2007-էն այս կողմ 19 Յունուար թուականը յատուկ իմաստ մը ստացած է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ աշխարհի այն երկիրներուն մէջ, որ բնակուած է հին ու նոր թուրքիացներով։ Այդ օր մենք հայերս բացի խիզախ եւ քաջասիրտ մտաւորականի մը նահատակութենէն, կ՚ապրինք նաեւ արդարութեան հերթական ոտնակոխման մերօրեայ օրինակը։ Այս գիտակցութիւնն է որ համամարդկային արժէքներու հաւատացողներու շատ մեծ խումբ մը կը հաւաքէ նոյն զգայնութեան մէջ։ Ամէն ոք կը բաժնէ նոյն ընդվզումը եւ պահանջատէրը կը դառնայ մարդկայինին՝ աւելի ընդարձակ բացատրութեամբ համամարդկայինին։ Այս տարի անգամ մը եւս բիւրաւոր մարդիկ պիտի մէկտեղուին «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի նահատակուած կէտին վրայ։ Պիտի ոգեկոչեն Հրանդը։ Բայց, ինչպէս կ՚ըսէ ամենայն հայոց բանաստեղծը «Անուշ»ի տողերուն մէջ, «Իրենց կորցրածը վերյիշելով նորից»։ Ի՜նչ ցաւալի է, որ երկիրը ողբերու մէջ իրարու ցաւակից կը դարձնէ իր որդիները։ Արդարեւ մենք Հրանդ Տինքի հետ պիտի յիշատակենք նաեւ այս երկրի մէջ յանուն մարդկայինի նահատակուած բիւրաւոր զոհերը, պիտի յարգենք իրենց յիշատակն ու աւանդը եւ այդ բոլորէն ուժ քաղելով, առանց վհատելու պիտի պայքարինք չարիքի դէմ։ Այս է որ ուխտած ենք «Ակօս»ի երթիկին տակ եւ մինչեւ օրս ճակատաբաց դուրս եկած ենք ուխտի այդ ճանապարհէն։ Ո՛չ միայն մեր, այլ այս արդար պայքարին ձայնակցողներու ապահոված ուժն է այդ, որուն շնորհիւ «Ակօս» կը շարունակէ իր առաքելութիւնը այնպէս ինչպէս կտակած էր այս թերթի հիմնադիրը։ Գիտենք որ նման ելոյթներ իրաւացի դառնալու համար հաւաստի տուեալներու կը կարօտին. ըստ երեւոյթին ներկայ պահուն կը բացակային այդ տուեալները, շատերուն կրնայ իրաւացի չթուիլ հսկաներու դէմ մղուած այս պայքարը։ Թերեւս արդարացի է այդ վերապահութիւնը, բայց դարձեալ բանաստեղծութեան դիմելով փորձենք պարզել մեր միտքը։ «Երբ չի մնում ելք ու ճար՝ խենթերն են գտնում հնար, այսպէս ծագեց, արեգակեց Սարդարապատի մարտը մեծ»։
Եթէ հարիւր տարի առաջ սկսած չար պատմութիւնը կանգ առաւ Սարդարապատի պատի տակ, գիտնանք ու գիտնանք թէ այդ պատը կը կարօտի յաճախակի ամրացման լուրջ աշխատանքի։ Այդ աշխատանքը ստանձնածներու շարքին էր Հրանդ Տինք։
Բիւր յարգանք իր ազնիւ յիշատակին...
ԱԿՕՍ
ԱԿՕՍ