Աղթամարի խաչը շահագործման նիւթ

ԶԱՔԱՐԻԱ ՄԻԼՏԱՆՕՂԼՈՒ

zakaryamil@gmail.com

Երբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը կը բոլորէ իր պատմութեան դժուար շրջաններէն մէկը, Աղթամար Կղզիի պատմական Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ գմբէթին տեղադրուած խաչն ալ կը դառնայ շահագործման նիւթ։ Մօտաւորապէս վեց ամիս առաջ էր, երբ պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան Հայաստանի մէջ «Սիվիլնեթ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին իր կատարած եկեղեցանուէր ծառայութիւններու շարքէն կը թուէր նաեւ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ գմբէթին զետեղուած խաչը։ Գործընթացին մօտէն ծանօթ ըլլալով մտադրած էի այս սխալ տեղեկութիւնը գրութիւնով մը յստակացնել։ Սակայն վարանեցայ եւ որոշ ժամանակ խուսափեցայ այս տհաճ շահագործման միջամուխ ըլլալէ։ Բայց հապա երբ տեսայ որ այս շահագործումը աւելի ետք դարձեալ նոյն թափով կը շարունակուի այլ գործակալութիւններու հետ կատարուած զրոյցներու ընթացքին որոշեցի նիւթը իր էութիւնով կրկին օրակարգի բերել։ Բնական է որ կարգ մը նիւթեր իրենց այժմէութիւնը կորսնցնելով յիշողութիւններու մէջ ալ պղտորին։ Այս գրութիւնը կը գրեմ այդ պղտորուածութիւնը յստակացնելու միտումով։

Աղթամարի վերաշինութեան աշխատանքին մէջ մենք պաշտօն ստանձնածներս տակաւին կենդանի ենք եւ ուղղակի վկան այդ շրջագծով տեղի ունեցած բոլոր զարգացումներուն։ Աթէշեան Սրբազանի տեղապահ կամ պատրիարք ընտրուելու խնդիրը մեզի համար երկրորդական գծի վրայ նշանակութիւն ունի։ Վերջապէս այդ ընտրութեան մէջ մենք միայն մէկ ձայն ունինք, որը կ՚արժեւորենք, երբ որ օրն ու ժամը հասնի։

Աղթամարի վերանորոգութիւնը սկսաւ 20 Մայիս 2005-ին եւ աւարտեցաւ 19 Մարտ 2007-ին։ Յստակացնենք որ այս աշխատանքի գլխաւոր դերակատարն է վերանորոգութիւնը ստանձնող Ճահիտ Զէյտանլը։ Ես այդ գործընթացին մէջ որպէս Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ ճարտարապետ առաջին օրէն սկսեալ պատասխանատուութիւն ստանձնած եմ։ Այս պաշտօնին կոչուեցայ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի որոշումով եւ բոլոր պատկան մարմիններու հետ ալ շփում ունեցայ իբրեւ պատրիարքարանի ներկայացուցիչ։ Չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ պնդեմ թէ ամբողջ այդ գործընթացի զանազան փուլերուն ուղղակիօրէն մաս կազմած եմ։ Սկզբնական շրջանին անձնապէս ստանձնած այս պաշտօնին ժամանակի ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայ Ճարտարապետներու եւ Ճարտարագէտներու Միութեան՝ ՀայՃարի զանազան ընկերներ եւ նաեւ արտերկիրներէն մասնագէտներ։

Աղթամարի վերանորոգման գործընթացին կարեւոր դերակատարներէն մէկն ալ Հրանդ Տինքն է։ Անոր այս նիւթին շուրջ գրի առածները ամբողջ մատեանի մը համազօր են։ Կ՚ուզեմ նշել նաեւ թէ վերանորոգման գործընթացը անցաւ բացարձակ թափանցիկութեան մթնոլորտի մէջ։ Վերաբացման նախորդող օր Ֆերիգիւղի Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցւոյ երդիկին տակ Մեսրոպ Պատրիարքի մասնակցութեամբ կայացաւ «Վերանորոգման Պատմութիւն Մը» խորագրեալ ժողովը, ուր դահլիճը լեցնողներուն փոխանցուեցաւ կատարուած աշխատութեան բոլոր մանրամասնութիւնը։ Յաջորդ առաւօտ Մեսրոպ Պատրիարքի հետ փութացինք բացման արարողութեան։ Յստակօրէն կրնամ ըսել որ Աթէշեան Սրբազան բացի Մեսրոպ Պատրիարքի անհանգստութեան պատճառաւ անդրանիկ պատարագը մատուցելէ ոչ մէկ ներդրում ունեցած է վերանորոգման կամ խաչի տեղադրման գործին մէջ։

Զէյտանլը՝ «խաչը գործեցէք ես կը տեղադրեմ»

Ինչպէս վերեւ նշած էինք Աղթամարի վերանորոգման գլխաւոր դերակատար Ճահիտ Զէյտանլը այս գործը արժանի կերպով գլուխ հանելու համար ոչ մէկ ջանքէ խուսափած էր։ Իր ջանքերով այս աշխատութեան մաս կազմեցին Իտալիայէն եկած քարտաշներ, Հայաստան ICOMOS-ի մասնագէտներ, ճարտարապետ Աշոտ Յովսէփեան եւ որմանկարներու մասնագէտ Ալիք Յովհաննէսեան։ Այս մասնագէտները երեք օր շարունակ հսկեցին կատարուած աշխատանքին եւ ապա իրենց դիտարկումները տեղեկագրի մը ձեւով փոխանցեցին, թէ ՀայՃարի անձնակազմին եւ թէ Մեսրոպ Պատրիարքին ու Հրանդ Տինքին։ Ապա Հայաստան վերադառնալով նոյն բացատրութիւնները այս անգամ ալ փոխանցուած էր Ճարտարապետներու Միութեան, Յուշարձաններու Պահպանման Խորհուրդի եւ Մշակոյթի Նախարարութեան շրջանակներուն։ Ես, ճարտարապետ Նազարէթ Պինաթլը եւ Ճահիտ Զէյտանլը Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութեան հրաւէրով մասնակցեցանք եռօրեայ աշխատանոցի մը։ Այդ Արդիւ ՀՀ Մշակոյթի Նախարարութիւնը պատուոյ գրով մը գնահատեց Զէյտանլըի կատարած աշխատութիւնը։ Իսկ Սփիւռքի Նախարարութիւնը եւս գնահատեց զինք։ Եթէ պիտի յօժարինք կայսերի իրաւունքը կայսրին տալու Զէյտանլը առաջին օրէն իսկ խոստացած էր եկեղեցւոյ խաչը գմբէթին տեղադրել։ Եւ բոլորս գիտենք որ ան կատարեց իր խոստումը։ Վերաշինութեան աշխատանքին տակաւին առաջին օրէն մասնակցութիւն բերածներէն մէկն է նաեւ ՀայՃար միութեան այժմու ատենապետը՝ Ժան Կավրիլոֆ։

Խաչի ձեւաւորումը կը պարտինք հայաստանցի վարպետներուն

«Մաս կը կազմէի Աղթամարի վերանորոգման լծուած ճարտարապետներու խումբին։ Սխալ է Արամ Սրբազանի խաչը իմ կարգադրութիւնով դրուեցաւ պնդումը։ Իրողութիւնը բոլորովին տարբեր է։ Ինք ամբողջովին դուրս էր այս գործընթացէն։ Շատ անգամ դէպքերը այնքան արագ կը զարգանային որ մենք իսկոյն լուծումներ կը որոնէինք եւ շատ անգամ Մեսրոպ Պատրիարք իսկ աւելի ուշ տեղեակ կ՚ըլլար կատարուածներէն։ Ճահիտ Զէյտանլը ըսած էր թէ եթէ խաչը ձմրան մտնելէ առաջ գայ պիտի կրնան տեղադրել։ Այդ պահուն մենք ալ որեւէ գաղափար չունէինք պատրաստուած խաչին չափերուն կամ ծանրութեան մասին։ Այդ բոլոր տեղեկութիւնները հաստատելու համար իսկոյն մեկնեցայ Երեւան։ Այդտեղ զիս դիմաւորեց մշակոյթի նախարարի տեղականլԳագիկ Կիւրճիեան։ Իր գրասենեակին մէջ Հայաստանի Ճարտարապետական Թանգարանի տնօրէն Աշոտ Գրիգորեան, Հայ Եկեղեցական Ճարտարապետութեան առասպելական մասնագէտ Փրոֆ. Վարազդատ Յարութիւնեան, իր սաներէն Փրոֆ. Դաւիթ Քերդմենճեան եւ այլ խումբ մը ակադեմականներ։ Նոյն օրուայ յետմիջօրէին հանդիպեցանք Վեհափառ Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ին եւ պատրաստուելիք խաչին մասին իր խորհուրդներն ալ լսեցինք։ Ապա Արտաշատի ճամբուն վրայ գիւղի մը մէջ գտնուող աշխատանոցը այցելեցինք Դարբին Ճանիկին, որ ստանձնած էր երկադեայ խադի պատրաստութիւնը։ Ապա վերադարձիս ինծի կ՚ընկերակցէր անուանի քարտաշ Խաչատուր Մարգարեան։ Իսկոյն ձեռնարկեց խաչի տեղադրուելիք պատուանդանի շինութեան ու ապա վերադարձաւ Երեւան։ Այս բոլորին մէջ ո՞ւր է Արամ Սրբազանի դերակատարութիւնը չեմ կրցած հասկնալ» կ՚ըսէ Ժան Կավրիլոֆ։

Նման վկայութիւններ կը փոխանցէ նաեւ ՀայՃար միութեան այդ շրջանի ատենապետ Նազարէթ Պինաթլը։ Պինաթլը կ՚ափսոսայ թէ Արամ Սրբազան այս նիւթը կը շահագործէ անտեսելով զանազաններու նուիրական աշխատութիւնը։ Ան կը մատնանշէ մանաւանդ խաչի տեղադրման շուրջ ծագած բանավէճերը, որոնց լուծման համար բացի Արամ Սրբազանէ բազմաթիւ անձեր կարեւոր գործ կատարեցին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ