ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՏԻՊ

Բառերուն ամէնէն տպաւորիչը…

-Երկար ժամանակ այսպէս պատուէր չէի առած։ Տի՞պ կ՚ուզէք։

-Այո։ Նշխար տպե­լու փայ­տէ տիպ։ Ին­ծի հա­մար չէ։ Մեր եկե­­ղեց­­ւոյ քա­­հանան ու­­զեց։ Դրամ ալ ու­­ղարկեց։ Ըսաւ, թէ դուք Էջ­­միած­­նի վեր­­ջին փայ­­տա­­­փորագ­­րիչն էք եւ գե­­ղեցիկ տի­­պեր կը շի­­նէք։

-Քա­­նի՞ օր դեռ հոս էք։

-Միայն այ­­սօր։ Վա­­ղը կը վե­­րադառ­­նանք։

-Լաւ։ Սպա­­սեցէք, կը պատ­­րաստեմ մէկ հատ։

Ու վար­­պետ Կի­­րակո­­սը, ծե­­րու­­նի այդ ար­­հեստա­­ւորը,- ըստ երե­­ւոյ­­թին՝ վեր­­ջի­­­նը իր տե­­սակին մէջ-, կը նստի փոք­­րիկ սե­­ղանի­­կին առ­­ջեւ, վրան կ՚առ­­նէ սեւ կա­­շիէ գոգ­­նո­­­ցը ու կը սկսի դա­­սաւո­­րել գոր­­ծիքնե­­րը, -գոր­­ծիքներ, որոնք եր­­կու-երեք սե­­րունդ հնու­­թիւն ու­­նին եւ աւանդն են ան­­կասկած հին վար­­պետնե­­րու։ Կի­­րակո­­սը աչ­­քին վրայ կը դնէ նաեւ ակ­­նոց, որու վրայ նստած փո­­շին կը վկա­­յէ, թէ այդ գոր­­ծի­­­քը ակա­­նատեսն է բազ­­մա­­­թիւ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րու։ Տիպ փո­­րագ­­րե­­­լու այս «արա­­րողու­­թիւնը» կը ստեղ­­ծէ նաեւ հայ­­կա­­­կան տի­­պերու եւ «տիպ» բա­­ռի մա­­սին խօ­­սելու հա­­զուա­­գիւտ պահ։

-Տի­­պեր փո­­րագ­­րե­­­լու արուես­­տը շատ հին աւան­­դութիւն է։ Մեր եկե­­ղեց­­ւոյ պատ­­մութեան չափ հին... Միջ­­նա­­­դարեան վար­­պետնե­­րը ստեղ­­ծած են այնպի­­սի գե­­ղեցիկ տի­­պեր, որոնք այժմ կը ցու­­ցադրուին մայ­­րա­­­քաղա­­քին մէջ, Ազ­­գա­­­յին թան­­գա­­­րանի նմէջ։ Ի՞նչ նկար կ՚ու­­զէք տիպին վրայ։

-Խա­­չելու­­թիւն։ Իսկ եր­­կու կող­­մե­­­րուն մա­­կագ­­րութիւն՝ «Յս Քս»։ 7 սան­­թիմ տրա­­մագի­­ծով։ Պա­­րոն Կի­­րակոս, «տիպ» բա­­ռը, դուք մի նա­­յիք իր միավանկ փոքր կազ­­մին, փրկա­­րարի մեծ դեռ կա­­տարեց հա­­յոց պատ­­մութեան մէջ, մա­­նաւանդ ճգնա­­ժամա­­յին օրե­­րուն։ Բա­­ռը ծա­­գու­­մով յու­­նա­­­կան է։ Նա­­խատի­­պը՝ «տի­­պոս» -τύπος- որ բուն կը նշա­­նակէ հա­­րուած։ Անոր ար­­մատն է «տիպ­­տօ» բա­­յը -τύπτω- «զար­­նել»։ Լա­­տին­­նե­­­րու մօտ typus, ժա­­մանա­­կակից կեն­­դա­­­նի լե­­զու­­նե­­­րու մէջ type, typ, tipo։

-«Զար­­նել», այ­­սինքն քան­­դա­­­կել, փո­­րաք­գրել իմա­­ստով...

-Այո։ Ուստի, ինչ որ ձե­­զի պէս արուես­­տա­­­գէտ­­ներ կը շի­­նէին փայ­­տով, մե­­տաղով կամ քա­­րով՝ կը դառ­­նար «տիպ», ինչպէս՝ նշան, դրա­­մի կնիք, պատ­­կեր, ելն.։ Բա­­ռը մուտք գոր­­ծեց միջ­­նա­­­դարեան Հա­­յաս­­տան, հո­­գեւոր գրա­­կանու­­թեան մի­­ջոցով։ Հրա­­չեայ Աճա­­ռեանի Ար­­մա­­­տական բա­­ռարա­­նի վկա­­յու­­թեամբ, Ս. Եփ­­րե­­­մի, Աղեք­­սանդրա­­ցի Փի­­լոնի եւ Յով­­հաննէս Ոս­­կե­­­բերա­­նի գոր­­ծե­­­րուն մէջ «տիպ»ը նշա­­նակեց «նա­­խան­­կար օրի­­նակ»։ Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցիի «Մա­­տեան Ող­­բերգու­­թեան» եր­­կին մէջ 22 ան­­գամ հնչեց «տիպ» բա­­ռը եւ անոր ճիւ­­ղա­­­ւորումնե­­րը- թխա­­տիպ, հան­­գունա­­տիպ, նմա­­նատիպ, ճշմար­­տա­­­տիպ։

-Կը յի­­շեմ հա­­տուած մը այդ բա­­նաս­­տեղծու­­թե­­­նէն, ուր «տիպ»ը դար­­ձեր է ածա­­կան Աս­­տուծոյ. «Ըն­­տա­­­նի անուն, մեր­­ձա­­­ւոր ձայն, կցոր­­դութիւն հա­­րազատ, խնա­­մածու­­թիւն հայ­­րե­­­նի, խոս­­տո­­­վանեալ անուն, պաշ­­տե­­­ցեալ պատ­­կեր, ան­­պա­­­րագիր տիպ»։ Գի­­շեր­­նե­­­րը կը սի­­րեմ Նա­­րեկ կար­­դալ։ …Պա­­րագի­­ծի վրայ զար­­դա­­­րանք դնենք, ող­­կոյզ, երկրա­­չափա­­կան գի­­ծեր, տպա­­ւորիչ կ՚ըլ­­լայ։

-Շնոր­­հա­­­կալ եմ։ Պա­­րոն Կի­­րակոս, ապա եկաւ «տպա­­ւորել» բա­­յը ու տեղ գտաւ Ս. Գիր­­քի թարգմա­­նու­­թեան եւ Ագա­­թան­­գե­­­ղոսի «Պատ­­մութիւն Հա­­յոց» աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան մէջ։ Իսկ «տի­­պար կամ տի­­փար» բա­­ռը կեանք առաւ Ս. Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լիի եւ Մխի­­թար Ապար­­ներցիի մօտ։ Առա­­ւել տպա­­ւորիչ են «տիպ»ով շի­­նուած ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը, ինչպէս՝ «Տիպ մե­­ռելոց» ու­­րուական, «Տիպք կեր­­պա­­­րանա­­ց» կեր­­պա­­­րանք, նկա­­րագիր, «Ի տիպ» նման, ձեւ, «Այ­­սու տպով» այսպէս, այս ձե­­ւով, «Բե­­րել զտիպ ու­­րուք» նմա­­նիլ։

-Խա­­չի ներ­­քեւ կա­­րելի է Ս. Էջ­­միած­­նի գմբէ­­թի ու­­րուագի­­ծը փո­­րագ­­րել։ Տեղ կայ։

-Շատ լաւ...։ Պա­­րոն Կի­­րակոս, 1512 թուակա­­նին «տիպ» բա­­ռը ու­­նե­­­ցաւ իր ամե­­նամեծ վե­­րել­­քը։ Այս հա­­մեստ միավան­­կը դար­­ձաւ ազ­­գա­­­յին վե­­րած­­նունդի եւ ազա­­տագ­­րա­­­կան շար­­ժումի մայր տի­­պարը։

-Նկա­­տի ու­­նիք հայ­­կա­­­կան տպագրութեան ծնո՞ւնդը։

-Այո։ Երբ լոյս տե­­սաւ «Ուրբա­­թագիրք»ը, հա­­յոց լե­­զուի եւ կեան­­քի մէջ մուտք գոր­­ծե­­­ցին «տիպ» բա­­ռի լու­­սա­­­ւոր ճա­­ճանչնե­­րը, ինչպէս՝ տպել, տպա­­րան, տպագ­­րիչ, տպա­­սալ, տպա­­րանա­­տէր, տպա­­րանա­­պետ, տպա­­գիր, տպագ­­րա­­­կան, տպագ­­րա­­­տուն։ Ու­­նե­­­ցանք նոր ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ. «Ար­­տատպուած է…», «Բ. Տպագ­­րութիւն», «տպագ­­րա­­­կան սխալ»…

-Տպագ­­րութիւ­­նը հայ­­կա­­­կան հո­­ղի վրայ հաս­­տա­­­տուե­­ցաւ 1771 թուակա­­նին, ճիշդ այստեղ, Էջ­­միած­­նի մէջ, երբ Սի­­մէոն Երե­­ւան­­ցի կա­­թողի­­կոսը հիմ­­նադրեց տպա­­րան վան­­քէն ներս։

-Եւ ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին ալ յայտնուեցան տպագ­­րութեան նոր տե­­սակ­­ներ. զնկա­­տիպ, խմո­­րատիպ, ապա­­կետիպ։

-Ապա­­կետի՜պ։ Այսպէս բազ­­մագրուեցաւ Աճա­­ռեանի Ար­­մա­­­տական բա­­ռարա­­նը։

-Հա­­յերէն «Աս­­տուածա­­շունչ»ե­­րու ամե­­նէն «գե­­ղեց­­կա­­­տիպ»ը 1733 թուակա­­նի Վե­­նետի­­կի պատ­­կե­­­րազարդ հրա­­տարա­­կու­­թիւնն է: Ու­­նե­­­ցանք «արա­­գատիպ» տպա­­րան­­ներ, ինչպէս Թիֆ­­լի­­­սի Մնաց­ա­կան Մար­­տի­­­րոսեանի եւ Թաւ­­րի­­­զի հա­­յոց թե­­մական տպա­­րան­­նե­­­րը: Հա­­յը տե­­սաւ «դժո­­խատիպ» դէմ­­քեր, վի­­հեր, բան­­տեր, «տղմա­­տիպ» կեն­­ցաղներ, «լու­­սա­­­տիպ» պատ­­կերներ, «ան­­տիպ» բա­­նաս­­տեղծու­­թիւններ, «վի­­մատիպ» դի­­ման­­կարներ, թա­­տերա­­կան յայ­­տա­­­րարու­­թիւններ, «սկզբնա­­տիպ» ձե­­ռագ­­րեր, «ինքնա­­տիպ» ճար­­տա­­­րապե­­տու­­թիւն, «խա­­չատիպ» եկե­­ղեցի­­ներ, «աս­­տուածա­­տիպ» սուրբեր, «ոս­­կե­­­տիպ» մա­­տեան­­ներ, փոքր կամ մեծ «տպա­­քանակ» ու­­նե­­­ցող հրա­­տարա­­կու­­թիւններ, «տպա­­ւորա­­պաշտ» գե­­ղան­­կա­­­րիչ­­ներ, կրա­­կի նման «հրա­­տիպ» աչ­­քեր, գե­­ղաձոյլ «վա­­յել­­չա­­­տիպ» տա­­ռեր, կոյ­­սեր եւ վեր­­ջա­­­պէս՝ «հրեշ­­տա­­­կատիպ» գե­­ղեց­­կուհի­­ներ,- ինչպէս ան, որ տպա­­ւորեց միջ­­նա­­­դարու տա­­ղասաց Յով­­հաննէս Կա­­ֆացին.

«Իմ գե­­ղեցիկ, հրեշ­­տա­­­կատիպ, լու­­սա­­­տեսիլ, եկ առ իս

Չքնա­­ղագեղ, զար­­մա­­­նալի, պայ­­ծառ պատ­­կեր, եկ առ իս»։

Իսկ 1912 թուակա­­նին հա­­յոց տիպն ու տա­­ռը պսա­­կուե­­ցաւ բա­­նասէր Թէոդի­­կի հրա­­տարա­­կած շքեղ մէկ հա­­տորով. «Տիպ ու Տառ», -պատ­­կե­­­րազարդ, գե­­ղատիպ հան­­րա­­­գիտա­­րանա­­յին աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւն մը, որ նուիրուած էր գի­­րերու գիւ­­տի 1500-ամեակին եւ հայ­­կա­­­կան տպագ­­րութեան 400-ամեակին։

Պատ­­րաստ է տի­­պը։ Փո­­րագ­­րիչ Կի­­րակո­­սը վրձի­­նով մը կը մաք­­րէ փո­­սիկ­­նե­­­րը ապա կը սոսնձէ կո­­թը։

-Շատ տպա­­ւորիչ։ Արուես­­տի գործ իս­­կա­­­կան։

-Տպա­­ւորիչ էր «տիպ»ին պատ­­մութիւ­­նը։

-Ի՞նչ պէտք է որ վճա­­րեմ։

-Ան­­կեղծօ­­րէն, ժա­­մանա­­կը եկած է, որ ես հանգստեան կո­­չուիմ։ Այ­­սօր կան եռա­­չափ տպիչ­­ներ։ Զար­­մա­­­նալի գործ կը տես­­նեն։ Մա­­քուր եւ արագ։ Ասի­­կա վեր­­ջին տիպն էր որ ես փո­­րագ­­րե­­­ցի։ Նուէր էջ­­միածին­­ցի վար­­պետ Կի­­րակո­­սէն։ Ձե­­զի հետ տա­­րէք որ­­պէս յի­­շատակ։ Անոր տպած նշխար­­նե­­­րը օրհնու­­թիւններ թող բե­­րեն մեր ազ­­գին։