ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԿԱՄՈՒՐՋ

Բառ մը, որուն տակէն շատ ջուրեր անցան

Կամուրջ 33 կա­մարով։ Նրբա­կերտ գե­ղեց­կու­թիւն մը իս­­կա­­­կան։

- Հա­­մաձայն եմ, վար­­դա­­­պետ։ Գե­­ղեց­­կուհիի մը սպի­­տակ վի­­զը զար­­դա­­­րող ոս­­­կեայ մա­­­նեակի նման՝ այս կա­­­մուրջը կը զար­­­դա­­­­­­­րէ Պարսկաս­­­տա­­­­­­­նի ամե­­­նագե­­­ղեցիկ քա­­­ղաքը։

1853 թուակա­­­նի ամ­­­րան, հա­­­կառակ իր բարձր դիր­­­քին, շատ շոգ էր Իս­­­ֆա­­­­­­­հանը։ Մինչ քա­­­ղաքի բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րը շա­­­հերու շի­­­նած հան­­­րա­­­­­­­յին պար­­­տէզնե­­­րու մէջ եւ անուշ ջու­­­րե­­­­­­­րով լե­­­ցուած աւա­­­զան­­­նե­­­­­­­րու շուրջ զո­­­վու­­­թիւն կը փնտռէին՝ Կ. Պոլ­­­սոյ Ան­­­տո­­­­­­­նեան ուխտէն հայր Վրդա­­­նէս Վրդ. Եիւ­­­զիւքճեանը, քա­­­ղաքը կի­­­սող Զա­­­յէն­­­տէ գե­­­տի եզ­­­րին սկսած էր գծագ­­­րել հռչա­­­կաւոր Սիոսէ կա­­­մուրջը։ Զինք գտած եմ ծա­­­ռի մը շու­­­քին, կար­­­պե­­­­­­­տի մը վրայ նստած։ Գլու­­­խին ու­­­նի այ­­­ծի կամ ոչ­­­խա­­­­­­­րի բուրդէ բրգա­­­ձեւ սեւ փա­­­փախ։ Ու­­­սին առած է մին­­­չեւ ոտ­­­քե­­­­­­­րը իջ­­­նող եր­­­կա­­­­­­­րաթեւ սեւ վե­­­րար­­­կու։ Իսկ ոտ­­­քին կայ կրունկը բաց սեւ կա­­­շի մու­­­ճակ՝ վեր ցցուած սուր քի­­­թով։ Սիոսէի վե­­­հաշուք տե­­­սարա­­­նը եւ վար­­­դա­­­­­­­պետին գծագ­­­րութիւ­­­նը առիթ կու տան, որ մեր զրոյ­­­ցը սկսի հո­­­սիլ «կա­­­մուրջ» բա­­­ռի եւ հա­­­յակերտ յայտնի կա­­­մուրջնե­­­րու ուղղու­­­թեամբ։

- Պա­­­րոն ստու­­­գա­­­­­­­բանու­­­թիւն, Իս­­­ֆա­­­­­­­հանը ու­­­նի 11 կա­­­մուրջ։ Ամե­­­նէն եր­­­կա­­­­­­­րը եւ ազ­­­գիս հա­­­մար ամե­­­նէն կա­­­րեւո­­­րը Սիոսէն է, որ քա­­­ղաքը կը միաց­­­նէ հայ­­­կա­­­­­­­կան Նոր Ջու­­­ղա թա­­­ղին։ Շի­­­նու­­­թիւնը սկսեր է 1599 թուակա­­­նին եւ վեր­­­ջա­­­­­­­ցեր՝ 1602-ին։

- Եւ երկյար­­­կա­­­­­­­նի է, կը տես­­­նեմ։

- Վեր­­­նա­­­­­­­յար­­­կը թէ­­­յարան­­­ներ են։ Կա­­­մուրջին հի­­­մունքը տա­­­շածու քա­­­րերով է։ Եւ այդ քա­­­րէ հի­­­մանց վրայ եփած աղիւ­­­սով կա­­­ռու­­­ցուած է բո­­­վան­­­դակ կա­­­մուրջը։

- Ի՛նչ հա­­­ճելի է լսել ստոյգ գի­­­տելիք­­­ներ։ Մինչդեռ, նոյ­­­նը կա­­­րելի չէ կրկնել «կա­­­մուրջ» բա­­­ռի հա­­­մար։ Վար­­­դա­­­­­­­պետ, բազ­­­մա­­­­­­­թիւ լե­­­զուա­­­բան­­­ներ փոր­­­ձած են գտնել անոր հի­­­մունքը։ Ապար­­­դիւն։ Գի­­­տենք միայն, թէ բնիկ հայ­­­կա­­­­­­­կան է ու զայն կա­­­րելի է հա­­­մեմա­­­տել յոյ­­­նե­­­­­­­րու «եֆի­­­րա» բա­­­ռի հետ, որ կը նշա­­­նակէ պո­­­ղոտայ եւ կա­­­մուրջ։

- Իսկ պարսկե­­­րէնի պարզ ծա­­­նօթու­­­թիւն մը պի­­­տի բա­­­ւէր այս կա­­­մուրջին անու­­­նը հասկնա­­­լու. «Սի»՝ երե­­­սուն, «սէ»՝ երեք։ Ուստի «սիոսէ» բա­­­ռացի կը նշա­­­նակէ 33, քա­­­նի որ կա­­­մուրջը ու­­­նի 33 կա­­­մար։

- Վար­­­դա­­­­­­­պետ, հա­­­կառակ անոր, որ կա­­­մուրջնե­­­րը իրենց պատ­­­մութիւննե­­­րով եւ աւան­­­դութիւննե­­­րով մեզ հե­­­ռաւոր ան­­­ցեալի կը կա­­­պեն, որ­­­պէս բառ՝ «կա­­­մուրջ»ը շատ ճամ­­­բայ չէ կտրած։ 5-րդ դա­­­րուն Աս­­­տուածա­­­շունչի թարգմա­­­նու­­­թեան մէջ հա­­­զիւ եր­­­կու-երեք ան­­­գամ գոր­­­ծա­­­­­­­ծուե­­­ցաւ։ Իսկ յա­­­ջոր­­­դող դա­­­րերուն ալ չճիւ­­­ղա­­­­­­­ւորուեցաւ։ Հա­­­զիւ ձեռ­­­քի մատ­­­նե­­­­­­­րուն չափ ածանց եւ բարդ բառ միայն. կամրջակ, կամրջա­­­գործ, նա­­­ւակա­­­մուրջ, կամրջա­­­սիւն, կամրջա­­­խել եւ կամրջա­­­կալ։ Եւ ու­­­նինք գե­­­ղեցիկ մէկ եր­­­կու բա­­­ռակա­­­պակ­­­ցութիւն ալ. «Պսակ կամրջի», «շար­­­ժա­­­­­­­կան կա­­­մուրջ», «կա­­­խաղա­­­նու կա­­­մուրջ», «լա­­­րապինդ կա­­­մուրջ», «կա­­­մուրջ ար­­­կա­­­­­­­նել», «կա­­­մուրջ կա­­­պել», «կա­­­մուրջ կա­­­մարա­­­կապ», «կամրջող զօ­­­րական», «մա­­­զէ կա­­­մուրջ»՝ վտան­­­գա­­­­­­­լից ճա­­­նապարհ, «կամրջի վրայ պար գա­­­լը բռնել»՝ վտան­­­գա­­­­­­­ւոր խաղ խա­­­ղալ կամ քայլ առ­­­նել։

- Իսկ ես Պո­­­լիսէն մին­­­չեւ Իս­­­ֆա­­­­­­­հան ան­­­ցայ հո­­­յակապ կա­­­մուրջնե­­­րէ, որոնք դա­­­րերու դի­­­մացած ամուր շի­­­նու­­­թիւններ էին, եւ անոնց տա­­­կէն շատ ջու­­­րեր ան­­­ցեր էին։ Նախ պէտք է որ յի­­­շեմ Մշոյ Սու­­­լուխ կա­­­մուրջը Արա­­­ծանի գե­­­տի վրայ, որ կա­­­ռու­­­ցուած է 867 թուակա­­­նին, Սու­­­լուխ անու­­­նով հայ վար­­­պե­­­­­­­տի կող­­­մէ։ Երբ Ղարս հա­­­սայ, որ­­­պէս ուխտա­­­ւոր՝ պէտք էր որ անցնէի Վար­­­դա­­­­­­­նի կա­­­մուրջէն։ Իսկ ճամ­­­բաս երբ դէ­­­պի հա­­­րաւ ուղղե­­­ցի, գի­­­շերե­­­ցի Խլա­­­թի եւ Դա­­­տուա­­­նի մի­­­ջեւ հիւ­­­րա­­­­­­­սէր Կա­­­մուրջ գիւ­­­ղի մէջ։ Իսկ Տա­­­թեւի վան­­­քը այ­­­ցե­­­­­­­լած հո­­­գեւոր եղ­­­բայրներս կը պատ­­­մեն զար­­­մա­­­­­­­նալի հրաշ­­­քի մը մա­­­սին. «Սա­­­տանի Կա­­­մուրջ»։ Որո­­­տան գե­­­տի վրայ բնա­­­կան կա­­­մուրջ՝ սա­­­ռած լա­­­ւայէ։

- Իսկ «կա­­­մուրջ» բա­­­ռը վար­­­դա­­­­­­­պետ, ի՛նքը հո­­­սեր ան­­­ցեր է մեր գրա­­­կանու­­­թեան մէ­­­ջէն։ Վա­­­նայ լի­­­ճի Կա­­­մուրջէն ո՛չ շատ հե­­­ռու, Նա­­­րեկ գիւ­­­ղի մէջ Ս. Գրի­­­գորը խօ­­­սեր է հո­­­գեւոր կա­­­մուրջնե­­­րու մա­­­սին. «Կեն­­­դա­­­­­­­նու­­­թեան կա­­­մուրջ», «Կա­­­մուրջ ցան­­­կա­­­­­­­լի», «Կա­­­մուրջ խախ­­­տե­­­­­­­ցեալ»… Իսկ լի­­­ճի արե­­­ւելեան կող­­­մը Խա­­­ռակո­­­նիս գիւ­­­ղի մէջ, սի­­­րոյ կա­­­մուրջներ ան­­­ցեր է Նա­­­հապետ Քու­­­չա­­­­­­­կը։ Մեր աշու­­­ղը ո՛չ թէ ու­­­զեր է հաս­­­նիլ Վե­­­րինին, այլ փոր­­­ձեր է իր սի­­­րածը փախցնել համ­­­բոյրի մը հա­­­մար.

«Էր­­­նեկ ես անոբր կու տամ, որ առեր իւր եարն է փա­­­խեր,

Ոնց որ ըզ­­­կա­­­­­­­մուրջն ան­­­ցեր, ջուրն ելեր, զկա­­­մուրջն է տա­­­րեր.

Ձը­­­նիկ - եղեմ­­­նիկ եկեր, զո­­­տուը­­­նուն հետքն է կո­­­րու­­­սեր.

Առեր, ի պաղ­­­չան մը­­­տեր, ցո­­­րեկով զդըն­­­չիկն է պա­­­գեր»։

Քու­­­չա­­­­­­­կին եարը ու­­­նե­­­­­­­ցեր է բա­­­րեգործ հայր, որ կա­­­պեր է շատ կա­­­մուրջներ։ Իսկ աղ­­­ջիկն ալ բա­­­րիք մը գոր­­­ծէ՞...

«Քո հարն ալ շատ վարձկ արեր, շատ կար­­­մունճ կա­­­պեր գե­­­տերուն.

Դուն ալ մէկ վարձկունք մբա­­­րա, պագ մը տուր դըն­­­չիդ մօ­­­տերուն»։

- Պա­­­րոն ստու­­­գա­­­­­­­բանու­­­թիւն, մեր սի­­­րելի Քու­­­չա­­­­­­­կի մա­­­սին ժո­­­ղովուրդը ու­­­նի բազ­­­մա­­­­­­­թիւ աւան­­­դութիւններ։ Ահա մէ­­­կը. Թուրքա­­­կան սուլթա­­­նի տի­­­կինը ան­­­բուժե­­­լի հի­­­ւան­­­դութեամբ կը տա­­­ռապի։ Քու­­­չա­­­­­­­կը իր եր­­­գե­­­­­­­րու մո­­­գական զօ­­­րու­­­թեամբ կը բու­­­ժէ զայն։ Սուլթա­­­նը Կոնստանդնու­­­պոլսէն մին­­­չեւ Խա­­­ռակո­­­նիս կա­­­ռու­­­ցել կու տայ քա­­­ռասուն եկե­­­ղեցի, քա­­­ռասուն մզկիթ եւ քա­­­ռասուն կա­­­մուրջ։

Եիւ­­­զիւքճեան վար­­­դա­­­­­­­պետը կը վեր­­­ջացնէ գծագ­­­րութիւ­­­նը.

- Պա­­­րոն ստու­­­գա­­­­­­­բանու­­­թիւն, առա­­­քելու­­­թիւնս է Պարսկաս­­­տա­­­­­­­նի երե­­­ւելի շի­­­նու­­­թիւննե­­­րը նկա­­­րագ­­­րել եւ գծագ­­­րել։ Ս. Ամե­­­նափրկիչ վան­­­քը, Սրբոյն Միան­­­սայ եկե­­­ղեցին, Մու­­­րա­­­­­­­տենց եկե­­­ղեցին, Խա­­­ճու կա­­­մուրջը, Մար­­­նուն կա­­­մուրջը... Իսկ հի­­­մա՝ Սիոսէն։

- Բո­­­լորը գիր­­­քի մը մէջ կը մտա­­­ծէ՞ք ամ­­­փո­­­­­­­փել։

- Ան­­­կասկած։ Երբ վե­­­րադառ­­­նամ Պո­­­լիս այս գոր­­­ծը կը վստա­­­հիմ Յով­­­հաննէս Միւ­­­հէնտի­­­սեանի տպա­­­րանին։ Գիր­­­քի անունն ալ որո­­­շեր եմ. «Նկա­­­րագ­­­րութիւն Պարսկաս­­­տա­­­­­­­նի Երե­­­ւելի Շի­­­նուա­­­ծոց»։

- Ան­­­համբեր կը սպա­­­սեմ անոր հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան։ Վար­­­դա­­­­­­­պետ, թէյ մը չխմե՞նք Սիոսէ­­­յի վրայ։

- Պարսկա­­­կան թունդ թէյ։ Լաւ գա­­ղափար։ Ու ես ձե­­զի կը պատ­­մեմ Իս­­ֆա­­­հանի ու­­րիշ մէկ հրաշ­­քի՝ «Ման­­կանց Բեթ­­ղէ­­­հէմ» եկե­­ղեց­­ւոյ մա­­սին։