Ափսէներուն ամենէն հռովմէականը
Ս. Սարգիսի օրը աւանդութիւն է որ հայ տանտիրուհիները սկուտեղի վրայ փոխինձ՝ բովուած ցորենի կամ գարիի ալիւր դնեն պատուհանին կողքին, վստահ ըլլալով որ այդ գիշեր Ս. Սարգիսը իր ձիով կ՚այցելէ մարդոց տուները եւ որպէս իր այցելութեան նշան ձիու պայտի հետք կը ձգէ այդ փոխինձի վրայ։ Այս տարի մեր պատշգամն ալ կը հիւրասիրէ պղնձեայ սկուտեղ մը, որ Կեսարիոյ հայ վարպետներու գործն է եւ վրան կը կրէ «Մահտեսի Մինաս 1864» փորագրութիւնը։ Այս պարզ, բայց նուիրական արարողութիւնն իսկ կը բաւէ, թէ մտքեր այցելէ «սկուտեղ» բառի պատմութիւնը։
Միշտ չէ, որ կը գործածենք «սկուտեղ» բառը։ «Ափսէ»ն աւելի լսելի է առօրեայի մէջ։ Պարզապէս այն պատճառով, որ նախորդը մեծ է եւ տուներէն ներս յաճախակի գործածութիւն չունի։ Սկուտեղը աւելի առնչութիւն ունի կոչունքներու եւ տօնական օրերու հետ։ Բայց, ընթերցողը չկարծէ, թէ նուրբ փորագրութիւններով, երկրաչափական եւ բուսական զարդանախշերով, որսի տեսարաններով, հայ թագաւորներու դիմանկարներով, «Ոգի Հայաստանի» նիւթով, մակագրութիւններով զարդարուած՝ պղնձեայ, երբեմն ալ արծաթ կամ ոսկեզօծ այդ քառանկիւններու վրայ միշտ հրամցուած են միսեր կամ պտուղներ... «Սկուտեղ» բառը ունի իր թաքուն պատմութիւնը։ Պատմութիւն մը, որ իր չորս անկիւններէն թաթխուած է արիւնի եւ արցունքի մէջ, փառասիրութեան եւ նախանձի մէջ։ Եւ զգայացունց պիտի ըլլայ տեսնել, թէ բարձրարուեստ սկուտեղներու վրայ երբեմն հրամցուած են՝ գլուխներ, բանալիներ, աճիւններ եւ նոյնիսկ՝ երկրի մը անկախութիւնը... Բայց նախ դիմենք ստուգաբանութեան եւ պատմութեան, թէ «սկուտեղ»ին ծայրը ո՛ւր կը հասնի։
«Սկուտեղ»ը ունի լատինական ծագում՝ scutella, որ նուազականն է scutra բառին։ Կը նշանակէ «ափսէ, պնակ, սկաւառակ»։ Հ. Մանուէլ Վրդ. Ջախջախեանի «Բառգիրք ի բարբառ հայ եւ իտալական» աշխատասիրութեան մէջ (1837, Վենետիկ) տրուած է հետեւեալ բացատրութիւնը. «ՍԿՈՒՏԵՂ կամ սկտեղ, պնակ ի ձեւ վահանի»։ Արմատն է scutum բառը։ Վերջինս, շատ հեռու է խոհանոցներէն եւ արքունի սեղաններէն։ Ան կը նշանակէ՝ վահան. քառանկիւն, փայտեայ, կիսա-գլանաձեւ վահան՝ որ Հռոմը կը գործածէր։ Ամենէն նշանաւորը ան՝ որ ոսկեայ էր, Ծերակոյտի կողմէ Ք.Ա. 27 թուականին Օգոստոս կայսրին նուիրուած էր եւ կը խորհրդանշէր չորս սկզբունքներ. արիութիւն, գթութիւն, արդարութիւն, բարեպաշտութիւն։ Առաւելաբար, պատմութեան մէջ կան յիշումներ, թէ Բիւզանդիոնի դիմաց, Ասիական ափերուն վրայ փռուած Խրիսոպոլիս քաղաքը՝ հոն տեղակայուած վահանակիր զօրագունդերու ներկայութեամբ կոչուեցաւ «Skutarion»։ Ան մերօրեայ Սկիւտար (Üsküdar, Eksüdar, Escutaire, Scutari) քաղաքն է՝ Զ. Ասատուրի, Ե. եւ Պ. Դուրեաններու, Գ. Կիւլպէնկեանի, Կ. Եազմաճեանի, Օ. Չիֆթէ-Սարաֆի, Գ. Նորատունկեանի, Յ. Հինթլեանի, Հ. Նազարեանցի, , Շ. Պէրպէրեանի, Լ. Շանթի, Զ. Եսայեանի, Ս. Գարամանուկի ծննդավայրը եւ ներշնչման աղբիւրը։
Հռոմի փաղանգներու հետ «scutum» բառն ալ տարածուեցաւ եւ տեղայնացումներ գտաւ. escudiella, escudella, scudela, scuttle, écuelle, scodella, Ունեցաւ նաեւ իմաստի փոփոխութիւն։ Դարձաւ՝ «մեծ ափսէ»։ Հայաստանի մէջ նախ առաւ «սկուտղէ ձեւը, ապա՝ «սկուտեղ»։
«Սկուտեղ»ին՝ գրաւոր հայերէն մուտքը եղաւ Ս. Գիրքի թարգմանութեան միջոցաւ։ Եւ բառը, որ ունէր ռազմական անցեալ, չէր կրնար իր արիւնալի պատմութենէն անմիջապէս ձերբազատուիլ։ Հայ ընթերցողը այդ սկուտեղի վրայ տեսաւ մարգարէ Յովհաննէս մկրտիչին գլուխը, սպանութիւն մը, որ կատարուեցաւ պիղծ Հերովդիայի դրդումով, անոր աղջկան խնդրանքով եւ Հերովդէսի հրամանով։ «Տուր ինձ, ասէ, այսր ի վերայ սկտեղ զգլուխն Յովհաննու Մկրտչի», «Եւ բերաւ գլուխ նորա սկտեղբ եւ տուաւ աղջկանն եւ տարաւ առ ի մայր իւր»։
«Սկուտեղ» բառը նախանձի պատմութիւնը շարունակեց Դ. Վարուժանի գրչին տակ։ «Հարճը» ստեղծագործութեան մէջ Սիւնեաց աշխարհի Բակուր նահապետը իր մարմար պալատին մէջ կոչունքի նստած է մեծամեծներու հետ։ Առատ լեցուած է ամէն պնակ, ամէն բաժակ.
«Այն ատեն ներս կը մտնեն երկու ջուխտակ գերիներ
Կրելով երկու լախտ վարազ սաներու վրայ ոսկեհեռ.
Եւ ուրիշներ նոյն թիւով՝ իրենց ուսին վրայ ունին
Ըսկուտեղները նուռին, սափորները յորդ գինիին.»
Բայց Բակուրի հիւրը, բագրատունի հզօր իշխան Տրդատը, տարուած՝ գինիէն եւ նրբակերտ հարճի զգլխիչ պարէն, սկուտեղով մը կը փորձէ սպաննել Բակուրին եւ գեղեցկուհիին հետ փախչիլ.
«Եւ միշտ ժայռի պէս կանգուն, շընչելով բոց աչքերէն,
Հուժկու ձեռքով սեղանին վրայէն խըլեց, իբրեւ զէն,
Մեծաքանդակ ըսկուտեղ մ՛ամբողջ պղնձով կուռ ձուլուած,
Գազանացաւ, փըրփըրեցաւ, շամբշոտացաւ ու մըխաց.
Եւ ուղղակի արձակեց զայն Բակուրի ճակատին…»։
Իսկ Մուրացանի «Գէորգ Մարզպետունի» պատմավէպին մէջ կարդացինք, թէ ինչպէ՛ս Մուշեղ հինաւուրց եւ հաւատարիմ զօրականը, Գառնիի բերդակալը, ամէն գիշեր բանալիները թագուհիին կը յանձնէր արծաթէ սկուտեղի վրայ։
- Թո՛ղ ներս գայ,-հրամայեց թագուհին։ Մի քանի րոպէից ներս մտաւ բերդակալը։ ... Նա համաչափ ու հաստատուն քայլերով մօտեցաւ թագուհուն եւ խոր գլուխ տալով խնդրեց ընդունել ամրոցի բանալիները, որ իւր հետ եկող սպասաւորը ներկայացնում էր արծաթէ սկուտեղի վրայ։
Հայաստանի եւ սփիւռքի ազգային թանգարանները այժմ կը ցուցադրեն սկուտեղներու բազմաթիւ նմոյշներ, մեծամասնութեամբ՝ 18-9-րդ դարու ստեղծագործութիւններ։ Սկուտեղներ պատրաստող նշանաւոր վարպետները գործած են Վանի, Երզնկայի, Կարինի, Եւդոկիոյ, Կիւմրիի, Ջուղայի եւ Երեւանի մէջ։
Իսկ Հայաստա՞նը սկուտեղի վրայ... Ի՛նչ սարսափազդու լուր... Երբ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ ռուսերէնը որպէս պետական երկրորդ լեզու ընդունելու հարցի շուրջ թեր ու դէմ կարծիքներով ողողուած է դիմատետրը՝ ցնցիչ է կարդալ, թէ օգտատէր մը ինչպէս դիմած է սկուտեղ բառին. «Սա մաս-մաս Հայաստանը Ռուսաստանին սկուտեղի վրայ նուիրելու գործընթաց է»։
Սեպտեմբերի 7, 2007 թուականին հայկական մամուլը հաղորդեց լուր մը, եւ յիշեցինք, թէ սկուտեղը կրնայ ծառայել նաեւ սրբազան նպատակներու. «Արմաւիրի մարզի Բաղրամեան գիւղին մէջ բացումը կատարուեցաւ ազգային հերոս, ֆետայի Արաբոյին նուիրուած թանգարանին։ ... Տաղաւար-մատուռին մէջ տեղադրուած են նաեւ Մշոյ Առաքելոց վանքի աւերակներու բեկորները եւ սկուտեղ մը հող՝ սուրբերու աճիւններէն»։
Պատշգամի մէջ մեր սկուտեղի վրայ արդեօ՞ք կայ Սուրբ Սարգիսի պայտի հետքը։ Կ՚ելլենք դուրս։ Չկայ։ Գալ տարի նորէն պէտք է փորձել։ Իսկ միւս սկուտեղները... Անոնք յորդին բնութեան բարիքներով, միսով եւ խորտիկով, նուռով եւ խաղողով։