ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՀՄԱՅԻԼ

Կամ՝ օրհնեալ թուղթը

-Մեր արհեստանոցէն ներս, պարոն ստուգաբանութիւն, նոր խոհանոց, հանդերձադարան կամ այլ տեսակի կահոյք ուզող յաճախորդներ կը մտնեն սովորաբար։ Առաջին անձը, որ հմայիլ մը պա­տի վրայ ցու­ցադրե­լու հա­մար տուփ պա­տուի­րելու եկած է, ան­կեղծօ­րէն՝ դուք էք։ Ներ­կը եւ ջնա­րակը եր­կու օր առաջ աղ­ջիկս ըրաւ։ Մին­չեւ հի­մա չոր­ցած պէտք է որ ըլ­լայ։ Իսկ վրան ցո­լացա­կան տե­սակի ապա­կի պի­տի դնենք։ Հի­մա կու գայ։

-Շատ ճա­շակա­ւոր։ Շնոր­հա­կալու­թիւն, պա­րոն Պօ­ղոս։ Կրնա՞նք փոր­ձել։

Եւ ու­շադրու­թեամբ իր նոր պահ­պա­նակին մէջ կը զե­տեղենք 18-րդ դա­րու տպա­գիր այդ հմա­յիլը, որ ու­նի 6 մեթր եր­կայնք եւ 7 սան­թիմ լայնք։ Պահ­պա­նակի մէջ կան եր­կու շար­ժա­կան գլա­նիկ­ներ։ Հմա­յիլին գլխա­ծայ­րը կը փաթ­թենք առա­ջինին՝ վե­րի գլա­նիկին, իսկ վեր­ջա­ծայ­րը՝ երկրոր­դին, որ քսան սան­թիմ վար դրուած է միւ­սէն։ Երբ գլա­նիկ­նե­րը դան­դա­ղօրէն դարձնենք, էջ առ էջ, շար­ժանկա­րի մը երի­զի նման, կը յայտնուին հմա­յիլի ներ­քին բա­րեմաս­նութիւննե­րը. մար­դա­կերպ եւ թռչնա­գիր սկզբնա­տառեր, վեր­ջնա­զար­դեր, լու­սանցքա­յին զար­դեր, բազ­մա­թիւ սրբա­պատ­կերներ, խորհրդա­ւոր խօս­քեր, սուրբե­րու անուններ... Գրու­թիւննե­րը եր­բեմն եռան­կիւննե­րու եւ քա­ռակու­սի­ներու մէջ են։ Երբ հմա­յած կը դի­տենք բո­լորը, կը սկսինք խօ­սիլ հմա­յիլ­նե­րու եւ «հմա­յիլ» բա­ռի մա­սին։

Նախ յի­շենք, թէ հմա­յիլը, -նաեւ հմա­յեակ, պահ­պա­նակ, թա­լիս­ման, թլիսմ-, կա­խար­դութիւն պա­րու­նա­կող գիր է։ Հայ­կա­կան միջ­նա­դարեան գրա­կանու­թեան մէջ կան հմա­յախօ­սու­թիւննե­րու շատ օրի­նակ­ներ, ուր ամ­բա­րուած են առող­ջացնող խօս­քեր, աղօթքներ, մո­գական գաղտնիք­ներ, Սուրբ Գիր­քէն առ­նուած հա­տուած­ներ։ Անոնք նա­խապէս կը գրուէին մա­գաղա­թի վրայ, նոր շրջան­նե­րուն՝ թուղթի։ Մե­զի ծա­նօթ ամե­նահին հայ­կա­կան հմա­յիլը ստեղ­ծուած է 1444 թուակա­նին, իսկ տպա­գիր­նե­րը՝ 1600-ական թուական­նե­րուն, առա­ւելա­բար Կ. Պոլ­սոյ հայ­կա­կան տպա­րան­նե­րուն մէջ։ Որ­պէս բառ՝ ան շատ աւե­լի հին է եւ եկած է ու­րիշ մէկ աշ­խարհէն։ Բա­ռը պահ­լա­ւերէն փո­խառու­թիւն է, հիւ­սիս արե­ւելեան Պարսկաս­տա­նի լե­զուն։ Բունն է «հու­մայ»։ Նոյ­նը զնդե­րէն՝ «հու­մա­յա», որոնք կը նշա­նակեն՝ օրհնեալ, նաեւ՝ լաւ գի­տու­թիւն, առողջ, ելն.։ Ար­մատն է «մա­յա», օրհնու­թիւն, եր­ջանկու­թիւն։ Առ­ջե­ւը ըն­դունած է «հու» մաս­նի­կը, որ կը նշա­նակէ՝ լաւ, բա­րի։ Պար­սիկնե­րու «հու­մա­յուն» յայտնի բա­ռը, որ իր պա­տուա­ւոր տե­ղը ու­նի նաեւ Օս­մա­նեան կայսրու­թեան պատ­մութեան մէջ՝ ուստի բուն կը նշա­նակէ «բախ­տա­ւոր, բա­րի, օրհնու­թիւննե­րով լե­ցու­ն»։

-Նկա­տի ու­նիք «Հաթթ-ը Հու­մա­յուն» կո­չուած հրո­վար­տա­կը, որ 1856-ին սուլթան Ապ­տիւլ Մէ­ճիտի կող­մէ ստո­րագ­րուեցաւ։

-Այո։ Ան, որ կայսրու­թեան մէջ ապ­րող քրիս­տո­նեանե­րուն վի­ճակը բա­րելա­ւելու եւ իրա­ւունքնե­րը պաշտպա­նելու նպա­տակով էր պատ­րաստուած։ Մինչ սանսկրիտ լե­զուն ու­նի «սու-մա­յա» ար­տա­յայ­տութիւ­նը, որ կը նշա­նակէ «հրա­շալի զօ­րու­թիւն, հնա­րագի­տու­թիւն, խո­րաման­կութիւն, խա­բեբա­յու­թիւն, աճ­պա­րարու­թիւն»։

-Պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, մեծ մայրս ալ ու­նէր ծած­կագրե­րով ձե­ռագիր, հմա­յիլ մը կ՚են­թադրեմ, եւ կը պատ­մէր, թէ ան ու­նէր փոր­ձանքնե­րը, հի­ւան­դութիւննե­րը եւ չար աչ­քե­րը հե­ռու պա­հելու զօ­րու­թիւն։

Կ՚ու­զենք տես­նել, թէ ի՛նչ խո­րագիր­ներ կան մե՛ր հմա­յիլին մէջ։ Շա­տերը կրճա­տուած են, տեղ եւ մե­լան խնա­յելու հա­մար. «Տլիսմ վս ճանպհ», «Տլիսմ վս չար աչից», «Տլիսմ վս գլխա­ցաւի», «Տլիսմ վս կա­պած մար­դոյ»։

-«Տլի՞սմ»...

-Յու­նա­րէն բառ մը, որ տա­րածուած է բազ­մա­թիւ լե­զու­նե­րու մէջ եւ նաեւ տեղ գտած՝ այս թուղթի վրայ։ Ֆրան­սե­րէն, սպա­ներէն, գեր­մա­ներէն, չե­խերէն, ռու­մա­ներէն, ռու­սե­րէն, սեր­բե­րէն, շուետե­րէն, անգլե­րէն՝ talisman, արա­բերէն՝ talsam.. Բո­լորն ալ յոյ­նե­րու τέλεσμα (տե­լես­մա) բա­ռէն, որ կը նշա­նակէ «յու­ռութ»։ Անոր ար­մա­տը՝ τελέω (տե­լեօ) բա­յը, «լմնցնել, կա­տարել, գլուխ տա­նիլ, հան­դէս տօ­նել, հան­դէս կա­տարել, վճա­րել, ծախք ընել» («Nuovo Dizionario Ellenico Italiano Armeno Turco», Արիս­տա­կէս եւ Ստե­փան Ազա­րեան­ներ, 1848, Վիեն­նա)։

-Պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, եթէ գտնեմ մեծ մօրս հմա­յիլը, կը կար­ծէ՞ք, թէ մեր խա­նու­թին բախտ եւ օրհնու­թիւններ կը բե­րէ։

-Յու­սամ եւ կաս­կած չկայ, թէ, առ­նուազն... կը գե­ղեց­կացնէ։ Բայց աւե­լի կա­րեւո­րը, այս թղթիկ­նե­րը, շատ ան­գամ արուես­տի կտոր­ներ իս­կա­կան, Ե. դա­րէն սկսեալ հա­յերէ­նին բե­րած են բա­րի օրհնու­թիւն՝ լե­զուա­կան հարստու­թիւն։ «Հմայ» բա­ռը առա­ջին ան­գամ կը գտնենք Ս. Գիր­քի թարգմա­նու­թեան, ինչպէս նաեւ՝ Փաւստոս Բիւ­զանդի եւ Եզ­նիկ Կող­բա­ցիի գոր­ծե­րուն մէջ։ Այդ հա­մեստ ար­մա­տը, լաւ հիւր մը, սի­րեր է իր բնա­կու­թիւնը մեր լե­զուին մէջ ու աճեր։ Նախ դար­ձեր է բայ՝ հմա­յել։ Անոր հե­տեւեր են գո­յական­նե­րու եւ ածա­կան­նե­րու հարստու­թիւն մը. հմայք, հմա­յիչ, հմա­յական, հմա­յահա­ւանու­թիւն, հմա­յեակ, հմա­յու­թիւն, դի­ւահ­մա­յու­թիւն, լեր­դահմայ, գա­ւազա­նահ­մա­յու­թիւն, կիւ­սահմայ, հա­ւահը­մայ, հմա­յագիր, հմա­յաթափ...

Ներս կը մտնէ յար­գե­լի բա­րեկա­մին աղ­ջի­կը։ Կտրել տուած է ապա­կին։ Ու­շադրու­թեամբ կը սա­հեց­նէ ակօ­սիկ­նե­րէն։

-Պա­րոն Պօ­ղոս, ար­հեստա­նոցը ար­դէն օրհնուած է։ Կար­ծեմ պէտք չու­նիք ձեր մեծ ­մօր հմա­յիլը փնտռե­լու... Ձեր աղջնա­կը բո­լոր հմա­յիլ­նե­րէն աւե­լի մեծ օրհնու­թիւն մըն է... Ահ, չմոռ­ցած, ի՞նչ պէտք է որ վճարեմ։

-Պարոն ստուգաբանութիւն, ասիկա ձեզի նուէր։ Ինծի համար օրհնութիւն է ձեր բարեկամութիւնը։