ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՀՈՒՐ Բառերուն ամենէն հերոսականը

Պարո՛ն վերջացուցի գրութիւնը։

- Ապրի՛ս Կալին։ Խորագիրը ի՞նչ է։

- «Հրա՛նդ Տինքի յիշատակի անտառ»։ Առաջին պարբերութեան մէջ գրեցի, թէ ո՛վ էր Հրանդ Տինքը։ Յետոյ խօսեցայ Հայաստանի ծառատունկի ծրագրին մասին։

- Անոնք, որոնք հաստատեցին այդ անտառը։

- Այո։ Իսկ վերջին պարբերութեան մէջ ալ տեղեկութիւններ գրեցի անտառի մասին։

- Կարդանք մէկ անգամ, յետոյ «Ակօս» կ՚ուղարկենք։

Ու ամերիկաբնակ այս պատանուհին, որ ունի լիբանանահայ արմատներ եւ օր մը հայկական Պոլիսը տեսնելու երազներ, կը վերցնէ թուղթը... բայց կը նմայ լուռ։

- Ինչո՞ւ կեցար։

- Պարոն, ի՞նչպէս մէկն էր Պարոն Հրանդը։

- Ուրիշ ատեն կը պատմեմ։ Դուն հիմա գրութիւնդ կարդա։

- «Հրանդ Տինք։ Պոլսահայ խմբագիր եւ լրագրող։ 1954 թուականին Մալաթիոյ մէջ...»։

Կալինին լուրջ ձայնը, կեցուածքը եւ հրեղէն աչքերը պատճառ կ՚ըլլան, որ մտքիս մէջ արթննան «հուր» բառի, «հուր»ով շինուած յատուկ եւ հասարակ անուններու, ինչպէս նաեւ հուրով սրբացած եւ յաւերժութեան հասած հերոսներու մասին մտորումներ։

Նախ պէտք է ընդունիլ, թէ աշխարհի վրայ չկայ ուրիշ ժողովուրդ, որ «հուր» բառի հետ այնքան շաղախուած ըլլայ, որքան հայը։ Պատմութիւնը ականատես։ Հայու դիւցազնական ոգին ծնունդ առած է հուրէ, կոփուած է հուրով, ածխացած է հուրի մէջ։ Ապա ի՛նքը դարձած է հուր, որ լոյս եւ յոյս տայ աշխարհին։

«Հուր» բառի ամենահին գործածութի՞ւնը... Մեր ամենահին բանաստեղծութեան մէջ- «Վահագնի ծնունդը»։

«Նա հուր հեր ունէր,

Ապա թէ բոց ունէր մօրուս,

Եւ աչկունքն էին արեգակունք»։

Վահագնը տիեզերական հուրի խորհուրդն է, ռազմի, զօրութեան եւ յաղթանակի աստուածը։ Կոչուած նաեւ «Հուր-Աստուած»։ Սպաննիչն է չարը եւ խաւարը մարմնաւորող Վիշապին։ Ահա, թէ ինչո՛ւ կոչուած է «Վիշապաքաղ»։ Ըստ Մովսէս Խորենացիի, սրբազան «Արամազդական Հուրը» անշէջ կը պահուէր Բագաւանդի մեհեանին մէջ։ Հին հայոց հաւատալիքով՝ հուրը մաքրագործող տարր էր, ուրկէ՝ գարնանամուտին խարոյկի շուրջ պտտուելու եւ վրայէն թռչելու ծէսը։

Ըստ հայ եւ օտար լեզուաբաններու, «հուր»ը ունի ծննդակից քոյրեր։ Խեթերէն pahhur, հին յունարէն «պիւր» եւ «պիւրա», նախա-գերմանական արմատ fōr, հին գերմաներէն vǖr, füür, հիւր, ժամանակակից գերմաներէն feuer, հին անգլերէն անգլերէն fȳr, ժամանակակից անգլերէն fire, հիւսիսային լեզուներու մէջ fúrr, fýr, funi, fyr: Եւ դեռ բազմաթիւ այլ լեզուներու բազմաթիւ նմանաձայն բառեր... Լեզուաբանները տեսնելով այդ նմանութիւնները, համոզուած են, թէ բոլորը պէտք էր որ ունեցած ըլլային նախատիպ մը։ Եւ առաջարկած են puro բառը։ Ենթադրեալ արմատ մը, որ կրնար կայծ տուած ըլլալ վերոյիշեալ բոլոր «հուր»երուն։

«Հուր»ը 5-րդ դարուն սկսաւ կենդանութիւն տալ հայկական հին մատենագրութեան։ Ս. Գիրքի թարգմանութեան, Ագաթանգեղոսի եւ այլ ընտիր էջերու մէջ տեղ գտան անոր ցոլացումները. ինչպէս՝ հրեղէն, հրացեալ, հրագոյն, հրալից, հրայրեաց, հրայրք, հրձիգ, հրատ, հրկէզ, հրդեհ, անհուր, հրազարդ, հրակերպեալ, հրակերտ, հրապէս։ Ունեցանք հրեղէն արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Հուր յունական», «Հուր սրբազան», «Հուր անշէջ», «Հուր ախտ», «Հուր արուեստական», «Հրակաթն» օրուան ութերորդ ժամը, «Հուր փայլեալ», կամ՝ Հրաթափեալն, օրուան իններորդ ժամը։

12-րդ դարուն «հուր»ը պատեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի գրիչը եւ ծնունդ տուաւ «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքին.

Հուր կենդանի Քրիստոս,

Զհուր սիրոյ քո, զոր արկեր յերկիր՝

Բորբոքեա՛ յանձն իմ,

Զի այրեսցէ հոգւոյ իմոյ.

Եւ սրբեսցէ զխիղճն մտաց իմոյ.

Եւ մաքրեսցէ զմեղս մարմնոյ իմոյ.

Եւ վառեսցէ զլոյս գիտութեան քո ի սրտի իմում,

Եւ ողորմեա քո արարածոց

Եւ ինձ՝ բազմամեղիս։ (Տուն Ժ.)

«Հուր»էն ծնունդ առին նաեւ յատուկ անուններ, ինչպէս Հրանտ։ Ըստ Հրաչեայ Աճառեանի «Հայոց անձնանունների բառարան»ի, գրականութեան մէջ յիշուած առաջին Հրանտն (նաեւ Հրանդ) էր «... Նահապետ Հայկազն, յաջորդ Գոռակի, Ն.Ք. 1267»։ Իսկ երկրորդ Հրանտը «... Իշխան հայկազն, որ Սելեւկեանց կողմից կուսակալ կարգուեց Հայաստանում, Ն.Ք. 284» (թուականները ըստ Չամչեանի)։ Ունեցանք նաեւ Հրաչներ, Հրաչուհիներ, Հրաչեաներ, Հրաչիկներ, Հրանոյշներ, Հրակներ... Նոր բառեր են հրասայլ, հրացան, հրացանաւոր, հրացանաձգութիւն, հրանօթ, հրաբուխ, հրաբխային, հրշէջ, հրարծարծ, հրթիռ, հրահրել...

Կալինը կը շարունակէ կարդալ.

«Հայկական Ծառատունկ կազմակերպութիւնը հիմնուած է...»

Ապա եկաւ հերոսներու հոյլ մը, որ «հուրեով պայծառեցուց մեր պատմութեան եւ գրականութեան էջերը։ Առաջինն էր Ամենայն Հայոց Բանաստեղծը, որ 1902 թուականին, Աստուծոյ անունով սպառնաց բոլոր չարերուն.

Էլ չեմ դանդաղի — գալիս եմ ահա,

Ե՛ս, տէր զօրութեանց — եւ հուրն իմ ձեռին։

Ես հուր եմ ձըգում ճընշուածի հոգին–

Նրա համարձակ լեզուով ձեզ դատեմ...» («Աստծոյ Սպառնալիքը»)

Ապա եկաւ առասպելական ազատամարտիկ Սեբաստացի Մուրատը, որ 1904-ի ամրան Սուրբ Թադէի վանքի պատերուն վրայ գրեց. «Անցանք մենք ընդ հուր եւ ընդ ջուր, իսկ ես կ’աւելցնեմ նաեւ ընդ արիւն եւ նորէն կ’երթանք դէպի հուր եւ արիւն»։

Եւ եկաւ Պարոյր Սեւակը։

«Թո՛ղ որ մեռնեմ

հուր-կայծակից՝

Միանգամի՛ց,

մի վայրկեանո՛ւմ,

յանկարծակի՛,

Այնքա՜ ն արդար,

խղճիս ձայնին մի՚շտ ունկընդիր,

Որ՝ համաձայն բիբլիական հին լեգենդին՝

Հանգիստ անցնեմ եւ ասեղի նեղլիկ ծակից…»։ («Եթե Մեռնե՜լ»)

Եւ «հուր»ը դարձաւ երգ.

«Վե՛ր կաց, եղբա՚յր իմ, երգս կիսեմ քեզ հետ,

Վե՛ր կաց, եղբա՚յր իմ, ցաւը կիսենք մէկ տեղ,

Սառած մարմնիդ ես հուր կտամ,

Իսկ երգերին թեւեր կտամ» («Վե՛ր Կաց, Եղբա՛յր»)

Կալինը կը հասնի վերջին պարբերութեան.

-Հրանդ Տինքի անտառի 53 հազար ծառերը կը խորհրդանշեն անոր կեանքի 53 տարիները...։

Յունուարի ցուրտին ջերմացնող բառ է «հուրեը։ Ամենէն լաւ Չարենցը գիտէ.

«Ինչքան որ հուր կայ իմ սրտում — բոլորը քեզ.

Ինչքան կրակ ու վառ խնդում — բոլորը քեզ.-

Բոլո՜րը տամ ու նուիրեմ, ինձ ո՚չ մի հուր թող չմնայ՝

Դո՜ւ չմրսես ձմռան ցրտում.— բոլո՜րը քեզ...»։

-Վարձքդ կատա՛ր, Կալին։ Հերոսներուն յիշատակը «հուր-յաւիտեան» թող ապրի։