ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՕԼԻԿԱՐԽՆ ՈՒ ԱՂՔԱՏԸ

Սարգիսը, -եօթանասուննոց թարգմանիչ մը, որ Շաբաթ եւ Կիրակի օրեր գրավաճառ կը դառ­նայ-, երբ զիս կը նկա­տէ իր կրպա­կի շե­մին, վար կ՚առ­նէ լրա­գիրը, -որու մէջ, ըստ երե­ւոյ­թին, լոյս տե­սած է օլի­կարխնե­րու, -կամ ու­ղիղ տա­ռադար­ձութեամբ՝ օլի­գարխնե­րու,- մա­սին զգա­յացունց եւ գայ­թակղե­ցու­ցիչ ու­սումնա­սիրու­թիւն-յօ­դուած մը։

-Մեր ժո­ղովուրդը, պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, երբ կ՚ար­տա­յայ­տուի օլի­կարխնե­րու մա­սին, կը գոր­ծա­ծէ գու­նա­ւոր, եր­բեմն ծի­ծաղա­շարժ լե­զու... Բա­րի եկած էք, այս ի՛նչ հա­ճելի անակնկալ։

-Հին գիրք մը պէտք էր. «Սո­վետա­հայ Գրա­կանու­թեան Ան­թո­լոգիա», 1950, Երե­ւան։

-Անգտա­նելի գիրք չկայ։

Եւ, մինչ Սար­գի­սը գիր­քե­րու բազ­մա­թիւ կոյ­տե­րու եւ պա­տին կռթնած «աշ­տա­րակ­ներ»ու մէջ կը սկսի այդ ըն­տիր ծաղ­կա­քաղը փնտռել՝ կը սկսինք խօ­սիլ «օլի­կարխ»ի եւ օլի­կարխնե­րու մա­սին։

-Պա­րոն Սար­գիս, կ՚ար­ժէր անոնց մա­սին գրուած բո­լոր յօ­դուած­նե­րը, քննա­դատա­կան­նե­րը, քա­ղաքա­կան, բա­րոյա­կան, ըն­կե­րային եւ տնտե­սական վեր­լուծումնե­րը, հար­ցազրոյցնե­րը ծաղ­կա­քաղի մը մէջ հա­ւաքել։ Բազ­մա­հատոր, եթէ չէ՝ ստուար գիրք մը պի­տի ըլ­լար ան­կասկած։

-Խո­րագիր­նե­րը աչ­քիս առ­ջեւ կը յայտնուին ար­դէն. «Օլի­կար­խա­պատում», «Օլի­կար­խի Յի­շատա­կարա­նը», «Գան­ձա­րան Ժա­մանա­կակից Օլի­կար­խութեան»…

-Թեր­թե­լով այդ հրա­տարա­կու­թեան էջե­րը, պի­տի տես­նէինք, թէ վեր­ջին քա­ռորդ դա­րի ըն­թացքին, ան­գի­տակ­ցա­բար, ստեղ­ծեր ենք «օլի­կար­խա­կան գրա­կանու­թիւն»։

-Ինչպէս ան­ցեալ դա­րուն ստեղ­ծեր էինք «Գա­ւառա­կան գրա­կանու­թիւն», կամ «Գիւ­ղագրու­թիւն»։

-Ճիշդ այդպէս։ Ան­շուշտ, այս գիր­քի մէջ պի­տի գտնէինք բե­ւեռա­ցած զգա­ցումներ՝ հիացու­մէ ատե­լու­թիւն, զայ­րոյթէ նա­խանձ տա­տանուող։

-Պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, անոր դրդա­պատ­ճառն է վե­րոյի­շեալ դա­սակար­գի, այդ փոք­րա­թիւ ընտրա­նիի ու­նե­ւորու­թիւնը, կամ՝ աւե­լի ճիշ­դը, այն կարճ ժա­մանա­կամի­ջոցը, որու ըն­թացքին հա­սեր է ու­նե­ւորու­թեան։

-Բայց, պէտք է յի­շել, թէ իրա­վիճա­կը ո՛չ մեր երկրին յա­տուկ է, ո՛չ ալ նո­րու­թիւն մը։ Առա­ւելա­բար, հա­կառակ տե­սանե­լի երե­ւոյ­թին, ստու­գա­բանա­կանօ­րէն օլի­կարխնե­րը... «աղ­քատ» են։

-Մխի­թարու­թիւն մը։

-Բա­ցատ­րութիւ­նը՝ այսպէս. եր­կու բա­ռերն ալ կու գան «օլի­ղոս» (ὀλίγος) ար­մա­տէն, որ կը նշա­նակէ «քիչ, սա­կաւ, նուազ, փոք­րա­թիւ, փոքր, մանր, ան­բա­ւական»։ Ծննդա­կից բա­ռերն են, հին իռ­լանտե­րէն «իլաղ» խեղճ, լի­թուա­ներէն «լիէք­նաս» նի­հար, բա­րակ, «լի­կա» հի­ւան­դութիւն, ալ­բա­ներէն «լիկ» չար, գէշ։ Միանա­լով յու­նա­րէն «ար­խի» (իշ­խել) մաս­նի­կին, այս ար­մա­տը կազ­մեր է «օլի­գար­խիա» բա­ռը, որ ու­նի եր­կուքու­կէս հա­զարա­մեայ հնու­թիւն։ 1570-ական­նե­րուն բա­ռը մուտք գոր­ծեր է մի­ջին ֆրան­սե­րէն, -oligarchie-, ապա դար­ձեր է մի­ջազ­գա­յին։ Բա­ռը կա­րելի է հա­յերէ­նի փո­խադ­րել «սա­կաւա­պետու­թիւն» ձե­ւով։ Այ­սինքն, երբ քիչ թի­ւով մե­ծահա­րուստներ քա­ղաքա­կան որո­շումնե­րու ըն­դունման վրայ ազ­դե­ցու­թիւն կ՚ու­նե­նան։

-«Սա­կաւա­պետու­թի՜ւն»… Հեգ­նա­կան անուանում։ Օլի­կարխնե­րը, «սա­կաւա­պե՞տ»…

-«Օլի­ղոս»ի հայ­կա­կան տար­բե­րակը, կա­րելի է ըսել ծննդա­կիցը, «աղ» ար­մատն է, որ միանա­լով «ատ» մաս­նի­կին՝ կազ­մեր է «աղ­քատ» բա­ռը. չքա­ւոր, ըն­չա­զուրկ, կա­րիքա­ւոր, խեղճ, ան­շուք… Եւ ի՛նչ ազ­նիւ է մեր հա­րազատ «աղ­քատ»ը. եղած է առա­տաձեռն, մեր լե­զուին նուիրեր է ան­հա­մար բա­ռեր. աղ­քա­տու­թիւն, աղ­քա­տիկ, աղ­քա­տանի, աղ­քա­տիմաց, աղ­քա­տասէր, աղ­քա­տասի­րու­թիւն, աղ­քա­տատեաց, աղ­քա­տաձեւ, աղ­քա­տամիտ, աղ­քա­տախ­նամ, աղ­քա­տաբա­ժին, աղ­քա­տանալ, աղ­քա­տանոց, աղ­քա­տահան­դերձ, աղ­քա­տազ­գեստեալ։ Նոյ­նիսկ պատ­կե­րալից ար­տա­յայ­տութիւններ. «Աղ­քատ-առու­տուր», «Աղ­քա­տի բան­ջար», «Աղ­քատ Ղա­զարոս»։ Միւս կող­մէն, «օլի­կարխ»ը եղած է չա­փազանց ժլատ։ Ար­տա­քինով փար­թամ, ճոխ, հա­րուստ, պա­րարտ եւ ներ­կա­յանա­լի այս օտա­րամու­տը մեր լե­զուին նպաստ չէ բե­րած։

-Բայց, ժա­մանա­կի ըն­թացքին կրնայ աճիլ եւ ճիւ­ղա­ւորուիլ, չէ՞։

-Ան­շուշտ։ Նոյ­նիսկ հի­մա, մտքի թե­թեւ թռիչք մը ու կա­րելի է նոր բա­ռեր ստեղ­ծել. օլի­կար­խա­սէր, օլի­կար­խա­միտ, օլի­կար­խա­մէտ, օլի­կար­խա­տեաց, օլի­կար­խա­պաշտ, օլի­կարխա­պետ, օլի­կար­խա­բաժին, օլի­կար­խա­նալ, օլի­կար­խազգես­տեալ, օլի­կար­խա­վայել։

-Վեր­ջի­նը, կը տես­նեմ, թէ շատ գոր­ծա­ծելի կրնայ ըլ­լալ. «Օլի­կար­խա­վայել հարսնիք», «Օլի­կար­խա­վայել ապա­րանք»…

-«Աղ­քատ»ը թի­ւով հա­րուստ է, բազ­մա­մարդ, եւ բար­բառնե­րու մէջ՝ հա­մատա­րած։ Մեր պատ­մութեան դա­ժան եւ դժբախտ օրե­րուն մշե­ցին եւ սալ­մաստցին եղած է «ախ­քատ», մա­րաղա­ցին եւ թիֆ­լիսցին՝ «ախ­կատ», ագու­լիսցին՝ «ախ­կաթ», գո­րիս­ցին, ար­ցախցին եւ ջու­ղա­ցին՝ «ախ­կադ», ակնցին, խար­բերդցին եւ կա­րին­ցին՝ «ախ­գադ», զէյ­թունցին եւ հա­ճըն­ցին՝ «ախ­քօդ»…

-Գի­տեմ միայն, թէ քա­ղաքա­կան հաս­կա­ցողու­թեամբ, ան հա­կանիշն է ժո­ղովրդա­վարու­թեան։

-Սխալ չէ։ Տե­սէ՛ք, երբ Աթէն­քը Ք.Ա. 5-րդ դա­րուն կը վա­յելէր ժո­ղովրդա­վարու­թիւնը եւ պե­տական դէմք, ռազ­մա­գէտ Պե­րիկ­լե­սի կա­յուն օրե­րուն կ՚ապ­րէր իր Ոս­կե­դարը, անոր գերթշնա­մին՝ Սպար­տան, կը հե­տապնդէր օլի­կար­խա­կան կա­ռավա­րու­թիւնը։ Պե­տութեան կ՚իշ­խէին վաթ­սուն տա­րեկա­նը անց 28 այ­րեր եւ եր­կու թա­գաւոր։ Այդ ընտրա­նին կը կո­չուէր «Ծե­րակոյտ»։ Պատ­մութիւ­նը կը հաս­տա­տէ, թէ օլի­կարխնե­րը կ՚աշ­խուժա­նան, երբ եր­կի­րը տնտե­սական եւ քա­ղաքա­կան տագ­նա­պի մատ­նուի։ Այսպէս՝ Աթէն­քի մէջ, խումբ մը ապստամբ օլի­կարխներ եւ ազ­դե­ցիկ զի­նուո­րական­ներ, -պատ­մա­կան կո­չու­մով «400»ներ-, օգ­տուելով յա­րատեւ պա­տերազմնե­րու բե­րած նիւ­թա­կան ճնշու­մէն եւ քա­ղաքա­կան անո­րոշու­թե­նէն, Ք.Ա. 411 թուակա­նին կա­տարե­ցին պե­տական հա­րուած ու ժա­մանա­կաւո­րապէս ձեռք ան­ցուցին կա­ռավա­րու­թիւնը։ Սա­կայն, զայ­րա­ցած ժո­ղովուրդը կարճ ժա­մանակ վերջ վե­րահաս­տա­տեց իր բնա­կանոն ապ­րե­լակեր­պը։ Յե­ղափո­խու­թեան պա­րագ­լուխնե­րը ձեր­բա­կալուեցան կամ ար­տաքսուեցան։

-Մե­զի խա­ղաղու­թիւն է պէտք ու կը բար­գա­ւաճի հայ­րե­նիքը… Հոս պի­տի ըլ­լար… «Գան­ձա­րան…», «Մար­գա­րիտ­ներ…», սա Թիֆ­լիսն է, «Բու­րաստան…» Ահա, ձեր «Ան­թո­լոգիա»ն։

-Հսկա­յական գործ մը. ար­ձակ, թէ բա­նաս­տեղծու­թիւն, սո­վետա­հայ գրա­կանու­թեան երե­սուն տա­րուայ լա­ւագոյն էջե­րը… Շատ շնոր­հա­կալ եմ։

-Ու­րախ եմ, որ ձեր գրա­դարա­նը հարստա­ցու­ցի եւս մէկ գիր­քով։

Ես ալ ու­րախ կը զգամ ձեր բա­րեկա­մու­թեամբ։

-