1884, Պաքու։ Վերաբացուած է Ս. Մեսրոպեան ծխական երկդասեան դպրոցը ու նոր եռանդով սկսեր է իր 170 աշակերտներուն կրկին ուսուցանել հայոց եւ ռուսաց լեզուները, ազգային պատմութիւն, թուաբանութիւն, կրօնագիտութիւն եւ վայելչագրութիւն։ Դասատուն, քաղաքի մէջ նաւթաարդիւնաբերութեան ռահվիրայ, մեծ վաճառական եւ գործարար Յովհաննէս Միրզոյեանի ջանքերով Թիֆլիսէն եկած խոստումնալից երիտասարդ մըն է։ Ան դասարանին ցոյց կու տայ պնակիտ մը, որուն վրայ գրուած է հայոց այբուբենը ամենագեղեցիկ ձեռագիրով՝ Աա, Բբ, Գգ... Դասատուն կը հնչէ տառերը ու աշակերտները կը կրկնեն. այբ, բեն, գիմ...
-Պարոն ստուգաբանութիւն, ուրախ եմ որ հրաւէրս չմերժեցիք։ Շատ կ՚ուզէի ձեզի ցոյց տալ այս վարժարանը։ Ունինք նաեւ Ս. Հռիփսիմեան օրիորդաց միջնակարգ ուսումնարանը։ Մշակոյթը եւ ազգային դաստիարակութիւնը մեր հպարտութիւնն է այս քաղաքին մէջ...
-Պարոն Միրզոյեան, ամէն անգամ որ Կովկաս կ՚այցելեմ հիացումով ականատես կ՚ըլլամ հայ բնակչութեան արդիւնաբեր, հնարամիտ եւ գործունեայ ոգիին։
-Քաղաքիս հայազգի մեծագոյն գործարարները՝ Ադամեանները, Ման-թաշեանները, Լիանոսեանները, Ծատուրեան-ները, Մելիքեանները, համեստօրէն նաեւ մենք, նաւթի, -կամ քարիւղի, ինչպէս որ կը նախընտրէք,- գործի մէջ ենք։ Բոլորս, բառացիօրէն, քարէն կը հանենք մեր հացը։
Ձեռնազանգակ մը բոլորը կը կանչէ ճաշի։ Շէնքի ներքնայարկը կը բոլորուինք սեղանի շուրջ։ Աշակերտները փայտէ պնակներու մէջ կ՚ընդունին իրենց ապուրը։ Տնտես մայրիկ մը ճենապակի պնակներու մէջ կը բերէ մեր ճաշը, Կասպից Ծովու յատուկ ձկնեղէն մը, անկասկած, որուն բոյրը անօթի մարդու համար աւելի գրաւիչ է, քան նաւթի շահաբեր բոյրը։
-Կան կրթասէր բառեր։ Անհաւատալի, բայց ճշմարիտ։ Անոնք կը սիրեն զարգանալ, քաղաքակրթութեան քայլ յարմարցնել, այսինքն «տաշուիլ», ինչպէս «պանկ»ը։
-Եւ, արդեօ՞ք «պնակիտ»ը, պարոն ստուգաբանութիւն։
-Այո, նաեւ «պնակիտ»ը, այդ համեստ եւ օգտաշատ փայտի կտորը, որուն վրայ վայելչօրէն գրած էիք մեր այբուբենը։ Տեսէք, երկուքն ալ յունական փոխառութիւններ են։ Պնակը կու գայ նոյնիմաստ «պինաքս» (πίναξ) բառէն։ Յունարէնի մէջ ունի լայն գործածութիւն. տախտակ, դաշխուրան, ափսէ, գիրքի ցանկ, աղիւսակ, դանակ յեսաներու տախտակ, ցուցակ, նկար... Ուրիշ ազգեր եւս գործածեր են բառը. լատիներէն pinax, վրացերէն «պինակի», «պինաքի» եւ «պինա», ասորերէն «պինկա»։ Իսկ այս երկրամասի տեղական պատմական լեզուն, ուտին, հայերէնի միջոցաւ ստացած է բառը՝ «պինակ»։ Մեր սեղանները ճոխացնող յախճապակի, արծաթ եւ ոսկեզօծ պնակները, որոնք նուրբ են եւ արուեստով, չշլացնեն մեր աչքերը։ Բուն պնակը, լեզուաբանականօրէն, փայտէ փորուած թաս մըն էր պարզապէս, զի յոյն բառը բուն կը ծագի «փայտ, տախտակ» իմաստէն։ Սովորական երեւոյթ մըն է ասիկա լեզուներու մէջ. բառիմաստը նիւթէն առնուած է։ Յունական բառը ունի իր ցեղակիցները։ Սանսկրիտ pinakam, որ կը նշանակէ «գաւազան, լախտ», եւ հին սլաւերէն pini՝ «ծառի կոճղ»։ Իսկ մեր գաւառներու մէջ բառը ունեցած է իր պարունակութեան չափ համով-հոտով հնչումներ. Սեբաստիոյ մէջ ճաշը կը դնեն «բնագ»ներու մէջ։ Մշոյ մէջ աշակերտներ կաւէ շինուած «պնագ»ներ բռնած կը սպասեն տաք ապուրին։ Իսկ, Պոլսոյ մէջ, պարոն դասատու, ձեր գրատախտակը կը դառնայ «փնագ», տախտակի վրայ փակցուած այբուբեն, աշակերտներուն կարդալ սորվեցնելու համար։ Վերջինին արմատն է յունարէն «պինաքիս» բառը։
-Փայտ, ապա կաւ, ապա յախճապակի, արծաթ, ապակի...
-Ըստ ստուգաբանութեան, կ՚աւելցնէ Պարոն Միրզոյեանը, այս անմեղ երախաներն է որ հարազատ պնակի մէջ ճաշ կ՚ուտեն։ Իսկ երբ մեծնանք, կ՚երեւի, կը փոխուի ամէն ինչ։
-Այդ փոփոխութիւնը անխուսափելի է, կը կարծեմ, այլասերութիւն պէտք չէ նկատել։ Ամէն ինչ պիտի զարգանայ, պիտի տաշուի, ինչպէս փայտի կտոր մը պնակ դարձեր է օգտակար։
-Աշակերտը պիտի դառնայ ուսեալ մտաւորական, ապա գործի մարդ, ազգային գործիչ... Պարոն ստուգաբանութիւն, ձեզ այս իրիկուն ընթրիքի կը սպասենք։ Կ՚ուզեմ քիչ մը նաւթի եւ նաւթի ծուխով եւ գոլորշիով մրոտած մեր քաղաքի մասին խօսիլ։
(Շարունակելի)