Մայրական խոհանոցէն ալիք առ ալիք դուրս կ՚ելլէ կաղամբի տոլմային բոյրը։ Ձմեռնային ցուրտ օրերուն անոր լոկ բոյրն իսկ ջերմացնող է եւ կշտացնող։ Առաւելաբար, ծայր աստիճան առողջարար է եւ սննդարար՝ «թառամած, թօշնած, նսեմացած, չորցած հիւծած եւ հալած» բոլոր մարմիններուն համար։
Տիկին Զիւմրիւթը, -կեսարացի հայուհի, որուն ճաշերը համբաւ ունին ամբողջ գերդաստանի մէջ,- սեղան կը բերէ սանը։ Ու երբ կը բացուի կափարիչը, ոլորապտոյտ կը բարձրանայ փառաւոր ճաշի գոլորշին։ Կափարիչին հետ կը բացուի նաեւ քաղցրահամ զրոյց։
- Այս տոլմայի տերեւներուն մէջ ի՜նչ պատմութիւններ են փաթթուած...
- Ես կը կարծէի, թէ միս ու բրինձ, սոխ ու սխտոր միայն փաթթած եմ։ Քանի՞ հատ դնեմ։
- Տասը հատ մը։ Մածուն կա՞յ։
- Մածուն ալ կայ, սումախ ալ։ Է՜, ի՞նչ է այս կաղամբին պատմութիւնը։
- Նախ՝ անունը։ «Կաղամբ» բառը յունարէն է։ Բունը κράμβη (քրամվի)։
- Եւ ի՞նչ կը նշանակէ ան... Մածունը քո՞վը դնեմ։
- Չէ, ճիշդ վրան... «Քրամվի»ն կու գայ «քրամվոս» բառէն, ածական մըն է։ Կը նշանակէ «խորշոմած, կուչ կուչ եկած, թառամած, թօշնած, նսեմացած, չորցած, հիւծած, հալած»։
- Ձեզի նման։ Չէք ուտեր, չէք ուտեր, այսպէս ոսկոր ու մաշկ կը մնաք։ Կե՛ր, որ պնակ մը եւս դնեմ։
- ... Իրականութեան մէջ, տերեւներու տեսքին համար այդպէս կոչուած է... Ինչպէս այս ճաշին բոյրը սենեակէ սենեակ ճամբորդեց, նոյնպէս ալ «կաղամբ» բառը ճամբորդած է երկրէ երկիր, -ճշգրտօրէն, Եւրոպայէն դէպի արեւելք։ Նախ Բիւզանդիոն, ապա Հայաստան, Պարսկաստան, Միջագետք, Հնդկաստան ու վերջապէս Չնաստան եւ Ճապոնիա։ Ուր որ հասեր է, բացեր է այդ ազգերուն ախորժակը։ Յիշել կ՚արժէ, թէ Չնաստանը այսօր կ՚արտադրէ աշխարհի բոլոր կաղամբներուն յիսուն տոկոսը, իսկ Հնդկաստանը՝ տասը տոկոսը։ Նաւապետ Ճէյմզ Քուքի շուրջերկրեայ երեք ծովագնացութիւններու խոհարարական գաղտնիքը կաղամբն էր, գիտէի՞ր։ Նաւաստիները լնդախտ չեն ունեցած եւ այդ արշաւանքներուն դիմացեր են կաղամբի սննդարար թթուաշի շնորհիւ։ Պարսկաստանի խոհանոցներուն մէջ բառը դարձած է «քալամ, քարամպ», լատիներէն crambe, արաբական երկիրներու մէջ «քարնապ», Ասորեստանի մէջ «քրաբբա»։ Քրտերուն համար «քէլէմ», ազերիներուն համար՝ «քըլըմ»։ Լատիններուն brassica կոչած բոյսերու ընտանիքը։ Իսկ Հայաստանի պարագային, փոճոկաւորներու ընտանիքին պատկանող երկու տարեկան այս համեստ բոյսը, -որ ունի բարձր, ուղղաձիգ, ճիւղաւորեալ ցօղուն, գլխուն վրայ մսոտ, լայնատարած տերեւներ եւ դեղնագոյն, ողկուզաձեւ ծաղիկներ,- համեմեր է նաեւ հայոց բարբառը։ Մեր լեզուա-խոհանոցին մէջ, դարերու ընթացքին, դանդաղօրէն եփած են «կաղամբ»ով պատրաստուած բազմաթիւ բառեր։ Նախ՝ իր տեսակները. տերեւակաղամբ, գնդակաղամբ, ընդակաղամբ (ծաղկակաղամբ)։ Հայկական աւանդական պատմութեան մէջ նոյնիսկ ունեցեր ենք «Կաղամբացան Հայր»։
- Կարեւոր մէկը ըլլալու է։
- Շատ։ Բիւզանդիոնի հայազգի կայսր, զօրավար, պետական գործիչ Յովհաննէս Ա. Չմշկիկի հայրը։
- Կասկած չունիմ, թէ ապագայ կայսրի մայրը իր ամուսինին աճեցուցած կաղամբներու թթուաշով, տոլմայով եւ աղցանով կերակրած է իր փոքրիկ Յովհաննէսը։
- Չեմ առարկեր, քանի որ 925 թուականին Չմշկածագի մէջ Գուրգէններու նախարարական ընտանիքէն ծնած Յովհաննէսը, հակառակ իր կարճ հասակին, կարճ ժամանակի մէջ դարձաւ կայսրութեան ամենէն զօրաւոր, տոկուն ռազմավարներէն մէկը։ Անոր շնորհիւ Բիւզանդիոնը վերադարձաւ իր նախկին փառքի օրերուն։ Հազիւ քսան տարեկանին մասնակցեցաւ Կարնոյ գրաւման, նշանակուեցաւ Արեւելեան զօրքերու սպարապետ, 969-ին վճռական ճակատամարտի մէջ ջախջախեց արաբական բանակը։ Երկու տարի վերջ կը կռուէր կայսրութեան արեւմտեան ծայրամասերուն վրայ։ Նախ պարտութեան մատնեց Թրակիա ներխուժած ռուսերը, ապա կայսրութեան միացուց Պուլկարիոյ կարեւոր մէկ մասը։ 972-ին կրկին կեդրոնացաւ արեւելեան սահմաններու ապահովութեան եւ ընթարձակման գործընթացին։ Գրաւեց Մարտիրոպոլիսը-Նփրկերտը այսինքն, այսօրուան Սիլվանը-, ապա Մծբինը, Դամասկոսը, Հոմսը, Պա՛ալպէքը, ամբողջ Պաղէստինը եւ Լիբանանը՝ իր Պէյրութով, Պիպլոսով եւ Տրիպոլիով։
- Ամբողջ կորովը կաղամբի շնորհիւ։ Ձեր մայրերուն եփած ճաշը եթէ ուտէք, ահա այսպէս զօրաւոր կ՚ըլլաք։ Տուր պնակը, նորէն լեցնեմ։
- Թան կա՞յ...
- Մա՜, թանը սառնարանի մէջ մոռցայ։ Դուն շարունակէ պատմել...
- Բառը լաւ աճեր, ճիւղաւորուեր է հայերէնի դաշտերուն մէջ։ Ծնունդ տուեր է բազմաթիւ բարդ բառերու, որոնք իրենց կարգին ունին իրենց համեստ պատմութիւնը... Մեր գեղջուկները բանջարանոցին մէկ անկիւնը ունցեր են «կաղամբանոց»։ «Կաղամբակոթ»ին վրայ հասակ նետեր են այդ բոյսերը։ Անոնք տուեր են հասուն «կաղամբակուրծ»։ Երբեմն «կաղամբակեր» վնասակար «կաղամբաթիթեռներ» կերեր են տերեւները։ Երբեմն ալ «կաղամբապալար» պատահեր, փճացուցեր է զանոնք։ Բայց շատ անգամ լաւ բերք ստացուեր է։ «Կաղամբակիր» պարտիզպանը հաւաքեր է բերքը, բերեր է շուկայ։ Շրջուն «կաղամբավաճառ»ներ անցեր են փողոցներէն։ Անոնց ձայնը լսեր են մայրեր։ Կաղամբը առեր պատրաստեր են միսով «կաղամբապուր»։ Հիւանդ զաւակներուն ալ պարտադրեր են, որ խմեն գաւաթ մը «կաղամբաջուր»։ Իսկ անդին ատաղձագործեր շիներ են «կաղամբատակառ»։ Տիկիններ անոր մէջ դրեր են «կաղամբաթթու»։ Ընտանիքներ եւ անոնց հիւրերը ջերմ սեղաններու շուրջ շերեփ առ շերեփ վայելեր են զայն...
- Համշէնցի մեր դրացին ալ կը գանգատի, թէ իր գիւղի յայտնի կարմրագլուխ կաղամբը հոս նոյն համը չունի։ Անոնք ալ կաղամբով «թերթեր» կը շինեն, «չարհալայի ապուր» կը շինեն...
- Կը հաւատա՞ս, այսքան պատմութիւն, կանանչ տերեւի մը խորշոմին մէջ... Ես գործի չուշանամ։ Ձեռքերդ դալար, շատ համով էր...
- Անուշ ըլլայ։ Նորէն եկուր, նորէն կ՚եփեմ։