Ուրախացուցիչ էր մամուլի մէջ արձագանգ գտած այն լուրը, թէ նետաձգութեան Եւրոպայի ախոյեանութեան մէջ Հայաստանի խումբը շահեր է պրոնզ մետալ։ (2014ին ալ նոյնչափ ուրախացեր էինք լսելով, թէ Հայաստանը կազմակերպած էր Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, Էջմիածնի մէջ, «Արա եւ Այծեմնիկ» մարզական ակումբի տարածքի վրայ)։
Հազուադէպ է այս մարզաձեւի մէջ Հայաստանի յաջողութիւնը, բայց զարմանալի՝ ո՛չ։ Հայոց պատմութեան առաջին օրէն ներկայ էր նետը։ Հայաստանը եւ նետի մշակոյթը ճակատագրականօրէն միշտ կապուած են եղած իրարու։ Իսկ այժմ նետաձգութիւնը վերադարձ մը կը կատարէ հայրենիք։ Որովհետեւ, բառերը կը սիրեն շրջան մը գծել երկիրներու եւ դարերու մէջէն՝ ու վերադառնալ իրենց ծննդավայրը։ Այս հաստատումը կը բաւէ ամփոփելու համար «նետ» բառի ոդիսականը։
Հայկական «նետ»ի հազարամեայ պատմութեան ծանօթանալէ առաջ, սրընթաց ակնարկ մը նետենք անոր ստուգաբանութեան եւ ակունքներուն։
Բնիկ հայկական բառ է «նետ»ը։ Արմատը «nedo» որ կը նշանակէ եղէգ։ Ունի սանսկրիտ, խեթերէն, հին պարսկերէն եւ պահլաւերէն ծննդակից «եղբայրներ», ինչպէս՝ նատա, նադա, նայ, նէյ... Բոլորն ալ կը նշանակեն եղէգ, խողովակ, սրինգ, ձողիկ, փող։ Ուստի, նետի նիւթը դարձած է առարկային անունը։
Դժուար է ստուգել, ո՛վ էր նետ արձակած առաջին մարդը։ Սակայն, յստակ գիտենք, թէ նետաձիգ առաջին հայը Հայկն էր։ Ք.Ա. 2492 թուականի Օգոստոս 11ին Հայոց Ձորի մէջ Հայկ նահապետը լարեց իր լայնալիճ աղեղը եւ արձակեց իր եռաթեւ նետը։ Նետահար ինկաւ բռնակալ Բելը։ Նետը այդ օր հայկեաններուն շնորհեց անկախութեան առաջին յաղթանակը։ Հայկին արձակած այդ նետը այնքան հեռանետ էր, անվրէպ շարունակեց ընթացքը, առանց կորսնցնելու իր ուժգնութիւնը անցաւ հայրենի գաւառներ, բարբառներ։ Դարերու ընթացքին դարձաւ աւելի ճոխ, դիպուկ. նետակալ, նետալից, ծաղկանետեալ, նետագի, նետագործ, նետաթոյն, նետախողխող, նետածայր, նետահար, նետահարել, նետահարութիւն, նետաձիգ, նետաձգութիւն, նետամարտ, նետասլաց, նետավարժութիւն, նետատարափ, նետաթափ, նետարձակ, նետաքար, նետիչ, նետընկեց, նետել, նետամուխ... (Դժբախտաբար, 198 թուականին այդ նետերէն մէկուն զոհ գնաց հայոց Վաղարշ Բ. Թագաւորը, երբ ան Կովկասի մէջ կը կռուէր լեռնաբնակներու դէմ։)
Բառը իր ճիւղաւորումներով 5րդ դարուն թափանցեց Ս. Գիրք։ Անոր էջերուն մէջ «նետ»ը 61 անգամ տեղ գտաւ, «նետակալ»ը՝ վեց անգամ, «նետաձիգ»ը՝ հինգ անգամ, «նետալից»ը՝ մէկ անգամ։ Գրաբարեան շրջանին ունեցանք նետաթռիչք արտայայտութիւններ. «Նետս արձակել», «Նետ օձ» (գեղարդ, նիզակ), «Նետ առ ի յԱստուծոյ» (կայծակ)։
1002 թուականին, Վանայ ծովու ափերուն, Ս. Գրիգոր Նարեկացին «նետ» բառին տուաւ գրական թռիչք։ «Մատեան Ողբերգութեան» երկին մէջ զայն գործածուած կը գտնենք 12 անգամ։ Ահա մէկը, ուր սուրբը նշած է իր «դժոխամարտ» եւ «մահառիթ» ծառի դառն պտուղները.
«Գնացք խաւարային, գոյութիւն լերդի վիմական
Խորհուրդ ծորեալ, կամք անկայուն
Չար անփոփոխ, բարեմասնութիւն սասանեալ
Անձն տարագիր, աւանդ վաճառեալ
Գազան վիրաւոր, թռչուն նետահար...»
Նարեկացիի «նետահար» թռչունը դարերու ընդմէջէն շարունակեց թեւարկել, հասաւ Զմիւռնիա ու դարձաւ գիրքի խորագիր. «Նետահար Աղաւնի» (Խորէն Եպս. Մխիթարեան, Զմիւռնիա, 1889)։
Հ. Ղեւոնդ Ալիշանը «Յուշիկք Հայրենեաց Հայոց» աշխատասիրութեան մէջ գրեց. «1 Յունիս 1019։ Արդ հիմա այս նորատեսիլ Նետողաց հարուածներէն՝ նախ տագնապեցան մերայինք, յետոյ խիզախելով ուժով յարձակեցան հասան այլազգեաց այլանդակ բանակին. Եւ սուր բանեցնելով՝ առատ արիւն հանեցին»։ Այդ «նետողաց»ները, ներխուժող թաթարներն էին, որոնց մասին առաջին անգամ խօսեցաւ 13րդ դարու պատմիչ Գրիգոր Ակներցին, «Պատմութիւն Ազգին Նետողաց», կամ՝ «Պատմութիւն Թաթարաց» գիրքին մէջ։ «Նետողաց» ազգի մասին խօսեցաւ նաեւ Հեթում պատմիչը «Պատմութիւն Թաթարաց» երկին մէջ։ Գիրքին առաջին գլուխը կը սկսի հետեւեալ հարցում-խորագրով. «Վասն Ազգին Նետողաց Թէ Ուստի՞ Կամ Յորմէ՞ Ցեղէ Աճեցին Եւ Տիրեցին Բազում Աշխարհաց Եւ Գաւառաց»։
19-րդ դարուն «նետ»ը, որպէս գեղեցկուհիի մը թարթիչները, հասաւ Վաղարշապատ, խոցեց Աշուղ Շիրինին սիրտը.
«Քու սէրիդ աղեղովը ինձի նետահար չես անիլ,
Զուր մի մաշուիլ սենեակս եկ ասութիւնդ է գովելի»։
Աճառեանի վկայութեամբ, Մշոյ մէջ բառը դարձեր է «նեդ», Թիֆլիսի մէջ «նիտ», Ագուլիսի մէջ «նէտ», Զէյթունի մէջ «նիդ», ուր նաեւ նշանակեր է «կշռի սլաք»։ Վանի մէջ «նետ» կոչուեր է «շէնքի գերաններու իբր նեցուկ դրուած փայտը», իսկ Արցախի մէջ՝ «գորգի ոստայնի ամենավերին եւ ամենաներքեւի հաստ գերանները»։
Երբ կ՚ըլլայ սիրերգութիւն եւ խնջոյք եւ ցնծութիւն, ներկայ է դարձեալ… «նետ»ը։ Չէ, պատերազմի դաշտի մասին չէ խօսքը։ Հարսնիք կայ ու կը հնչէ ահեղաձայն զուռնան։ Ալեւոր ստուգաբանութիւնը շատ հարսնիքներ տեսած է եւ ալ կը սիրէ աշխուժութեամբ պարել, քէֆ ընել։ Բայց աւելի կը սիրէ մտաբերել, թէ ինչպէս, ըստ պարսիկ ժողովուրդի մեկնաբանութեան, «զուռնա» բառը կազմուած է «սուր»- տօն, հարսնիք, խնջոյք եւ «նայ»- եղէք, սրինք, փող բառերէն։ Ուստի, «զուռնայ, կամ՝ սուռնա» կը նշանակէ «տօնական սրինգ»։
Եւ այդ տօնական սրինգը, մեր ցնծութեան նետը, նորոգուած շունչ գտաւ սասունցիներու մօտ, Գ. Էմինի գրչին տակ.
«Եւ երբ տեսան, էլ չարորդին մօտ չի՜ գալիս,
Եւ երբ տեսան՝ էլ վառօդի հոտ չի՜ գալիս,
Եւ երբ տեսան՝
Էլ չի՜ թափուում հողին արիւն,
Եւ երբ տեսան՝
Եկաւ աշուն, եկաւ գարուն,
Առանց ահի, կոտորածի,
Բա՜ց արեցին սուփրէն հացի,
Զուռնէն խօսե՜ց բերանացի
Եւ Արագած լերան գոգին
Զարթնե՜ց կրկին Սասնայ ոգին...»
Երբ Հայկեան նետը այս տարի բոլորեց իր մեծ շրջանառութեան 4508-րդ տարին, իրաւունք ունինք ակնկալելու նոր Հայկերու յայտնութիւնը՝ նետաձգութեան եւ նշանառութեան մէջ, ի հարկէ։