ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՆԺԱՐ

-Տեսակաւոր բազմաթիւ գոհարներ պահելու չափ մեծ է, եւ անկեղծօրէն ունի աչքառու գեղեցկութիւն։

-Միեւնոյն ժա­մանակ, ուղտե­րու եւ նա­ւերու վրայ դիւ­րութեամբ փո­խադ­րե­լու չափ ալ փոք­րա­կազմ։

-Է՜հ, քիչ չէ ճամ­բորդած. Հնդկաս­տան, Պարսկաս­տան, Վե­նետիկ...

-Կա­րելի է են­թադրել նաեւ Պո­լիս եւ Գա­հիրէ։ Ո՞վ գի­տէ, քա­նի քա­նի իշ­խա­նու­հի­ներ, դքսու­հի­ներ սրտատ­րոփ եւ սե­ւեռուն դի­տած են զայն, երբ ներս մտած է պա­լատէն կամ ապա­րան­քէն։

Երկխօ­սու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի Պատ­մութեան Թան­գա­րանի ու­ղե­ցոյ­ցին հետ է, հոն ցու­ցադրուած եզա­կի եւ հա­զուա­գիւտ առար­կա­յի մը մա­սին. պարսկա­հայ գո­հարա­վաճա­ռի տու­փը։ Իր նրբօ­րէն դրուագուած փոքր մաս­նա­տու­փե­րով եւ հնութեամբ՝ ան ու­նի այնքան ար­ժէք, որ­քան ու­նէին ատե­նօք իր պա­րու­նա­կած թան­կա­գին քա­րերը։ Մէ­ջը այժմ չկան ադա­մանդներ, զմրուխտներ, սու­տակներ, շա­փիւ­ղա­ներ եւ մե­ղեսիկ­ներ։ Բայց, ապա­կեայ ցու­ցա­փեղ­կին մէջ անոր հետ պա­հուած են եր­կու պղնձեայ փոք­րիկ նժար­ներ, որոնք, որ­պէս լուռ ծա­ռաներ, քա­նի մը դար համ­բե­րեր են մին­չեւ որ ան­ցորդ մը զի­րենք նկա­տէ։ Ան­շուշտ, պղին­ձը կա­րելի չէ հա­մեմա­տել վե­րոյի­շեալ գո­հար­նե­րուն հետ։ Սա­կայն, հայ­կա­կան բա­ռագի­տու­թեան եւ բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ հա­կիրճ մէկ պտոյտ՝ ու պի­տի տես­նենք, թէ այդ ան­շուք նժար­ներն ալ ու­նե­ցեր են իրենց փառ­քի օրե­րը, իրենց հե­տաքրքրա­շարժ պատ­մութիւ­նը։

Նախ յի­շենք, թէ մեր «նժար»ը կշիռ­քի թաթ է։ Ու­նի նաեւ փո­խաբե­րական իմաստներ. «Հա­ւասա­րակշռու­թեան չա­փանիշ, որե­ւէ բա­նի լիար­ժէ­քու­թիւն, իս­կա­կան էու­թիւնը ցոյց տա­լու խորհրդա­նիշ, եր­կընտրանք»։ Վեր­ջի­նի հա­մար Աճա­ռեանը տուած է սի­րալիր օրի­նակ մը. «Ճօճ­ւում է սիրտդ սի­րել-չսի­րելու նժար­նե­րում»։

«Նժար» բա­ռի ծագ­ման հա­մար հայ եւ օտար լե­զուա­բան­ներ ան­ցեալ դա­րուն կա­տարած են փոր­ձեր։ Հրա­չեայ Աճա­ռեանը առա­ջար­կած է զայն հա­մեմա­տել վրա­ցական «նի­ժարի» (ნიჟარი) եւ «նի­ժարա» (ნიჟარა) բա­ռերուն հետ։ Հե­տաքրքրա­կան է տես­նել, թէ Հա­յաս­տա­նէն դէ­պի հիւ­սիս, դէ­պի Վրաս­տան, բա­ռը կը փո­խէ իր իմաս­տը։ Առա­ջինը կը նշա­նակէ «յախ­ճա­պակի, ճե­նապա­կի», իսկ երկրոր­դը՝ «խե­ցի, խե­ցեմոր­թի պա­տեան»։ Ըստ Աճա­ռեանի, հայ­կա­կան եւ վրա­ցական «նժար»նե­րը, իմաս­տով շատ հե­ռու չեն իրար­մէ, քա­նի որ հին դա­րերուն անոնք շի­նուած կ՚ըլ­լա­յին խե­ցիէ։ Սա­կայն, այն երե­ւոյ­թը, թէ հա­յերէ­նի մէջ ան չի նշա­նակեր «խե­ցի» եւ վրա­ցերէ­նի մէջ ալ չի նշա­նակեր «կշիռ­քի թաթ», մե­զի կար­ծել կու տայ, թէ բա­ռը ծա­գած է եր­րորդ լե­զուէ մը ու փո­խառուած է դրա­ցի ժո­ղովուրդնե­րու կող­մէ։ Այդ եր­րորդ լե­զուն, Աճա­ռեանի կար­ծի­քով, խալ­դե­րէնն է, կամ իրա­նական լե­զու մը։

Հա­յաս­տա­նի Պատ­մութեան Թան­գա­րանը

-Նոյ­նիսկ խե­ցիէ շի­նուած նժա­րը պի­տի բա­ւէր մե­ծահա­րուստ խօ­ճային(*) ու ան դիւ­րութեամբ պի­տի կշռէր մէկ կամ եր­կու քար, որոնք ոս­պէ մը աւե­լի մեծ չեն։

-Ու­րիշ ի՞նչ կա­րելի է դնել նժա­րի մէջ։

-Մեղ­քե­րը։

-Որ կշռե՞նք...

-Ըստ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիի՝ այո։ Բա­նաս­տեղծը ըն­դունած է, թէ նոյ­նիսկ մէկ նժա­րի վրայ Արա­րատը որ­պէս կշռա­քար՝ պի­տի չկա­րենայ իջ­նել եւ հա­ւասա­րել իր յան­ցանքնե­րուն կող­մը։ «Մա­տեան Ող­բերգու­թեան» Բան Թ. «... եւ կամ զլեառն Արա­րատեան ի կէտ ամ­բարձման նժա­րի միոյ ար­դա­րու­թեան միջ­նորդ կա­ցու­ցից, ո՛չ հա­ւասա­րէ այնր հար­թութեան հա­մազու­գակցել»։ Նա­րեկա­ցիէն եօթը դար անց, այլ մահ­կա­նացու մը, եկե­ղեցա­կան-քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ, մա­տենա­գիր եւ տա­ղասաց Մար­տի­րոս Ղրի­մեցին կը տան­ջուի նոյն մտա­ծումնե­րով, երբ նժա­րի վրայ կը դնէ ի՛ր մեղ­քե­րը.

«Ան­տա­նօր մերս ան­ցանք առ տէր յի­շեցան,

Հրա­մանաւ արար­չին կար­գե­ցան յա­տեան,

Հան­գոյն վեր­ջին աւուր դպրու­թիւնք բա­ցան,

Նժարք մե­րոյս կշռի ծանր ծան­րա­ցան»։

-Ցա­ւալի է, թէ նժար­նե­րուն միշտ բա­ժին ին­կած է ճմլիլ մար­դու յան­ցանքնե­րուն ծան­րութեան տակ։

-Ո՛չ՝ միշտ։ Համ­բե­րենք մին­չեւ քսա­ներորդ դար ու կը յայտնուի հրա­շալի ու­րիշ բա­նաս­տեղծ մը ու նժա­րի վրայ կը դնէ... մօր սէ­րը։

-Յով­հաննէս Շի­րա՞զ...

-Յով­հաննէս Շի­րա՛զ։

«Մտքի օրոց­քից երբ աշ­խարհ մտայ՝

Աշ­խարհում՝ աշ­խարհ մօր սէ­րը գտայ...

Յօն­քերս լծակն են իմ նժա­րի,

Աչ­քերս նրա զոյգ թա­սերն արի,

Եւ կշռե­ցի մօրս սէ­րը սուրբ,

-Որ ինչքան մեծ էր, այնքան խորն ու նուրբ։

-Հի­մալայն իբ­րեւ կշռա­քար դրի՝

Վեր թռաւ լե­ռը հետն իր նժա­րի.

Ծո­վերը դրի՝ վեր ելան կրկին,

Վար քա­շեց մօրս սէ­րը սրբա­գին.

Աստղա­բոյ­լե­րը՝ դրի կշռա­քար,-

Նո­րից մայ­րի­կիս սէ­րը քա­շեց վար…

-Եւ ին­ծի հա­մար, սրտաճմլիկ վեր­ջա­բանը պարոն ստուգաբանութիւն…

«Քո սէրն, իմ սի­րած, քո սէրն էլ դրի՝

Վեր ու վար արին նժար նժա­րի...

Բայց երբ իմ Մա­սիս- մայր Հա­յաս­տա­նից

Մի բուռ հող դրի՝

Եկաւ համ­բուրեց նժար նժա­րի...»։ Գե­ղեցիկ է այս նժա­րը... պարոն ստուգաբանութիւն համ ու բոյր ու­նի։

-Եւ այսքան պատ­մութիւն՝ մէկ նժա­րի մէջ...

= (Նոր նշան) երկուքը կը խօսին միեւնոյն ժամանակ։

(*)Խօճա։ Հայ վաճառական (Ջուղայի, Ագուլիսի) 16-18-րդ դարերուն։