ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԿԱՊՈՅՏ

Գոյներուն ամենէն թեւաւորը -բառացիօրէն-


Շա­րու­նա­կու­թիւն՝ թիւ 201 յօ­դուա­ծի։

Կը հաս­նինք Հայ­րա­վանք։ Հան­րա­շար­ժէն դուրս՝ մեզ կը սթա­փեց­նէ զո­վու­թիւնը։ Բո­լորս կը ներշնչենք թար­մութիւն տուող լեռ­նա­յին անա­պակ օդը։ Կը նկա­տենք, թէ Արա­գածի փէ­շերէն մին­չեւ Սե­ւանայ լիճ ինչքան փո­խուած են նաեւ բնու­թեան գոյ­նե­րը։ Երբ Արու­ճի մէջ դե­ղին-սրճա­գոյն էր հա­մայ­նա­պատ­կե­րը, Սե­ւանի երե­սէն մին­չեւ հան­դի­պակաց ափե­րը, կա­պոյտն է իշ­խո­ղը իր բո­լոր նրբե­րանգնե­րով, -լա­զուար­թը, ծա­ւին, խա­ժը, լուրթը եւ աս­մա­զու­նը-, իսկ դէ­պի եր­կինք՝ մութ ամ­պե­րու շեր­տեր են՝ կա­պարի մոխ­րա­գոյն-ար­ծա­թագոյն նշոյլնե­րով։

Կ՚ուղղուինք եկե­ղեցի ու կը դի­տենք քա­ռակոնք գմբէ­թը, որու մա­սին շատ լսած ենք։ Հիաս­քանչ։

-Հայ­կա­կան ճար­տա­րապե­տու­թեան եզա­կի նմոյշնե­րէն է այս եկե­ղեցին, -կը սկսի բա­ցատ­րութիւններ տալ մեր ու­ղե­ցոյ­ցը, եզա­կի՝ իր գմբէ­թով եւ շի­նարա­րական լու­ծումնե­րով։

-Եզա­կի՝ նաեւ իր ժո­ղովրդա­կան աւան­դութեամբ, թէ ին­չո՛ւ կո­չուած է «Աղաւ­նու վան­քը»։

-Այո, այդ յու­զիչ պատ­մութիւ­նը... Լենկթի­մու­րի ար­շա­ւանքնե­րու ժա­մանակ, եկե­ղեցի մտած հա­զար-հա­զարա­ւոր հա­յեր ծե­րուկ Հայր Օհա­նի աղօթ­քով ու Վե­րինի կամ­քով աղաւ­նի­ներ կը դառ­նան ու լու­սա­մուտնե­րէն դուրս՝ կը թե­ւար­կեն դէ­պի իրենց լեռ­նե­րը կրկին։ Այդ օրուընէ եկե­ղեցին կը կո­չուի «Աղաւ­նու վան­քը»։ Աշա­կերտնե­րը հի­մա՞ պի­տի ար­տա­սանեն։

-Քիչ վերջ։ Շրջա­պատը նախ վա­յելեն, ներշնչուին։

Աշա­կերտնե­րը աւար­տած են եկե­ղեցին ու անոր գե­ղեցիկ գմբէ­թը լու­սանկա­րելու արա­րողու­թիւնը։ Լճափ կ՚իջ­նեն կոն­քեր, խե­ցիներ գտնե­լու յոյ­սով։ Իսկ մենք առի­թը կ՚օգ­տա­գոր­ծենք թէ՛ զա­նոնք դի­տելու եւ թէ՝«կա­պոյտ» գոյ­նի, աղաւ­նի­ներու եւ աւան­դութիւննե­րու մա­սին զրու­ցե­լու։

-Պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, այս եր­կի­րը իր գոյ­նե­րով, պատ­մութեամբ եւ իր աւան­դութիւննե­րով միու­թիւն մը կը կազ­մէ։

-Առաս­պելնե­րու այս աշ­խարհագ­րութե­նէն ան­բա­ժանե­լի է նաեւ ստու­գա­բանու­թիւնը։ Առ­նենք «կա­պոյտ» բա­ռը։ Ինչպէս Թի­մու­րը, այս գոյնն ալ թե­ւեր առաւ արե­ւել­քէն, եկաւ ծուարե­ցաւ մեր լե­զուի հիւ­րա­սէր բոյ­նին մէջ։

-Թե­ւեր առ­նել, բոյն, ծուարիլ... Պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, կը գոր­ծա­ծէք բա­ռեր, որոնք առնչու­թիւն ու­նին թռչնազ­գի­ներու հետ։

-Ան­կասկած։ Որով­հե­տեւ, մեր սի­րելի, ազ­նիւ «կա­պոյտ»ը կը նշա­նակէ... աղաւ­նի։ Բու­նը «կա­պօյտ» է, պահ­լա­ւերէն փո­խառու­թիւն մը, որուն ծնունդ տուած է սասնկրիտ «կա­պօյ­տա» բա­ռը,- աղաւ­նի, աղաւ­նա­գոյն, կապ­տա­գոյն, գոր­շա­կապոյտ։ Պահ­լա­ւերէն «kabodar, kapodar» եւ պարսկե­րէն «kaputar» բա­ռերը կը նշա­նակեն... աղաւ­նի։ Իսկ մեր «կա­պու­տակ» ածա­կանը, ուղղա­կի պարսկե­րէն փո­խառու­թիւն է եւ կը նշա­նակէ աղաւ­նիի կա­պոյտ-գորշ գոյն ու­նե­ցող։

Ու­ղե­ցոյ­ցը իր մատ­նե­րուն նե­րած արա­գու­թեանբ իր բջի­ջային հե­ռաձայ­նին վրայ կ՚որո­նէ վեր­ջին բա­ռերը, որ­պէս նկար­ներ։ Աղաւ­նի­ներ, հնդկա­կան եւ պարսկա­կան կայ­քէ­ջերու կող­մէ տե­ղադ­րուած մի­լիոնա­ւոր աղաւ­նի­ներ...

-Բազ­մա­ծին բառ մը չե­ղաւ «կա­պոյտ»ը. հա­զիւ տուաւ քա­նի մը բարդ եւ ածանց բառ. կա­պու­տիկ, կա­պու­տա­կիլ, կապ­տա­գոյն, կապ­տե­րանգ, կա­պուտքար, կա­պու­տագլուխ, կապ­տիլ... Ամե­նամեծ յա­ջողու­թիւնը եղաւ անուանել մեր լեռ­նաշխար­հի մե­ծագոյն լի­ճերէն մէ­կը. «Կա­պու­տան ծով»։ Թէեւ կա­պոյ­տը կա­պոյտ էր ամէն տեղ, բայց ամէն բար­բառ ինքնու­րոյն հնչիւն մը տուաւ անոր։ Վա­նեցի­ները ու­նե­ցան կա­նաչ-կա­պոյտ աչ­քե­րով կա­տու­ներ։ Ակնցի­ները, սե­բաս­տա­ցինե­րը եւ պոլ­սե­ցինե­րը նա­յեցան եր­կինք, -կամ իրենց սի­րածի աչ­քե­րուն-, ու ըսին՝ գա­բուդ, մշե­ցինե­րը եւ ալաշ­կերտցի­ները ըսին՝ կա­բուդ, խար­բերդցի­ները ըսին՝ գա­բօդ, երե­ւան­ցի­ները ըսին՝ կա­պիտ, հա­ճըն­ցի­ները ըսին՝ գա­բիդ եւ Մու­սա լե­րան եր­կինքը դի­տող­նե­րը՝ գաբ­բէդ։ «Կա­պոյտ»ով ու­նե­ցանք պատ­կե­րալից դար­ձուածքներ. «Կապ­տին տալ»- կա­պոյտ երե­ւալ, կա­պոյտ դառ­նալ, ինչպէս՝ լերկ ժայ­ռե­րը, լեռ­նե­րը, «Կա­պոյտ Ածուխ»- քա­միի շար­ժիչ ոյ­ժը, ու­ժա­նիւ­թի ար­տադրու­թեան մէջ, «Կա­պոյտ Արիւն»- ազ­նուական, «Կա­պոյտ Գի­շեր­ներ»- սե­ռական չա­փազան­ցութիւն, ցան­կա­մոլու­թիւն, ցո­փու­թիւն, շուայ­տութիւն։

-Շա­տեր հա­մոզուած են, թէ կա­պոյ­տը գոյ­նե­րուն ամե­նէն ազ­նիւն է, ամե­նէն հա­մես­տը։

-Եւ Չա­րեն­ցի գրչին տակ՝ նաեւ կոյ­սի մը ան­մե­ղու­թիւնը։ «Ծիածան» բա­նաս­տեղծու­թիւնն է.

Լու­սամփո­փի՜ պէս աղ­ջիկ՝ Աս­տուածա­մօր աչ­քե­րով,

Թո­քախ­տա­ւոր, թա­փան­ցիկ, մար­մի­նի պէս երա­զի.

Կա­պո՜յտ աղ­ջիկ, ակա­թի ու կա­թի պէս հո­գեթով,

Լու­սամփո­փի՜ պէս աղ­ջիկ...

Աշա­կերտնե­րը կը վե­րադառ­նան։ Տա­ճարին մէջ կը սկսին հա­տուած առ հա­տուած շունչ տալ Թու­մա­նեանի բա­ռերուն։ Նա­խեր­գանքը՝ գորշ, մոխ­րա­գոյն նկա­րագ­րութիւ­նը 1384 թուակա­նի Հա­յաս­տա­նին.

Լենկթի­մուրն եկաւ, հուրն ու սուրն եկաւ,

Անօ­րէնն եկաւ, եկա՜ւ ու եկա՜ւ.

Հա­ւաքեց, կի­տեց մեր ազ­գը Հա­յոց,

Փա­թաթեց, պա­տեց, ինչպէս վի­շապ-օձ։

Ապա, աւա­զակին չար գոր­ծէն խռոուած Հայր Օհա­նի առա­ջին հրաշ­քը.

Աղօթ­քը կի­սատ դուրս եկաւ վան­քից,

Իջաւ Սե­ւանայ երե­սը կա­պոյտ,

Ու քըրթմըն­ջա­լով, միամիտ, ան­փոյթ,

Էն վէտ-վէտ, ծը­փուն ջը­րերի վը­րայ

Ցա­մաք ոտ­նե­րով գը­նում էր ահա։

Զար­հուրած Թի­մու­րը ի զուր Հայր Օհա­նին կ՚առա­ջար­կէ գանձ, իշ­խա­նու­թիւն եւ փառք. Այլ է ալե­ւոր ծե­րու­նիին ու­զա­ծը.

- Ժո­ղովուրդ կ՚ու­զե՞ս... լա՛ւ, լի­նի էդ­պէս։

Էս վան­քո­վը մին ժո­ղովուրդ տամ քեզ,

Գը­նա ինձ հա­մար աղօթք արա, ծե՛ր։

Կ՚աղօ­թէ Հայր Օհա­նը, կը կա­տարուի երկրորդ հրաշ­քը.

Մեր Հայր Օհա­նը՝ աղօթ­քի չո­քած,

Աչ­քերն եր­կընքին, մի­րուքն ար­ցունքոտ.

Ով որ հայ ազ­գից մը­տել է իր մօտ,

Իր սուրբ աղօթ­քով, կամ­քով Վե­րինի,

Փո­խել է իս­կոյն, դարձրել աղաւ­նի,

Բաց պա­տու­հա­նից թո­ղել ամեն­քին,

Թըռցրել դէպ իրենց լեռ­նե­րը կըր­կին...

Օրը կը վեր­ջա­նայ։ Կը վե­րադառ­նանք հան­րա­շարժ։ Պա­տու­հա­նէն դուրս, նուաղող լոյ­սի հետ բո­լոր երանգնե­րը կը նուազին սեւ եւ մոխ­րա­գոյ­նի։ Մեր վա­րոր­դը, Պա­րոն Ար­տուշը, կը բա­նայ ձայ­նասփիւ­ռը։ Հի­մա Խա­չատուր Աւե­տիսեանի «Կա­պոյտ թռչուն» երգն է, որ կ՚ըն­կե­րակ­ցի, կ՚օրօ­րէ բո­լորը.

Բա­րի լոյ­սի կա­պոյտ թռչուն,

Ախ դու կար­ծես սիրտն ես իմ,

Որ ճախ­րում ես եր­գով թռչուն

Դէ­պի իմ կոյս սի­րելին...