ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՊԱՏՈՒԱՍՏ


Միշտ չէ, որ այցելու կ՚ունենան հին քաղաքի ամենահին գիշերօթիկ նախակրթարանի սաները։ Այսօր, 6 Նոյեմբեր 1978 թուականի այդ ամպոտ Երկուշաբթին, ունին։ Բուժքոյր մը, որ եկած է բո­լորը պա­տուաս­տե­լու։ BCG։ Ման­կա­պատա­նինե­րուն հա­մար վե­րամու­տի տհաճ պար­տա­ւորու­թիւն մը՝ թո­քախ­տի դէմ։ Իսկ այն սա­կաւա­թիւ քա­ջարի աշա­կերտնե­րուն հա­մար, -որոնք միեւ­նոյն ժա­մանակ աւե­լի անա­ռակ են եւ անհնա­զանդ- դա­սերէն ազա­տուե­լու մի­ջոց։ Նախ՝ հին­գե­րոր­դի աշա­կերտնե­րը։ Ու­սուցչու­հիի ըն­կե­րակ­ցութեամբ անոնք դա­սարա­նէն կ՛ել­լեն եւ կ՚ուղղուին դէ­պի բու­ժա­րան, -երկրորդ յար­կի վրայ ըն­դարձակ եւ լու­սա­ւոր սե­նեակ մը, ուր տենդ ու­նե­ցող­նե­րու հա­մար կայ ան­կո­ղին եւ դե­ղորայք, քի­թը արիւ­նողնե­րու հա­մար բամ­պակ, իսկ ձեռ­քը ցուրտէն ճա­քած­նե­րուն հա­մար ալ «կլի­սէրին»։

Աշա­կերտնե­րը իրենց դպրո­ցական թի­ւի կար­գով կը մտնեն ներս։ 117, Մու­րատ... 144, Աւե­տիս... 177, Սապ­րի... Երեք ճիչ, ապա դուրս կ՚ել­լեն անոնք։ Ար­շակ, Թով­մաս, Մել­քոն... Երեք ճիչ եւս ու անոնք ալ դուրս կ՚ել­լեն։ Կար­գը Մի­սաքինն է։ Մի­սաքը թե­ւը չի բա­նար։ Կ՚անի­ծէ այն գիւ­տա­րարը կամ բժիշ­կը, որ հնա­րեր է պա­տուաստ կո­չուա­ծը։ Ու կը մտա­ծէ. ուրտե­ղէ՞ն եկաւ այդ փոր­ձանքը...

Նոյն հար­ցումը հար­ցուցեր են նաեւ լե­զուա­բան­ներ, -թէեւ տար­բեր մտա­հոգու­թեամբ-, թէ ուրկէ՞ յայտնուեցաւ «պա­տուաստ» բա­ռը ու մտաւ նախ մեր այ­գի­ներուն, մրգաս­տաննե­րուն մէջ, ապա մեր լե­զուին եւ երակ­նե­րուն։

Մարդկա­յին պա­տուաս­տումը նոր երե­ւոյթ է, -հա­մեմա­տաբար նոր-, եթէ նկա­տի առ­նենք ծի­րանի­ներու, խնձո­րենի­ներու, դեղ­ձե­նինե­րու, բա­լենի­ներու պա­տուաս­տումը, զոր պար­տիզպան­նե­րը կա­տարեր են հա­զարա­ւոր տա­րիներ։ Իսկ լա­ւագոյն մաս­նա­գէտը, որուն հետ կա­րելի է զրու­ցել մարդկա­յին պա­տուաս­տումի եւ «պա­տուաստ» բա­ռի պատ­մութեան մա­սին՝ պոլ­սա­հայ բժիշկ Տիգ­րան Փէշ­տի­մալ­ճեանն է, -ան, որ Փա­րիզի Մու­րա­տեան վար­ժա­րանի մէջ 1851-1854 թուական­նե­րուն աշա­կերեր­տած էր Գաբ­րիէլ Վ. Այ­վա­զովսկիի, 1867ին նոյն քա­ղաքի բժշկա­կան հա­մալ­սա­րանէն ներս փայ­լուն կեր­պով պաշտպա­նած էր իր աւար­տա­ճառը՝ «Ման­կանց Առող­ջութիւ­նը», եւ ան, որ 1869ին Պոլ­սոյ մէջ կայ­սե­րական բժշկա­կան ըն­կե­րու­թեան նախ ան­դամ էր ըն­դունուած՝ ապա ատե­նապետ։

Բու­ժա­րանի մէջ աղա­ղակ։ Մի­սաքը աչք աչ­քի եկաւ ասե­ղին հետ։ Գոր­ծը կը բար­դա­նայ։ Ու­սուցչու­հին կը մի­ջամ­տէ։ Հի­մա ան կը փոր­ձէ հա­մոզել Մի­սաքը, որ թե­ւը բա­նայ։ Մինչ բուժքոյ­րը կը գոր­ծա­ծէ մեղ­մա­բանու­թիւն. «Ասե­ղը, նա­յէ ի՛նչ պզտիկ է», «Պի­տի չցա­ւի», «Շա­քար պի­տի տամ»…

-Տոք­թոր Փէշ­տի­մալ­ճեան, կը շնոր­հա­ւորեմ։ Բժշկա­կան շրջա­նակ­նե­րու, նոյնպէս ալ ար­քունի­քի մէջ, բո­լորը կը խօ­սին ձեր նոր լոյս տե­սած գիր­քի մա­սին։

-«Պատ­մութիւն Մարդկա­յին Պա­տուաստման» աշ­խա­տասի­րու­թիւնս նա­խատե­սած եմ հայ ազ­գի լու­սա­ւորու­թեան հա­մար։ Լե­զուն հան­րա­մատ­չե­լի է, էջե­րը՝ պատ­կե­րազարդ։

-Սուլթա­նը շատ տպա­ւորուած է ձեր տա­ղան­դով ու որո­շած է ձեզ խորհրդա­տու բժիշկ անուանել։

-Պա­տիւ կը զգամ ու կը փոր­ձեմ բո­լորին օգ­տա­կար ըլ­լալ։ Բայց, պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, իմ ու­շադրու­թեանս կեդ­րո­նը մա­նուկներն են։ Տե­սէք, 1796-ին անգլիացի բժիշկ Էտուարտ Ճէն­նէ­րը առա­ջին ան­գամ ու­թա­մեայ պա­տանի Ճէյմզ Ֆիպ­սի բա­զու­կին վրայ յա­ջողու­թեամբ կի­րար­կեց մարդկա­յին առա­ջին պա­տուաս­տումը։ Այդ երա­նելի գիւ­տը այժմ արե­գակի ճա­ճանչնե­րու պէս կը տա­րածուի Լոն­տո­նէն աշ­խարհի չորս ծա­գերը։ Անոր շնոր­հիւ երկրա­գունտիս վրայ կը նուազի ծաղ­կախտէ մա­հացող­նե­րուն թի­ւը ու ան­նա­խըն­թաց ան­կում կայ նաեւ ման­կանց մա­հացու­թեան մէջ։

Բու­ժա­րանի մէջ խառ­նաշփոթ ձայ­ներ։ Կար­ծես, թէ Մի­սաքը կը յի­շէ բժիշկ Ճէն­նէ­րին եւ Ֆիպ­սին անուննե­րը։ «Չեմ ու­զեր, պի­տի ցա­ւի՜», «Ոչ, պի­տի չցա­ւի, նա­յէ՛, քու ըն­կերներդ ալ եղան», «Մա­մա՜, եկուր մա­մա՜», «Մի­սաք, մեծ տղա­ները ասե­ղէն չեն վախ­նար»…

-Յար­գե­լի տոք­թոր, մինչ պա­տուաս­տը, որ­պէս փրկա­րար ասեղ, ու­նի արեւմտեան՝ անգլիական ծա­գում, որ­պէս բառ՝ ու­նի արե­ւելեան՝ պահ­լա­ւերէն ար­մատ։ Patvast բառն է, որ 5-րդ դա­րուն հիւ­սիս-արեւմտեան Պարսկաս­տա­նէն նե­րար­կուեցաւ Հա­յաս­տան ու սկսաւ մեր գրա­կան լե­զուի երակ­նե­րուն մէջ շրջիլ։ Առա­ջին ան­գամ Յով­հան Ման­դա­կու­նի եւ Կիւ­րեղ հայ­րա­պետ­նե­րը գոր­ծա­ծեր են զայն, իրենց «Յա­ղագս սի­րոյ եւ սրբու­թեան, որով պտղա­բերին արա­րածք» եւ «Կո­չումն Ըն­ծա­յու­թեան» աշ­խա­տասի­րու­թիւննե­րու մէջ։ 14-րդ դա­րուն Կա­րապետ վար­դա­պետը զայն գոր­ծա­ծեր է «Ոտա­նաւոր ի խրատ ման­կանց ի վե­րայ այ­բուբե­նի» եր­կին մէջ։ Իսկ Նա­րեկա­ցին «Մա­տեան Ող­բերգու­թեան» ստեղ­ծա­գոր­ծութեան մէջ 11 ան­գամ գոր­ծա­ծեր է զայն, իւ­րա­քան­չիւրին տա­լով ան­հա­տակա­նու­թիւն. «սնո­տիապա­տուաստ», «ան­պա­տուաս­տե­լի», «քաղցրու­թեամբ պա­տուաս­տեալ», «բար­ւոք պա­տուաս­տեալ»… Միջ­նա­դարեան գրա­կանու­թեան մէջ բա­ռը ու­նե­ցեր է «կա­պակ­ցութիւն, յա­ւելուած, կցուած» իմաստնե­րը։

Բուժքոյ­րը Մի­սաքը հա­մոզե­լու վեր­ջին փորձ մը կը կա­տարէ, թէ պա­տուաս­տը եւ ախ­տե­րը ի՛նչ կա­պակ­ցութիւն ու­նին։ Մի­սաքը կը մեր­ժէ լսել։ Ու­սուցչու­հին յու­սա­հատ, կը խօ­սի հա­ւանա­կան պա­տիժի մը մա­սին։ Մի­սաքը կը սկսի ճչալ։ Ձայ­նը կը ներ­թա­փան­ցի պա­տեր. նախ կը մտնէ նոյն յար­կի մար­մա­րեայ քու­ռե­րով արե­ւելեան բաղ­նի­քը, ապա կ՚անցնի նրբանցքներ, կ՚իջ­նէ առա­ջին յարկ, կը հաս­նի դա­սարան­ներ, ու­սուցչա­րան, եւ վեր­ջա­պէս տնօ­րէնու­հիին գրա­սենեակը։ Տնօ­րէնու­հին դան­դաղ քայ­լե­րով կ՚ել­լէ իր սե­նեակէն…

-Տոք­թոր, բա­ռը դան­դաղ քայ­լե­րով, բառ առ բառ բնա­կու­թիւն գտած է հա­յոց լե­զուին մէջ. պա­տուաս­տա­կիր, պա­տուաս­տա­շէն, պա­տուաս­տել, պա­տուաս­տիչ, պա­տուաս­տութիւն, պտուաս­տումն, տի­րապա­տուաստ, կրկնա­պատուաստ… Տախ­տակներ իրար կցե­լով շի­նուած նա­ւակ­նե­րը անուաներ ենք «պա­տուաս­տա­լաստ», իսկ որ­դե­գիր զա­ւակ­նե­րը կո­չեր ենք «որ­դի պա­տուաս­տիւ»։ Եւ բո­լորին մէջ բա­ռը գոր­ծա­ծուեր է «միաց­նել, կցել, զօ­դել, ագու­ցում, յա­ւելում, վե­րադ­րութիւն» իմաստնե­րով։ Բա­ռը եկած է հին պարսկե­րէն patiwasti, patibasti ձե­ւէն, որուն մէջ pati մաս­նիկ է եւ band՝ բայ, որ նշա­նակէ «կա­պել, պա­տել, միաց­նել», իսկ basta-ն «կա­պուած, միացած» է։

-Ի՞նչ հա­մեստ ծա­ռայող մը. հո­ղագոր­ծին հա­մար առատ բերք, ծո­վագ­նա­ցին հա­մար նա­ւեր կա­ռու­ցե­լու հնարք, իսկ բժիշկնե­րուս հա­մար մեր առա­քելու­թիւնը կա­տարե­լու մի­ջոց…

-Տոք­թոր, ազ­գա­յին շրջա­նակ­նե­րու մէջ կը խօ­սին նաեւ ձեր նոր նա­խաձեռ­նութիւննե­րու մա­սին։

-Այո։ Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի եւ Կի­լիկիոյ զար­գացման հա­մար տնտե­սական ծրա­գիր մը կը մշա­կեմ։ Նաեւ կ՚աշ­խա­տիմ երկրորդ գիր­քի մը վրայ. «Արեւմտա­հայ Վար­ժա­րան­նե­րու Պատ­մութիւն»։ Յոյ­սով մօտ ապա­գային կը յա­ջողիմ զայն հրա­տարա­կել… Պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, իմ եւ հա­մախոհ պաշ­տօ­նակից­նե­րուս միակ փա­փաքն է առողջ եր­կիր եւ առողջ սե­րունդներ պատ­րաստել։

Բու­ժա­րանի մէջ մայ­րա­կան քնքոյշ ձայն. «Ապ­րիս Մի­սաք։ Նա­յէ, վախ­նա­լիք բան չկար»։ Տնօ­րէնու­հին է։ Մի­սաքին ձեռ­քէն բռնած դուրս կ՚ել­լէ բու­ժա­րանէն։ «Ինչպէ՞ս հա­մոզեց», կը զար­մա­նան տղա­ները։ Վեր­ջին աշա­կերտներն ալ կը կան­չուին այս պարսկա­կան բա­ռէն եւ անգլիական գիւ­տէն օգ­տուելու հա­մար։ 198, Էտիփ… 199, Յա­կոբ… 201, Ար­թօ…

Աշա­կերտնե­րը այ­սօր դաս չու­նին։ Գնդակ խա­ղալու հա­մար բակ կ՚ել­լեն, ու­րա­խու­թեամբ կը ճչան, ար­դէն մոռ­ցած այդ փոք­րիկ ցա­ւը, զոր «պա­տուաստ»ը տուաւ։