախ կը պտտի ու կը հպար­տա­նայ որ լաւ հո­վիւ մըն է որ մե­զի նման ոչ­խարներ կ՚արածէ։

(երկխօսութիւնները քաղած եմ
հոսկէ-հոնկէ լսած զրոյցներէս)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ