Պաքուի Ս. Մեսրոպեան ուսումնարանի մէջ սկսած օրս, քաղաքի պողոտաներուն մէջ կատարած շրջագայութենէս ետք իր հանգիստը կը գտնէ գործարար, նաւթահան Յովհաննէս Միրզոյեանի շքեղ ապարանքի գրադարանին մէջ, ուր հաւաքուած են հայկական եւ ռուսական գրականութեան գլուխ գործոցները, իսկ պատերը կը զարդարեն թիֆլիսահայ քանի մը նկարիչի իւղաներկ բնանկարները։
-Պարոն ստուգաբանութիւն, ուրախ եմ, որ ընթրիքի հրաւէրս չմերժեցիք... Ինչպէ՞ս գտաք մեր նոր Պաքուն։
-Պէտք է որ խոստովանիմ, թէ բոլորովին կերպարանափոխուած է. դարձած է բազմամարդ, եռուն, լուսաւոր քաղաք մը, ուր տնտեսական, հասարակական եւ մշակութային բնագաւառներու մէջ հայերն է որ բացարձակ առաջատար դեր կը խաղան։ Հայերու մօտ այդ ի՜նչ յառաջդիմութիւն ձկնարդիւնաբերութեան, ծխախոտագործութեան, գինեգործութեան, մետաքսագործութեան եւ բամպակագործութեան մէջ... Ամէն տեղ գործարաններ, առեւտրական ընկերութիւններ... Կէսօրին երբ իջայ նաւահանգիստ, ռուսական եւ եւրոպական նաւերու քով տեսայ նաւթափոխադրութեան համար շինուած հայապատկան նաւեր. «Մասիս», «Արարատ», «Անի», «Սեւան», «Սիւնիք»...
-Պարոն ստուգաբանութիւն, ասկէց քսանհինգ-երեսուն տարի առաջ Պաքուն ունէր հազիւ յիսուն տուն հայ, որոնք ձկնորսութեամբ եւ մանր առեւտուրով կը զբաղէին։ Իսկ այժմ, քսաներեք հազար հայ ենք։ Կան հայապատկան հսկայ ընկերութիւններ, դրամատուներ, մշակութային հաստատութիւններ, վարժարաններ, տպարաններ, թատերական խումբեր...
-Այդ բոլորը կը պարտինք ձեզի։
-Կը չափազանցէք։ Միայն, կրնամ ընդունիլ, թէ գործի կեանքի մէջ իմ հոտառութիւն քիչ մը զօրաւոր է, բառացիօրէն։ Ապշերոնի թերակղզին, որուն վրայ հիմնուած է այս քաղաքը, ունի հողին տակէն բնականօրէն յայտնուող, իւղանման դիւրավառ հեղուկ, -նաւթը նկատի ունիմ, սեւ ադամանդը-, որ ունի իւրայատուկ հոտ։ Երկրի մակերեսի վրայ այդ ջրալի կամ թանձր հեղուկը կը վերածուի մածուցիկ ծանր նիւթի՝ կիսածանր կուպրի։ Ես զգայուն եմ անոր գոլորշիին։ Աւելին, այդ հոտը, որ շատերուն համար գարշելի է, ինծի համար շահաբեր բոյր մըն է։
-Պարոն Միրզոյեան, ստուգաբանութիւնն ալ կը հաստատէ, թէ ձեր հոտառութիւնը անսխալ է։ Ինչպէս «Պաքու», եւ «Ապշերոն» բառերը պարսկական են, նոյնպէս ալ նաւթ բառը։ Պահլաւերէն փոխառութիւն է, naft ձեւէն, զնդերէն՝ napta, որ բուն կը նշանակէ «թաց, խոնաւ»։ Ան կու գայ nebh, embh, enebh արմատներէն, որոնց սերնդակիցներն են մեր «ամպ» եւ «նամ» բառերը։
-Ես զգացեր էի, «խոնաւ, ջուր, շոգի, ամպ...», բոլորն ալ յորդառատ նաւթավայրի մը նախանշաններն են։
-Անշուշտ, թէ Պարոն Միրզոյեան, «նաւթ»ին հոտը ուրիշ ժողովուրդներ ալ առած են. արաբերէն «նաֆթ», քրտերէն «նէֆթէ», ասորերէն «նաֆթա», լատիներէն, յունարէն եւ գերմաներէն «նաֆթա», վրացերէն «նավթի»... Այս նիւթը, որուն բարիքներէն զրկուած է մեր հայրենիքը, հարստացուցած է գոնէ մեր լեզուն։ Ե. դարէն սկսեալ տեղ գտած է մեր գրական հանքերու ծալքերուն մէջ, սկսեալ Խորենացիէն։ Անանիա Շիրակացին իր «Աշխարհագրութիւն» երկին մէջ կը խօսի Մեծ Հայքի նաւթի մասին։ Սա եօթերրորդ դարն է։
-Թէեւ Հայկական Լեռնաշխարհէն կը բացակայի այս թանկագին հանքը, բայց մենք՝ Պաքուի հայ գործարարներս, Մանթաշեանները, Ադամեանները, Լիանոզեանները, Ծատուրեանները, Մելիքեանները, ինչպէս նաեւ «Ղուկասով Եղբայրներ», «Արագած», «Արաքս», «Արամազդ», «Աստղիկ» ընկերութիւնները եւ համեստօրէն մենք, Միրզոյեաններս, զայն կը հանենք յօգուտ հայութեան, ազգային լուսաւորութեան եւ բարգաւաճման համար։
-«Նաւթ» բառն ալ իր կարգին ճոխացուցեր է մեր լեզուն բազմաթիւ բարդ բառերով եւ ածականներով. նաւթարդիւնաբերութիւն, նաւթահանք, նաւթաբեր, նաւթահող, նաւթաշրջիկ, նաւթամուղ, նաւթաշխարհ, նաւթաշատ, նաւթային, նաւթանցք, նաւթատար, նաւթավաճառ, նաւթավաճառութիւն, նաւթել, նաւթոտ, նաւթոտել, նաւթահոր եւ նաւթահան։ Վերջին երկու հատը առաւել պատիւ պէտք է որ բերէ ձեզի, քանի որ Պաքուի առաջին արդիւնաբերական նաւթահորը 1869 թուականին դուք բացած էք եւ 1871 թուականին ալ շինած՝ նաւթահան առաջին աշտարակը։
-Այդ մէկը ունէր 45 մեթր բարձրութիւն։ Երբ արտահանումը սկսաւ, բոլորը զարմացած կը դիտէին, թէ սա ինչ հրէշ է։ Այսօր այդ փայտաշէն աշտարակները համատարած են Ապշերոնի վրայ, հազար հազարաւորներէն կը ժայթքի նաւթը, տարածաշրջանին պարգեւելով տնտեսական աննախադէպ վերելք։ Անշուշտ այս գործառնութիւնները տնտեսելու համար տասնեակ մը տարիներ առաջ, 1875ին հիմնեցինք «Փոխադարձ Վարկի Ընկերութիւն»ը։
-«Նաւթ» բառն ալ բաւական համատարած է մեր բարբառներու մէջ. Ագուլիսի եւ Արցախի մէջ «նօթ», Երեւանի եւ ձեր ծննդավայրին՝ Թիֆլիսի մէջ «նաֆթ», Ջուղայի մէջ «նաֆտ»։ Իսկ Ալաշկերտի մէջ «նըֆտ» եւ Մշոյ մէջ «նըֆթ» բառերը կը նշանակեն «լուցկի»։
-Լուցկի՜... Զարմանալի չէ, դիւրավառ է նաւթը։ Այս թերակղզիի վրայ ինքնաբերաբար կը վառի։ Հիասքանչ է վառուող դաշտերու գիշերային տեսարանը։ Հիները աստուածային նկատեր են զայն ու երկրպագեր են անոր։ Ուստի, երկիրը անուաներ են «Ատրպատական»։
-Այսինքն «Հրոյ Երկիր»։ «Ատր» բառը պարսկերէն կը նշանակէ «հուր, կրակ», ուրկէ՝ «ատրագոյն, ատրճանակ, ատրական, ատրաշէկ, ատրաշիկանալ, ատրուշան, ատրորակ» բառերը։
Ներս կը մտնէ կարճահասակ մարդ մը, տան մէջ ծառայող մը անկասկած, որ հագած է սպասաւորի սեւ համազգեստ եւ սպիտակ ձեռնոցներ։
-Պարոն Միրզոյեան, ընթրիքը պատրաստ է։
-Մեր խոհարարը, կը պարծենայ պարոն Միրզոյեանը, Կովկասի թիւ մէկն է։
-Սեղան առաջնորդուելէ առաջ կ՚ուզէի ձեզի նոր լոյս տեսած այս գիրքը տալ, փոքրիկ նուէր մը ձեր գրադարանին համար։
-«ՌԱՖՖԻԻ ԿԱՅԾԵՐԸ», Պաքու, 1884։
-Մատենախօսութիւն մը՝ պոլսահայ գրող Արմենակ Հայկունիի կողմէ գրի առնուած։
-Շատ շնորհակալ եմ։ Պարոն ստուգաբանութիւն, միակ յոյսս այն է, թէ ինքնավառ կայծերը դառնան բոցեր, բոցերը՝ տենչ եւ կիրք եւ կամք ու բոլորս հանդիպինք բարեկարգ, ինքնավար հայրենիքի մէջ։
Առաջին նաւթահորը