ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԱԿՈՒՄԲ

Մեր աշա­կեր­տա­կան խումբը, շնոր­հիւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Կրթու­թեան եւ Գի­տու­թեան Նա­խարա­րու­թեան Սփիւռք բա­ժան­մունքի տրա­մադ­րած հրա­ւի­րա­­տոմ­­սե­­­րու՝ մայ­­րա­­­քաղա­­քի Քա­­մի ակումբի մէջ կը վա­­յելէ սփիւռքա­­հայ DJ-նե­­րու փա­­ռատօ­­նը։ Հա­­ճելի է տես­­նել Էս­­տո­­­նիայէն, Ռու­­սաստա­­նէն եւ Վրաս­­տա­­­նէն ժա­­մանած հայ պա­­տանի­­ներու տա­­ղան­­դը լսել։ Թէեւ, ուժգին է երաժշտու­­թիւնը եւ գլխու պտոյտ կու տան վա­­ռող-մա­­րող մա­­նիշա­­կագոյն լոյ­­սե­­­րը, բայց, ի՞նչ փոյթ սրա­­հը լե­­ցու­­ցած հա­­րիւ­­րա­­­ւոր երի­­տասարդնե­­րու հա­­մար։ Բո­­լորը պա­­րահար­­թա­­­կի վրայ են եւ վայրկեան մը իսկ չեն նստած։ Կը տես­­նեմ, թէ կը մօ­­տենայ մեր Սա­­րինը։ Կը փոր­­ձէ բան մը ըսել բարձրա­­ձայն.

- ՊԱ­­ՐՈՆ, ԱՅՍ ԱԿՈՒՄԲԸ...

- Ի՞ՆՉ...

- ԱՅՍ ԱԿՈՒՄԲԸ ՇԱՏ ԼԱՒ Է...

- ՉԵՄ ԿՐՆԱՐ ԼՍԵԼ, ԵԿՈՒՐ, ԴՈՒՐՍԸ ԽՕ­­ՍԻՆՔ։

Ակումբէն դուրս՝ Շառլ Ազ­­նա­­­ւու­­րի հրա­­պարակն է, Երե­­ւանի ամե­­նասի­­րուն ան­­կիւննե­­րէն մէ­­կը, -Աբո­­վեան պո­­ղոտա­­յի վրայ կի­­սաշրջա­­նակ մը իրա­­կանու­­թեան մէջ, որու աղե­­ղին վրայ նստած են Մոս­­կուա կի­­նօթատ­­րո­­­նը, Նկա­­րիչ­­նե­­­րու տու­­նը եւ ճար­­տա­­­րապետ Նի­­կողա­­յոս Բու­­նիաթեանի գլուխ-գոր­­ծո­­­ցը՝ նախ­­կին «Ին­­տուրիստ», այժմ՝ «Ռո­­յալ Թու­­լիփ» պան­­դո­­­կը։ Հրա­­պարա­­կի կեդ­­րո­­­նազարդն է 12 հա­­մաս­­տե­­­ղու­­թիւննե­­րով մեծ շատ­­րուանը, որուն քով նստած կը սկսինք, խօ­­սակ­­ցա­­­կան ձայ­­նի սահ­­մաննե­­րէն ներս, «ակումբ» բա­­ռի եւ մայ­­րա­­­քաղա­­քի բազ­­մա­­­թիւ ակումբնե­­րու մա­­սին զրու­­ցել։

  - Սա­­րին, գի­­տես, թէ քա­­ղաքը հա­­րուստ է պա­­րի ակումբնե­­րով, ուր երի­­տասար­­դութիւ­­նը կը սի­­րէ ան­­դա­­­դար պա­­րել։

- Այնքան շատ են... Ամէն ամառ մէ­­կը կը գո­­ցուի, միւ­­սը կը բա­­ցուի։

- Նկա­­տած եմ։ Սա­­կայն, ըստ ստու­­գա­­­բանու­­թեան դժուար է բո­­լորը կո­­չել «ակումբ»։ Հասկնա­­լու հա­­մար պէտք է ճամ­­բորդել հին Հա­­յաս­­տան։

- Պա­­րոն, չեմ կար­­ծեր, թէ այդ դա­­րերուն գո­­յու­­թիւն ու­­նէին մեր սի­­րած թէք­­նօ, հաուզ, հիփ-հափ տե­­սակի երաժշտու­­թիւններ։

- Կաս­­կած չու­­նիմ։ Աւե­­լին, «ակումբ» բա­­ռը աւե­­լի հան­­դարտ, «նստած» իմաստ ու­­նէր, քան­­զի բա­­ռի բուն իմաստն էր «նստիլ»։ Ոս­­կե­­­դարուն ու­­նե­­­ցեր ենք «ակումբ մաշ­­կեայ» ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը՝ այն մաշ­­կի կամ մոր­­թի կտո­­րը, որու վրայ կը նստէին։ Միջ­­նա­­­դարուն «ակումբ» բա­­ռը նշա­­նակած է ժո­­ղով, հան­­դի­­­սական­­նե­­­րու խումբ կամ բազ­­մութիւն, իսկ «ակմբիլ»՝ հա­­ւաքուիլ։ Այս վեր­­ջի­­­նի հա­­մար Եղի­­շէ Պատ­­մի­­­չը, Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին եւ Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լին գոր­­ծա­­­ծեր են «ակումբ առ­­նուլ» բա­­յը։ Հայ իշ­­խաննե­­րը, Հռո­­մի կայսրե­­րու օրի­­նակին հե­­տեւե­­լով, իրենց պա­­լատ­­նե­­­րէն ներս ու­­նե­­­ցեր են երեք բազ­­մո­­­ցով սե­­ղանա­­տուն, որ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ կը կո­­չուէր «Եռակմբա­­նոց», իսկ Հռո­­մի մէջ՝ Triclinium։ Նո­­րայր Բիւ­­զանդա­­ցիի բա­­ռարա­­նին մէջ վեր­­ջի­­­նին հա­­մար կայ հե­­տեւեալ բա­­ցատ­­րութիւ­­նը. «Ճա­­շարան նախ­­նի հռով­­մա­­­յեց­­ւոց՝ ուր էին երեք ակումբք կամ ան­­կո­­­ղինք յորս բազ­­մէին կամ ըն­­կողմա­­նէին երեք կոչ­­նա­­­կանք»։

- Երե­­քէն աւե­­լի չէի՞ն կրնար ըլ­­լալ։

- Ին­­չո՞ւ չէ, «Բազ­­մակմբա­­նոց» կը կո­­չուէին անոնք։ Հ. Աճա­­ռեանը «ակումբ» բա­­ռը կը հա­­մեմա­­տէ ֆրան­­սա­­­ցինե­­րու seoir «նստիլ» բա­­ռին հետ, որ ծնունդ տուած է «séance»ին, որ է նիստ, ժո­­ղով։

- Ի՞նչ է «ակումբ»ին բուն ստու­­գա­­­բանու­­թիւնը։

- Ըստ աւստրիացի լե­­զուա­­բան եւ հա­­յագէտ Ֆր. Միւլլէ­­րի (1834-1898) բա­­ռը ու­­նի լա­­տինա­­կան ծա­­գում, եկած է cubo, combo «ըն­­կողմա­­նիլ» ար­­մա­­­տէն, որուն ցե­­ղակիցն են յու­­նա­­­րէն «քիպ­­տօ» բա­­յը, «ծռիլ, հա­­կիլ»։ Հայ լե­­զուա­­բան­­ներն ալ յայտնած են իրենց կար­­ծիքնե­­րը։ Բա­­ռը եկած է «Ումպ-Ըմ­­պել» ար­­մա­­­տէն (Տիգ­­րան Հիւնքար­­պէ­­­ղէն­­տիեան) կամ՝ «Խումբ» բա­­ռէն (Յովհ. Գա­­զան­­ճեան)։ Իսկ Խա­­չիկ Ու­­ղուրի­­կեանը, -Պետ­­րոս Դու­­րեանի լե­­զուա­­բան, բա­­նասէր, բա­­ռարա­­նագիր դա­­սըն­­կե­­­րը-, հաս­­տա­­­տած է այժմ ըն­­դունե­­լու­­թիւն գտած տե­­սու­­թիւնը, թէ բա­­ռը կու գայ լա­­տին­­նե­­­րու accubare, accumbere «բազ­­միլ, ըն­­կողմա­­նիլ» բա­­ռէն։ 1908-ին ան գրած է. «Առ հռով­­մա­­­յեցիս սո­­վորու­­թիւն էր բազ­­մո­­­ցի վրայ ըն­­կողմա­­նիլ (accumbere, accubare) առ ի ճա­­շել։ Մեր կար­­ծեօք ակումբ բառն հին հա­­յերէն խօ­­սեալ լե­­զուի մէջ փո­­խառու­­թիւն է բար­­բա­­­ռոյ հռով­­մա­­­յեցի ար­­շա­­­ւողաց «բազ­­մոց, բազ­­միք» եւ «բազ­­մա­­­կան» իմաս­­տիւ. ուստի ածան­­ցեալ պար­­տին լի­­նել «սե­­ղան» եւ «ժո­­ղով» առ­­մունքն, եւ իբր ածա­­կան՝ «բո­­լորեալ» առումն, ուստի նաեւ ակմբիլ բայն եւ ակումբ առ­­նուլ, ակումբ կա­­պել, ակումբ կա­­պիլ ասա­­ցուածքն՝ իբր «բո­­լորիլ, ժո­­ղովիլ» եւ ակմբա­­հոյլ կամ ակումբա­­հոյլ բար­­դութիւնն իբր «ժո­­ղովեալ յա­­կումբ»։

Սա­­րինը Երե­­ւանին քաջ ծա­­նօթ է։ Կէս ներ­­գաղթած վի­­ճակ ու­­նի. դպրո­­ցական ամիս­­նե­­­րը՝ Քա­­լիֆոր­­նիոյ մէջ, ամառ­­նե­­­րը՝ հայ­­րե­­­նիքի։ Անոր հետ մտո­­վի թռիչք մը կը կա­­տարենք մայ­­րա­­­քաղա­­քի հրա­­պարակ­­նե­­­րուն, մայ­­րուղի­­ներուն եւ ծա­­ռու­­ղի­­­ներուն վրայ։ Հա­­րիւ­­րա­­­ւոր ակումբներ... Բայց, ար­­դեօ՞ք բո­­լորը ստու­­գա­­­բանա­­կանօ­­րէն ակումբներ են։

- Սա­­րին, նախ յի­­շենք «Այաս» ծո­­վային հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու ակումբը, ան որ հե­­տաքրքրուած է հայ­­կա­­­կան նա­­ւաշի­­նու­­թեան, նա­­ւագ­­նա­­­ցու­­թեան եւ քար­­տի­­­զագ­­րութեան պատ­­մութեան հետ, եւ ան, որ շի­­նեց «Կի­­լիկիա»ն, 13-րդ դա­­րու Կի­­լիկեան Հա­­յաս­­տա­­­նի առա­­գաս­­տա­­­նաւի մը կրկնօ­­րինա­­կը։

- Անոր ան­­դամնե­­րը, բո­­լորը ժիր եւ պինդ պա­­րոն­­ներ, չեն սի­­րեր նստիլ, միշտ նոր ծրա­­գիր­­ներ եւ ար­­կա­­­ծախնդրու­­թիւններ կը հե­­տապնդեն։ «Այաս»ը բա­­ռացիօրէն «ակումբ» չէ։ Բայց պա­­րոն, կայ «Վի­­տամին»ը։

- «Stand-up» տե­­սակի կա­­տակեր­­գութիւննե­­րու հա­­ղոր­­դումը նկա­­տի ու­­նիս։

- Այո։ Թէեւ բե­­մի վրայ յոտնկայս դե­­րակա­­տարու­­թիւն է, սա­­կայն հան­­դի­­­սատես­­նե­­­րը կը նստին եւ կը զուար­­ճա­­­նան։ Կայ նաեւ ու­­տել, խմել։

- Նստիլ, ու­­տել, խմել... Վա­­ւերա­­ցուած է որ­­պէս «ակումբ»։

- Պա­­րոն, հօրս հետ կ՚եր­­թանք ճազ տե­­սակի երաժշտու­­թեան ակումբներ, ինչպէս Ու­լի­խանեանը, Մալ­խա­սը... Մթնո­լոր­տը բո­լորո­վին տար­բեր է Քա­միէն։ Յա­ճախող­նե­րը տա­րիքով աւե­լի մեծ են եւ կը սի­րեն հան­գիստ նստիլ, վա­յելել բարձրո­րակ երաժշտու­թիւն։

- Ան­կասկած՝ «ակումբ»։ Սա­րին դա­րաս­կիզբին մայ­րա­քաղա­քը Տէ­րեան 11 հաս­ցէի վրայ ու­նե­ցեր է «Աֆ­րի­կեան­նե­րու Ակումբ», հաս­տա­տուած՝ Աֆ­րի­կեան եղ­բայրնե­րու կող­մէ, ուր քա­ղաքի վեր­նա­խաւը, բա­ժակ մը սուրճի շուրջ, քննար­կեր է քա­ղաքա­կան, տնտե­սական, հա­սարա­կական հար­ցեր։

- Նիստ, սուրճ... Պա­րոն, կա­տարեալ ակումբ՝ բա­ռի բուն իմաս­տով։ Ստու­գա­բանա­կանօ­րէն ակումբներ են նաեւ «Գրքա­մոլ», «Մայ­րիկներ», «Հա­յելի», «Հա­յեացք», «Ելա­կէտ», «Բրի­տանա­կան», «Միր­հավ», «Աս­պա­րէզ», «Գո­րիսի Մա­մուլ», «Հայ Ծնող­ներ», «Բա­նավէճ», «E-Ակումբ», «Վար­դա­նանք», «Եր­կաթ» ակումբնե­րը, որոնց ան­դամնե­րը յա­ճախ նիս­տեր կը կա­տարեն։ Մինչ, նոյ­նը կա­րելի չէ ըսել իմ սի­րած­նե­րուս՝ ոտ­նագնդա­կի ակումբնե­րու հա­մար։ Փիւ­նի­կի, Շի­րակի, Բա­նան­ցի, Արա­րատի, Ու­լի­սի, Գան­ձա­սարի, Մի­կայի եւ Ալաշ­կերտի երկրպա­գու­նե­րը չնեղուին։ Այնքան ատեն որ անոնց մար­զիկնե­րը կը վազվզեն մար­զա­դաշ­տի վրայ,- «ակումբ» չեն։

- Չեն նե­ղուիր, Սա­րին։ Լաւ, վերադառնանք ու տեսնենք, թէ դասընկերներդ ի՞նչ կ՚ընեն։ Կը շարունակե՞ն պարել, թէ՝ բոլորն ալ յոգնած, նստած են։