PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Զօրակցիլ այս նոր յոյսին

Նախորդ Կիրակի յետմիջօրէին Եշիլգիւղի Սուրբ Ստեփաննոս եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ 10 տերսիմահայերու հաւաքական մկրտութիւնը եւ երկու զոյգերու պսակադրութիւնը։ Մկրտուողնե­րը ստա­ցան հայ­կա­կան անուններ։ Կ՚ար­ժէ նշել այդ անուննե­րը՝ Նուարդ, Թով­մաս, Լու­սին, Շնորհք, Մա­րիամ, Մա­սիս, Մա­րալ, Միհ­րան, Մա­նուկ եւ Արիս։

Մա­նուկ, Միհ­րան եւ Արիս ան­չա­փահաս երա­խաներ են, իսկ մնա­ցեալը՝ երի­տասարդ կամ մի­ջին տա­րիքով։ Զի­րենք հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ մէջ մկրտուելու տա­նող կամ­քը կը բխէր նախ­նեաց ինքնու­թիւնը իւ­րացնե­լու գի­տակ­ցութե­նէ։ Անոնք եր­կու կամ երեք սե­րունդ առաջ այս ու նման անուններ կրող­նե­րու շա­ռաւիղ­ներն էին։ Զի­րենք շրջա­պատող պայ­մաննե­րուն տակ ակա­մայ հե­ռացած էին հա­րազատ ինքնու­թե­նէ եւ ձու­լուած մե­ծամաս­նութեան մէջ։ Բա­ւական սուղ ար­ժած էր այդ ձու­լումը։ Մոռ­ցած էին մայ­րե­նին, հո­գեւոր ու մշա­կու­թա­յին աւան­դութիւննե­րը։ Եթէ այս պա­հուն չսթա­փէին՝ շատ հա­ւանա­կան է որ անոնք առ­յա­ւէտ կոր­սուած պի­տի ըլ­լա­յին հայ ազ­գի ամ­բողջու­թեան հա­մար։ Վեր­ջա­պէս մեր ապ­րած երկրին մէջ կամ այ­լուր բնաւ նուազ չեն այդ ճա­կատագ­րին մատ­նուող­նե­րը։

Եթէ մկրտու­թեան խոր­հուրդը կը կան­խէ այդ վտան­գը, մենք պար­տա­ւոր ենք յի­շելու Տեր­սի­մի հա­յոց հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան շատ կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւնը այս գոր­ծընթա­ցին մէջ։ Եթէ այ­սօր յա­ճախա­կիօրէն կը հան­դի­պինք տեր­սի­մահա­յերու հա­ւաքա­կան մկրտու­թիւննե­րուն, այդ են­թա­հողը պատ­րաստեց վե­րոյի­շեալ հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւնը։ Հա­մար­ձա­կու­թիւն ներշնչեց իր հա­մաքա­ղաքա­ցինե­րուն։ Մար­դիկ զի­րար օրի­նակ առին։ Այստեղ կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն ու­նի նաեւ հայ եկե­ղեց­ւոյ մէջ մկրտուելով հայ­կա­կան դպրոց յա­ճախե­լու կա­րելիու­թեան ձեռքբե­րու­մը։ Սո­վորա­կան պոլ­սա­հայեր որ­քան որ հե­ռու կը մնան հայ դպրո­ցէն, ինքնութեան ուշ վե­րադար­ձողնե­րը սրբա­տեղիի մը վե­րաբե­րու­մը կը ցու­ցա­բերեն այդ նոյն հաս­տա­տու­թեան։ Ի՛նչ զար­մա­նալի, այ­սօ­րուայ պոլ­սա­հայու­թեան մե­ծամաս­նութիւ­նը կազ­մողնե­րու ան­մի­ջապէս նա­խորդ սե­րունդն ալ նոյն ոգիով փա­րած էր հայ դպրո­ցին։ 1950-ական, 60-ական կամ 70-ական տա­րեթի­ւերուն Եոզ­ղա­տի, Սե­բաս­տիոյ, Կե­սարիայի, Եւ­դո­կիիոյ, Քաս­թա­մոնուի նման քա­ղաք­նե­րէ Պո­լիս եկող­ներ մեծ կա­րօտով իրենց զա­ւակ­նե­րը ղրկե­ցին հա­յու դպրոց­ներ։ Յոյս ու­նէին որ այդ կրթօ­ճախ­նե­րու մէջ ու­սա­նելով անոնք պի­տի տի­րապե­տեն մայ­րե­նի լե­զուին։

Ափ­սոս որ ար­դիւնքը ակնկա­լուա­ծը չար­դա­րացուց։ Ծանր կշռե­ցին քաղ­քե­նի փառ­քե­րը, որոնց մէջ ո՛չ հա­յերէ­նը տեղ ու­նէր, ո՛չ հա­յեցի անուննե­րը եւ ոչ ալ հայ դպրո­ցը։

Ու­րեմն մշա­կոյ­թը պահ­պա­նելու նոր յոյ­սը այժմ դրուած է մին­չեւ մօտ ան­ցեալ ազ­գա­յին պատ­կա­նելու­թե­նէ հե­ռացած, բայց ապա նոր մեր­ձե­ցումնե­րով իրենց բուն ինքնութեան վե­րադար­ձածնե­րու ու­սե­րուն։

Իսկ սկսե­լով պոլ­սա­հայ հա­սարա­կու­թե­նէն, ամ­բողջ հա­յաշ­խարհը իր եկե­ղեցիով, գա­ղափար ար­տադրող միտ­քե­րով, մա­մու­լով, գոր­ծիչնե­րով որ­քա՞ն պատ­րաստ ու գի­տակից է իր հա­րազատ տար­րե­րուն հետ վերստին միաձու­լուելու։

Մենք օրի­նակին հե­տեւե­լով կեդ­րո­նացանք տեր­սի­մահա­յու­թեան վրայ։ Սա­կայն դեռ կան նման պայ­մաննե­րու մէջ յայտնուող Տի­յար­պէքիրի, Ատըեամա­նի, Սաս­նայ որոշ շրջան­նե­րու հա­յու­թիւնը, որոնք նոյնքան ար­ժա­նի են հո­գատար ու­շադրու­թեան։

Նախ­քան մկրտու­թեան կար­գը, եկե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ կը զրու­ցենք մկրտիչ քա­հանա­յին հետ, որ հիաս­թա­փու­թեամբ կը խոս­տո­վանի Ատըեամա­նի հա­յերու ասո­րեց­ման վտան­գը։ Ափ­սո­սան­քով կը նկա­րագ­րէ տեղ­ւոյն ասո­րի առաջ­նորդին գոր­ծունէու­թիւնը։ Դժբախտ երե­ւոյթ է որ տեղ­ւոյն վրայ կրօ­նական ինքնու­թիւնը շատ ան­գամ կը գե­րազան­ցէ ազ­գա­յին ինքնու­թիւնը եւ մար­դիկ քրիս­տո­նեայ մնա­լու մտա­տան­ջութեամբ կը յօ­ժարին ասո­րի եկե­ղեց­ւոյ մէջ մկրտուելու։

Որ­քան ալ բո­լորիս ծա­նօթ ու հասկնա­լի ըլ­լան պատ­րիար­քա­րանի նիւ­թա­կան դժուարու­թիւննե­րը, գա­ւառի հա­յու­թիւնը այ­ցե­լու քա­հանա­յի մը հայ­րա­կան խնամ­քէն իսկ զուրկ թո­ղու­լը պէտք է մա­հացու մեղք հա­մարուի։

Խնդի­րը էական է ու պար­տա­ւոր ենք բո­լոր գե­տին­նե­րու վրայ այս մա­սին խորհրդակ­ցե­լու։