ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՌԱԶՄ

Սակաւաթիւ են հայկական այն բառերը, որոնց ստուգաբանութիւնները ռազմադաշտի վրայ տեսանելի են ու պէտք չունին երկարապատում բացատրութեան։ Լաւագոյն օրինակը՝ «ռազմ», բառը, որուն բուն իմաստին թափանցելու համար պիտի բաւէր վերադառնալ Ք.Ա. 71 թուականին, մագլցիլ հարաւ-արեւմտեան Իտալիոյ Մոնտի Պիկենտինի լեռը ու դիտել կանանչապատ եւ գեղատեսիլ Սելէ հովիտը, որուն մէջէն ծոյլ ընթացքով կը հոսի նոյնանուն գետը։ Հակառակ խաղաղ իր տեսքին, այս վայրը ականատես եղած է պատմութեան ամենէն արիւնալի եւ ճակատագրային պատերազմներէն մէկուն՝ Սպարտակի գլխաւորած 60 հազար ապստամբ ստրուկներու վերջին ճակատումին՝ հռովմէական լեգէոններու դէմ։

Պատմական յետադարձ ակնարկէ առաջ սակայն, պէտք է ընդունիլ, թէ «ռազմ»ը, -կամ՝ «պատերազմ»-, անիրաւուած բառ է։ Մարդկային մտածողութեան մէջ ան առ հասարակ կ՚արթնցնէ սարսափազդու, բացասական ակնարկութիւն, մակաբերութիւն, թէ «ռազմ»ը կործանում է։ Մինչդեռ, կան դրական եւ շինիչ պատերազմներ. պատերազմ տգիտութեան դէմ, ծայրայեղութեան, բռնատիրութեան դէմ... Պատերազմ յանուն ազատութեան, լուսաւորութեան, հաւատքի... Ուստի, Սպարտակի, այդ ազատատենչ թրակացի ռազմիկի պարագային, «ռազմ»ը պաշելի արարք մը եղած պէտք էր որ ըլլար։

Սպարտակը յուսահատ է։ Կիլիկիոյ ծովահէնները, որոնք ապստամբները առագաստանաւերով Սիցիլիա պէտք է որ փոխադրէին, անարգած են իրենց խոստումը։ Չունենալով այլընտրանք, Սպարտակը կ՚որոշէ վերջին անգամ ճակատիլ մահաշունչ լեգէոններու դէմ, որոնց ղեկավարն էր Հռոմի ամենահարուստ զօրավարը, եռապետ եւ մեծ կալուածատէր Կրասոսը։ Ապստամբներու 60 հազարը, գերիներու զինեալ բազմութիւն մըն է, ամբոխ մը անկանոն։ Մինչ Կրասոսի վեց լեգէոնները, իւրաքանչիւրը հինգ-վեց հազար զինուորներէ բաղկացած՝ կը ներկայացնեն երկրաչափական կատարելութիւն մը։ Անոնք ունին ուղղանկիւն կամ քառակուսի ենթախումբեր՝ շարուած հաւասար զուգահեռականներով։ Ստուգաբանութիւնը, լերան լանջէն դիտելով այդ պատկերը՝ գիտէ, թէ Հռոմը անպարտելի պիտի մնայ եւ ան է որ կատարելապէս իւրացուցած են ռազմարուեստը։ Իսկ գերիները այդ օր կրկին -եւ վերջին անգամ- գերի պիտի իյնան։

«Ռազմ»ը պահլաւերէն փոխառութիւն է, հիւսիս-արեւմտեան Իրանի միջնադարեան լեզուն։ Անոր սերնդակիցն է զնդերէն «ռասման» բառը, որ կը նշանակէ «զօրաբանակ, ճակատ»։ Անոնք կը ծագին զնդերէն «ռազ-» արմատէն՝ «շարել, կարգաւորել», -ինչ որ կը բացակայէր Իտալիայէն դուրս՝ դէպի հիւսիս Գերմանիա, կամ դէպի արեւելք՝ Թրակիա փախուստ տալ երազող ստրուկներու մօտ։

Հռոմի լեգէոններու եւ Պարսկաստանի «Անմահներ» կոչուած բանակներու շարաններուն դէմ անհամար պատերազմներ մղած մեր երկրին համար «ռազմ»ը նոր բառ չէր կրնար ըլլալ։ Ե. դարէն սկսեալ մեր բոլոր մատենագիրներու մօտ ներկայ է ան։ Եղիշէ Պատմիչը, Ղազար Փարպեցին, Փաւստոս Բիւզանդը, եւ այլ պատմաբաններ մագաղաթի վրայ արձանագրած են «ռազմ», «ռազմիկ», «ռազմամուտ», «ռազմաւոր», «ռազմիլ» բառերը։ Իսկ ի՞նչ մնաց այդ անհամար ճակատումներէն եւ անոնց բերած կործանումներէն։ Բառերու հարստութիւն մը. ռազմաբեմ, ռազմադաշտ, ռազմագէտ, ռազմագիտութիւն, ռազմագիտական, ռազմամթերք, ռազմանաւ, ռազմունակ, ռազմունակութիւն, ռազմանաւատորմ, ռազմաճակատ, ռազմագերի, ռազմայր, ռազմամուտ, ռազմաշունչ, ռազմասէր, ռազմափորձ, ռազմավար, ռազմավարութիւն, ռազմարդիւնաբերութիւն, ռազմաբժշկութիւն, ռազմերգ, ռազմակոչ... Իսկ այժմ պարտաւոր ենք «ռազմ»ին կցել նոր մասնիկներ, եւ անոր վստահիլ նոր պաշտօններ, երբ մերօրեայ պատմութիւնը բեմ հանած է նոր դէմքեր եւ նոր երեւոյթներ։ Այժմ ունինք «ռազմամոլ» առաջնորդներ, «ռազմատեաց» ցուցարարներ, «ռազմամէտ» եւ «մշտատենչ» քաղաքականութիւններ, «ռազմակործան» երկիրներ, «ռազմացրիւ» փոքրամասնութիւններ, եւ «ռազմաշփոթ» երկրագունդ մը։

Վերադառնալով տխրահռչակ ռազմադաշտին։ Սելէն այդ գիշեր դարձաւ արեան հովիտ մը։ Մահացաւ ապստամբներուն մեծամասնութիւնը։ Մահացած կ՚ընդունուի նաեւ Սպարտակը, թէեւ չէ գտնուած անոր մարմինը։ Իսկ այն վերջին վեց հազարը, որ կրկին գերի ինկաւ՝ անոնց կը սպասէր աւելի դաժան, նախատական ճակատագիր մը. անոնք, Կրասոսի հրամանով խաչուեցան ու Հռոմէն Կապուա տանող Ապպիան մայրուղիի երկարութեամբ շարուեցան։ Այդ որոշումը Հռոմի նզովքն ու վրէժխնդրութիւնն էր կարծես։ Անոնք, որոնք ռազմի դաշտի վրայ շարուիլ չեն գիտեր, խաչափայտերու վրայ պէտք է որ շարուին։