ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԲՈԿԵՂ

- Բոկեղավաճառ կայ դիմացը։ Եկուր, երկու հատ առնենք, վերը կ՚ուտենք։

- Բօ… ի՞նչ։

- Բոկեղ… Սպասէ, հիմա կը պատմեմ։

- Բարեւ, երկու բոկեղ կու տա՞ք… Այրածներէն թող ըլլայ։

- Ամէնն ալ կէվ­­րէք են, երի­­տասարդ, փու­­ռէն նոր ելան։

Ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նէն հիւր եկած է եւ Պոլ­­սոյ հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րը անոր ցոյց տա՞լ կ՚ու­­զես։ Լա­­ւագոյն բարձրու­­թիւնը՝ Ղա­­լաթիոյ աշ­­տա­­­րակը, հին քա­­ղաքի հնա­­գոյն դի­­տարա­­նը։ Թէեւ կ՚ու­­զէինք ոլո­­րապ­­տոյտ աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րը օգ­­տա­­­գոր­­ծել, -թի­­ւով 400-ի չափ-, վեր ել­­լե­­­լու հա­­մար, սա­­կայն տոմ­­սա­­­կավա­­ճառին բա­­ցատ­­րութեամբ, ներ­­սը վե­­րանո­­րոգ­­ման աշ­­խա­­­տանքներ կան ու պէտք է գոր­­ծա­­­ծել վե­­րելա­­կը, -որ շու­­տով կը հաս­­նի։

Վե­­րելա­­կին հետ կը բարձրա­­նայ նաեւ բոյ­­րը ան կլոր, ապա­­րան­­ջա­­­ձեւ հա­­ցին, որ «սի­­միթ» անու­­նին տակ, իր պա­­տուա­­ւոր տե­­ղը ու­­նի քա­­ղաքի «արագ ու­­տեստե­­ղէն­­ներ»ու մշա­­կոյ­­թին մէջ։

- Մէ­­ջը ի՞նչ կայ։

- Քիչ մը կաթ, քիչ մը ռուփ, վրան ան­­շուշտ շուշմայ- բայց աւե­­լի՝ պատ­­մութիւն եւ աւան­­դութիւն։ Մա­­նու­­շակ, շատ հա­­մեստ եւ փոքր է «բո­­կեղ» բա­­ռը, ինչպէս ին­­քը։ Սա­­կայն, անոր պատ­­մութիւնն ու աշ­­խարհագ­­րութիւ­­նը, աւան­­դա­­­կանօ­­րէն Հա­­յաս­­տա­­­նէն մին­­չեւ Պալ­­քաններ, հսկայ օղակ մը կը կազ­­մէ։ Եթէ այդքան մեծ բո­­կեղ մը պատ­­րաստուած ըլ­­լար, տրա­­մագի­­ծը կը կազ­­մէր 2.500 քի­­լոմեթր։

- Ու կը կշտաց­­նէր 200 մի­­լիոն հո­­գի…

Կը հաս­­նինք վեր­­նա­­­յարկ ու 67 մեթր բարձրու­­թեան վրայ մեր առ­­ջեւ կը պար­­զուի 360 աս­­տի­­­ճան­­նոց, գլխու պտոյտ տուող հա­­մատա­­րած աշ­­խարհա­­ցոյց մը, կեն­­դա­­­նի պատ­­կե­­­րը եր­­կու ցա­­մաքա­­մասե­­րու, երեք թե­­րակղզի­­ներու եւ ար­­քա­­­յավա­­յել մէկ քա­­ղաքի։

- Գրա­­ւոր հա­­յերէ­­նի մէջ Մա­­նու­­շակ, «բո­­կեղ» բա­­ռի առա­­ջին գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը ստու­­գե­­­լու հա­­մար պէտք է ու­­նե­­­նալ սուր հո­­տառու­­թիւն, որ մեզ առաջ­­նորդէ Հա­­յաս­­տան, 1397 թուակա­­նը, Տա­­թեւ վան­­քը… Ժայ­­ռա­­­նիստ բարձրա­­դիր այդ վան­­քին առ­­ջեւ պար­­զուած է մէկ այլ տե­­սարան. Սիւ­­նեաց աշ­­խարհը իր ձիւ­­նա­­­զարդ լեռ­­նե­­­րով։ Իսկ վա­­նական հա­­մալ­­սա­­­րանի գրչա­­տան մէջ պի­­տի գտնենք «եռա­­մեծար» աս­­տուածա­­բան, իմաս­­տա­­­սէր, լե­­զուա­­բան եւ դա­­սախօս Գրի­­գոր Տա­­թեւա­­ցիին, որ նոր աւար­­տած է «Գիրք Հարցմանց։ աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւնը։ Մօ­­տենա­­լով գիր­­քին, պի­­տի տես­­նենք, թէ անոր էջե­­րուն մէջ առա­­ջին ան­­գամ սկսեր է եփիլ մեր «բո­­կեղ» բա­­ռը։ Վա­­նահայ­­րը նշած է. «Իսկ պան բա­­ղարջն է նա­­շիհն զան­­գեալ իւ­­ղով. Եւ որ­­պէս բո­­կեղն եփեալ ի թոն­­րի։ Եւ շօթն թանձր լօշ եփեալ եւ ապա օծեալ իւ­­ղով։ Եւ շա­­քար՝ պա­­տառ պա­­տառ կո­­տորեալ եւ ի տա­­պակի եփեալ իւ­­ղով»։

- Երբ ձմեռ է եւ ցուրտ, վա­­նակա­­նը թէ շի­­նակա­­նը, բո­­լորն ալ ախոր­­ժա­­­կով պի­­տի ու­­զէին տաք տաք բո­­կեղ մը ու­­տել։

- Տա­­րուան եղա­­նակը ճիշդ մտա­­ծեցիր։ Բո­­կեղը հայ­­րե­­­նիքի մէջ աւան­­դա­­­կանօ­­րէն Կա­­ղան­­դի հաց է։ Ըստ լե­­զուա­­բան­­նե­­­րու, ան բնիկ հայ­­կա­­­կան բառ է եւ կու գայ bhe ար­­մա­­­տէն, որ կը նշա­­նակէ «տաքցնել, խո­­րովել, բո­­վել»։ Այս ար­­մա­­­տը կը հա­­մեմա­­տուի դա­­սական յու­­նա­­­րէն φώγω (ֆո­­ղօ), գեր­­մա­­­ներէն backen, հին անգլե­­րէն bacan եւ անգլե­­րէն bake բա­­ռերուն հետ։

- Կ՚են­­թադրեմ, թէ անոնք ալ կը նշա­­նակեն «եփել, տաքցնել, խո­­րովել»…

- Անվրէպ։ Նոյն ար­­մա­­­տէն սե­­ռած է նաեւ «բով» բա­­ռը -մե­­տաղ հա­­լեց­­նե­­­լու փուռ։ Իսկ մեր չթթուած, անեկ «բո­­կեղ»ի բոյ­­րը միջ­­նա­­­դարուն ստա­­ցաւ կրօ­­նա-եկե­­ղեցա­­կան նշա­­նակու­­թիւն, ելաւ Տա­­թեւի լու­­սա­­­մուտնե­­րէն դուրս, օղակ օղակ տա­­րածուեցաւ հայ­­րե­­­նի գա­­ւառ­­ներ, մտաւ մեր ծու­­խե­­­րէն եւ ծէ­­սերէն ներս։ Կա­­ղան­­դին եւ Սուրբ Ծնունդին հայ տան սե­­ղանը զար­­դա­­­րող յա­­տուկ խմո­­րեղէն­­նե­­­րէն է բո­­կեղը։ Կե­­սարիոյ Ռումտի­­կին աւա­­նի մէջ (այժմ՝ Ֆէ­­լահի­­յէ) ամէն ըն­­տա­­­նիք Ս. Ծնունդին եփեր է գա­­թայ եւ բո­­կեղ։ Բո­­կեղը պատ­­րաստեր են թա­­հինով։ Խմո­­րին վրայ չա­­միչ են դրեր եւ թո­­նիրին մէջ եփեր են։ Ըստ բար­­բա­­­ռագէտ Հ. Աճա­­ռեանի, Ատա­­փազա­­րի մօտ, Աս­­լանպէկ գիւ­­ղի մէջ «ռու­­փով խմո­­րած կլո­­րիկ կամ մա­­նեկա­­ձեւ հա­­ցը» կո­­չեր են «բէօգէղ»։ Զայն պատ­­րաստեր են նոր տա­­րուայ առի­­թով, պա­­հեր են մին­­չեւ Տեառ­­նընդա­­ռաջ, նոյն օր իրա­­րու բաժ­­նե­­­լու հա­­մար։ Ձէ­­թով բո­­կեղի բոյ­­րը, հայ­­րե­­­նի հո­­ղէն հե­­ռու Քե­­սապի մէջ, մին­­չեւ այ­­սօր կ՚ու­­ղեկցի Խա­­ղողօրհնէ­­քին։ Շա­­բաթ օր թո­­նիր­­նե­­­րը կը վա­­ռեն, բո­­կեղ­­նե­­­րը կը թխեն, Կի­­րակի առա­­ւօտեան տի­­կին­­նե­­­րը զայն կը տա­­նին եկե­­ղեցի։

- Ա՜հ, ռու­­փը… Քե­­սապի մէջ այդ քաղցրա­­համ հիւ­­թը պատ­­րաստե­­լու հա­­մար ի՛նչ մեծ ոգե­­ւորու­­թիւն, ի՛նչ մեծ տօն, Մա­­սարա՛, որուն կ՚ըն­­կե­­­րակ­­ցին երգն ու պա­­րը։

- Բա­­ռը մտեր է նաեւ աւե­­լի նոր ժա­­մանակ­­նե­­­րու գրա­­կանու­­թեան էջե­­րը. Գրի­­գոր Զօհ­­րա­­­պը «Այ­­րին» պատ­­մուած­­քին մէջ կը գրէ. «Հի­­մա ալ լուսնա­­լու մօտ էր ու Փե­­րայի տու­­նե­­­րը կը ճշդուէին ստուերա­­մած հո­­րիզո­­նին վրայ… Բո­­կեղ, կաթ ու սահ­­լեպ վա­­ճառող­­ներ պո­­ռալով կը սկսէին իրենց ... առու­­տուրը, այդ ծա­­ռանե­­րուն, բեռ­­նա­­­կիր­­նե­­­րուն ու պա­­հապան­­նե­­­րուն բե­­րելով աժան գի­­նով նա­­խաճաշ մը»։ «Բո­­կեղ» բա­­ռը իր հա­­մեստ տե­­ղը ու­­նի նաեւ Շա­­հան Շահ­­նուրի մօտ։ «Նա­­հանջ Առանց Եր­­գի» վէ­­պի մէջ Կի­­րակի օր մըն է, Փա­­րիզի հայ­­կա­­­կան եկե­­ղեց­­ւոյ փո­­ղոցը. «Իրաւ ալ եկե­­ղեցիին առ­­ջեւ կը ծա­­խէին բո­­կեղ, բակ­­լա­­­ւա, ապուխտ, դդու­­մի կուտ եւ այլ օգ­­տա­­­կար ու հա­­ճելի բա­­ներ»։Վեր­­ջիննե­­րու համն ու հո­­տը պատ­­ճառ կ՚ըլ­­լան, թէ Պետ­­րո­­­սը, -վէ­­պին հե­­րոսը-, իր ու­­թը ըն­­կերնե­­րով, փո­­խանակ եկե­­ղեցի մտնե­­լու, առ­­նէ այդ ու­­տե­­­լիք­­նե­­­րը ու եր­­թայ «դէ­­մի պզտիկ սրճա­­րանը»։ «Բո­­կեղ» բա­­ռը, մի՛ զար­­մա­­­նար, նոյ­­նիսկ մտած է մեր երազ­­նե­­­րուն մէջ… Ըստ հայ­­կա­­­կան «երա­­զահան» գիր­­քե­­­րու, «Բո­­կեղ Շա­­խել» կը նշա­­նակէ՝ ու­­րի­­­շի գոր­­ծին խառ­­նուելու փա­­փաք, «Բո­­կեղ Գնել»՝ լրտե­­սու­­թիւն ու­­րիշնե­­րու կող­­մէ, իսկ ին­­քը, «Բո­­կեղ»ը՝ մեծ եւ առատ ծախ­­սեր ընե­­լու մո­­լու­­թիւն։

- Բա­­րեբախ­­տա­­­բար, մին­­չեւ այ­­սօր երա­­զիս մէջ բո­­կեղ չեմ տե­­սած։

- Բո­­կեղը Յու­­նաստա­­նի մէջ «քու­­լուրի» է։ Պոլ­­սոյ մէջ տա­­րածուած է «սի­­միթ» անուանու­­մը, արա­­բերէն բառ մը (նաեւ «սա­­միթ»), որ կը նշա­­նակէ նուրբ ալիւր կամ կոր­­կոտ։ Նոյն բա­­ռը կը գոր­­ծա­­­ծեն արեւմտեան Եւ­­րո­­­պայի եր­­կիրնե­­րը, Շուէտէն մին­­չեւ Փոր­­թուկալ։ Զմիւռնիոյ մէջ «կէվ­­րէք» կ՚ըսեն բո­­կեղին։ Պալ­­քաննե­­րու մէջ, պուլղար­­նե­­­րու, մա­­քետո­­նացի­­ներու եւ սեր­­պե­­­րու մօտ տա­­րածուած է ա՛յս բա­­ռը։ Իսկ քիւրտե­­րը «կի­­լորիկ» (kilorîk) կ՚ըսեն բո­­կեղին։

- Զմայ­­լե­­­լի է այս տե­­սարա­­նը, ինչպէս պատ­­մութիւ­­նը, ոլո­­րուած՝ օղակ մը հա­­ցի վրայ… Վեր­­ջա­­­ցաւ բո­­կեղս։ Շատ հա­­մով էր։ Քո­­վը սո­­վորա­­բար ի՞նչ կը խմէք։

- Թէյ, միայն թէյ։ Մա­­նու­­շակ, Կա­­ղան­­դը կը մօ­­տենայ։

- Որո­­շեր եմ։ Բո­­կեղ պի­­տի պատ­­րաստեմ։

- Բոյ­րը մին­չեւ Պո­լիս կը հաս­նի՞։

- Կը փորձեմ։