ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՏՕՆԱԾԱՌ

(Շար. «Ծառ» յօդուածի՝ թիւ 246)

Յունիսի աշակերտական ծառատունկը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։ 70 նորատունկ շոճի­ներ սկսան Սար­տա­րապա­տի յու­շա­պատը կա­նաչա­զար­դել, ինչպէս նաեւ հո­գեւոր կա­պեր դառ­նալ՝ սփիւռքա­հայ պա­տանի­ներու եւ հայ­րե­նիքի մի­ջեւ։ Իսկ այդ ազ­գա­նուէր արա­րողու­թեան մաս­նա­կից­նե­րէն մէ­կը՝ Պետ­րո­սը, այժմ 11.579 քմ հե­ռու հայ­րե­նիքէն, Դեկ­տեմբե­րի վեր­ջին օրե­րուն մեծ հա­ճոյք կ՚առ­նէ դա­սարա­նի տօ­նածա­ռը զար­դա­րելէ։ Երբ «ծառ» բա­ռի կեն­սունակ ար­մատներն ու ճիւ­ղա­ւորումնե­րը իրենց իմաս­տով եւ պատ­մութեամբ պար­զո­ւած են, կը մնայ վանկ մը եւս ըն­թա­նալ եւ բա­ցայայ­տել «տօն» ար­մա­տը, որ­պէսզի ու­նե­նանք բո­վան­դակ «տօ­նածառ», թէ՛ պճնո­ւած եւ թէ՝ իմաս­տա­ւոր։

- Ես բո­լոր տօ­ները կը սի­րեմ, մա­նաւանդ Նոր Տա­րին եւ Սուրբ Ծնունդը։ Նո­ւէր­ներ կը ստա­նանք... Նոյն օրե­րուն կը տօ­նենք նաեւ իմ անունս... Գու­նա­ւոր լոյ­սե­րը ո՞ւր են։

- Կար­միր կերպնկալ տու­փին մէջ։ Պետ­րոս, այժմ բազ­մա­թիւ տօ­ներ այդպէս են. ու­րախ հան­դի­սու­թիւն մը, ուր շատ ան­գամ պա­կաս չեն ու­տելն ու խմե­լը, երգն ու պա­րը։ Բայց, հե­ռաւոր ան­ցեալի մէջ ան ու­նէր տար­բեր իմաստ. «զոհ, զո­հաբե­րուող կեն­դա­նին, զո­հախնջոյք»։ Բու­նը հնդեւ­րո­պականdāpni բա­ռը, որ կու գայ «dā» ար­մա­տէն- «բաժ­նել»։ Բուն հայ­կա­կան բառ է «տօն»։ Ոս­կե­դարեան գրչու­թեամբ «տաւն»։ Ու­նի ծննդա­կից քոյ­րեր։ Հին հնդկե­րէն dāpayati- «կը բաժ­նէ», լա­տինե­րէն

- Աս­տո­ւած­նե­րու նո­ւիրո­ւած եւ անոնց հո­գեւոր ներ­կա­յու­թեամբ կա­տարո­ւած խնջոյք, հին իս­լանտե­րէն tafn- «զո­հի անա­սուն, զոհ», հին յու­նա­րէն «դապ­տօ»- գի­շատել, լա­փել եւ «դա­պանի»- բա­ժանում, ծախս։

- Զոհ եւ զո­հաբե­րո՜ւմ... Մենք ալ այս ծա­ռը զո­հեր ենք։

- Տօ­նածա­ռերը ամա­նորի հա­մար յա­տուկ մշա­կուած են։ Ան­տառներ չեն զո­հուիր։

- Այս բո­լոր լոյ­սե­րը կը վա­ռի՞ն։

- Մէկ մէկ փոր­ձէ։ Մէ­ջը աւ­րո­ւած­ներ կան... Առա­ջին հայ­կա­կան տօ­նը գտնե­լու հա­մար, Պետ­րոս, պատ­մութիւ­նը մե­զի կը թե­լադ­րէ ճամ­բորդել Մեծ Հայ­քի Այ­րա­րատ նա­հան­գի Բագ­րե­ւանդ գա­ւառ, Արա­ծանի սրբա­զան գե­տի ձախ ափի վրայ, Նպատ լե­րան հիւ­սի­սային ստո­րոտը։ Հոն է Բա­գաւա­նը, ուր հե­թանոս հա­յերը, տա­րուոյն առա­ջին օրը մեծ շու­քով եւ ցնծու­թեամբ նշած են Ամա­նորին եւ Վա­նատու­րին նո­ւիրո­ւած տօ­նակա­տարու­թիւններ։

- Ա՛յս շա­բաթ։

- Ոչ։ Հայ­կա­կան հին տօ­մարով Նա­ւասարդ ամիսն է, Օգոս­տոս 11-ը, երբ հա­սունցեր են նոր միր­գերն ու պտուղնե­րը։ Թա­գաւո­րը, թա­գու­հին, ար­քունի զօր­քը, նա­խարար­նե­րը, հա­յոց մե­ծամեծ­նե­րը, ինչպէս նաեւ բազ­մա­հազար ուխտա­ւոր­ներ հա­ւաքո­ւած են տա­ճարի եւ Վա­նատու­րի նո­ւիրո­ւած շրջա­կայ օթե­ւան­նե­րու մօտ։ Մինչ այդ, «բա­գաւան» կը նշա­նակէ դի­ցաւան, իսկ «վա­նատուր»՝ օթե­ւան տո­ւող, հի­ւրըն­կալ։ Յի­շել կ՚ար­ժէ նաեւ, թէ Արա­ծանիի այդ ջու­րե­րուն մէջ է, ուր Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորի­չը մկրտած էր Տրդատ թա­գաւո­րին եւ հա­յոց զօր­քին... Բո­լորին կը բաժ­նեն, բո­լորը կը վա­յելեն զո­հաբե­րուող անա­սուննե­րու ճեն­ճե­րող մի­սը։ Պետ­րոս, այդ տօ­նական ճեն­ճե­րը բարձրա­ցաւ ու բարձրա­ցաւ, յա­գեցուց նաեւ մեր լե­զուն, անոր պար­գե­ւելով բազ­մա­թիւ քաղցրա­լուր ար­տա­յայ­տութիւններ, ինչպէս՝ Տօն մե­ծահան­դէս, Օր տօ­նի, Ամե­նաժո­ղով տօն, Տօն անո­ւան, Տօն ամե­նայն սրբոց, Տօն մարմնոյ եւ արեան Տեառն, Տօն ան­մեղ ման­կանց, Սրբել զտօն, Խմբել զտօն, Շնոր­հա­ւորել ու­րուք զտօն իւր... Գի­տե՞ս Պետ­րոս, որն է հայ­կա­կան առա­ջին տպա­գիր գիր­քե­րէն մէ­կը... «Տօ­նացոյց»։ Զայն տպեց Աբ­գար դպիր Թո­խաթե­ցին, 1568 թո­ւակա­նին Պոլ­սոյ մէջ։ Ըստ հայ­կա­կան տօ­նացոյ­ցի, ու­նինք 26 տօն։ Առա­ջինը՝ Աւե­տում, ապա Ս. Ծնունդ, Մկրտու­թիւն եւ Աս­տո­ւածա­յայտնու­թիւն, Տեառըն­դա­ռաջ եւ Սուրբ Սար­գիս, Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց... Վեր­ջի­նը Սուրբ Ստե­փանոս։ «Տօն» բա­ռը, առա­տաձեռն է, պտղա­տու։ Ծնունդ տո­ւաւ բազ­մա­թիւ բա­ռերու. տօ­նաբար, տօ­նազ­գեստեալ, տօ­մախմբել, տօ­նախմբու­թիւն, տօ­նախնդու­թիւն...

- Եւ իմ սի­րած­ներս. տօ­նածառ, տօ­նազարդ, տօ­նազար­դա­րել։

- Տօ­նական, տօ­նակա­տարել, տօ­նակա­տարու­թիւն, տօ­նակարգ, տօ­նակից, տօ­նահան­դէս, տօ­նային, տօ­նապատ­ճառ, տօ­նասե­ղան, տօ­նասէր, տօ­նասի­րու­թիւն, տօ­նաս­րահ, տօ­նավա­ռել, տօ­նատե­ղի, տօ­նաւուր, տօ­նատէր, տօ­նել, տօ­նելի, տօ­ներգ, տօ­նըն­ծայ, տօ­նիկ, նա­խատօ­նական, անո­ւանա­տօն, յու­շա­տօն, պա­րատօն, եր­գա­տօն, երաժշտա­տօն, ռազ­մա­տօն...

- Ռազ­մա­տօ՞ն։

- Բա­ռացի իմաս­տով տօն մը չէ։ Հայ­րե­նի նկար­չուհի Քնա­րիկ Վար­դա­նեանի 1973-ին ստեղ­ծա­գոր­ծած նկա­րաշարքն է։ Պետ­րոս, իւ­րա­քան­չիւր բառ, բա­ցի առօ­րեայ գոր­ծա­ծու­թե­նէ, ու­նե­ցաւ իր փառ­քի օրը։ Ինչպէս՝ «տօ­նական»։ Այս հա­մեստ բա­ռը ի՛նչ հպար­տութեամբ հնչեց Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի գրչին տակ.

«Յաղ­թա­նակի գի­շերն է այս, տօ­նական-

Հա՛րս, եղ լե­ցո՛ւր ճրա­գին։

Պի­տի դառ­նայ կռի­ւէն տը­ղաս յաղթական

Հա՛րս, քի­թը ա՛ռ պատ­րոյգին»։

Իսկ «երաժշտա­տօն» բա­ռը, 1911 թո­ւակա­նին պայ­ծա­ռացուց Կո­միտա­սի հան­ճա­րը։ Գա­րուն է։ Պոլ­սոյ Փը­թի-Շան տօ­նաս­րա­հի մէջ ելոյթ կ՚ու­նե­նայ Վար­դա­պետը։ Մա­մու­լը կ՚ար­ձա­գան­գէ հե­տեւեալ տո­ղերով. «Կո­միտա­սի յա­ջորդ ելոյ­թը իր մաս­նակցու­թիւնն էր Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոցի ի նպաստ տրո­ւած աւան­դա­կան նո­ւագա­հան­դէ­սին..., որ բա­ցառիկ երաժշտա­տօն մը կը դառ­նար այս ան­գամ։ Նո­ւագի հա­մառօտ բա­ժինէ մը յե­տոյ, Կո­միտասն էր, որ հան­դէս եկաւ իր 300 հո­գինոց երգչախմբով, հան­դի­սու­թեան փայ­լը կրկնա­պատ­կե­լով իր մե­ներ­գե­րով եւ պա­կու­ցումի մէջ ձգե­լով բո­վան­դակ սրա­հը»։ 1908-ին «Տօն» բա­ռը «յոյս եւ փրկու­թիւն» դար­ձաւ 21-ամեայ մա­համերձ Մի­սաք Մե­ծարեն­ցին հա­մար.

«Համ­բոյրներ կու գան հո­վէ՜ն ու ծո­վէ՜ն

Համ­բոյր լոյ­սէն որ չորս դիս կը ծաղ­կի

Այս գի­շեր Տօն է հոգ­ւոյս, Կի­րակի՜

Համ­բոյրներ կու գան հո­վէ՜ն ու ծո­վէ՜ն»։

Իսկ այժմ, ժա­մանակ­նե­րու հետ «տօն» բա­ռը ստա­ցած է նոր իմաստ. «Նշա­նաւոր դէպ­քի կամ իրա­դար­ձութեան առի­թով տե­ղի ու­նե­ցող հան­դի­սու­թիւն»։ Ուստի, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը կը տօ­նէ օրեր, որոնք յա­րաբե­րաբար նոր են եւ պե­տական «Տօ­նացոյց»ին վրայ՝ «Ո՛չ աշ­խա­տան­քա­յին օր»։ Առա­ջինը՝ Բա­նակի Օր, 28 Յու­նո­ւար, երբ հիմ­նադրո­ւած է Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը։ Մարտ 8՝ Կա­նանց Տօն, Ապ­րիլ 7՝ Մայ­րութեան եւ Գե­ղեց­կութեան Տօն, ապա՝ Մա­յիս 1, Երկրա­պահի Օր, Յաղ­թա­նակի եւ Խա­ղաղու­թեան Տօն, Հան­րա­պետու­թեան Տօն, Երե­խանե­րու Իրա­ւունքնե­րու Պաշտպանութեան Օր եւ Սահմանադրութեան Օր։ Սեպտեմբեր 1-ը մօտ է դպրոցներու վերամուտին, ուստի՝ Գիտելիքի, Գիրի եւ Դպրութեան Օր, Սեպտեմբեր 21՝ Անկախութեան Տօն, Հոկտեմբեր 5-ը՝ Ուսուցչի Օր եւ վերջապէս՝ Թարգմանչաց Տօն։ Ասոնց քով հասակ սկսած է նետել նոր բառ մը. «Տօնավաճառ», -գիրքի, գինիի, գիւղամթերքի, աշխատանքի, ռազմարդիւնաբերական, հնդկական ապրանքներու, Ս. Ծննդեան, ելն. ժամանակաւոր շուկաներ, որոնք կը զարդարեն հայրենիքի քաղաքներու եւ գիւղերու հրապարակները։

- Սարտարապատի մեր ծառերը ի՞նչ եղան արդեօք։

- Ձիւներու տակ են անկասկած ու կը պատրաստուին Ամանորը դիմաւորել։

- Թող Ամանորը բարիքներ բերէ։

- Բարեբեր թող ըլլայ Նոր Տարին։