Պետական համակարգի խորունկ նրբանցքներուն, գաղտնի սենեակներուն մէջ ծրագրուած մահափորձի մը զոհը եղաւ Հրանդ Տինք։ Երկրի արդարադատական կառոյցը որքան ալ դժուարանայ այս իրողութիւնը պարզաբանելու, հասարակութիւնը դէպքի պահուն իսկ գիտակցած էր այս ճշմարտութեան։ Այդ գիտակցութիւնն էր որ մեծ ընդվզում յառաջացուց ժողովուրդի մօտ։ Ոճիրէն քանի մը ժամ ետք Թաքսիմի հրապարակէն դէպի «Ակօս» թերթի խմբագրատուն բողոքի երթ կազմողները կը վանկարկէին «Մարդասպան պետութիւն» կարգախօսը։
Ազգապաշտ, հետզհետէ պետականապաշտ շրջանակներ խիստ անհանգստացած էին պետութեան մարդասպանութիւն վերագրող այդ միտքէն։ Անցնող մօտ տասը տարիները զանազան փաստերով ապացուցեցին պետութեան մարդասպան յատկութիւնը։
Այսպէս մտածողները խաբուսիկ սրբութիւններու հետեւած միամիտներ ըլլալով, համոզուած են որ պետութիւնը իբրեւ վերացական մարմին, անշուշտ ենթակայ է օրէնքներու, հետեւաբար գործ չունենար աւազակութեան, մաքսանենգութեան, թմրեցուցիչ նիւթերու առուծախի եւ մարդասպանութեան նման յանցագործներու աշխարհին վերաբերող աշխատանքներու հետ։
Մինչ բազմաթիւ փորձերով պարզուած է որ իւրաքանչիւր պետութիւն, երբ կարիքը զգայ, զանազան գործօններու միջոցաւ դիւրաւ կը շեղի օրինականութենէ եւ կը դիմէ ապօրէն արարքներու։
Այս շեղումին համար ունի տարբեր լծակներ։ Գաղտնապահութիւնը փորձուած գործիչներ, այդ գործիչները պաշտպանելու հեռանկարով պատրաստուած ու անպատժելիութիւն ապահովող օրէնքի կարգադրութիւններ եւ տակաւին հազարումէկ չար կանխամիջոց։
Ներկայ իրողութեան մէջ այս բոլորին վրայ եկաւ յաւելուլ «արտակարգ դրութեան» ընձեռած ոտնձգութիւնները։
Թուրքիա ցնցուեցաւ հուժկու փոթորիկով, որուն յաջորդեց յորդառատ տարափ։ Սարի քարերը սկսան գլորիլ, իրենց հետ աւելի փոքր քարերն ալ շարժման անցնելով։ Որքան ատեն որ քարերը կը գլորին, վտանգ կը սպառնայ բոլորիս։ Ստիպուած պիտի ըլլանք քարերու իրենց տեղը նստելուն սպասելու։ Հազիւ անկէ ետք պիտի նկատենք թէ գլորող այդ քարերը մեզմէ որուն գլուխը ջարդած, որոնց կեանքերը խլած են։
Այս տողերու գրուած պահուն կը լռանայ երիտասարդ քաղաքական գործիչի մը՝ Հուրշիտ Քիւլթերի պետական պաշտօնեաներու, զինուորներու ձեռքով անյայտ կորչելու 77-րդ օրը։ Սոյն տարուայ 27 Մայիսին բերման ենթարկուած Քիւլթերի զօրանոց մտնելը տեսնող բազմաթիւ վկաներ կան։ Ի դէմ այս ականատեսներու, զօրամասի սպաները յամառօրէն կը պնդեն, թէ իրենք այդ անձը չեն տեսած։
77 օրերէ ի վեր «Ո՞ւր է Հուրշիտ Քիւլթեր» հարցնողներու մտքին մէջ դրոշմուած է 1990-ական տարեթիւերու անյայտ կորածներու պատմութիւնը։ Անոնց թիւը կ՚ենթադրուի շուրջ 15 հազար, եւ հարազատները մինչեւ այսօր Կալաթասարայի հրապարակին վրայ տարուայ բոլոր Շաբաթ օրերուն եւ նոյն ժամուն կը մէկտեղուին արդարութիւն պահանջելու համար։
Բոլորս գիտենք որ կեանքի տեւողութիւնը Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ բոլորելը իրեն յատուկ բարդութիւններ կը պարտադրէ։ Ոմանք կ՚ընտելանան այդ բարդութիւններուն եւ չէզոքութեան մէջ կը գտնեն որոշ ապահովութիւն։ Իսկ ոմանք իրենց շնորհուած կեանքի տեւողութեամբ կը պայքարին մարդասպան պետութեան դէմ։
Շատեր իրաւացիօրէն վճռած են, թէ անիմաստ պայքար մըն է այս, որուն մարտիկները դատապարտուած են հիասթափութեան։
Մի գուցէ ճիշդ ըլլան, բայց ո՞վ կրնայ ուրանալ կռուին, մանաւանդ ալ արդարութեան համար, մարդկութեան համար մղուած կռուին անդիմադրելի ձգողութիւնը։