-Պարոն ստուգաբանութիւն, հայ ընթերցասէր հասարակութիւնը այս նոր թարգմանութեան շնորհիւ, անգամ մը եւս պիտի ըմբոշխնէ «Կոմս Մոնթէ-Քրիսթօ» սրտայոյզ եւ շահագրգռական վէպը։
-Այդ վէպը, որ հայր Ալեքսանտր Տիւմայի գլուխ գործոցն է, Ֆրանսայի մէջ վայելեց զգայացունց ժողովրդականութիւն։ Իսկ արտասահմանի մէջ՝ թարգմանուեցաւ հինգ լեզուներու։ Առաջին տպագրութեան հետեւեցան երկրորդները, երրորդները...
1911 թուականն է։ Պոլսոյ մէջ, Օննիկ Արզումանի տպարանին մէջ մամուլի տակ է Կոմս Մոնթէ-Քրիսթօ վէպին վեցերորդ ու վերջին հատորի վերջին պրակը։ Տպարանատէրը եւ գրաշարապետ Վահրամ Գէորգեանը փոքրիկ դադար մը տուած են։ Առիթէն օգտուելով կը զրուցենք «կոմս» բառի եւ կոմսերու մասին։
-Պարոն Օննիկ, հայկական քաղաքական պատմութեան մէջ ունեցեր ենք նախարարներ, մարզպետներ, ոստիկաններ, բայց, ո՛չ՝ կոմսեր։
-Մինչդեռ, այդ բառը, թէեւ օտարամուտ, ամէն օր մեր մամուլներու տակ է։ Կը բաւէր միայն Տիւմայի վէպերը եւ թատերախաղերը յիշել, տեսնելու համար, թէ որքա՛ն ժողովրդականութիւն կը վայելէ ան. Հէրման Կոմսը, Սէր Ժերան Կոմսուհին, Տը Շարնի Կոմսուհին, Կոմսուհի Տը Մոնսորօ, Պրաժլոն Դերկոմս եւ անշուշտ ամենէն համբաւաւորը՝ Կոմս Մոնթէ-Քրիսթօ խիստ արկածախնդրական եւ նոյնքան բարոյական վէպը։ Այս բառը, պարոն ստուգաբանութիւն, անկախ իր ծագումէն՝ ընթերցողներու աչքերուն առջեւ կը պարզէ հէքիաթային կեանք մը, ուր կան սիրային արկածներ, նախանձ, հարստութիւն, սնանկացում, վրէժ, ասպետականութիւն եւ գութ. մարդկային բոլոր ապրումները արքունի պալատի մը պարիսպներու շքեղութեան եւ ապահովութեան մէջ։
-Իրաւունք ունիք։ Սակայն, յիշեցէ՛ք, թէ բառը իր առաջին քայլերը այդպէս չէր առած։ Կրնամ ըսել, չարքաշ էր, յոգնաջան ու կ՚աշխատէր կեանքի անմիջական վտանքի մէջ։ «Կոմս» ազնուական տիտղոսը, -եւրոպական լեզուներու մէջ conte, conde, count, comté, cunta, kont, konti,- ունի լատինական ծագում։ Բունը՝ comes, իգական՝ comitissa։ Կազմուած է com «միասին» եւ eō «երթալ» բառերէն։ Ուստի, «կոմս» կը նշանակէ «հետեւորդ, ուղեկից, ընկերակից», ան որ Հռոմի կայսրին հետ կը քալէ, կը խորհրդակցի անոր հետ։ Գործի ասպարէզին մէջ կոմսը ստորադաս ասպետ էր նախ, վստահելի ու հաւատարիմ։ Ապա, հաստատ քայլերով սկսաւ պետական աստիճանները բարձրանալ։ 342-345 թուականներուն դարձաւ պալատի բարձր պաշտօնեայ,- comes sacrarum largitonium,- գլխաւոր հարկահան, որ նաեւ պատասխանատուն էր կայսերական փողերանոցներուն, հանքերուն, ջաղացքներուն եւ գործարաններուն։ Ան նաեւ վարչական բաժանմունքի, մանաւանդ սահմանամերձ մարզերու նախագահն էր։ Նոյն դարու վերջաւորութեան, երբ Հռոմի արեւմտեան կէսը կը հալածուէր հիւսիսային ցեղախումբերու կողմէ ու երկրամաս առ երկրամաս կը տարրալուծուէր, «կոմս»ը իր քայլերը ուղղեց դէպի արեւելք։
-Կ՚ենթադրեմ, նաեւ դէպի կայսրութեան արեւելեան ծայրամասը՝ դէպի Հայաստան։
-Այո։ Ըստ ֆրանսացի արեւելագէտ Մարի-Ֆելիսիտէ Պրոսէի, բառը 4-րդ դարուն անցաւ հայերէնի, երբ Թէոդոս Մեծն կայսրը այդ տիտղոսը տուաւ Մամիկոնեան իշխանի մը։ Յաջորդող դարերուն, լատին բառը ստացաւ իտալական conte, ֆրանսերէն comte եւ յունական «կոմիս» ձեւերը։ Կիլիկեան Հայաստանի շրջանին, հին-ֆրանսերէն cuens բառը, խաչակիրներու առագաստներով հասաւ Այաս նաւահանգիստը, ու երկրորդ անգամ մտաւ հայերէնի բառապաշարին մէջ, այս անգամ՝ «գունց» ձեւով։ 1288 թուականին Լեւոն Գ.ի եւ Ճենովայի հանրապետութեան դեսպանի միջեւ կնքուեցաւ առեւտրական պայմանագիր, որուն մէջ կար հետեւեալ կէտը. «Եւ վանց Ճընուվեզ վաճըռկներոյն որ չլինին ճանչած Ճընուվեզ Ճընուվիզի որդի, նայ գունցն (consul) իր աղէկ մարդկաւքն, այնէ կեցցութիւն որ Ճընուվեզ լինի ու Ճընուվիզի որդի»։ Այս կէտը ծնունդով ճենովացիներուն կու տար Կիլիկիոյ մէջ բնակութեան կամ կեցութեան թոյլտուութիւն։ Արտօնութիւնը կու տար Այասի մէջ ճենովական հիւպատոսութեան դատարանը, որ կը գտնուէր «Լոճիա» կոչուած շէնքի մէջ։ Խաչակիրներու անհետացումէն եւ 1375-ին Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք, կոմսեր չունեցանք մեր պատմութեան մէջ։ Բայց բառը բնակութիւն գտաւ տարբեր մենատիրութիւններու մօտ. 1706 թուականին Պետրոս Ա-ի օրով ան մտաւ Ռուսաստան ու գոյատեւեց մինչեւ 1917-ի յեղափոխութիւնը, երբ գոյութիւն ունէին 300 կոսմ։
-Պարոն ստուգաբանութիւն, կը հասկնամ, թէ «կոմս» տիտղոսը համապատասխան է «ոստիկան» բառին։ Գրաբար հայերէնի մէջ «ոստիկան» չէ՞ր կոչուեր թագաւորին կողմէ գաւառի մը, երկրամասի մը վրայ նշանակուած վերակացուն կամ կուսակալը։
-Անշուշտ։ «Ոստիկան»ը պահլաւերէն բառ է եւ կը նշանակէ «հաւատարիմ, վստահելի»։
Կը վերսկսի աշխատանքը։ Վերջին պրակի վրայ անոնք կ՚աւելցնեն Ա. Տիւմայի կենսագրութիւնը, ինչպէս նաեւ Վ. Հիւկոյի նամակը ուղղուած Տիւմա ընտանիքին։ 252-րդ եւ վերջին էջի վրայ կը զետեղեն հրատարակիչ եւ պատուիրատու Յ. Կ. Աշճեանի լուսանկարը։ «Կոմս Մոնթէ-Քրիսթօ»ն պատրաստ է։ Պարոն Արզումանը իր մօտ կը կանչէ տպարանի պատանի աշխատողներէն մէկը ու կ՚ըսէ.
-Մուրատ, տղաս, հոս լուսանկարի քլիշէ պատրաստող ինէ ուրիշ մէկը չկայ, կ՚ուզեմ քեզի սորվեցնել, յառաջացող տարիքիս մէջ՝ ինէ քեզի յիշատակ մը թող մնայ։ Բայց հիմա, պրակները կ՚առնես, կը տանիս կազմարարի մօտ։ Երբ վերջացունէ, բոլոր գիրքերը կը հասցունես՝ Աշճեան Գրատուն։
Երիտասարդը «Այո, էֆէնտի» կ՚ըսէ ու գործի կը լծուի։
-Պարոն ստուգաբանութիւն, Կեսարացի նորեկ մըն է։ Գործ տուինք։ Ընդունակ է։ Արհեստն ալ կը սիրէ։ Միայն, թէ մեր գործը ապերախտ է։ Որքան ալ աշխատինք, կոմսեր պիտի չդառնանք։
-Պարոն Արզուման, գալ տարի հայկական տպագրութեան 400-ամեակն է։ Պիտի յիշուին ու մեծ պատիւ պիտի ստանան մեր տպագրիչները։ Արդէն Թէոդիկը սկսած է յուշամատեան մը պատրաստել։
-«Տիպ Ու Տառ»։ Այդ գիրքին համար ես ալ ինքնակենսագրութիւն մը կը պատրաստեմ։
-Հայ ազգը այժմ պէտք ունի գրաշարներու, տպագրողներու, կազմարարներու։ Իսկ կոմսերն ու կոմսուհիները շարունակեն մնալ վէպերու մէջ։ Ձեր յաջորդ գո՞րծը...
-Գրիգոր Զօհրապէն երկու նոր գիրք, «Լուռ Ցաւեր», «Կեանքը Ինչպէս Որ Է»։ Շուտով կը սկսինք գրաշարել։
-Դուք իսկական «կոմս» էք, մեր գրականութեան «հաւատարիմ եւ վստահելի» մշակները։