ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԾԱՌ


- «Ծառ տնկեցէք եղբայրներ, կաղնի...

- Պետրոս, յիշէ՛ աջ ու ձախ փոքրիկ քայլեր առնել»։

- «Ծառ տնկե­ցէք եղ­բայրներ, կաղ­նի սօ­սի...

- Խո­հական եւ հպարտ թող ըլ­լան թէ՛ ձայնդ, եւ թէ՝ նա­յուածքդ»։

Սար­տա­րապա­տի յու­շա­պատին տակ ի՛նչ ազ­գօ­գուտ աւան­դութիւն. ճա­նաչո­ղական պտոյ­տով Հա­յաս­տան ճամ­բորդած աշա­կերտնե­րը ծառ պի­տի տնկեն։ Մեր խումբին կը միանայ մայ­րա­քաղա­քի Աւե­տիսեան վար­ժա­րանի սա­ները։ Զոյ­գեր կը կազ­մեն։ Մէ­կը տունկը պի­տի դնէ փո­սին մէջ, միւ­սը հո­ղը պի­տի թա­փէ վրան։ Հա­պա ջրե՞լը... Աւե­լի հա­ճելի, խա­ղի պէս։ Իսկ Պետ­րո­սը կը պատ­րաստուի ար­տա­սանել Զա­րեհ Խրա­խու­նիի «Այս Ծա­ռը Սուրբ» բա­նաս­տեղծու­թիւնը։ Ծա­ռատունկի այս տա­րուայ «արա­րողու­թիւնը» որո­շած ենք ար­տա­սանու­թեամբ կա­տարել։

Հա­կիրճ բա­ցատ­րութիւններ եւ ուղղու­թիւններ ծառ տնկե­լու մա­սին՝ ու 70 պա­տանի­ները ան­մի­ջապէս կը լծուին գոր­ծի։ Այդ մի­ջոցը կու տայ առիթ՝ «ծառ» բա­ռի եւ ծա­ռերու խոր­հուրդի մա­սին մտա­ծելու, -մինչ Պետ­րո­սը կո­րովով կը սկսի ար­տա­սանել.

- «Ծառ տնկե­ցէք եղ­բայրներ կաղ­նի, սօ­սի, եղե­ւին/ Պար­տէ­զին մէջ – դաշ­տե­րուն/ Լե­րան վրայ/ ժայ­ռե­րուն/ քար­քա­րու­տին ապա­ռաժին/ Ձեր թա­ղարին սո­վորա­կան/ կամ սե­ղանին ամե­նօրեայ…»

Ինչպէ՞ս ար­մատ տուաւ այս բա­ռը մեր լե­զուին մէջ։ Հար­ցում մը, որու մա­սին, կ՚երե­ւի առա­ջին ան­գամ մտա­ծեր է Գրի­գոր Տա­թեւա­ցին, 14-րդ դա­րուն։ Ըստ այս լե­զուա­բանի, նաեւ աս­տուածա­բան, իմաս­տա­սէր, դա­սախօս եւ վա­նահայր՝ Տա­թեւ վա­նական հա­մալ­սա­րանի, «ծառ» բա­ռի ծա­գու­մը կա­րելի էր մեկ­նա­բանել երեք ձե­ւերով։ Առա­ջինը՝ «Ծա­ռայ», որով­հե­տեւ անոնք բոյ­սե­րուն տէրն են, բայց մար­դոց ծա­ռան. «Զի ծա­ռայք են մարդկան, եւ տէր բու­սոց. Իսկ բոյսք եւ տունկք միշտ ծա­ռայք են»։ Երկրոր­դը՝ «Ծուռ», որով­հե­տեւ ծա­ռին ոտ­քե­րը [ոս­տե­րը] այս կողմ եւ այն կողմ կը հո­սին։ Եր­րորդը՝ «Ծեր», որով­հե­տեւ Արա­րիչին հրա­մանով «ի սկզբա­նէ» գո­յու­թիւն ու­նենցեր են, ուստի մար­դոցմէ աւե­լի ծեր են։

- «...Ծառ տնկե­ցէք – ո՛ւր ալ տնկէք պի­տի բռնէ ան­պայման...»

Իսկ նոր դա­րերուն բազ­մա­թիւ հայ եւ օտար լե­զուա­բան­ներ շա­րու­նա­կեցին իրենց կար­ծի­քը յայտնել։ Անոնք, նե­րառեալ Հրա­չեայ Աճա­ռեանը, հա­սած են հե­տեւեալ եզ­րա­կացու­թեան. «Ծառ»։ Բնիկ հայ­կա­կան բառ։ Բու­նը «g’ers», որ կը նշա­նակէ «ոլո­րել, ճկուն ճիւ­ղե­րէն, թու­փե­րէն ու մա­ցառ­նե­րէն բան հիւ­սել»։ «Ծառ»ին ճիւ­ղե­րը հա­սան մին­չեւ Հին Յու­նաստան եւ հոն ու­նե­ցան ծննդա­կից բա­ռեր, ինչպէս՝ «ղար­րա»- ցուպ, գա­ւազան, «ղար­սա­նա»-մա­ցառ եւ «ղեր­րոն» -ոզո­րահիւսք, ոզո­րով հիւ­սուած որե­ւէ բան, ցան­կա­պատ։ Ճիւղ մըն ալ եր­կա­րեցաւ մին­չեւ Սկան­տի­նաւիա, ու դար­ձաւ kjarr -մա­ցառ։

- «Այս ծա­ռը սուրբ պի­տի կանգնի պի­տի աճի ուռճա­նայ / Պի­տի եր­կինք բարձրա­նայ / Ամէն առ­տու այ­գա­բացին ստուերն անոր պի­տի հաս­նի մեծ լե­րան...»

Ծա­ռը սի­րեց հայ­րե­նի եւ հա­յերէ­նի հո­ղին մէջ աճիլ։ Խար­բերդի, Համ­շէ­նի, Սե­բաս­տիոյ եւ Տիգ­րա­նակեր­տի մէջ դար­ձաւ Ձար, Ագու­լի­սի մէջ՝ Ծօռ, Զէյ­թունի մէջ՝ Ձօռ, Հաճ­նոյ մէջ՝ Ձօր։ Որ­պէս պտուղ՝ տուաւ բազ­մա­թիւ ար­տա­յայ­տութիւններ. Ծա­ռախիթ լի­նել- ծա­ռերու մէջ թաք­նուիլ-, Մա­տաղա­տունկ ծառ, Հի­նաւուրց ծառ, Պտղա­տու ծառ, Թզուկ ծառ, Ծառ Արուես­տի (Արիս­տո­տելի 10 ստո­րոգու­թիւննե­րը), Ծաղ­կա­զար­դին ծառք, Ծառ կա­ցու­ցա­նել զհերս (մա­զերը փուշ-փուշ ըլ­լալ), Իւ­րում ծա­ռոց ի վե­րայ ելա­նել (իր փա­փաքը կա­տարել), Չար ծա­ռը բա­րի պտուղ չի բե­րեր, Երբ ձու­կը ծառ ել­լէ, Պտու­ղը ծա­ռէն հե­ռու չիյ­նար... Ծա­ռը աճե­ցաւ մար­դու հետ, դար­ձաւ՝ բծախնդրու­թեամբ եւ արուես­տով գծագ­րուած ու գե­ղեց­կօ­րէն շրջա­նակուած «Տոհ­մա­ծառ» ու գուրգու­րանքով կա­խուե­ցաւ մեր տու­նե­րէն ներս։

- «Շուք պի­տի տայ արե­ւափառ ոս­կե­ծածան հան­դե­րուն/ Հա­զար բա­րեւ ու բիւր բա­րիք պի­տի առ­նէ ամ­պե­րէն/ որոնք կու գան աշ­խարհի չորս ծա­գերէն...»

Մեր «ծառ» բա­ռի սա­ղար­թը, Աս­տուածա­շունչի սուրբ թարգմա­նիչ­նե­րու եւ Նա­րեկա­ցիի եւ Մխի­թար Գօ­շի գրիչ­նե­րուն տակ պեր­ճա­ցաւ։ Ու­նե­ցաւ դա­լար բա­ռեր, ինչպէս՝ ծա­ռանալ, ծա­ռաս­տան, ծա­ռազարդ, ծա­ռազար­դար, ծառ­կոտրունք, ծա­ռուկ, ծա­ռուտ, ծառ­պահ, ծա­ռօրէն, ծա­ռավե­րաց, ծա­ռափ­թիթ, մե­ծածառ, քա­ջածառ, խտա­ծառ... Առա­ջին «ծա­ռատո՞ւնկ»ը... Զայն կը պար­տինք Ագա­թան­գե­ղոսին։ Սուրբ Գիր­քի մէջ տեղ գտած «Կե­նաց Ծառ»ը, -նաեւ Աշ­խարհա­ծառ, Տիեզե­րական Ծառ, Բեղմնա­ւորու­թեան Ծառ, Երկնա­յին Ծառ,- դրախ­տա­յին այն ծառն է, որ կու տայ ան­հա­մար պտուղներ ու կը խորհրդանշէ կեն­դա­նի էակ­նե­րու աճը աշ­խարհի վրայ ու կեան­քի յա­ւեր­ժա­կան, վե­րըն­թաց գի­ծը. Ծնունդ –Ծաղ­կունք– Պտղա­բերում։ Կե­նաց Ծա­ռը իր գե­ղեց­կա­գոյն պատ­կե­րացումնե­րը ու­նե­ցաւ միջ­նա­դարեան հայ­կա­կան քան­դա­կագոր­ծութեան եւ ման­րակնար­չութեան մէջ։

- «... Ու կը շո­յեն սա­ղարթն անոր մշտա­դալար- ալե­ւոր... / Օ՜ տնկե­ցէք / Ամուր ձեռ­քով խնա­մեցէք...»

Ըստ Հ. Ղու­կաս Վրդ. Ին­ճի­ճեանի «Ստո­րագ­րութիւն Հին Հա­յաս­տա­նեայց» (1822, Վե­նետիկ) աշ­խա­տասի­րու­թեան, Ռշտու­նեաց գա­ւառի ծո­վազե­րեայ Ոս­տան աւա­նը զար­դա­րուած էր ծա­ռերով. «Աւանն Ոս­տան ի՛ գա­ւառի Ռշտու­նեաց, որ է յոյժ բա­րեխառն... նաեւ ծա­ռովք պտղա­բերովք սա­ղար­թեալ եւ այ­գա­ւէտ բազ­մութեամբք յոյժ վա­յել­չա­ցեալ զար­դա­րի...»։

«Զար­դա­րեցէք / պաշտպա­նեցէք / պաշ­տե­ցէք...»

Նոր շրջան­նե­րուն ու­նե­ցանք. ծառկտուց, ծա­ռաբա­նու­թիւն, ծա­ռադար­մա­նու­թիւն, ծա­ռազուրկ, ծա­ռախիտ, ծա­ռակերպ։ Լոյ­սե­րու քա­ղաք Փա­րիզը մեզ ներշնչեց որ ու­նե­նաք... ծա­ռու­ղի։

«Ծա­ռ» բա­ռը, այնքան ճիւ­ղա­ւորեալ է եւ բազ­մա­տերեւ, ու­նի փո­խաբե­րական բազ­մա­թիւ իմաստներ, ինչպէս՝ «Զա­ւակ»։ Ահա Վ. Թէ­քէեանի «Զա­ւակս» բա­նաս­տեղծու­թե­նէ մէջ­բե­րում մը. «Երբ ես ծը­ռիմ՝ ան բարձրա­նա՜ր քովս ի վեր / Իմ սպա­ռած կեան­քիս հիւ­թովն առըլ­ցուկ»։ Մինչ Մատ­թէոս Զա­րիֆեանի հա­մար՝ «Ին­ծի հա­մար խորհրդա­նիշն էր ան Ու­ժին, Կեան­քին / Ու ես հա­ւատքն ու­նէի իր ան­մա­հու­թեան...»։ Նաեւ, «Վե­րապ­րում». «Կա­ցինա­հար ծառն էր նման շիր­մա­քարի / - Սեւ գե­րեզ­ման մը խո­ժոռ- / Բայց իր կո­ղէն՝ / Ար­ծուաթ­ռիչ նի­զակ­նե­րու խրոխ­տանքով՝ / Բա­րու­նակներ ժայթքեր էին դէ­պի եր­կինք»։ («Ծա­ռը»)։ Տի­րան Չրա­քեանը բո­լորո­վին տար­բեր աշ­խարհա­հայեացք ու­նի։ Պոլ­սոյ պար­տէզնե­րուն կամ գե­րեզ­մաննոց­նե­րուն մէջ նո­ճիներն են, որ զինք կը հրա­պու­րեն. «Ո՜վ մշտա­կոթող, խուռն եւ սեւ նո­ճիք՝... / Դէ­պի վե­րամ­բարձ Ան­հունը կ՚աճիք»։ («Մա­հէն Ներշնչու­մ»)

Իսկ Զա­րեհ Խրա­խու­նիին «ծառ»ը հայ­րե­նիքի ան­կա­խու­թեան խորհրդան­շանն է ու այդ բա­ռերով ալ կը վեր­ջա­նայ Պետ­րո­սին ար­տա­սանու­թիւնը.

- «Ազա­տու­թեան ծառն է այս... »։ («Այս Ծա­ռը Սուրբ», 1991)

Կը վեր­ջա­նայ ծա­ռատունկը։ Հայ­րե­նիքը այ­սօր կը դառ­նայ աւե­լի ծա­ռապատ։ Պետ­րո­սը կը հարցնէ.

- «Ի՞նչ է այս տունկե­րու փո­խաբե­րական իմաս­տը»։

- Նոր սե­րունդը։ Քու դա­սըն­կերներդ։ Հայ­րե­նիք ար­մատներ դրած այս խումբը»։

Աշա­կերտնե­րը կը խմբուին ու որ­պէս վեր­ջա­բան-աղօքթ՝ միաբե­րան կը մրմնջեն Լե­ւոն Զա­ւէն Սիւրմէ­լեանէ քա­ռեակ մը.

«Տէ՛ր, օրհնէ՛ ծառն այս մատ­ղաշ։ Ես կը տնկեմ զայն ահա

Փխրուն եւ սեւ հո­ղին մէջ ուր պա­պերըս կը պառ­կին.

Ես՝ անոնց թո­ռը հսկայ, այս հո­ղին տէրն եմ կրկին,

Ու արե­ւուն տակ կ՚աճիմ՝ անունն իրենց շուրթիս վրայ...»