ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԱՆԴՐԻ

-Բառ, որ մարդացաւ-

-Այս թանգարանը ամէն անգամ անվրէպ կը զարմացնէ զիս։ Երբ կը կարծեմ, թէ ամէն ինչ տեսեր եմ, նոր առարկաներ կը յայտնուին աչքերուս առջեւ ու անոնք կը զգլխեն զիս... Ուրախ եմ, որ հրաւէրս չմերժեցիք ու ընկերակցեցաք ինծի։

-Ես ալ ուրախ եմ, Լեռնա։ Առաւելաբար, կրկին տեսնել Անահիտ դիցուհիի անդրին, այսինքն ինչ որ մնացեր է անոր արձանն, ինծի համար հաճոյք էր։ Ի՛նչ գեղեցիկ պարզութիւն է ան, ինչ պաշտելի դէմք։

Լեռնան հայրենիք ներգաղթած ուղեցոյց մըն է։ Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի առջեւ սկսող մեր զրոյցը կը շարունակուի հրապարակին հանդիպակաց մայթին վրայ, բացօթեայ սրճարանի մը հովանուտին տակ ու կը զարգանայ դէպի մայրաքաղաքի յայտնի անդրիները եւ «անդրի» բառը։

-Պարոն ստուգաբանութիւն, զբօսաշրջիկներ շատ անգամ մեծ յուշարձանները կ՚ուզեն տեսնել, անգիտակցելով, թէ Երեւանը հարուստ է նաեւ երեւելի մարդոց անդրիներով, թիւով 93 հատ։

-Լեռնա, երեւանեան անդրիներու յատուկ շրջապտոյտ մը պէտք է որ կազմակերպես, քանզի անոնք շատ անգամ դպրոցներու, հաստատութիւններու բակերուն մէջ են, զբօսաշրջիկներու յաճախած մայր ճանապարհներէ դուրս։

-Նկատի կ՚առնեմ... Պարոն ստուգաբանութիւն, զարմանալի է. երբ մէկ անգամ «գլուխ»ներու մասին խօսք եղաւ, արտայայտեցիք որոշ դժգոհութիւն մը։ Նոյնիսկ յիշեցիք Ռազմիկ Դաւոյեանի մէկ բանաստեղծութիւնը։

-Այո՛, «Մի մեծ գլխի ստուեր...»։ Լեռնա, կան գլուխներ, որոնք շատ մեծ են, կամ կը կարծեն, թէ մեծ են, ու կը ծածկեն ամբողջ երկիրը։ Կը խափանեն լոյսը ու ժողովուրդը կը դատապարտեն ապրիլ խաւարի մէջ։ Իսկ կան նաեւ երանելի գլուխներ։ Անոնց անդրիներն է, որ կը լուսաւորեն մայրաքաղաքը։ Երբ կը քալես փողոցներու, հրապարակներու վրայ՝ անգիտակցաբար կը դաստիարակուիս։ Մեծերու յիշատակին հետ ապրիլ, երբ արուեստով ներկայացուած է ան, ներշնչում կու տայ, կը կոփէ ու կ՚ազնուացնէ բնակիչներու հոգին։

-Կան պատմաբաններ, որոնք կը կասկածին, թէ Անահիտի անդրին հայկական է։ Գուցէ յունական, հելլենիստական…

-Մենք կը հաւատանք, թէ հայկական է։ Բայց ճիշդ է, «անդրի» բառը յունական է, փոխառութիւն մը άνδριάς «անդրիաս», այսինքն «այրական» բառին։ Արմատը ἀνήρ «անիր», որ բուն կը նշանակէ «այր»։ Հնդեւրոպական բազմաթիւ լեզուներու մէջ տարածուած է ան. սանսկրիտ «նարա», գրաբար հայերէն «այր, առն», հնդկերէն եւ միջին պարսկերէն «նար», փոքր ասիական հնագոյն լեզուներու մէջ «աննարա, նարս», հին իռլանտերէն «ներտ», ալպաներէն «ներա», իտալերէն «ներ», լատիններու մօտ յատուկ անուն «Ներօ»… Բոլորին մէջ ունի «մարդ, առնականութիւն, կորով, հերոս, քաջութիւն» իմաստները։ Լեզուաբանները ստուգած են, թէ այդ բոլոր բառերը ունին հասարակ ծին։

-Մեր հայածին «այր»ը, ուրեմն, ճամբորդած է Յունաստան, ուսում է առեր, ապա վերածուեր է գեղադէմ արձանի մը ու վերադարձեր է Հայաստան։

-Եւ այդ «այր»ը չէ մնացած ամուլ։ Ծներ է «անդրիանդ, անդրիագործ, անդրիանտագործ, անդրիաստեղծ, կիսանդրի» բառերը, որոնք զարդարեր են Ոսկեդարեան գրականութեան էջերը։ Իսկ «այր» արմատի շնորհիւ մեր մայրենին հարստացեր է բազմաթիւ արտայայտութիւններով. «Քաջ արանց, վատ արանց, այր երեւելի, այր ոք, այր ընդ արամբ, այր խաղաղութեան, այր գործոյ, այր զօրութեան, այր մահու, այր պատերազմի, արք արեանց, այր Աստուծոյ, այր եւ ձի, այրուձի...։ Դանիէլ Վարուժանի «Հարճը» ստեղծագործութեան մէջ Բագրատունի իշխան Տրդատը «առնագեղ» է, իսկ Հարճը՝ «առնաբաղձ»։ Այրը անշուշտ ցկեանս մենակեաց չէր կրնար ապրիլ։ Ուստի, պէտք է եղած երկու գեղեցիկ արտայայտութիւն եւս. «առն տալ» եւ «առն լինել»՝ ամուսնանալ, ամուսին դառնալ։

-Դուք երբ կը յիշէիք այդ ընտիր արտայայտութիւնները, աչքերուս առջեւէն կը տողանցէին քաջ, երեւելի, գործունեայ հայերուն դէմքերը. Սայաթ Նովան, Խաչատուր Աբովեանը, Յարութիւն Շմաւոնեանը, Ղազարոս Աղայեանը, Ռաֆֆին, Շիրվանզատէն, Նուպար Փաշան, Յովհաննէս Թումանեանը, Եղիշէ Թադէոսեանը, Դանիէլ Վարուժանը, Նաիրի Զարեանը, Մինաս Աւետիսեանը, Սերկէյ Փարաճանովը, Վահրամ Փափազեանը, Ռուբէն Սեւակը, Խաչիկ Դաշտենցը, Տիգրան Պետրոսեանը, որոնց անդրիներն է որ կը պահեն ազգին յիշողութիւնը։

-Իսկ հայոց լեզուի երկրպագուները Հրաչեայ Աճառեանի անդրին պիտի որոնէին ու գտնէին Աւան շրջանի համանուն թաղամասին մէջ։

-Պարոն ստուգաբանութիւն, եթէ «անդրի» բառը «այր» կը նշանակէ, ինչպէ՞ս բացատրել բանաստեղծուհիներ Շուշանիկ Կուրղինեանի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի, գեղանկարչուհի Մարիամ Ասլամազեանի անդրիները Կոմիտասի անուան Պանթէոնի մէջ։

-Սրամիտ ակնարկութիւն։ Լեռնա, բառերը կերպընկալ են. ժամանակի ընթացքին, նոր պահանջներու տակ իմաստի փոփոխութիւն կ՚ունենան։

-Կը նկատեմ, թէ Երեւանը զարդարող բոլոր անդրիները հայեր չեն։ Կայ Սախարովը, Փուշքինը, Նանսէնը, Չէխովը, Թոլսթոյը, Կորքին…

-Հիւսիսի մեր բարեկամները… Իսկ ծովեր անցեր ու հայկական հողի վրայ ջերմ ընդունելութիւն գտեր են Լէոնարտօ Տա Վինչին եւ Հարաւային Ամերիկայի ժողովուրդներու ազատագրական պայքարի առաջնորդ, Արժանթինի ազգային հերոս Խոսէ Տէ Սան Մարթինը։ Լեռնա, անդրիներու ցանկիդ մէջ կը բացակայի Աղեքսանդր Մակեդոնացին։ Մեր մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցը անկասկած պիտի ուզէր երեւանեան հրապարակի մը վրայ հանդիպիլ անոր ու բարեւ մը տալ, այն Չարենցը, որ գրած է հետեւեալ տողերը. «…Իմ սենեակում երէկ նստած՝ կարդում էի Ալեքսանդրին։ Կարդում էի… Եւ իմ հոգին հսկայ մի խինդ էր ողողում.- Այդքան պայծառ ու ահագին արեգա՛կն է միայն շողում։ Եւ կարդալով Ալեքսանդրին՝ կրկին անգամ ես հասկացա, թէ ինչու է նրա անդրին սերունդների սրտում կեցած»։

-Չունինք աշխարհի մեծագոյն զօրավարի անդրին, բայց ունինք Չարենցինը՝ այս սրճարանէն ո՛չ շատ հեռու, Ամիրեան պողոտայի վրայ Եղիշէ Չարենցի անուան թիւ 67 դպրոցի բակին մէջ։

-Իր կարգին, «Աղեքսանդր» անունը իր մէջ կը պարունակէ ἀνήρ (անիր) բառը, «մարդ»։ Իսկ ἀλέξω (ալեքսօ) բայ մըն է, «պաշտպանել, օգնել»։

-«Մարդո՜ւ պաշտպան»։ Պարոն ստուգաբանութիւն, ինծի համար մայրաքաղաքի բոլոր կաւէ, մարմարէ, պղինձէ, պրոնզէ, պազալտէ անդրիները, -քաջ այրերը եւ փափկասուն կիները հայոց աշխարհի-, պաշտպաններ են։

-Մարդու, լոյսի պաշտպաններ...