Բառ մը, որ շատ
ճամբայ կտրեց
Հայկական հին շարժանկարներու ակումբ»։ Սամսոնին գաղափարն է։ Իւրաքանչիւր ամսուան վերջին Ուրբաթ օրը, դասերէն վերջ ժամը 4-ին։ Եւ Յունուարի վերջին Ուրբաթ օրը, երբ կը հնչէ վերջին զանգը, դասարան կը վերադառնան Սամսոնն ու իր ութը-ինը դասընկերները։ Ակումբի անդամները հայկական դասականացած «կինօ»ներու երկրպագուներ են։
- Այսօր ի՞նչ պիտի դիտենք, Սամսոն։
- Հիմա կը տեսնէք, պարոն։
Սամսոնը կը մարէ լոյսերը։ Գրատախտակը, որ միեւնոյն ժամանակ հսկայ պաստառ մըն է, կը սկսի լուսաւորուիլ։ Ու կը յայտնուի 1963 թուականին նկարուած շարժանկարին անունը. «Ճանապարհ դէպի կրկէս»- ինքնակենսագրութիւնը՝ հռչակաւոր ծաղրածու, մնջախաղաց եւ կրկէսի դերասան Լէոնիդ Ենգիպարեանի։ Այդ հաճելի կատակերգութեան զուգահեռ, աչքի առաջ կը յայտնուի նաեւ մտաւոր շարժանկար մը. «ճանապարհ» բառի վաւերագրական պատմութիւնը։ (Ցաւօք սրտի, այս վերջինը կարելի չըլլար աշակերտներուն բերանացի փոխանցել, քանզի ցուցադրութեան ընթացքին խստիւ արգիլուած է խօսիլ)։
Ինչպէս երիտասարդ Լէոնիդը, նոյնպէս ալ «ճանապարհ» բառը շատ ընդունակ էր եւ համարձակ։ Առաջին օրէն յայտնի էր, թէ երկար ճամբայ պիտի կտրէր գրաւոր հայերէնի մէջ։ Փա՞ստը։ Աստուածաշունչի առաջին թարգմանութիւնը, ուր, գերազանցելով բազմաթիւ բառեր, 989 անգամ տեղ գրաւեց։ Առանձին ալ չմնաց։ Անոր շառաւիղները- ճանապարհորդ, ճանապարհորդել եւ ճանապարհորդութիւն բառերը- ուղեկից դարձան անոր։ 5-րդ դարուն Եղիշէն, Ագաթանգեղոսը եւ այլ մատենագիրներ երբ հարթեցին բառի զարգացման ճանապարհները, կը մնար օգտագործել զայն։ Նախ՝ խորաններու վրայ. «Ես եմ ճանապարհը եւ ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»։ Կարելի է ըսել, թէ Միջնադարը արդիւնաբեր շրջան մըն էր բառի համար։ Այնքան ճիւղաւորուեցաւ եւ ընդարձակուեցաւ, որ եթէ նկարի վերածուէր, անկասկած կը նմանէր Հայաստանի հանրապետութեան «աւտոճանապարհներու» քարտէզի։ Մէջբերենք ընտիր օրինակներ. ճանապարհորդ, Ճանապարհել, ճանապարհացոյց, ճանապարհակիցք, ճանապարհագիր, ճանապարհագնաց, ճանապարհագնացութիւն, ճանապարհաեզր, ճանապարհազուրկ, ճանապարհածախս, ճանապարհակից, ճանապարհամերձ, ճանապարհաշինութիւն, ճանապարհապարէն, ճանապարհատուրք, անճանապարհ, դիւրաճանապարհ, զուգաճանապարհ։ Իսկ հայկական եւ օտար եկեղեցիները Աւագ Ուրբաթ օր երեկոյեան կատարեցին յատուկ արարողութիւն. «Ճանապարհ Խաչի»։
Ընթացքին, շարժանկարը կը հասնի տխուր եւ սրտաճմլիկ հանգրուանի. կրկէսի մէջ աշխատելու Լէոնիդի առաջին փորձերը կը ձախողին։ Ան կը դառնայ հանդիսատեսներու ծաղրանքին առարկայ։ Վհատութեան պահի մէջ, սակայն անցեալի մեծ ծաղրածուները կ՚երեւան անոր ու ցոյց կու տան յաջողութեան ճանապարհը։
Դասական շրջանին, բառը արտայայտիչ դարձաւ շնորհիւ՝ պատկերալից բառակապակցութիւններու, ինչպէս՝ ճանապարհ արքունի, ճանապարհ անգնաց, կիցք ճանապարհաց՝ խաչմերուկ, տղմալից ճանապարհ, ճանապարհ երկնից, ճանապարհք մարմնոյ՝ զգայարաններ, խափանել զճանապարհ, թիւրել զճանապարհ ուրուք՝ մոլորեցնել, աւուր միոյ ճանապարհ՝ միօրեայ ճանապարհ, զրուցատրութեամբ կարճի ճանապարհն՝ ընկերութիւնը կը կրճատէ ճամբորդութիւնը։
Լէոնիդը կը լսէ հին վարպետներու խրատը. «Լսէ, թէ ինչպէս կը բաբախեն մարդոց սիրտերը։ Հասկցիր, թէ ի՛նչ բան է, որ կը վշտացնէ եւ կ՚ուրախացնէ զանոնք։ Ապա կրնաս բուժել եւ մխիթարել ծիծաղով»։ Երիտասարդը կը հեռանայ մայրաքաղաքէն ու կ՚իյնայ ճանապարհներ։ Օրեր կ՚անցնէ շինարարներու հետ, ձկնորսներու եւ հովիւներու հետ։
Հայաստանը ծանօթ էր առեւտրական միջազգային ճանապարհներուն։ Յիշենք «Արքայական Ճանապարհ»ը, ան որ պարսիկ թագաւոր Դարեհ Ա-ի նախաձեռնութեամբ էր կառուցուած։ Հայկական լեռնաշխարհէն անցաւ նաեւ «Մետաքսի Ճանապարհ»ը, որուն մէկ ճիւղը Իրանէն կ՚ուղղուէր դէպի հիւսիս, դէպի Արաքսի հովիտը, ապա Ջուղա, Նախիջեւան, Արտաշատ ու կը հասնէր Սեւ ծովու նաւահանգիստները։ Մինչ Գրիգոր Նարեկացին, որ իր կեանքի 52 տարիներուն չէ հեռացած իր ծննդավայրէն, մտովի ճանապարհորդութիւններ կատարեց մարդու հոգիի խորութիւններուն մէջ։ Անոր «Մատեան Ողբերգութեան» գործի մէջ կը կարդանք, թէ կեանքի մէջ կան «չարաց, կենաց, մահու, ամայի, անկոխ, խիստ, կորստեան, երանութեան, ճշմարտութեան եւ հանդարտութեան» ճանապարհներ։ Ապա կը հարցնենք, թէ ո՛ր ճամբով Հայաստան հասաւ «ճանապարհ» բառը։ Ըստ ստուգաբաններու եւ լեզուաբաններու՝ Պարսկաստանէն։ Փոխառութիւն մըն է։ Բունը՝ «ճարանապարհ»։ Ունի երկու արմատ. čarana երթալ եւ parh անցք։ Բառը այժմ ամփոփուած է «ճանապարհ» ձեւի մէջ։
Լէոնիդը վերանորոգ ոգիով եւ իմաստուն՝ կը վերադառնայ Երեւան։ Կրկէսի տնօրէնը երկրորդ առիթ մը կու տայ անոր։ Երիտասարդը առանձնասենեակին մէջ կը կատարէ իր դիմայարդարումը։ Աննախընթաց երեւոյթ. ծաղրածու մը՝ վշտահար արտայայտութեամբ եւ արտասուալից։ Կ՚ուզէ ցոյց տալ, թէ կեանքը ծիծաղելի չէ։
«Ճանապարհ» բառը ճամբայ կտրեց որպէս նաեւ գիրքերու խորագիր։ Յիշենք քանի մը հրատարակութիւններ. «Ճանապարհորդութիւն ի Լեհաստան», 1830, Վենետիկ, «Ճանապարհացոյց առ բարեպաշտ կեանս», 1833, Շուշի, «Երկրագործութիւնը որպէս ուղիղ ճանապարհ», 1862, Փարիզ։ Իսկ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի «Գիրք Ճանապարհի» ժողոուածուն (1933, Երեւան) հայկական նոր գրականութեան համար բացաւ նոր ճանապարհներ, նոր ուղղութիւններ։
1909 թուականն է։ Քառասուն տարին բոլորած Թումանեանը գրի կ՚առնէ «Վայրէջք» բանաստեղծութիւնը, ուր կեանքը ճանապարհ մըն է. քառասուն տարի վեր, ապա՝ վայրէջք.
«Քառասուն տարի բըռնած ճանապարհ՝
Շիտակ, անվեհեր
Գընում եմ ես վեր-
Դէպ Անյայտը սուրբ, աշխարհքը պայծառ»։
Շարժանկարի վերջին տեսարանն է։ Կրկէսի մէջ Լէոնիդը անմիջական հաղորդականութիւն կ՚ունենայ հանդիսատեսի հետ ու շուտով կը գրաւէ անոր սիրտը, կ՚արժանանայ հիացմունքի։ Ու բոլորը կը հասկնան, թէ «կրկէսը կեանքի իմաստասիրութիւն է»։
Յաջորդ թիւով՝ «Ճամբայ»։ Բարի ճանապարհ բոլորիդ։