Երբեմն կը պատահի որ որեւէ խօսք իր առաջին հերթին պարունակած իմաստէն շատ աւելին խոստովանի։ Սովորաբար Թուրքիոյ խորհրդարանի մէջ Երեքշաբթի օրեր կուսակցութիւնները կ՚ունենան իրենց խմբակցութեան ժողովները։ Այս Երեքշաբթի կայացած ժողովներու ընթացքին Ազգայնական կուսակցութեան պետ Տէվլէթ Պահչելի ակնարկելով վերջին ձախողած յեղափոխութեան փորձին, ըսաւ որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը մազապուրծ ազատած է անխուսափելի կործանումէ մը։ «Եթէ յանկարծ յեղափոխութիւն գործադրել ուզողները յաջողէին մենք կրնայինք կորսնցնել աչքի լոյսի պէս պահած հանրապետութիւնը», ըսաւ Պահչելի։
Տարիներ առաջ հայաստանցի քաղաքական գործիչ մը առանց վարանելու թուղթէ առիւծի մը նմանցուցած էր Թուրքիան լոկ այն պատճառաւ որ այս երկիրը արտադրական ոչ մէկ յատկութիւն ունի եւ տնտեսական համակարգը հիմնուած է միայն առեւտուրի վրայ։ Նախապէս անշուշտ որ շատ կը խօսուէր երկիրներու տնտեսական զարգացումի մասին եւ այդտեղ կարեւորութիւն կ՚ընծայուէր ճարտարագիտական նուաճումին։ Ապա եկան ժամանակներ, ուր արհամարհուեցաւ ճարտարագիտական զարգացումը եւ մարդիկ կրցան պնդել թէ նոր ճարտարագիտութիւնը այլեւս ծխնելոյզի կարիք չունի։ Այդ ըսուած պահուն իսկ աշխարհի գերպետութիւնները իրարու հետ սուր մրցման մէջ էին այդ նոյն ժամանակավրէպ համարուած ոլորտի մէջ նոր ձեռքբերումներ ապահովելու համար։ Իսկ մեր երկրի մէջ օրինակ Էօզալ կը փորձէր հաւաստիացնել, թէ միայն յետամնաց երկիրներ կը յամառին իրենց տնտեսութիւնը զօրացնելու համար։ Կարծեցեալ երեւոյթ մը կը տիրէր ամենուրեք եւ մարդիկ կը ձգտէին այս նոր քարոզչութեան։
Այսօր Տէվլէթ Պահչէլիի այդ խօսքը անգամ մը եւս մտածել կու տայ, թէ որքան դիւրաբեկ է Թուրքիոյ նման երկիրներու տնտեսութիւնը որեւէ լուրջ միջազգային վերիվայրումի դիմաց։
Այդ նոյն օր քաղաքական առումով նոյնքան զգայացունց ելոյթ մը ունեցաւ ՀՏՓ կուսակցութեան համանախագահ Ֆիկէն Եիւքսէքտաղ, երբ կը քննադատէր վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերը։ Պինալի Եըլտըրըմ ընդվզումով կը հարցնէր՝ «Հրասայլերը ի՞նչ գործ ունին քաղաքին մէջ»։ Անշուշտ որ տեղին պոռթկում մըն է այս, սակայն Ֆիկէն Եիւքսէքտաղ ալ շատ տեղին դիտողութիւնով կը հարցնէր՝ «Հապա այդ նոյն հրասայլերը Տիյարպէքիրի, Շըրնաքի, Ճիզրէյի, Նուսայպինի փողոցները շրջած ատեն ինչո՞ւ չէիր դժգոհեր։ Միթէ այդ տեղերն ալ այս երկիրը չէ՞»։ Ահաւասիկ դժուար հարցում մը։ Հարցում մը՝ որուն պատասխանը ծանօթ է շատերուն։ Այս երկրին մէջ շատեր ու շատ շատեր գիտեն որ Տիյարպէքիրը, Շըրնաքը, Ճիզրէն, Նուսայպինը նոյն երկրի քաղաքները չեն։ Անոնք գրաւեալ տարածքներ են եւ արշաւիչը կ՚ուզէ պահել իր հսկողութեան տակ։ Սակայն ի գին ամէն տեսակ ստախօսութեան կը փորձէ հասարակութիւնը համոզել թէ երկիրը իր հողերով ու բնակչութիւնով անբաժան միասնութիւն մը կը ներկայացնէ։ Շատեր անշուշտ որ գիտեն թէ ճշմարտութիւնը այն չէ, այդ մէկը վարպետօրէն սարքուած սուտ մըն է, որ այս երկրի հիմնաքարը կը համարուի։ Միայն ներկայի նման ճգնաժամերու պահին է որ կ՚անդրադառնանք այս իրողութեան, բայց անշուշտ կը դժուարանանք այս նոյն իրողութիւնը ընդունելու։ Ամբողջ հանրապետութեան շրջանը բոլորած էինք այս սուտին վրայ եւ հիմա ով որ պնդէ թէ արքան մերկ է՝ մահացու յանցանք պիտի ըլլայ։ Բայց ինչ ընես որ թագաւորը իրաւ ալ մերկ է եւ միայն մանուկները կամ ալ մանուկի նման քաջերը պիտի համարձակին այդ իրողութիւնը բարձրաձայն հրապարակելու։