Բառերուն ամենէն առողջը (եւ ամենէն կրակոտը)
1876 թուականի 6 Փետրուարը, Կիրակին, տարուան ամենէն ցուրտ օրերէն մէկն էր։ Ձիւնի տակ թմրած էր Պոլիսը ու դատարկացած էին փողոցները։ Դեղարար Կարապետ «վարդապետ»ի տարրալուծարանէն դուրս՝ «քուփա» մը միայն զիս կրնար ցուրտէն պաշտպանել ու Ղալաթիայէն Օրթագիւղ՝ Անտոնեան վանք հասցնել։ Ձիաքարշ այս փոքրիկ, սեւ կառքը, եւրոպական նորութիւն մը Օսմանեան մայրաքաղաքի փողոցներուն վրայ, ունէր ֆայտոնէն կարեւոր մէկ տարբերութիւն. անոր չորս կողմերը գոց էին։
Արագընթաց այդ փոխադրամիջոցի պատուհանէն դուրս՝ Պոսֆորը կը ներկայանար որպէս բնանկարներու ցուցադրութիւն մը, որուն իշխող գոյներն էին սպիտակը, մոխրագոյնն եւ սեւը։ Այս ցուցադրութիւնը վերջ գտաւ կէս ժամէն, երբ կառքը կանգ առաւ։ Վառորդը, որուն անունն էր Առաքել, ըսաւ, թէ Փիշմիշօղլու փողոցէն վեր՝ քիչ մը պէտք է որ քալեմ ու հոն է վանքը։
Թակեցի դրան բռնակը, կնոջ նուրբ ձեռք մը՝ պղինձէ ձուլուած։ Դուռը բացաւ հայր Եիւզիւքճեանը, հեղինակը՝ «Նկարագրութիւն Պարսկաստանի Երեւելի Շինութեանց» աշխատասիրութեան։
- Պարոն ստուգաբանութիւն, այս եղանակի՞ն... Ներս մտէք, ներս։
- Ձեզ շատ լաւ տեսայ, վարդապետ։
- Լաւ ըսենք, որ լաւ ըլլանք։ Վեր ելլենք, խօսինք։
- Ահ, չմոռցած… Ասիկա՝ ձեզի. Կարապետ վարդապետը պատրաստեց։
- Միշտ կը յիշէ զիս։ Շնորհակալ եմ։
Հիւրասրահի մէջ տնտես մայրիկի մը բերած տաք թէյին հետ ջերմ խօսակցութիւն կ՚ունենանք հոգեւոր եւ աշխարհիկ գրականութեան մէջ «դեղ» բառի ոդիսականի մասին։
- Ժամ մը առաջ, վարդապետ, մեր յարգելի դեղարարին հետ կը խօսէինք, թէ վառօդը դեղ էր եւ սահմանադրութիւնը՝ դեղ։
- Կարելի է յիշենք նաեւ հոգեւոր դեղերը։ Մեր գրադարանի մէջ ունինք հայր Մկրտիչ վարդապետ Աւգերեանի մէկ հեղինակութիւնը. «Դեղ Կենաց, իբր հոգեւոր բժշկարան»։ Պարոն ստուգաբանութիւն, հակառակ ընդհանրացած կարծիքին «դեղ» բառը, շատ անգամ առընչութիւն չէ ունեցած մարմնական ախտերու հետ։ Կը սիրեմ մէջբերել Գրիգոր Նարեկացին. Այդ սուրբ բանաստեղծի գրիչին կը պատկանին «դեղ» բառի հետ յօրինուած հրաշալի բառակապակցութիւններ, ինչպէս՝ «դեղ կենաց», «դեղն անմահացուցիչ», «դեղ փրկութեան», «սպեղանեաց դեղ», «դեղ առողջութեան», «անմահութեան դեղ», «դեղ մաղթանաց», «դեղ մահու», «դեղ փրկութեան»…։ «Մատեան Ողբերգութեան» ստեղծագործութեան մէջ Տէրը դարձեր է «դեղ».
«Ամենատեղաց դեղ, ձրի բժշկութիւն,
Կրկնաձիր առողջութիւն, վեհագոյն խրախոյս,»
- Իսկ ո՞վ կրնար մտածել, թէ «դեղ»ը օր մը պիտի դառնար գեղեցկուհիի համբոյրը, կամ՝ անոր սպիտակ ծոցը։
- Աշուղի մը խօսքերը ըլլալու են, անկասկած։
- Սիրահար Նահապետ Քուչակի խօսքերը.
«Դեղնել եմ խընկիդ նըման, գունատել եմ զէտ ըզզաֆրան.
Չի գիտեմ՝ քո սէ՞րդ արել. թէ՞ եկել է օրս ի մահուան։
Ասցին, թէ դու դեղ ունիս, տուր ինձի, որ կենդանանամ.
Թէ չէ՝ կու մեռնիմ, գընամ, գան ասեն քեզ մարդասպան»։
«Հա՜յ իմ փոքրիկ շամամ, քո ծոցուդ ա՛մ ե՞րբ տիրանամ,
Քո ծոցդ է ի ծով նըման, ծովըն դեղ կ՚ասեն ի ջերման.
Փոքրիկ մըտերմիկ լինամ, ու մըտնում ի ծոցդ ու լողամ.
Ծովուդ ալ ի դուրս ելնում, ուներո՛դ շուքըն քընանամ»։
- Պարոն ստուգաբանութիւն, Աստուածաշունչին պէտք է նայիլ որպէս հարուստ սկզբնաղբիւր՝ «դեղ» բառի բազմապիսի իմաստներու համար։ Ահա մէկը՝ «վհկութիւն, կախարդութիւն, դիւթութիւն, մոգանք», որուն կը հանդիպինք Նոր Կտակարանի վերջին գիրքին՝ Ս. Յովհաննէսի յայտնութեան մէջ. «... եւ ո՛չ ապաշխարեցին ի մարդասպանութենէ եւ ի դեղատուութենէ եւ ի պոռնկութենէ եւ ի իգողութենէ իւրեանց»։ Երբ մեր իշխաններն եւ եպիսկոպոսները Արեւորդիներու խնդիրով դիմեցին Ս. Ներսէս Շնորհալիին, վերջինս «Յաղագս Արեւորդեաց Դարձի» թուղթով տուաւ գրաւոր պատասխան, թէ «դեղատուութիւնը» պէտք է մէկը դի թողուլ իբր դիւական խաբէութիւն։
- Հաճելի է տեսնել, թէ այս բառը ճօճանակի պէս կը տատանի «մեղք» իմաստէն մինչեւ հոգեկան «փրկութիւն»։ Իսկ աշխարհիկ գրչի մօտ կ՚առնէ բոլորովին տարբեր երեւոյթ։ Միջնադարեան բանաստեղծ Սահակ Տիրացուն ունի «Տաղ սիրոյ ասացեալ» ստեղծագործութիւնը, որուն մէջ «դեղ» բառը փոխաբերական իմաստով կը նշանակէ՝ շրթունք։
«Աչքերդ կանթեղ է, ուներդ կամար,
Երեսներդ արեգակ կամ շամս ու ղամար,
Ակռաներդ մարգարիտ, ալմաստ, անգին քար,
Պռկներդ հիւանդի դեղ է, նազլի եար»։
- Այս քառեակը ինծի կը յիշեցնէ «դեղ սիրոյ» արտայայտութիւնը, որ եւրոպայի մէջ յայտնի է որպէս «…ltro de amor»։
- Սիրային վէպերու մէջ յաճախ յիշուած «դեղաջուր»ը, այսինքն, այդ կախադրական խմիջքը։
- Ինչ հաճելի էր այս մտովի պտոյտը։ Այնքան ատեն որ կան ախտեր, «դեղ» բառն ալ պիտի շարունակէ իր շրջանը՝ աւելի զարգանալով։
- Կասկած չկայ։ Գիտութիւնը կը յառաջդիմէ ու մենք կ՚ունեանք «դեղաբանութիւն» եւ «դեղաբան»ներ, հատիկ հատիկ պատրաստուած «դեղահատ»եր, քաղաքներու մէջ զանոնք վաճառող «դեղարան»ներ…
- Կարապետ դեղարարը ինչպէ՞ս էր։
- Շատ լաւ։ Կ՚աշխատէր դեղատոմսերու ծաւալուն հաւաքածոյի մը վրայ։ Զայն կը կոչէ «Գիրք դեղարարութեան»։ Իսկ ձեր գիրքը... լոյս տեսած պէտք է որ ըլլայ։
- Այդպէս է։ Անշուշտ, յաւակնութիւնը չունի մեր ազգային հարցերու դիմաց «դեղ հանրային» մը ըլլալու, բայց նպաստ մըն է հայոց շինարարական ժառանգը պահպանելու համար։ Կ՚ուզեմ օրինակ մը ձեր անունով մակագրել։
- Շնորհակալ եմ։ Մեծ պատիւ կը զգամ։
- Իսկ չմոռնամ Կարապետ վարդապետին պատրաստած դեղերը գործածել։ Վերջապէս՝ «Առողջ միտք՝ առողջ մարմնի մէջ»։