1876 թուականի ձմրան երբ վերադարձայ Կ. Պոլիս, քսան տարի անցեր էր այն թէյին վրայէն, զոր խմած էի մայրաքաղաքի Անտոնեան ուխտէն հայր Վրդանէս վարդապետ Եիւզիւքճեանի հետ՝ Իսֆահանի Սիոսէ կամուրջին վրայ։ Շատ ջուրեր անցան այդ երեւելի կամուրջին տակէն եւ այն բոլոր կամուրջներուն՝ որոնց շնորհիւ հիմա հասեր եմ «Փայիթախտ» կամ «Ասիթանէ», -ինչպէս նաեւ կը կոչուէր կայսերական մայրաքաղաքը այդ օրերուն։ Կերպարանափոխուած կը գտնեմ քաղաքը։ Արտաքինով աւելի եւրոպականացած, բայց ներքինով՝ ընկճուած։ Իսկ այժմ եւրոպացիներուն յարմարցուցած «հիւանդ մարդ» յորջորջումին բերած բարդոյթէն ձերբազատուելու համար, հայոց ազգային սահմանադրութեան հետեւողութեամբ եւ Գրիգոր Օտեանի խորհուրդներով կը փորձէին կայսրութեան բոլոր ցաւերուն դեղ մը գտնել։ Իսկ ես կը փնտռէի բժիշկ մը, որ ճար գտնէր յօդացաւերուս։ Պոլսոյ խոնաւութիւնն էր պատճառը։
Փետրուարի այդ ձուրտ առաւօտեան, կապար երկնքի տակ, քայլերս զիս ուղղեցին դեղագործ Կարապետ վարդապետին «տարրալուծարանը», Ղալաթիա թաղամասին մէջ ճէնէվիզցիներէն մնացած քարաշէն բնակարանի մը նկուղը։
- Պարոն ստուգաբանութիւն, այս ի՛նչ անակնկալ։
- Ինչ լաւ բան է հին քաղաքի մէջ հին բարեկամ ունենալ, մանաւանդ երբ ան դեղարար է։
- Ձեր յօդացաւե՞րն են դարձեալ։
- Այո։ Կը յիշեցնեն, թէ Պոլիս վերադարձած եմ։
Կարապետ «վարդապետը» կը կոչուի ան՝ դեղարարութեան արուեստէն ներս ձեռք բերած ընտիր եւ ընդարձակ գիտութեան համար։ Մենակեաց մըն է, գիտութեան նուիրուած։
- Նոր թէյ դրեր էի։ Մսած ըլլալու էք...։
- Շնորհակալ եմ... Ձիւնի ցուրտ կայ դուրսը։
Իր մեծ աշխատասեղանին վրայ կան ապակի շիշեր, տարբեր չափերով կաւէ ամաններ, փոքր կշիռք մը, ու հին, կաշեկազմ բազմաթիւ գիրքեր։ Անոնց քով ձեռագիր ստուար տետրակ մը ուշադրութիւնս կը գրաւէ.
- Նոր աշխատասիրութեան վրա՞յ կ՚աշխատիք։
- Այո, նոր գիրք մը գրի կ՚առնեմ, հայատառ-թրքերէն։
- Տեսայ անուանաթերթը. «Ֆարմաքոբ, Եանի իլաճ թէրքիպի էօյրէտէն քիթապ, Որ է գիրք դեղարարութեան»։
Կարապետ վարդապետը աւագ դեղարարներէն ժառանգած եւ տարիներու ընթացքին իր հնարած բոլոր դեղատոմսերը հաւաքած է այս գիրքին մէջ։ 439 հատ։ Կը թերթեմ տետրակը ու միեւնոյն ժամանակ կը սկսինք զրուցել թէ՛ «դեղ» բառի եւ թէ՝ դեղարարութեան այդ ընտիր աշխատասիրութեան մասին։
- Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, աշխատասիրութիւնս եօթը գլուխի բաժնած եմ։ Բոլորին մէջ, դեղերու հիմնական նախանիւթը խոտերէն են եւ դալարիները։ Ամէն բոյս ունի իր օգուտը, կամ՝ վնասը։ Դեղարարին պաշտօնն է յայտնաբերել զանոնք։
- Վարդապե՛տ, «դեղ» բառը ո՛չ թէ միայն դեղարարի համար «խոտ» է, այլ նաեւ՝ ստուգաբանի համար։ Ըստ հայ եւ օտար լեզուաբաններու «դեղ» բառի առաջին եւ հիմնական նշանակութիւնն է «խոտ»։ Բնիկ հայկական բառ է։ Շատ հին դարերուն, Ոսկեդարէն ալ առաջ, ունեցեր է իմաստի փոփոխութիւն եւ սկսեր է նշանակել բժշկական միջոց, դարման, ճար։
- Բոլոր դեղարարներուն ծանօթ է, թէ բժշկագիտութեան դասականներէն Գալենը դեղագիտութեան հիմնադիրներէն էր։ Ան նաեւ քաջատեղեակ բուսաբան էր եւ ուսումնասիրած էր դեղաբոյսեր։
- Հայկական հին մատենագրութեան մէջ «դեղ» բառը յաճախ ընկերակցած է «դալար» բառին. Ինչպէս՝ «Լիզանիցէ արջառ զդեղ դալար ի դաշտի», «Ո՛չ գտցի ի նմա դեղ դալար»։ «Դեղ» բառին առաջին իմաստը պահուած կը մնայ վրացերէնի մէջ։ Անոնք «մդելօ» ձեւով փոխառած են բառը։ Կը նշանակէ դալարիք, մարգագետին։ Իսկ բառը հայերէնի մէջ առած է նոր իմաստներ։ Մեր բառարանները «դեղ»ի տակ կու տան հետեւեալ իմաստները. թոյն, կախարդանք, մարմինը օծելիք անուշահոտ իւղեր, ներկ, մելան, թանաք, կպչան, աչքի քսելիք ծարիր։ Ուստի «դեղել» կը նշանակէ «բժշկել, թունաւորել, կախարդել, ներկել»։ «Դեղագիտութիւն»ը կախարդութիւն է, «դեղագործ»ը թէ՛ դեղ պատրաստող է, թէ՛ թոյն պատրաստող եւ թէ՝ ներկարար։ «Դեղոց»ը նկար է եւ պատկեր, «դեղուն»ը՝ թունաւորուած, «սեւաթեղ»ը եւ «գրադեղ»ը՝ մելան, թանաք։ Ունինք պատկերալից անուններ ունեցող բոյսեր. դառնադեղ, թմբրադեղ, կապընդեղ, հացադեղ, խաշնդեղ, ճակնդեղ։
- Իսկ մենք կը գործածենք «դեղագիր, դեղատոմս, դեղատուն, դեղավաճառ, դեղավաճառանոց, դեղատուփ, դեղափոշի, դեղահատ» բառերը։
- «Դեղ» բառին հետ ծննդակից են «դալար, դալուկ, դեղին, դեղձ, դեղձան»ը։ Բոլորը աճած եւ ճիւղաւորուած են dhel արմատէն, որ կը նշանակէ «ծաղկիլ, դալարիլ»։
- Պարոն ստուգաբանութիւն, ես կը սիրեմ հիւանդ հայրենակիցներէն լսել «դեղ» բառի հեշտալուր տարբերակները. Վանեցին «տեղ» կ՚ըսէ, տիգրանակերտցին՝ «թիղ», ռոտոսթօցին՝ «թէղ», խարբերդցին, կարնեցին եւ սեբաստացին՝ «դ՛էղ»։
- Իսկ Զէյթունի մէջ ան կը նշանակէ «վառօդ»։
- Ի՛նչ հեգնական... վառօդը՝ դեղ։ Պարոն ստուգաբանութիւն, գալով ձեր դժգոհութեան... Բացէք թիւ 182 դեղատոմսը։
- Թիւ 182... «Սաբառնա մաթպուհու»։
- Տենդախոտի եւ գայակենիի բաղադրութիւն մը հնարեցի։ Ունի բազմաթիւ օգուտներ։ Կը բժշկէ սիֆիլիսը, կը մաքրէ արիւնը, արմատացած վէրքերը կը դարմանէ եւ կը վանէ յօդացաւերը։
- Վարդապե՛տ, կը կարծէ՞ք, թէ Օտեանն ու սահմանադրութիւնը պիտի կարենան կայսրութեան ցաւերը դարմանել։
- Սուլթան Ապտ-ուլ Ազիզը տասնամեակ մը առաջ շատ յոյսեր տուած էր բոլոր ժողովուրդներուն։ Իսկ այժմ... արտաքին պարտքերը խիստ շատցած են, յետադիմական եւ յոռետես տրամադրութիւններ կը շրջին ամենուրէք։ Մայրաքաղաքի մէջ շշուկներ կան, թէ սուլթանը մօտ օրէն գահընկեց կրնայ ըլլալ։
- Եթէ սահմանադրութիւնը յաջողի, սա նաեւ լեզուական նորութիւն կը դառնայ. «Սահմանադրութիւնը՝ դեղ»։
- Վառօդէն աւելի խաղաղ ճար է...։ Պարոն ստուգաբանութիւն, ձեր դեղէն պատրաստեմ, երկար չի տեւեր։
Կարապետ վարդապետի աշխատանոցէն դուրս բուք էր եւ ցուրտ։ Սկսեր էր մոխրագոյն երկինքէն փաթիլներ թափիլ, սպիտակ, մաքուր ու մեծ փաթիլներ ու անոնք ժամանակաւորապէս ծածկեցին մայրաքաղաքին բոլոր դերութիւններն ու ցաւերը։