Ինքնին դժբախտութիւն մը կարելի է համարել այն իրողութիւնը, որ մարդ իր կեանքի տեւողութեան ականատես ըլլայ երկրի բնականոն անցուդարձը տակնուվրայ ընող բազմաթիւ յեղափոխութիւններու։ Մանաւանդ յեղափոխութիւններ՝ որոնց հիմնական նպատակը ոչ թէ բարեփոխումներն են, այլ բարեփոխումներու որոշ չափով կասեցումը։ Այսպիսի յեղափոխութիւն մըն էր որ պատահեցաւ 1960 թուականին։ Իրենք զիրենք երկրի հիմնադիրները համարող զինուորներ ընդհատեցին կառավարութեան ուղղութիւնը եւ իրենց հասկացած ձեւով անգամ մը եւս ուղղութիւնը դրին նախկին հունին մէջ։ Այս բանը եղաւ օրինաւոր պայմաններով ընտրուած վարչապետին կախաղան հանուելով։ Տասը տարի անց կրկին նման պատկեր մը պարզուեցաւ, զոր այդ ժամանակի զինուորներէն մէկը պիտի բացատրէր «ընկերային զարգացումը գերազանցեց տնտեսական զարգացումին» բառերով։ Այս նախադասութիւնը նաեւ կը յստակացնէր յեղափոխութիւնը իրականացնողներու մտայնութիւնը։ Եւս անցաւ տասը տարիներ եւ այս անգամ 12 Սեպտեմբերին բանակը անգամ մը եւս միջամտեց գործող կառավարութեան աշխատանքներուն։ Պատրուակը դարձեալ նոյնն էր՝ ընկերային զարգացումը կարեւոր վերելք արձանագրած էր, որմէ դժգոհ էին գործատէրները։ Սակայն այս վերջինը ուրիշ բնոյթով մը եւս կը յայտնուէր, այս անգամ յեղափոխութիւնը կատարողները իրականացուցած կ՚ըլլային Փէնթակոնի իրենց տէրերուն ցանկութիւնը։ Ինչ հետաքրքրական է որ նոյն ինքն Փէնթակոնը այս իրողութիւնը քօղարկելու կարիք չէր զգար, «մեր տղաքը» կը կոչէր զօրավար Էվրէնը եւ իր հետ շարժող բանակայինները։ Մենք ցարդ յիշեցինք 1960-71 եւ 1980-ին գործադրուած երեք զինուորական յեղափոխութիւններ, որոնք յաջողած էին գործող իշխանութիւնը տապալել, խորհրդարանը լուծել եւ երկրի ղեկը որոշ ժամանակ իրենց ձեռքին մէջ պահել։ Սակայն շարունակուող տարիներուն եւս պատահեցան նման փորձեր, որոնք խորապէս ցնցեցին երկրի մէջ ժողովրդավարական կարգերուն հաստատումը։ Թէեւ այդ ժամանակ խորհրդարանը չէր լուծուած, բայց կառավարութիւնը ձեւաւորուած էր զինուորներու ցանկութեան համապատասխան կերպով։ Թուրքիոյ մէջ շատեր համոզուած էին, թէ այլեւս վերջ գտած է նման եղանակներով կառավարութիւններ տապալելու շրջանը։ Ի վերջոյ գործող ԱՔՓ կուսակցութիւնը 14 տարիներ առաջ, երբ ձայներուն մեծամասնութիւնը նուաճելով եկաւ կառավարութիւն կազմելու, ոմանք յուսադրուեցան թէ բանակը պիտի չարտօնէ այս տեսակի ոտնձգութիւն մը։ Սակայն Էրտողան խիստ զգուշ ռազմավարութիւնով մը յաջողեցաւ զինուորները ետ պահելու նման յիմարութենէ մը։ Բայց ետ պահել մինչեւ ո՞ւր։ Ի վերջոյ այս մէկն ալ սովորութիւն մը դարձած էր եւ զինուորները աւելի երկար չէին կրնար հրաժարիլ իրենց սովորոյթէն։ Մանաւանդ որ Էրտողանի քաղաքականութիւնը յաճախակիօրէն կը դիմէր շատ սուր ետդարձներու։ Դիւրաւ կրնար հերքել դեռ քանի մը օր առաջ յամառօրէն պաշտպանած սկզբունքները։ Մէկ օրէն միւսը կրնար փոխել իր ռազմավարութիւնը եւ պնդել նախապէս ըսածներու ճիշդ հակառակը։ Ուրեմն աս ալ անխուսափելիօրէն պիտի ունենար իր վերջակէտը եւ պիտի հասնէր այն օրը, ուր բանակը այլեւս չհնազանդիր անոր ցուցմունքներուն։
Այս օրերուս ահա այդ է որ կ՚ապրինք եւ Էրտողանի սխալ քաղաքականութեան հետեւանքով կը տուժէ բովանդակ երկիրը։
Սակայն ստիպուած ենք նախագահի յաջողութեան դիմաց խոնարհելու։ Յիշենք որ ձախողած յեղափոխութենէ ետք բռնած զինուորները խոշտանգող, լինճի ենթարկող, գլխատող եւ ապա հրապարակներուն վրայ «մահապատիժ կ՚ուզենք, կախաղան կ՚ուզենք» աղաղակող խուժանը իր 14 տարուայ իշխանութեան կարեւորագոյն ձեռքբերումն է։