Կամ՝ վանկ մը որքան կրնայ մեծնալ
1045 թուականին Անի քաղաքամայրի ճակատագիրը եւ հայերէնի բառապաշառին մէջ «մագիստրոս» բառի վերելքը դիտելու լաւագոյն կէտը, Կ. Պոլսոյ հանդիպակաց Փրոթի կղզիի 93 մեթր բարձրութիւն ունեցող Խրիստօ անուանեալ բլրակին գագաթն էր։ Ձկնորս Վահրամի միակայմ առագաստանաւով հասած ենք այդ կղզին, բարձրացած բլրակը ու նոյնանուն վանքի մօտ նստած՝ կը դիտենք ամբողջ Բիւզանդիոնը։ Մեծ Պալատը տեսնելու չափ մօտիկ ենք անոր, բայց նոյնչափ հեռու՝ անոր քաղաքական մեքենայութիւններէն։
- Կոստանդին Մոնոմախ կայսրը հայոց Գրիգոր Պահլաւունի իշխանին պիտի շնորհէ «մագիստրոս» տիտղոսը։
- Լսեցի, Վահրամ։ Պատուաբեր կոչում՝ մեր ամենակրթուած գիտնականին՝ իմաստասէր, բանաստեղծ եւ քաղաքական գործիչին համար։ Եւ դեռ կ՚արժէ յիշել, թէ անոր նախաձեռնութեամբ են շինուած Բջնիի Ս. Աստուածածին վանքը, Կեչառիսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Հաւուց Թառի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցիները... Զարմանալի է Վահրամ. «մագիստրոս» բառը եւ Գրիգոր Պահլաւունին անցեր են կեանքի նոյն ուղիներէն. ծներ եւ հասակ նետեր են հայկական հողի վրայ, զարգացեր են Բիւզանդիոնի մէջ, ապա վերադարձեր են հայրենիք։
- Պարոն ստուգաբանութիւն, գիտէի, թէ իշխանը սկզբնական կրթութիւնը ստացած էր Անիի դպրոցին մէջ, ապա բարձր ուսում առած՝ հոս, Կայսերական Համալսարանին մէջ։ Բայց «մագիստրոս» բառին պատմութիւնը՝ նոյնչափ յստակ չէր ինծի։
- Կայսերական պալատի աւագ աստիճանաւորներուն տրուած պատուոյ տիտղոս է, կը նշանակէ նահանգապետ եւ զօրապետ։
- Ինչպէս՝ Գրիգոր Պահլաւունի իշխանը, որ այժմ կը դառնայ Գրիգոր «Մագիստրոս»։
- Յոյներու «մեղաս» բառէն կու գայ։ Ունի նաեւ «մեղա» եւ «մեղալի» տարբերակները։ Նոյնը՝ լատիններու մօտ magnus, սանսկրիտ mahat, mahi, զնդերէն maz, պահլաւերէն mas, պարսկերէն mih, հեռաւոր Իռլանտայի մէջ mag, հիւսիսային լեզուներու մէջ mekilaz, mikil, mihhil։ Ունի բազմաթիւ շառաւիղներ. magister, master, maestro, magnus, magnum, mahatma, maharishi, major, maximum...
- Կրնա՞նք ըսել, թէ այս մայրաքաղաքն ալ megalopolis մըն է։
- Անկասկած։ Բոլորն ալ ունին «հսկայ, շատ, լայն, իշխանաւոր, հարուստ, առատ» իմաստները։ Ամենամեծ պաշտօնեաներու այս տիտղոսը սակայն, ունեցեր է միավանկ, շատ համեստ նախա-հնդեւրոպական արմատ. meg, մեր մօտ՝ մեծ։
- Ինչպէս յունական այբուբենի վերջին տառը՝ «Օմեղա», այսինքն՝ «Մեծ Օ»։
- Վահրամ, բառեր կան, մեծնալու համար ստեղծուած են։ Ոսկեդարէն սկսեալ այս արմատը շարունակ աճեր ու բարդուեր է։ Կարծես արքունի զարդարանք մըն է եղած՝ կայսրեր եւ կայսրուհիներ, իշխաններ եւ իշխանուհիներ սիրած են անոր հետ պճնուիլ, զայն հագնելով իրենց անուններէն առաջ. եռամեծ, մեծատուն, մեծազգի, մեծատոհմ, մեծագործ, մեծապատիւ, մեծանուն, մեծահամբաւ, մեծազօր, մեծապայծառ, մեծափայլ, մեծափառ, մեծայաղթ, մեծահոգի, մեծագութ...
- Իսկ ես, համեստ ձկնորս, մեծահարուստ չեմ, բայց ինծի համար մեծ հաճոյք է Մարմարայի թարմ ձուկերով մեծարել մեծարգոյ իմ հիւրերս։
- Բառս ժամանակի ընթացքին ստացեր է փոխաբերական իմաստ. «Մեծ մարդ»՝ ականաւոր, նշանաւոր, «Մեծ փոթորիկ»՝ սաստիկ, ուժգին, «Մեծ ազդեցութիւն»՝ կարեւոր, «Մեծ գումար»՝ զգալի քանակութեամբ, «Մեծ սեղան»՝ ճոխ։
- Եւ ունինք Մեծ Հայքը, Մեծ Մասիսը, Մեծն Տիգրանը։
- Հայրենի մեր գաւառներուն մէջ, Վահրամ, մեր ամենամեծ թագաւորին անունը պիտի հնչէր տեղական իւրայատուկ ձեւերով. Վաղարշկերտի եւ Մուշի մէջ՝ Մեձ Տիգրան, Արցախի մէջ՝ Մըէ՛ծծ Տիգրան, Խարբերդի մէջ՝ Մէնձ Տիգրան իսկ Տիգրանակերտի մէջ՝ Մինձ Տիգրան...
Մայրամուտին, Սուրբ Սոֆիայի գմբէթը կը փայլատակէ, մինչ Պալատի պատուհաններէն լոյսեր կը սկսին յորդիլ։ Կայսրը մեծարքաճաշ մը կու տայ ի պատիւ հայոց թագաւոր, քսանամեայ Գագիկ Բ.ի, որ հրաւիրուած է բանակցութիւններու համար։
- Պարոն ստուգաբանութիւն, Բիւզանդիոնը իր մրցակիցներուն համար ոստայններ կը սիրէ հիւսել։ Ոսկի վանդակ մըն է այս պալատը։ Անհնար է դուրս գալ անոր սադրանքներէն։ Թակարդուած է Բագրատունեաց թագաւորութեան վերջին շառաւիղը։ Այս գիշեր «Մեղա Պալատիոն»ի մեծաշուք սրահներու մեծազարդ սիւներու տակ ան հնազանդութիւն պիտի յայտնէ կայսրին ու իր Անին պիտի յանձնէ անոր։ Այսպէս է ծրագրուած։
- Ձեր գուշակութիւնը, կը վախնամ, ճշմարտութիւնն է։
- Իսկ Գրիգոր «Մագիստրոս»ը շուտով կը դառնայ Եդեսիոյ եւ Միջագետքի կուսակալ, քանզի ան ալ Բիւզանդիոնին յանձնած է հայրենիքի իր տիրոյթները։
- Իսկ բառերը ունին իրենց սեփական ուղին, ըսենք՝ ճակատագիրը... «Մագիստրոս»ը պիտի շարունակէ զարգանալ։ Արդէն Պոլսոյ համալսարանէն ներս սկսած է նշանակել «դասախօս, վարդապետ» եօթը ազատ արուեստներու... Վահրամ, գեղեցիկ է կղզին, տեսարանը հրապուրիչ։
- Խաբկանք մը միայն, ինչպէս Բիւզանդիոնի բոլոր շքեղութիւնները։ Պարոն ստուգաբանութիւն, արքունի տխրահռչակ աքսորավայր մըն է այս կղզին։ Տեսէ՛ք, լատինները ունին իմաստուն ակնարկութիւն. «Տարպեան ժայռը հեռու չէ Կապիտոլէն»։ Նոյնը կարելի է ըսել Բիւզանդիոնի համար. «Փրոթին հեռու չէ Մեղա Պալատիոնէն»։ Իսկ այս վանքի պատերուն մօտ կը ննջեն դաւադրութեամբ խոշտանգուած հայազգի կայսր Լեւոն Ե.ը, եւ անոր աքսորեալ ընտանիքը։
- Վահրամ, ըստ պատմութեան, եթէ դժուար է մեծնալ, աւելի դժուար է այդպէս մնալ։
- Համաձայն եմ... Պարոն ստուգաբանութիւն, ուրախ եմ որ եկաք։ Երկար ժամանակ է հայերէն չէի խօսած։ Մինչ այդ, սկսեր եմ մայրենի լեզուով բանաստեղծութիւններ գրել։ Մէկը այսպէս կը սկսի. «Ո՜վ մեծասքանչ մեր լեզու... դուն հեշտ բարբառ մայրական...» Հաւնեցա՞ք։
- Մայրենիին համար գրի առնուած բոլոր խօսքերը հեշտալուր են ինծի համար, Վահրամ։ Շարունակէ գրել։
- Շնորհակալութիւն։ Լաւ, իջնենք նաւահանգիստ։ Ձուկերը մեզ կը սպասեն։
Տիգրան Մեծ