-Յարգելի հիւրեր, բարի եկաք «Բիւզանդական Միջնադարեան Ապակեգործութիւն» միջազգային ամենամեայ աճուրդին։ Այսօր վաճառքի կը դնենք նաեւ Հայաստանի հին մայրաքաղաք Դուինի մէջ 9-րդ եւ 10-րդ դարերուն արտադրուած չորս ապակի առարկաներ. ունկաւոր փոքր սափոր մը, ձիթաճրագ մը եւ ուռուցիկ զարդաձեւերով գինիի գաւաթ մը, թիւեր՝ 118, 119 եւ 120։ Առաւել բացառիկ է թիւ 117 գունաւոր զարդանօթը, որուն վրայ պատկերուած է ջութակ նուագող մարդ... Յարգելի ներկաներ, կը յիշեցնենք, թէ իրականացած գիներուն վրայ պէտք է աւելցնել պետական անհրաժեշտ տուրքը, ինչպէս նաեւ 25 տոկոս՝ աճուրդի տան մասնաբաժինը։ Յաջողութիւն բոլորիդ։
Խօսնակը բարձրահասակ երիտասարդ մըն է։ Բեմի վրայ անոր կ՚ընկերակցին երկու երիտասարդուհիներ։ Կը հնչէ առաջին զանգակը, ու մի առ մի ցուցադրութեան կու գան գլուխ-գործոցներ։ Խանդավառ են բոլոր հաւաքողները։ Խանդավառ է նաեւ Աբրահամը, մօտիկ ընկեր մը, -հայկական արուեստի ինքնուս մասնագէտ, սիրողական հնաբան եւ իր նիւթական կարողութիւններուն չափ՝ հաւաքող մը։
Թիւ 1։ Բացման գինը 300։ Յաւելում... 350, 375... Ծախուեցաւ։ Թիւ 2։ Բացման գինը 1.000։ Յաւելում... 1.100, 1.200, 1.250... Ծախուեցաւ։ Թիւ 3, թիւ 4... Գլխու պտոյտ տուող արագութեամբ իրենց նոր տէրերը կը գտնեն գեղատեսիլ գաւաթներ, անօթներ, զարդեղէններ, աշտանակներ, օծանելիքի շիշեր... Մինչեւ հայկական առարկաներուն ներկայացումը, ժամանակ կ՚ունենանք զրուցելու «ապակի» բառի եւ հայկական ապակեգործութեան մասին։
-Պարոն ստուգաբանութիւն, Դուինը, -հայոց Արշակունի թագաւորներու ոստանը եւ հայկական եկեղեցւոյ աթոռանիստը,- նաեւ հայկական ապակեգործութեան կեդրոնն էր 8-րդ դարէն մինչեւ 1.225՝ մինչեւ քաղաքի վերջնական կործանումը։ Գլխաւոր շուկայի ապակեգործերու թաղին մէջ, հմուտ արհեստաւորներ կը պատրաստէին շիշեր, սափորներ, թասեր, գաւաթներ, պնակներ, զարդեր, դեղագործներու յատուկ փորձանօթներ, լուսամուտի ապակիներ։ Վարպետները ծանօթ էին նաեւ ապակին գունաւորելու գաղտնիքին։ Այդ բոլորը փայլ կու տային երեւելի շէնքերուն, եռանաւ մայր տաճարին եւ մանաւանդ արքունի պալատին։
-Այն նշանաւոր շինութիւնը, որ կանգնած էր մայրաքաղաքին իշխող բլուրին վրայ, աշտարակաշատ, բազմաթիւ բուրգերով, գեղեցիկ դռներով անառիկ միջնաբերդի գագաթի հարթակին։
Թիւ 50, 51, 52... Ծախուեցան։
-Դուինի ապակեգործ արհեստաւորները կազմեր են արհեստակցական միութիւններ։ Շուկայի մօտ, Տփխիս դուռէն դէպի Կովկաս եւ Հարաւային Ռուսաստան կատարուած արտածումներու շնորհիւ ալ հարստացուցեր են պետական գանձը։
Թիւ 77, 78, 79... Ծախուեցան։
-Աբրահամ, «ապակի» բառն ալ գեղեցիկ նշոյլ մըն է մեր լեզուին մէջ։ Նախ պէտք է յիշել, թէ գրաբար եւ միջին հայերէն ձեւն էր «ապիկի»։ Որպէս ազնիւ հիւր, եկեր է Պարսկաստանէն ու բնակեր է հայերէնի մէջ։ Ուստի, անոր ստուգաբանութեան համար լեզուաբանները դիմած են «Բառարան Պարսկերէն»ի։
-Գէորգ Դպիր Պալատեցիի պաշտելի աշխատասիրութեան։
-Այո, ան որ լոյս տեսած էր 1826-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ «ԱՊԿԻՅՆԷ» բառին տակ կայ հետեւեալ բացատրութիւնը. Բարդեալ է բառս «ապկիյն»է ի բառիցս ԱՊ եւ ԱԿԻՅՆ. Քանզի «ապ» նշանակէ ջուր. եւ «ակիյն»՝ մէջ. որոյ այբն վասն թեթեւութեան ի բաց առեալ, լինի ԱՊԿԻՅՆ. Եւ այսպէս նշանակէ «ջուր ի ներքս»։
-Ջո՜ւր պարունակող, ջուրի՜ նման...
-Չէ՞ որ լուսաթափանց է եւ հեղուկ... Միջնադարու հայ բաժիշկ Արմիտովլաթ Ամասիացիի «Անգիտաց Անպէտ» գիրքին մէջ բազմաթիւ անգամներ կը հանդիպինք «ապիկի» բառին։ Ամենէն հետաքրքրականը՝ թէ ի՞նչ տեսակ ամանի մէջ պահել դեղերը. «... Դեղերս որպիսի՞ ամանով պահեն որ ոյժն չի խափանի. հանց աման լինի որ բերանն նեղ լինի. եւ զբերանն մոմով բռնեն, որ այս դեղս ի քաւդուն չի փոխուի եւ չի խափանի. որպէս մուշքն, եւ քաֆուրն, եւ յանպարն, եւ որ նման է սոցա. եւ զմուշքն լաւ պահելն է այն է, որ զինքն ի յարճիճէ աման դնես. եւ թէ չի գտնուս, ապիկի աման դնես եւ զբերանն ամրացնես. եւ զքաֆուրն՝ ապիկի աման դնես»։ «Ապիկի» բառի սեռական-տրական հին հոլովն էր «ապիկոյ» կամ «ապիկու»։ Բժշկութեան մէջ ունեցեր ենք «ապակիս արկանել» արտայայտութիւնը։ Բառը որոշ փայլ տուած է նաեւ մեր լեզուին։ Անկէ յառաջացեր են «ապիկած, ապիկեղէն, ապիկէգործ, ապիկէգործութիւն, ապակատարազ, ապակեակ» բառերը։ Երբ բառը դարձաւ «ապակի», յառաջ եկան նորեր. ապակեայ, ապակեփեղկ, ապակեգործ, ապակեգործութիւն, ապակեդուռ, կրկնապակի, ճենապակի, ապակենման, ինչպէս նաեւ՝ հայերէնասէր անձերու ամենասիրած բառը՝ ԱՊԱԿԵՏԻՊ, ինչպէս էր Հրաչեայ Աճառեանի «Արմատական» բառարանի առաջին տպագրութիւնը 1926-ին։
-Ապակին, որ խորհրդանշանն էր ազնուութեան եւ թափանցիկութեան, նորագոյն ժամանակներուն դարձած ըլլալ կ՚երեւի «անթափանցիկութեան» միջոց։
-Արեգակնային ակնոցնե՞րը նկատի ունիս, Աբրահամ։
-Ոչ, ոչ։ Ինքնաշարժերու վրայ «մգեցուած ապակի» ունենալու նորութիւնը, ան որ թաղանթապատուած է ու կը ծածկէ վարորդի կամ ճամբորդի ինքնութիւնը։
Թիւ 117։ Բացման գինը՝ 4.000։ Յաւելում՝ 4.500, 5.000, 5.500, 6.500...
-Աբրահամ, ինչո՞ւ շատեր հետաքրքրուած են անոր հետ։
-Եւրոպացիներն են... Պարոն ստուգաբանութիւն, հակառակ անոր, որ Դուինի միջնաբերդին մէջ յայտնաբերուած է ան, պատմաբաններու համոզմամբ՝ տեղական արտադրոթիւն չէր կրնար ըլլալ...
Նոր յաւելումներ. 8.000, 8.500, 9.500...
-Նայեցէք երաժիշտին, իր ջութակր դրած է ուսին վրայ ու կը նուագէ այնպէս, ինչպէս եւրոպացիները կը նուագէին։ Մինչդեռ միջնադարեան Հայաստանի մէջ ջութակը կը նուագուէր ուղղահայեաց, ծունկի վրայ։
... 11.000, 11.500, 12.500։
-Ջութակ նուագողի պատկերով այս բացառիկ առարկան, Պարոն ստուգաբանութիւն, արժէքաւոր է միջազգային արուեստի եւ առեւտուրի պատմութեան համար։
Ծախուեցաւ։ 12.500։ Ճափոնացի անանուն գործարար մըն է անոր նոր տէրը։ Թիւ 118 եւ 119 առարկաները կը մնան առանց յաճախորդի։ Իսկ գինիի բաժակը, առանց մրցակցութեան, եզակի առաջարկով կը մնայ Աբրահամի մօտ։
-Պարոն ստուգաբանութիւն, կարմիր ապակի ըլլալու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ անոր նուրբ կառուցուածքը կը թելադրեն, թէ արքունիքին պատկանող առարկայ մըն էր այս բաժակը, եւ որուն հպեր են Արշակունի իշխանուհիի մէջ շրթունքները։
-Պիտի գործածե՞ս, թէ ցուցափեղկի մէջ պիտի պահես։
-Ո՛չ մէկը։ Մօտ օրէն Նոյեմբերի 19-ին, ապակեգործ արհեստաւորներու միջազգային տօն է։ Այդ առիթով զայն պիտի նուիրեմ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին։ Հոն կը ներկայացուի «Դուին։ Հայաստանը IX-XIII Դարերում» ցուցադրութեան մէջ։
- Այս որոշումին համար կ՚առաջարկեմ բաժակ վերցնել։
- Ընդունուած է։
Յ.Գ. Դուինի ապակեգործութեան պատմութեան համար օգտագործուած է Փրոֆ. Կ Դ. Ղաֆադարեանի «Միջնադարեան Ապակեգործութիւնը Դուինում» յօդուածը։