ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԳԼՈՒԽ

Նորայր Տատուրեան


«Մի մեծ գլխի ստուեր»

«Մի երկիր է ծածկում»

«Եթէ դրուած է նա»

«Երկրի լոյսի անցքում»։

(Ռազմիկ Դաւոյեան, «Քարէ Բարձ», 1989)

Որքա՛ն կը հպարտանայ մայր ստուգաբանութիւնը, երբ տեսնէ, թէ իր զաւակները, -բառեր-, դարերու ընթացքին հասակ նետած են, աճեր, կերպարանափոխուեր ու բարձր պաշտօններու հասած են։ Ինչպէս «քարտուղար»ը, որ պապիրոսի թերթ էր նախապէս, ապա դարձաւ արքունի գրագիր, բարձրացաւ ելեւմուտքի պաշտօնէութեան ու վերջապէս դարձաւ կայսերական նահանգապետ։ Կան նաեւ բառեր, որոնք ճամբայ ելած էին որպէս տեղական հնչիւններ՝ քաջարի առեւտրականներու օգնութեամբ հասան միջազգային համբաւի, ինչպէս «թէյ»ը, «նարինջ»ը, «դարչին»ը, «մեխակ»ը... Գալով՝ «գլուխ» բառին։ Ան ունի իւրայատուկ պատմութիւն, որուն ծանօթանալէ առաջ, փորձենք մօտենալ ստուգաբանութեան։

Ստուգաբանները մինչեւ 19-րդ դար յաջողած էին բացայայտել հայոց լեզուի գրեթէ բոլոր բարդ եւ դժուար ճանաչելի բառերու ծագումն ու ծնունդը։ Իսկ «գլուխ»ը ձգեր էին իրենց աշխատացանկի վերջաւորութեան։ Չէ՞ որ ան պարզ էր եւ անմիջական ու դիւրին պիտի ըլլար անոր լուծումը։ Սակայն, լեզուաշխարհը անակնկալներով եւ խոչընդոտներով լեցուն է։ Օտար եւ հայ լեզուագէտներ գլուխ պայթեցուցին անոր ծագումնաբանութիւնը յայտնաբերելու համար։ Ապարդիւն։ Մինչեւ այսօր չկայ հաստատ եզրակացութիւն։ Կան միայն կարծիքներ։ Հ. Աճառեանի «Արմատական» բառարանը վկայակոչելով տանք քանի մը օրինակ. «Գլուխ» բառը եկած կրնայ ըլլալ հնդեւրոպական նախալեզուի «վել», «վելու» արմատներէն, որոնք կը նշանակեն «ծածկել»։ Կրնայ եկած ըլլալ  յոյներու «լոֆոս» բառէն՝ որուն իմաստն է «բլուր, ցցունք, վիզ»։ Այլ կարծիքներ զայն կը կցեն հին սլաւոներէն «գլաւա», ռուսերէն «գոլովա», լիթուաներէն «գալվա», կոսսայերէն «varchu» եւ սումերական «գալ, գալու, գուլու» բառերուն։ Վերջինները կը նշանակեն «մեծ, բարձր, բարձրանալ, տէր, գլխաւոր»։ Բոլորովին տարբեր մօտեցում առաջարկած է դանիացի լեզուաբան Հ. Պեդերսենը։ Ըստ անոր բառի մէջ «խ», մասնիկ է։

Գրաւոր լեզուի մէջ «գլուխ»ին ոդիսականը սկսաւ անմիջապէս Ե. դարուն, Աստուածաշունչի թարգմանութեան հետ, որուն բաժանումները «գլուխ» են։ Իսկ շնորհիւ մեր մանրանկարիչներու, Ս. Գիրքի ձեռագիրները ունեցան գլուխ-գործոց «գլխազարդեր»։ Ապա ունեցանք զգլխիչ բառապաշար. գլխադիր, գլխանի, գլխապարտ, գլխարկել, գլխիբաց, երկգլխի, բարձրիգլուխ, գահագլուխ, մերկագլուխ, գլխաբաց, գլխագին, գլխածածկ, գլխապատառ, գլխոսկր, գլխարկ... «Գլուխ»ը պատմութեան դառն օրերուն ազնուութիւնը ունեցաւ մեզի յիշեցնելու հայ ազգի քաղաքական իմաստութեան թերութիւնները. ունեցանք «բազմագլուխ» կառավարութիւններ, «գլխատուող» իշխաններ, միջազգային վեհաժողովներէ «գլխիկոր» վերադարձող պատգամաւորներ...

Որպէս մարդու մարմնի բարձրագոյն անդամ, -ուր միտքն է նաեւ՝- «գլուխ» բառը շուտով ստացաւ փոխաբերական իմաստներ. ծայր, սկիզբ, իշխան, պետ, միտք, հիմնական... Ուստի ունեցանք ածանցեալ եւ բարդ բառերու հարստութիւն մը. դարագլուխ, ամսագլուխ, տարեգլուխ, զօրագլուխ, հաստագլուխ, պարագլուխ, քաղաքագլուխ, շանագլուխ, գլխաշուք, գլխապետ, գլխաւոր, գլխաւորել, գլխաւորաբար, գլխատուն, գլխատառ, գլխագիր, գլխովին... Աւելին՝ մեր լեզուն ունեցաւ պատկերալից դարձուածքներու հսկայական դրամագլուխ մը. գլուխը կապել, գլուխը տաքնալ, գլուխը քերելու ժամանակ չունենալ, գլուխ հանել, գլխէ հանել, գլխին լոլօ կարդալ, գլխին խաղ խաղալ, գլխին պահապան, գլխին պայթիլ, գլուխն ուռեցնել, գլուխը իւղել, գլխին փաթաթել, գլուխը ոլորել, գլուխը դառնալ, գլուխը ողջ ըլլալ, գլուխը առնել երթալ, գլուխ գլխի տալ... Քանի՞ հատ դարձուածք։ Շատ։ Ըստ Հայոց Լեզուի Դարձուածքային Բառարանի 600-ի չափ։

1002 թուականին բառը արդէն հասեր էր հայկական գրականութեան գագաթնակէտին։ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի գրչին տակ, «Մատեան Ողբերգութեան» ստեղծագործութեան մէջ ան կրկնուեցաւ 35 անգամ, ինչպէս հետեւեալ խոստովանութեան մէջ. «Եւ արդ, կատարեալ է բան քո խնկեալ, եւ ի գլուխ ելեալ անպակաս ի ստուգութենէ՝ առ իմս մոլորութիւն եւ դժնդակ անիրաւութիւն»։ 18-րդ դարուն Սայաթ Նովան շարունակեց գովերգել «գլուխ»ը. «Լաւ մարթն էն է՛ գլուխըն պահէ աշխարումըս էյթիպարով.», «Դուն է՛ն գըլխէն իմաստուն իս, խիլքտ յիմարին բաբ մի՛ անի»։ Յովհաննէս Թումանեանը «Փարւանա» վիպերգի մէջ Կովկասի քաջարի ասպետներուն զգուշացուց «եօթգլխանի դեւերու» դէմ։ Իսկ Յակոբ Պարոնեանի սրամիտ գրիչը առիթ տուաւ, որ «գլուխ» բառը կուշտ ու կուռ խնդացնէ մեզ. «Ատամնաբոյժն Արեւելեան» թատերախաղն է։ Տիկին Մարթան եւ պարոն ատամնաբոյժ Թափառնիկոսը կ՚ունենան առտնին վիճաբանութիւն.

ՄԱՐԹԱ։ Ես ի՜նչ կը ծախեմ, սրիկայ. Դուն իմ ստակովս մարդ եղար, համբաւ ստացար, հիմա զիս միս մինակ թողլով, գլուխդ կ՚առնես թատրոն կ՚երթաս։

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ։ Ուրիշ անգամուն գլուխս քեզի կը ձգեմ անանկ կ՚երթամ։

«Գլուխ» բառը շարունակեց իր վերելքը մինչեւ 1989 թուականի այն օրը, երբ բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեանը «Քարէ Բարձ» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյին համար որպէս նախաբան գրի առաւ հետեւեալ քառեակը. «Մի մեծ գլխի ստուեր / Մի երկիր է ծածկում / Եթէ դրուած է նա / Երկրի լոյսի անցքում»։ Եւ այդ օր, -աննախընթաց դէպք,- մայր ստուգաբանութիւնը իր զաւկի մասին լսեց դժգոհութիւն, -թէ իր բառերէն մէկը չափէն աւելի կը մեծնայ ու ժողովուրդներու գլխուն փորձանք կրնայ դառնալ։

Ամենայնդէպս, ստուգաբանութիւնը հպարտանալու պատճառ ունի. այս համեստ բառը, հազիւ մէկուկէս վանկ- իր մէջ կուտակած է գլխու պտոյտ տուող պատմութիւն մը։ Եւ չենք ուզեր տեսնել, թէ փորձանք մը գայ անոր գլխուն։