PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Ոճրագործ պետութիւնը

Համոզուած եմ որ աշխարհի բոլոր պե­տու­թիւննե­րը օժ­տո­ւած են մար­դասպա­նու­թեան, ոճ­րա­գոր­ծութեան յատ­կութիւ­նով։ Իւ­րա­քան­չիւր պե­տական հա­մակարգ, բա­ցի պա­տերազմներ հռչա­կելէ, մա­հապա­տիժ­ներ վճռե­լէ, ու­նի մար­դասպա­նու­թեան զար­տուղի եղա­նակ­ներ կամ մի­ջոց­ներ։ Ու­նի այդ առու­մով աշ­խա­տելու հա­մար պատ­րաստո­ւած կազ­մեր։ Ամե­նաժո­ղովրդա­վարա­կանէն մին­չեւ ամե­նաբռնա­կալը, բո­լոր վար­չա­կազ­մե­րը կա­րիքը զգա­ցած պա­հուն կը պաշ­տօ­նակո­չեն այդ կազ­մե­րը։

Ու­րեմն բո­լոր պե­տու­թիւննե­րը ոճ­րա­գործ յատ­կութիւն մը ու­նե­նալով հան­դերձ խիստ սա­կաւա­թիւ են «ոճ­րա­գործ պե­տու­թիւն» բա­ռակա­պակ­ցութեան ար­ժա­նացող­նե­րը։ Այդ կո­չու­մին կ՚ար­ժա­նանան միայն այն պե­տու­թիւննե­րը, որոնք հպար­տօ­րէն կ՚իւ­րացնեն «Եթէ խնդրոյ առար­կայ եղա­ծը հայ­րե­նիքն է, մնա­ցեալը ման­րա­մաս­նութիւն է» կար­գա­խօսը։ Յի­շենք որ ան­ծայրա­ծիր շտե­մարան մըն է այդ «ման­րա­մաս­նութիւն» բա­ռին բո­վան­դա­կու­թիւնը։ Յե­տոյ այդ կո­չու­մը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար անհրա­ժեշտ է հին, առ­նո­ւազն հա­րիւ­րա­մեայ ան­ցեալով հսկայ եւ յա­րատեւ աւան­դութիւն մը ու­նե­նայ։ Եւ մա­նաւանդ դոյզն իսկ խղճի խայթ զգա­լ պէտք չէ ոճ­րա­գործ պե­տու­թիւն անու­նը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար։

Եթէ մա­կերե­սային ակ­նարկով մը իսկ դի­տենք Թուրքիոյ հա­րիւր տա­րուայ պատ­մութիւ­նը, նախ պի­տի տես­նենք հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, որ այս հո­ղերու վրայ նոր ժա­մանակ­նե­րու մե­ծագոյն ոճիրն է։ 1914-1922 թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ բա­զում մար­դասպա­նու­թիւններ կա­տարո­ւեցան պե­տական որոշ ծրագ­րի մը հա­մաձայն։ Այդ տա­րինե­րը կը բնո­րոշեն նաեւ Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թեան բեղմնա­ւոր­ման շրջա­նը։

1923-ին հիմ­նո­ւած նո­րակազմ հան­րա­պետու­թիւնը, որ մեծ ջեր­մե­ռան­դութեամբ դի­մաւո­րուած էր արեւմտեան սա­տանա­յական բարձր դի­ւանա­գիտու­թեան կող­մէ, վա­յելեց ան­պատժե­լիու­թեան փա­ղաք­շանքը եւ ամե­նակարճ ժա­մանա­կի մէջ գոր­ծադրեց ցե­ղաս­պա­նու­թեան աւե­լի նեղ աշ­խարհագ­րա­կան հա­տուա­ծի մը մէջ կրկնու­թիւնը։ Բազ­մա­հազար ժո­ղովուրդ սպան­նո­ւեցաւ Տեր­սի­մի լեռ­նաշխար­հի վրայ, վե­րապ­րողնե­րը պար­տա­դիր գաղ­թի են­թարկո­ւեցան իսկ ծնո­ղազուրկ մնա­ցած երե­խանե­րը յան­ձնո­ւեցան օտար­նե­րուն։ Եթէ շա­րու­նա­կենք արիւ­նով յա­գեցած այս աշ­խարհագ­րութեան վրայ մեր ու­ղե­ւորու­թիւնը, պի­տի հան­դի­պինք Մա­րաշի կո­տորա­ծին։ Այս ան­գամ ալ կրօ­նական խտրա­կանու­թիւնը դե­րակա­տար է եւ աշ­խարհի ամե­նախա­ղաղ հա­ւատ­քը հա­մարո­ւող ալե­ւինե­րը երեք օր շա­րու­նակ հա­լածո­ւեցան իրենք զի­րենք երկրին տէր ու տի­րակա­նը հա­մարող խու­ժա­նին կող­մէն։ Այդ բե­մադ­րութիւ­նը գրե­թէ նոյ­նութեամբ կրկնո­ւեցաւ Չո­րու­մի մէջ։ Ո՞վ կրնայ մոռ­նալ Սե­բաս­տիոյ մէջ 34 ալե­ւի մտա­ւորա­կան­նե­րու օր ցե­րեկով հրկիզ­ման պատ­կե­րը։

Անոնք որոնք չեն մոռ­ցած, ամէն Շա­բաթ կէ­սօրին կը մէկ­տե­ղուին Կա­լաթա­սարա­յի հրա­պարա­կին վրայ եւ 1915-էն այս կողմ պե­տու­թեան կող­մէ սպան­նո­ւած­նե­րուն լու­սանկար­նե­րը պար­զե­լով ար­դա­րու­թիւն կը պա­հան­ջեն։ Ար­դա­րու­թի՛ւն՝ շի­րիմ չու­նե­ցող­նե­րուն հա­մար, ար­դա­րու­թի՛ւն՝ Հա­սան Օճա­քին, ար­դա­րու­թի՛ւն՝ Ճե­միլ Քըր­պա­յըրին, ար­դա­րու­թի՛ւն՝ Էր­տալ Էրե­նի հա­մար եւ այսպէս հա­զարա­ւոր­ներ, տաս հա­զարա­ւոր­ներ, հա­րիւր հա­զարա­ւոր­ներ նաեւ մի­լիոն­նե­րու հա­մար։

Այ­սօր կը նշենք Հրանդ Տին­քի մա­հուան տաս­նա­մեակը։ Կը նշենք վի­պագիր Սա­պահաթ­թին Ալիի հետ, լրագ­րող Մե­թին Կէօք­թե­փէյի, փաս­տա­բան Թա­հիր Էլ­չիի հետ։ 24 Ապ­րի­լի բիւ­րա­ւոր նա­հատակ­նե­րուն հետ կը յի­շենք Հրանդ Տին­քը եւ կը խոս­տա­նանք վերջ ի վեր­ջոյ կոր­ծա­նել ոճ­րա­գործ պետութիւնը։