ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՃԱՄԲԱՅ

Բառ մը, որ ուշ ճամբայ ելաւ, բայց շատ ճամբայ կտրեց

1-րդ դա­րուն, եթէ ստոյգ թուական մը կը փա­փաքիք ու­նե­նալ, 1045 թուակա­նին, երբ հա­յոց պե­տակա­նու­թիւնը ան­կում ու­նե­ցաւ պատ­մա­կան հայ­րե­նիքի մէջ, գրա­բար հա­յերէնն ալ զրկուեցաւ իր պե­տակա­նու­թե­նէն՝ պե­տական-պաշ­տօ­նական լե­զու ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քէն։ Այդ վի­ճակէն ամե­նէն շատ տու­ժողնե­րը եղան բա­ռերը, որոնք բար­բա­ռային ձե­ւերու նուազած՝ հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րու մէջ խօ­սակ­ցա­կան լե­զուի սահ­մաննե­րէն ներս փոր­ձե­ցին գո­յատե­ւել։ Ահա բա­ռերէն մէ­կը եւ անոր ոդի­սակա­նը. «ՃԱՄ­ԲԱՅ»։

«Ճամ­բայ» բա­ռը, արե­ւելա­հայե­րէն «ճամ­փայ», հա­յոց լե­զուի կա­րաւա­նին ուշ մաս կազ­մած բա­ռերէն մէկն է։ Կը յի­շէ՞ք «ճա­նապարհ» բա­ռը, ան որ V-XI դա­րերուն, սկսած Ս. Գիր­քի թարգմա­նու­թե­նէն, լայն գոր­ծա­ծու­թիւն վա­յելեց դա­սական շրջա­նի գրա­ւոր հա­յերէ­նի մէջ։ Այդ «ճա­նապարհ»ը դադ­րե­ցաւ «մայ­րուղի» մը ըլ­լա­լէ եւ բաժ­նուեցաւ բազ­մա­թիւ մա­զանօթ­նե­րու։ Անոնցմէ մէկն է «ճամ­բայ» բա­ռը, խօ­սակ­ցա­կան ամ­փոփ տար­բե­րակը «ճա­նապարհ» բա­ռին։ Ան­շուշտ «ճա­նապարհ»է «ճամ­բայ» ան­ցումի ըն­թացքին կանգ առած է մի­ջին հա­յերէ­նի մէջ, ուր գո­յու­թիւն ու­նէր «ճամ­պա» տար­բե­րակը։

Որ­պէս բար­բա­ռային ձեւ, «ճամ­բա»ն շատ սրտա­մօտիկ եւ հա­րազատ էր ժո­ղովուրդին։ Ուստի, զար­մա­նալի չէ, որ ամէն աշուղ, ճամ­բա­ներ մա­շեց­նող այդ թա­փառա­կան եր­գիչ-բա­նաս­տեղծնե­րը միջ­նա­դարեան Հա­յաս­տա­նի, լայ­նօ­րէն կը գոր­ծա­ծէին «ճամ­բայ» բա­ռը։ Նախ յի­շենք Նա­հապետ Քու­չա­կին վե­րագ­րուած հայ­րեննե­րը.

«Գնում եմ ես չքնաղ եար,

Օրհնիր հի­մա իմ ճամ­բան

...

Աս­տուած գի­տէ այն ճամ­բան,

Ուր կը գնամ կամ կը մնամ»։

Ո՞վ չ՚ու­զեր լու­սե­րես գե­ղեց­կուհիի մը տես­քէն իր «ճամ­բան մո­լորիլ»։ Սա­յաթ Նո­վան ու­զեց.

«Էրե­սըդ նուր լուսնի նը­ման քա­նի կե­հա կու բո­լըր­վի,

Դաս­տա­մազըդ նամ չի ու­զի՝ առանց հու­սիլ կու օլըր­վի.

Էն­դու հա­մա քու տես­նո­ղը իր ճամ­փե­մէն կու մո­լըր­վի.»

Իսկ քա­նի՜ քա­նի երա­խաներ զուար­ճա­ցան Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի հա­նելուկնե­րը լու­ծե­լով.

Երէկ տե­սայ մի քա­րաւան

Ճամ­բայ ելած գը­նում էր Վան.

Պոչ-պոչ բըռ­նած շար­քով կար­գին՝

Մի-մի հա­տիկ առած մէջ­քին։ (Մրջիւն)

«Ճամ­բայ» բա­ռը ժա­մանա­կի ըն­թացքին ծնունդ տուաւ բազ­մա­տեսակ պատ­կե­րալից ար­տա­յայ­տութիւննե­րու, բո­լորը՝ ժո­ղովուրդի երե­ւակա­յու­թե­նէն բխած։ Քա­նի մը օրի­նակ. ճամ­բայ բա­նալ, ճամ­բայ դնել, ճամ­բայ բռնել, ճամ­բայ ել­լել, ճամ­բայ իյ­նալ, ճամ­բայ կտրել, ճամ­բայ մա­շեց­նել, ճամ­բու դնել, ճամ­բան պա­հել, ճամ­բայ տալ...

Իսկ ար­մատ բա­ռի մը յա­ւակ­նութեամբ յա­ջողե­ցաւ բարդ եւ ածանց բա­ռերու ներ­կա­յանա­լի պա­շար մը ապա­հովել. ինչպէս՝ ճամ­բա­բաժան, ճամ­բա­բաժին, ճամ­բագլուխ, ճամ­բագնաց, ճամ­բա­դարձ, ճամ­բեզր, ճամ­բա­խառ­նուրդ, ճամ­բա­խափանք, ճամ­բա­կէս, ճամ­բա­կից, ճամ­բա­կորոյս, ճամ­բա­մէջ, ճամ­բա­մերձ, ճամ­բա­մօտ, ճամ­բա­մոլոր, ճամ­բա­յազուրկ, ճամ­բա­չափ, ճամ­բա­պաշար, ճամ­բա­պարկ, ճամ­բավրայ, ճամ­բա­տար, ճամ­բարկղ, ճամ­բա­փոշի, ճամ­բել, ճամ­բորդ...

Ինչպէս յի­շեցինք, երբ ուշ-միջ­նա­դարուն գո­յու­թիւն չու­նէր հայ­կա­կան կեդ­րո­նական իշ­խա­նու­թիւն, բա­ռը իւ­րա­քան­չիւր քա­ղաքի եւ գա­ւառի մէջ ստա­ցաւ իւ­րա­յատուկ երանգ. Երե­ւանի, Թիֆ­լի­սի, Ախալցխա­յի եւ Կար­նոյ մէջ՝ ճամ­փա, Ար­ցա­խի մէջ՝ ճնա՛պար կամ ճնա՛պա, Ագու­լի­սի մէջ՝ ճնա՛փար կամ ճնա՛պա, Գո­րիսի մէջ՝ ճնհա՛պա, Սալ­մաստի մէջ՝ ճամ­բախ, Ալաշ­կերտի մէջ՝ համ­պա, Մշոյ եւ Սե­բաս­տիոյ մէջ՝ ճամբ՛ա, Ակ­նայ մէջ՝ ջան­փա, Խար­բերդի մէջ՝ ջամբ՛ա, Աս­լանպե­կի եւ Պոլ­սոյ մէջ՝ ջամ­փա, Համ­շէ­նի մէջ՝ ջօմ­փա, Զէյ­թունի մէջ՝ ջամ­փօնք, Հաճ­նոյ մէջ՝ ջամ­փօք, Մու­սա լե­րան վրայ՝ ջամբ՛ուգ։

Խօս­քը դար­ձեալ հայ բա­նաս­տեղծինն է, յատ­կա­պէս անոր՝ որ շատ հե­ռացած է տու­նէն, եր­կար ճամ­բորդու­թիւններ կա­տարած է, եւ ու­նի եարի, մօր եւ հայ­րե­նիքին կա­րօտը։ Նախ ականջ տանք Աւ. Իսա­հակեանին.

«Մո­լորուել եմ, ճամ­բա­ներին ծա­նօթ չեմ,

Բիւր լճե­րին, գետ ու քա­րին ծա­նօթ չեմ,

Ես պան­դուխտ եմ, էս տե­ղերին
ծա­նօթ չեմ,

Քու­րիկ ասա, ո՞րն է ճամ­բան Բին­կէօլի»։

Իսկ Թա­մարին հաս­նիլ ու­զող լո­ղորդ տղուն հա­մար ի՜նչ ալիք, ի՜նչ փո­թորիկ։ Թու­մա­նեանի հե­րոսին հա­մար բա­ւ էր «մի լոյս»։

«Խա­ւար կղզուց պարզ ու պայ­ծառ

Մի լոյս կան­չում էր նրան,

Մի վառ փա­րոս նրա հա­մար,

Չմո­լորի իր ճամ­բան»։

Վա­հան Տէ­րեանի քնա­րին վրայ «ճամ­բայ» բա­ռը հնչեց որ­պէս տխրու­թիւն։ «Մթնշա­ղի Անուրջներ» ժո­ղովա­ծուին մէջ (1908) բա­նաս­տեղծը ինը ան­գամ դի­մեած է այդ բա­ռին.

«Ան­ջա­տուե­ցինք համր ու հան­դարտ,

Կեան­քի ճամ­փին մի ակնթա՜րթ...»

...

«Իմ ան­վերջ ճամ­փի տան­ջանքից յոգ­նած՝

Ես ննջել էի ոս­կե­ղէն ար­տում.»

...

«Իմ ճամ­փան՝ ան­վախճան մի գի­շեր,

Ինձ շո­յող ոչ մի շող չի ժպտայ.»

...

«Նո­րից կը թող­նեմ քա­ղաքն աղմկոտ

Ու ճամ­փայ կ՚ընկնեմ յա­ւէտ միայ­նակ.»

Տէ­րեանին հե­տեւե­ցին եր­կու հսկա­ներ, Թէ­քէեանն ու Չա­րեն­ցը։ Անոնք փա­րատե­ցին իրենց նա­խոր­դի թախ­ծոտ միտ­քե­րը։ Թէ­քէեանը հո­գեւոր փրկու­թիւն տե­սաւ այդ բա­ռին մէջ.

«Եկե­ղեցին Հայ­կա­կան մէն մի քա­րին տակ գետ­նի

Դէ­պի եր­կինք բարձրա­ցող գաղտնի ճամ­բայ մը ու­նի.»

(Կ՚ար­ժէ յի­շել, թէ Հա­յաս­տա­նի, Գե­ղար­քունի­քի մար­զի մէջ, Սե­ւանայ լի­ճի արե­ւելեան կող­մը, Ըղ­ձա­ձոր գե­տի աջափ­նեակի վրայ, Ջիլ գիւ­ղէն 4 քմ. հիւ­սիս-արե­ւելք կայ «Աստծոյ Ճամ­փայ» լե­ռը։ 2973 մ. բարձրու­թիւն)

Իսկ Եղի­շէ Չա­րեն­ցը գի­տէր, թէ հայ ժո­ղովուրդը ի՛նչ ար­նոտ, ան­յայտ, փշոտ, դժուար, տա­ռապան­քի, աք­սո­րի եւ օտա­րու­թեան ճամ­բա­ներէ ան­ցաւ։ Եւ ի՛նչ հոգ, թէ ու­րիշ ազ­գեր ու­ղիղ եւ հո­րիզո­նական ճամ­բա­գիծի վրայ կ՚ապ­րին իրենց պատ­մութիւ­նը, հա­յուն ճամ­բան իր առանցքին շուրջ մեծ շրջան մը կը կա­տարէ ու կը վե­րադառ­նայ իր օր­րա­նին։ Չա­րեն­ցը ծռեց մեր լի­նելու­թեան ճամ­բան ու վե­րադար­ձուց իր օր­րա­նին՝ ամ­բողջ փառ­քով եւ վե­հու­թեամբ.

«Ինչպէս ան­հաս փառ­քի ճամ­փայ, ես իմ Մա­սիս սարն եմ սի­րում»։