ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԼԱՍՏ

Մեծ հաւանականութեամբ հայոց լեզուի ամենէն հա­մար­ձակ բա­ռերէն մէկն է «լաստ»։ Փոք­րա­կազմ այս գո­յակա­նը -հա­զիւ չորս տառ-, իր ծնած օրէն ու­նե­ցաւ մեծ հե­ռանկարներ-ու հա­սաւ անոնց։ Առա­ւելա­բար, եր­կա­րակեացու­թեան աչ­քա­ռու օրի­նակ մըն է ան։ Այս հա­մեստ միավան­կը, որ ժա­մանա­կավ­րէպ պէտք էր որ ըլ­լար ու միայն պատ­մա­բան­ներն ու հնա­գէտ­նե­րը պէտք էր որ հե­տաքրքրէր, յա­ջողե­ցաւ նոր պաշ­տօններ ըն­դունիլ ու մնալ այժմէական։

«Լաստ» բա­ռի ոդի­սակա­նին ծա­նօթա­նալէն առաջ, նախ յի­շենք, թէ ան կոճ­ղե­րէ կամ տի­կերէ կազ­մուած ծո­վային փո­խադ­րա­միջոց է, -նա­ւակ­նե­րուն ամե­նէն նախ­նա­կանը։ Եւ ըստ լե­զուա­բան Հրա­չեայ Աճա­ռեանի, բնիկ հայ­կա­կան բառ է։ Ու­նի հին ար­մատ՝ «լազ­տա»։ Բուն իմաստն է «փայտ, կոճղ»։ Լի­թուա­ներէն «լազ­տա» բա­ռը կը նշա­նակէ «փայ­տի կտոր, ձող, գա­ւազան կամ լախտ», իսկ լէ­թոնե­րէն՝ «ըն­տա­նի կաղ­նիի թուփ»։

«Լաստ»ը չու­զեց մնալ փայտ։ Աճե­ցաւ։ Իմաս­տի զար­գա­ցում ու­նե­ցաւ. «տա­փակ նաւ», «նա­ւու ող­նա­հար», «մա­հիճի տախ­տակ»... Դար­ձաւ «լաս­տա­փայտ» (նաւ, Նո­յան Տա­պան) ու խարսխեց Ս. Գիր­քի հա­յերէն թարգմա­նու­թեան մէջ. «Քան­զի եւ ՛ի սկզբա­նէ ՛ի կորնչել սկա­յիցն ամ­բարտա­ւանից, յոյս աշ­խարհի ՛ի լաս­տա­փայտն ապա­ւինեալ, եթող աշ­խարհի զա­ւակ լի­նելոյ՝ քո ձե­ռամբդ նա­ւապե­տեալ»։

Ապա եկաւ «լաս­տել» բա­յը, կա­ռու­ցել, պատ­րաստել, հան­դերձել, կազ­մել։ Հա­կառակ անոր, որ ար­մա­տախիլ եղած էր ու կա­ցինա­հար, շա­րու­նա­կեց ճիւ­ղա­ւորուիլ։ Ծնունդ տուաւ բազ­մա­թիւ բարդ եւ ածանց բա­ռերու, ինչպէս՝ «լաս­տիլ» բռնա­կալել, տեղ մը հաս­տա­տուիլ, «լաս­տել» -փո­խաբե­րական իմաս­տով- եր­կիր մը բռնել եւ հոն տա­րածուիլ, «լաս­տա­կոտոր առ­նե­լ» կազ­մուած­քը քայ­քա­յել, «պա­տուաս­տա­լաստ» իրա­րու կցուած, «լաս­տե­նի» ճա­խարակ­ներ եւ լաս­տեր շի­նելու յար­մար ծառ մը, «դա­դարք լաս­տի» նա­ւահան­գիստ։ Աւե­լի նոր բա­ռեր են. լաս­տա­գործ, լաս­տա­խաղաց, լաս­տակ, լաս­տա­կել, լաս­տա­կերտ, լաս­տա­ձեւ, լաս­տա­նաւ, լաս­տա­վար։

Ջրա­ռատ է Հայ­կա­կան Լեռ­նաշխար­հը։ Ուստի, զար­մա­նալի չէ որ «լաստ» բա­ռը լաւ հա­սակ նե­տեց իր բնաշ­խարհին մէջ ու ծո­վագ­նա­ցու­թեան նշա­նակե­լի պատ­մութիւն մը ու­նե­ցաւ։ Այդ պատ­մութեան ծա­նօթա­նալու հա­մար, պէտք է դի­մել մաս­նա­գէտ­նե­րու՝ Երե­ւանի Պե­տական Հա­մալ­սա­րանէն ներս գոր­ծող ԱՅԱՍ ծո­վային հե­տազօ­տու­թիւննե­րու ակումբին։ Ըստ անոնց, Սե­ւանայ լի­ճի վրայ ան­յի­շելի ժա­մանակ­նե­րէն ձկնոր­սութեան եւ ապ­րանքնե­րու փո­խադ­րութեան հա­մար կը գոր­ծա­ծուէին լաս­տեր։ Ք.Ա. 8-րդ դա­րու ասո­րական սե­պաձեւ ար­ձա­նագ­րութիւն մը կը հաս­տա­տէ, թէ ու­րարտա­ցինե­րու լաս­տեր նա­ւար­կած են վե­րին Տիգ­րիս գե­տի վրայ։ Հե­րոդո­տոսը կը պատ­մէ, թէ հայ վա­ճառա­կան­ներ լաս­տե­րով կը հաս­նէին Բա­բելոն, իրենց ապ­րանքը, -ինչպէս նաեւ լաս­տի փայ­տերն ու կա­շինե­րը- կը վա­ճառէին հոն ու էշե­րով կը վե­րադառ­նա­յին Հա­յաս­տան։ Այդ լաս­տե­րուն ամուր կա­պերով միացուած կ՚ըլ­լա­յին տի­կեր՝ այ­ծի կամ ոչ­խա­րի մոր­թէ փչուած պար­կեր։ Փոքր լաս­տե­րը կ՚ու­նե­նային 15-20 տիկ։ Այդ լաս­տե­րը մին­չեւ նոր ժա­մանակ­ներ գոր­ծա­ծուե­ցան Տիգ­րի­սի, Եփ­րա­տի եւ Արա­ծանիի վրայ։

«Լաստ» բա­ռը նաեւ ճամ­բորդեց դէ­պի հիւ­սիս, -հա­կառակ անոր որ Եփ­րատն ու Տիգ­րի­սը դէ­պի հա­րաւ կը հո­սին, իսկ Արա­ծանին՝ դէ­պի արեւ­մուտք- դար­ձաւ «լաս­տի» (ლასტი) ու սկսաւ նա­ւար­կել վրա­ցինե­րու լե­զուին մէջ, Կուր գե­տի վրայ։

Ներ­կայ դա­րուն, լաս­տը զգաց, թէ այ­լեւս մար­դիկ պէտք չու­նին իրեն։ Բայց ան, -հնա­րամիտ բառ- գտաւ բո­լորո­վին նոր գոր­ծա­ծու­թիւն ու դար­ձաւ... «փչո­վի լաստ», ան որ աւա­զան կամ ծով մտած երե­խանե­րուն թե­ւերէն կ՚անցնեն, մին­չեւ որ լո­ղալ սոր­վին։ Չկար­ծէք, թէ նուաս­տա­ցու­ցիչ դիրք մըն է ասի­կա, այ­սինքն ահե­ղաձայն Եփ­րա­տէն ել­լել ու ծան­ծաղ լո­ղաւա­զան մտնել։ (Գո­յատեւ­ման հա­մար եր­բեմն պէտք է նսե­մանալ եւ հա­մես­տա­նալ)։

«Լաստ»ը, որ այժմ դար­ձած է երե­խանե­րու խա­ղալիք, ու­նե­ցաւ իր փառ­քի օրե­րը։ 1947 թուակա­նին կա­տարեց իր ամե­նաեր­կար նա­ւուղղու­թիւնը. 6900 քմ.։ Նախ­նա­կան մի­ջոց­նե­րով շի­նուած լաս­տը, նոր­վէ­կիացի երկրա­խոյզ եւ հե­ղինակ Թոր Հէ­յէր­տա­լի ղե­կավա­րու­թեամբ առա­գաստ բա­ցաւ Խա­ղաղա­կան Ով­կիանո­սի վրայ, ար­կա­ծախնդրու­թիւն մը, որ տե­ւեց 101 օր։ Անուն իսկ տուին այդ լաս­տին. «Քոն-Թի­քի»։ «Քոն-Թի­քի»ն դար­ձաւ վէպ, շար­ժանկար, նաեւ մրցա­նակա­կիր վա­ւերագ­րա­կան մը։

Բայց լաս­տին ամե­նէն զգա­յուն ու­ղե­ւորու­թիւննե­րը տե­ղի ու­նե­ցան հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան խա­ղաղու­թեան մէջ։ Նախ ականջ տանք Մի­սաք Մե­ծարեն­ցի «Տուր ին­ծի, Տէ՛ր» բա­նաս­տեղծու­թեան.

«Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն անանձնա­կան.

Զայն ընդգրկած իտէալին ըլ­լամ սրսկան.

Զայն լաստ ըրած ես Լոյ­սե­րու նա­ւո՜րդն ըլ­լամ»։

Նի­կողոս Սա­րաֆեանի գրչին տակ ան վե­րածուեցաւ գրա­կան յու­զիչ պատ­կե­րի։ Ահա «Աշ­նան Գի­շեր» բա­նաս­տեղծու­թիւնը.

«Կ՚իջ­նէ անձրե­ւը աշ­նան՝ տա­նիքն ի վար, պատն ի վար,

Մայ­թերն ի վար ամա­յի, լաս­տե­րու պէս հող­մա­վար»։

Լաս­տը իր ող­բերգա­կան ապ­րումնե­րը ու­նե­ցաւ Լ. Շան­թի «Հին Աս­տուած­ներ»ուն մէջ ու դար­ձաւ Աբե­ղան աշ­խարհիկ սի­րոյ կա­պող երա­զային կա­մուրջ մը.

ԱԲԵ­ՂԱՆ – Լաս­տը… լաս­տը։

ԿՈՅՐ ՎԱ­ՆԱԿԱ­ՆԸ – Մո­ռացիր, մո­ռացիր այդ լաս­տը, Աբե­ղա։ Մո­ռացիր քե­զի աշ­խարհին կա­պող այդ երե­րուն կա­մուրջը, մո­ռացիր այդ իրա­րու կա­պած եր­կու գե­րանի կտո­րը…

ԱԲԵ­ՂԱՆ – Իրա­րու կա­պուած… այո… իրա­րու կա­պուած։

Իսկ Մու­րա­ցանի «Գե­ւորգ Մարզպե­տու­նի» պատ­մա­վէպին մէջ, Սե­ւանայ կղզին ամ­րա­ցած Աշոտ Եր­կաթ ար­քան լաս­տա­նաւով կը մօ­տենայ ափին, նե­տաձ­գութեամբ յան­կարծ կը յար­ձա­կի արաբ­նե­րուն վրայ ու պար­տութեան կը մատ­նէ զա­նոնք։ «Լաստ» բա­ռը 45 ան­գամ գոր­ծա­ծուած է վէ­պին մէջ, ինչպէս՝ «Այդտեղ լաս­տա­գործ եգե­րացիք ու­ռե­նու դա­լար ոս­տե­րից հիւ­սած լախ­տե­րով կապկպում, միաց­նում էին այդ գե­րան­նե­րը եւ նրան­ցից մե­ծամեծ լաս­տեր կազ­մե­լով՝ գետն իջեց­նում։ Երբ լաս­տե­րի թի­ւը մի քա­նի տաս­նեակ­նե­րի հա­սաւ, լաս­տա­վար­ներն սկսան միաց­նել այդ բո­լորը պա­րան­նե­րով եւ հետզհե­տէ դէ­պի հան­դի­պակաց ափը մղել։ Այսպի­սով լաստ լաս­տի միաց­նե­լով եւ ամէ­նը միասին գե­տափի վրայ ցցած բի­րերին կա­պելով՝ կազ­մե­ցին մի ապա­հով կա­մուրջ...»

Լաս­տը, որ փո­թոր­կա­լից ծո­վերու մէջ նա­ւաբեկ նա­ւաս­տի­ներու փրկու­թեան վեր­ջին յոյսն էր, չէր կրնար վրի­պիլ ծո­վան­կա­րիչ Այ­վա­զովսկիի հա­յեաց­քէն։ Ուստի, 1886-ին մեծ վար­պե­տի վրձի­նին տակ վե­րածուեցաւ իւ­ղանկա­րի մը. «Լաստ Հա­ւաքող­նե­րը» («Նա­ւաբե­կու­թե­նէն Փրկուող­նե­րը»)։

Լաս­տը փրկու­թիւն է։ Եւ մե­րօրեայ մտա­ւորա­կանու­թիւնը, փո­թոր­կա­լից աշ­խարհի վտանգնե­րուն դի­մաց, աւե­լի յա­ճախ սկսած է դի­մել «լաստ»ին ու անոր տալ վեր­ջին, պա­տուա­ւոր պաշ­տօն մը. Ազ­գա­յին եւ Հո­գեւոր Փրկու­թիւն։ Մա­մու­լի մէջ կը տես­նենք սու­րիահա­յու­թեան ար­տա­գաղ­թի առի­թով գրի առ­նուած յօ­դուած մը՝ ու­շագրաւ խո­րագի­րով. «Գա­նատան՝ փրկու­թեան լաստ, կամ՝ աւա­զախ­րում» (հեղ.՝ Ժան Հալ­լա­ճեան)։ Իսկ յու­նա­հայոց առաջ­նորդ Տ. Խո­րէն Եպսկ. Տող­րա­մաճեանի յիս­նամեակին առ­թիւ գրուած յօդուած մը (հեղ.՝ Սագօ Արեան) մեզի կը յիշեցնէ, թէ ինչպէս «լաստ»ը լողաց աշխարհի եօթը ջուրերը ու կարօտով վերադարձաւ հայրենիք. «Ու ինք Տողրամաճեան Եպիսկոպոսը. լաւ գիտէ, որ առանց այսօրուան Հայաստանին, անհեթեթ են մեր բոլոր պայքարները։ Այս հողին վրայ աճող եկեղեցին կոչուած է դառնալ մեր փրկութեան իսկական լաստը»։