ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՊԱՏՐՈՅԳ

Բացառութիւն է։ Մեր քաղաքին մէջ ելեկտրականութիւնը սովորաբար չի խզուիր։ Ինչպէ՞ս եղաւ, որ այս անգամ ժամ մը զրկուած պիտի մնանք անկէ։ Յամենայնդէպս հաճելի է կիսամութի մէջ աշխատիլ, հին օրերու պարզութիւնը կը յիշեցնէ.

-Հիմա ի՞նչ պիտի ընենք։

-Խոհանոցէն մոմ մը առ, վառէ, բեր։ Սպասենք պիտի։

Եւ այդպէս կ՛ընէ Անին, սովորական այցելու մը, որ կը սիրէ պատմավէպեր գրել ու պատմութեան մասին խօսիլ։ Երբ կը վերադառնայ, զգոյշ քայլերով կը մտնէ աշխատասենեակ, ձախ ձեռքով մոմը բռնած, աջով՝ պատրոյգին առջեւ վահան մը կազմած՝ որպէսզի յանկարծ չմարի, ապա զայն կը ձգէ սեղանին վրայ։ Կը լուսաւորուին գիրքերը եւ թէյի երկու յախճապակի գաւաթները։ Սպասման այս հանդարտ պահը առիթ կու տայ, որ խօսինք «պատրոյգ» բառի եւ հայ մտքի ճաճանչներու մասին։

- Լուռ ծառայող մըն է ան, որու շնորհիւ չէ՞, որ լուսաւորուած ենք։

- Կ՛երեւի, նախ մեր քարայրները, խուցերը, ապա միտքերը... Տես, շատ հին բառ է «պատրոյգ»ը։ Ըստ ստուգաբաններու ան կայծ առած է Հնդկաստանի մէջ։ Տեղական բուն ձեւը՝ pat-rōk: Rōk կը նշանակէ լոյս, իսկ patմասնիկը, մեր «պետ»ն է։ Ուստի, «պատրոյգ» բառացիօրէն կը նշանակէ «լոյսի պետ, լոյսը պահող»։

-Մեր նախնիները չէի՞ն կրնար թարգմանել զայն, փոխանակ ուղղակի փոխառութիւն կատարելու։ «Լուսապետ, լուսապահ», օրինակի համար։

-Կամ՝ լուսընկալ, լուսակիր, լուսակալ... Սակայն, ուշ է Անի։ Այդ բառերը արդէն նշանակած ենք այլ առարկաներու վրայ։ Իսկ «պատրոյգ»ը, պիտի տեսնես, թէ Սիամանթոյի եւ Վարուժանի գրչին տակ՝ դարձեր է մեր հարազատ բառը։

- Ինչպէ՞ս եկեր է Հայաստան։

- Հնդկաստանէն ճամբայ է ելեր, զգոյշ քայլերով նախ հասեր է Պարսկաստան։ Իրանի միջնադարեան լեզուի, պահլաւերէնի մէջ առեր է «պատրոյկ» ձեւը։ Ապա, նոյն հանդարտ քայլերով մտեր է հայոց լեռնաշխարհը։ Նախ տեղ գտեր է Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան եւ Սուրբ Բարսեղ Կեսարացիի «Ճառք վասն վեցօրեայ արարչութեանն» գործին մէջ։ Համեստօրէն սկսեր է լուսաւորել մեր ճգնաւորներու եւ գիտնականներու խուցերն ու միտքերը։ 1466-ին բժիշկ Ամիրտովլաթ Ամասիացին «Օգուտ Բժշկութեան» աշխատասիրութեան «Վասն Սննդեան Մանկանն» բաժնին մէջ, նոր մայրացած կիներուն տուած է հետեւեալ խրատը. «... տղան ի մօրն ի փորուն ելանէ՝ պիտի որ բամպկէ պատրոյգ այնեն, եւ զակնջին եւ զքթին մէջն սրբեն, քիչ մն մեղր ի խռչակն օծեն»։ Ապա, գաւառէ գաւառ, մոմ առ մոմ, ճրագ առ ճրագ ան ներթափանցեր է մեր լեզուին, կենցաղին եւ հաւատալիքներու ծալքերուն մէջ։ Կարնոյ մէջ դարձեր է «պատրուք», Ալաշկերտի եւ Մշոյ մէջ՝ «պադրուգ», Երեւանի մէջ՝ «պա՛տրիք», Ատանային մէջ՝ «բադրիգ», Եւդոկիոյ մէջ՝ «բառուք», Խարբերդի մէջ՝ «բայրօք» եւ Ակնայ մէջ՝ «բայօք»։ Զէյթունցիները «բադրըք» կոչեր են բուրդի կամ բամպակի գլանաձեւ ոլորքը, որմէ իլիկ մաներ են։ Իսկ Մարաշի մէջ ամէն տարի «Քառսուն Մանուկ»ի օր, ան հրաշալիօրէն փայլեր է։ Գրիգոր Գալուստեանի «Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ Հերոս Զէյթուն» (1988, Նիւ Եորք) գիրքին մէջ կը կարդանք. «Այս օրը Մարաշի հարաւակողմը առաքելական եկեղեցիներէն ամէնէն բազմամարդ ու բարգաւաճ Սուրբ Քառասուն Մանկունք մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրն է։ Տօնին օրը խոշոր ամանի մը մէջ ջուր կը լեցնեն եւ վրան ձէթ լեցնելով քառասուն պատրոյգներ կը վառեն, ի յիշատակ Քառասուն Մանկանց»։

-Յիշել կ՛արժէ նաեւ Միջինքը... Պատմագիրքերու մէջ նշուած է, թէ պատրոյգը վառեր է նաեւ Մեծ Պահքի 23րդ օրը։ Եկեղեցւոյ մէջ կը պատրաստէին «լիճք», այսինքն ջուրով եւ ձէթով լեցուն կոնք մը։ Անոր մէջ մինչեւ լուսաբաց կը վառէին եղէգէ շինուած խաչի մէջ պատրոյգը։ Կայ նաեւ Բասէնի եւ Արարատեան նահանգի աւանդութիւնները։ Այդ շրջաններու մէջ լիճքի մէջ կը վառէին քառասուն պատրոյգ...

-Բառը հանդարտօրէն անցեր է դարերու մէջէն, քաղաքական փոթորիկներէն, եկող-գացող լեզուներու ստեղծած խուճապներէն։ Ու յամառօրէն ան մնացեր է վառ։ Զայն անգամ մը եւս բռնկած կը տեսնենք սեբաստացի Դանիէլ Վարուժանի աշխատասենեակին մէջ։ 1909 թուականն է։ Քսանհինգ տարեկան բանաստեղծի գրիչէն դիտէ, հերոս զաւակին ռազմաճակատէն վերադարձը սպասող ծնողքի մը հպարտութիւնը.

«Յաղթանակի գիշերն է այս տօնական.-»

«Հա՛րս, եղ լեցո՛ւր ճրագին։»

«Պիտի դառնայ կռիւէն տղաս յաղթական.-»

«Հա՛րս, քիթը ա՛ռ պատրոյգին»։ («Առկայծ Ճրագ»)

Երեք տարի անց, հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեակի համազգային տօնի օրերուն, ակնցի Ատոմ Եարճանեանի գրիչը կը փառաբանէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը։ «Պատրոյգ» բառը ներկայ է իր լուման ընծայելու համար.

«Օգնէ՜ ինծի, համագումար Սկզբունք,

«Մկրտութեան ես անմիւռոն աւազան,

«Ես՝ աղօթքի կիսակործան գաւիթ,

«Ես՝ արորազուրկ հողագործ, անգերանդի հնձող,

«Ես՝ անբոյր օծանող եւ դառնահամ իւղ,

«Ես՝ անբալասան բժիշկ եւ պապակեալ պատրոյգ...»

- Ի՛նչ հեգնական. Մեսրոպ Մաշտոցը չէ՞ր առաջին անգամ մեր գրաւոր լեզուի մէջ «պատրոյգ» բառը գործածողը։ Եւ այս բանաստեղծութեան տողերուն մէջ ի՛նքը կը դառնայ «պատրոյգ»։

Կը վառին լոյսերը։ Անին կը մօտենայ մոմին, թեթեւ շունչ մը՝ ու կը մարի ան։

-Գեղեցիկ է այս պատմութիւնը, թէ ինչպէ՛ս բառը կը մարմնացնէ լուսաւոր, ստեղծագործ միտքը։

-Անի, խմենք մեր թէյերը ու մաղթենք, որ երբեք չփչեն աւերիչ փոթորիկներ ու չունենանք հանգած պատրոյգներ։