Աս տարի ալ Գընալը քամփին յիսնամեակն է էղեր։ Էէ տարիները վըզըր վըզըր կ՚անցնի կոր, երբ էր տահա պացուիլը…Արթըխ ով կիտէ ինչեր կ՚ընեն։ Սէզօնի բացումն ալ աս Շաբաթ է, նայինք յիսնամեակ է տէյիմ տարբեր պաներ մը պիտի ըլլայ չէ նէ էսկի համամ էսկի թաս մի պիտի տեսնանք։ Սխալ չիմացայ նէ միւտիւրն ալ փոխուեր է հէ՞, հէրալտէ պօյ մը աչք կը նետեմ տէ կալ շաբաթ պաներ մը կը գրեմ արթըխ։ Կեցիր նայինք. ինչ նորութիւններ պիտի ըլլայ. պէքլէյենք եւ տեսնանք։
Անցածները յիսնամեակի բացման առիթով, Գարակէօզեանին պարտէզը փէք հավալը, քօքթէյլլի ժողով մը ըրին. սէօզտէ ծրագրուած փրօկրամը պիտի խորաթէին։ Էփաղէկ կ՚ըլլայ կոր ամա արան ուրիշ մէվզուներ մտաւ, անճախ ֆըրսանթ կտայ էրկու պան ըսելու։ Պարտէզը ատ ճամէքանլը տեղին հոն խըյախ սիւսլիւ չատըր մը կազմեր էին. օրթա տեղը տիւշման չաթլաթան խոսխօճա աւիզէ մը, բարձր քօքթէյլի մասաներ, վրաները ֆիյախալը շամտաններ, չէշիտի կիւզէլ ուտելիքներ, օրքէստըրա, միւզիւք եւլն…
Բիւզանդիս աղջիկը եավրուս չօճոխս Սարինս. Օրուան խօսնակը ըլլայ տէյիմ որոշուեր էր, ան ալ աղուոր բացման խորաթայ մը գրեր էր։ Էտեւէն ալ կենէ արժէնքաւոր կէնճերէն Սայաթ Տաղլըեանիս պատրաստած. Անցեալէն մինչեւ այսօր քամփին պատմութեան վիտէօ ֆիլմը սէյիր պիտի ընէին։ Հիմա ասկէ ետքը անուն չպիտի տամ, իրենք ինքզինքնին կիտեն։ Պօշաշիմշէք չքաշեմ. ինծի պան չըլլար, ճէրէմէն թերթս կը քաշէ։
Վերջին տաքքէին Սարինիս գրած կիւզէլիմ գիրը ծառքէն առին եւ իրենք կարդալու էլան. եօք մու եա փրօթօքօլ պիտի ըլլայ… պէ պապամ, ամօթ է ամօթ. Մարդ մէյ մը առաջէն կը կարդայ տէ. Լեզուն նոր սորվածի պէս չկըմկմար։ Ան ինչ ըռէզիլութիւն էր. վախտին Արթօս Սեփաստաքիւս տէյիմ խաղ մը գրած էր, ան կը դիտեմ կոր կարծեցի։ 20 տարի անցաւ, պան չէ փոխուած։
Ատ կարդացուածէն նէ պան մը հասկցուեցաւ, նէ ալ մտիկ ընող եղաւ։ Էս տեսայ չօճոխը ներսը լացաւ։ Էտեւէն Սայաթիս պատրաստած ֆիլմը տահա չցուցուցած կարեւոր անձնաւորութիւն մը էլաւ ըսաւ քիմ «էս անիկա տեսայ, չհաւնեցայ» եանի եա ասոր ըռէսմէն չօք պիլմիշութիւն եւ արժէնք չկիտնալ կ՚ըսեն։ Նէթիճէյին. Մարդ պան մը չհասկցաւ, խաբուր խուբուր կերան, խմեցին, ժողովը լմնցաւ։ Իշշալլախ քիմ քութլամաները ասանկ իփսիզ սափսըզ չըլլար։ Նայինք Շաբաթ օրը Լուցիքային լեզուին իյնալիք ինչեր պիտի ըլլայ։