PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Մարդկութեան համաշխարհայնացումը

Հին դէպք մըն է որ կը պատ­կե­րանայ յի­շողու­թեանս մէջ։ Տա­րիներ առաջ էր, տա­կաւին չէի ամուսնա­­ցած։ Ըն­­տա­­­նեօք գա­­ցած էինք Մար­­մա­­­րա կղզի, քա­­նի մը օրուայ կարճ ար­­ձա­­­կուրդի հա­­մար։ Երե­­կոյ մը կը շրջէինք նա­­ւամա­­տոյ­­ցի մօ­­տակայ­­քը, յան­­կարծ տղեկ մը, հա­­զիւ ու­­թը կամ տա­­սը տա­­րեկան, հա­­ւասա­­րակշռու­­թիւնը կորսնցուց եւ մօտ երեք մեթր բարձրու­­թե­­­նէն ին­­կաւ ներ­­քե­­­ւի ժայ­­ռե­­­րուն վրայ։ Ծնող­­քին հետ մենք ալ փու­­թա­­­ցինք, տղուն ուշքը գա­­ցած էր։ Դժուար չէ երե­­ւակա­­յել մօ­­րը եւ հօ­­րը մատ­­նուած խու­­ճա­­­պը։ Քա­­նի մը ժամ առաջ պա­­տահա­­բար հան­­դի­­­պած էինք երէց սե­­րունդէն պոլ­­սա­­­հայ բժիշ­­կի մը, որ ինք ալ մեզ նման ըն­­տա­­­նեօք եկած էր ար­­ձա­­­կուրդի։ Իս­­կոյն իրեն դի­­մեցինք, պատ­­մե­­­լով պա­­տահա­­ծը։ Խնդրե­­ցինք որ ան­­գամ մը քննէ եւ խոր­­հուրդ տայ թէ ինչ պէտք է ընել։ Բժիշ­­կի առա­­ջին հար­­ցումը եղաւ. «Ձեզ­­մէ՞ մէ­­կուն տղան է»։ Երբ լսեց թէ ան­­ծա­­­նօթի մը մա­­սին կը մտա­­հոգուինք, բնաւ չի խան­­գա­­­րեց իր հան­­գիստը եւ մե­­զի ալ խոր­­հուրդ տուաւ մի­­ջամուխ չըլ­­լալ ան­­ծա­­­նօթի մը գլխուն պա­­տահա­­ծին։

Անցնող տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին զա­­նազան առիթ­­ներ ներ­­կա­­­յացած են, որ ես խոր­­հիմ թէ այս կե­­ցուած­­քի տէր շատ հա­­յեր կան, որոնք պա­­տահար­­նե­­­րը կը դի­­տեն միայն իրենց հետ առնչու­­թեան սահ­­մա­­­նով։

Քա­­նի մը տա­­րիներ առաջ քա­­ղաքին Թաք­­սիմ հրա­­պարա­­կին վրայ, «Կէ­­զի» զբօ­­սայ­­գիի դէպ­­քե­­­րը մէկ­­տե­­­ղած էին իշ­­խա­­­նու­­թեան պար­­տադրու­­թիւննե­­րէն ձանձրա­­ցած բազ­­մե­­­րանգ ժո­­ղովուրդ մը։ Բնա­­կանա­­­բար անոնց մէջ կա­­­յին նաեւ հայ երի­­­տասարդներ։ Մեր պահ­­­պա­­­­­­­նողա­­­կան աւագ սե­­­րունդը այն ժա­­­մանակ ալ դժուարա­­­ցած էր հայ տղոց այդ դի­­­մադ­­­րա­­­­­­­կան շար­­­ժումին մէջ դե­­­րակա­­­տարու­­­թիւնը ըն­­­կա­­­­­­­լելու։ «Հա­­­յերուս հետ ի՞նչ կապ ու­­­նի» կը հարցնէին։ Այդ հարցնե­­­լու պա­­­հուն չէին անդրա­­­դառ­­­նար թէ երկրի 36 ազ­­­գա­­­­­­­յին կամ կրօ­­­նական զա­­­նազա­­­նու­­­թիւնը հոն էր եւ միաս­­­նա­­­­­­­բար կը փոր­­­ձէին իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան պար­­­տադրած կամ­­­քին դի­­­մադ­­­րել։

Բա­­­րեբախ­­­տա­­­­­­­բար հայ նոր սե­­­րունդը աւե­­­լի դիւ­­­րին ըն­­­կա­­­­­­­լեց եղա­­­ծը եւ օրեր շա­­­րու­­­նակ հեւ ի հեւ հե­­­տեւե­­­ցաւ դէպ­­­քե­­­­­­­րու զար­­­գացման։ Նոյ­­­նիսկ բա­­­րի նա­­­խան­­­ձով գնա­­­հատեց Պոլ­­­սոյ «Նոր Զար­­­թօնք» երի­­­տասար­­­դա­­­­­­­կան շար­­­ժումին լո­­­զունգնե­­­րը, կար­­­գա­­­­­­­խօս­­­նե­­­­­­­րը եւ պատ­­­գամնե­­­րը։

Աւե­­­լաց­­­նենք թէ աւագ սե­­­րունդի պահ­­­պա­­­­­­­նողա­­­կան միտ­­­քը ո՛չ միայն կը դժուարա­­­նայ հա­­­յուն ո՛չ հայ­­­կա­­­­­­­կան խնդրի մը ներգրա­­­ւու­­­մը ըն­­­կա­­­­­­­լելու, այլ կը դժուարա­­­նայ նաեւ ոչ հա­­­յուն ոեւէ հայ­­­կա­­­­­­­կան խնդրին ներգրա­­­ւու­­­մը հասկնա­­­լու գոր­­­ծին մէջ։ Կը դի­­­մէ այ­­­լա­­­­­­­մեր­­­ժութեան «Անոնք իրենց քա­­­ղաքա­­­կան նպա­­­տակ­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար կը շա­­­հագոր­­­ծեն մեր խնդիր­­­նե­­­­­­­րը» ըսե­­­լով։

Բա­­­րեբախ­­­տա­­­­­­­բար հաս­­կա­­­ցողու­­թիւննե­­րը սկսած են փո­­խուիլ մեզ՝ հա­­յերուս հա­­մար։ Վեր­­ջերս մա­­մու­­լի մի­­ջոցաւ վե­­րահա­­սու կը դառ­­նանք թէ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու մէջ հա­­յեր կը զօ­­րակ­­ցին տե­­ղացի հնդիկ­­նե­­­րու «Սթեն­­տինկ Ռա­­ք» շար­­ժումին։ Հնդիկ­­նե­­­րը բնա­­պահ­­պա­­­նական մտա­­հոգու­­թիւննե­­րով կը դի­­մադ­­րեն կա­­զատար խո­­ղովա­­կաշա­­րին իրենց հո­­ղերէն անցնե­­լուն։ Դի­­մադ­­րութիւ­­նը ծա­­ւալած է ամե­­րիկեան զա­­նազան խմբակ­­ցութիւննե­­րու, նաեւ հա­­յերու մօտ։

Ար­­դի հաս­­կա­­­ցողու­­թիւնը կը թե­­լադ­­րէ հա­­մաշ­­խարհայ­­նա­­­ցում։ ԻԱ դա­­րու սկիզ­բին այս եզ­րը մա­նաւանդ ալ «Կլո­պալիզ­մ» տար­բե­րակով՝ կը բնու­թագրէր դրամատէրերու համագործակցութիւնը, աւելի շահութաբերին հասնելու համար սահմանները անտեսելու դրութեամբ։ Նոյն ԻԱ դարու առաջին տասնամեակին հիմա համաշխարհային ընկերութիւնն ալ ըրած է նոյն գիւտը, պաշտպանելու համար բազմաբնոյթ շահերը մարդկութեան եւ բնութեան։